Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իտալիա՝ Հին Ընկեր Մը…

Անի Թորանեան (Երեւան)

June 18, 2026
in Յօդուածներ
0
Իտալիա՝ Հին Ընկեր Մը…

«Անցեալը հեռու չի թուիր,

կը քալէ ներկային զուգընթաց»։

 

Այս նկարը ստեղծած է Լէոնարտօ տա Վինչին շուրջ 1490 թուականին, եւ կ’արտացոլէ հին հռոմէացի ճարտարապետ-ճարտարագէտ Վիթրուվիոսի գաղափարները։

Մեծ արուեստագէտը այր մարդու մարմինը պատկերած է երկու իրարու համապատասխանող դիրքերով՝ ձեռքերը-ոտքերը բաց, ներառուած շրջանակի եւ քառանկիւնի մէջ։

Վեթրուվիոս կը հաւատար, որ մարդու մարմնին համամասնութիւնները կ’արտացոլեն բնութեան մաթեմաթիկական ներդաշնակութիւնը, իսկ տա Վինչի այս նկարով ուշադրութեան կ’արժանացնէ քանի մը գաղափար.

Ա)  Մարդու մարմինը որպէս կատարելութեան չափանիշ։

Բ) Մարդու եւ տիեզերքի կապը։ (Շրջանակը յաճախ դիտուած է որպէս երկինքի եւ կատարելութեան խորհրդանիշ, մինչ քառանկիւնը կը ներկայացնէ երկրային աշխարհը)։

Գ)  Արուեստի եւ գիտութեան միութիւնը (նկարը կը համատեղէ մարդակազմութիւն, երկրաչափութիւն, մաթեմաթիք եւ… գեղեցկութիւն)։

Դ) Նաեւ Վերածնունդի դարաշրջանի մարդկայնութիւնը, սակայն այն համոզումով, որ մարդը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ արարչագործութեան մէջ, եւ կ’օգնէ հասկնալու աշխարհը։

Ծանօթանանք նկարի որոշ մանրամասներուն.

Պորտը կը ծառայէ որպէս շրջանակի կեդրոն։

Սեռային օրկանները՝ քառանկիւնի կեդրոն։

Պարզուած ձեռքերուն բացուածքը մօտաւորապէս հաւասար է մարմնի հասակին։ Տա Վինչի նկարին շուրջ գրաւոր նշումներ ըրած է, յստակացնելով համամասնութիւններուն իմաստը։

Շատեր կը կարծեն, թէ «Վիթրուվացի մարդը» մարդակազմութեան ուսումնասիրութիւն է, բայց իրականութեան մէջ տեսողական արտայայտութիւնն է Վերածնունդի իտէալին։ Այն, որ մարդը կամուրջ է երկրային եւ տիեզերական կարգի միջեւ, եւ այն, որ գեղեցկութիւնը կարելի է ընկալել բանականութեան եւ մաթեմաթիքի միջոցաւ։

Նկարին բնօրինակը կը գտնուի Վենետիկի ակադեմիայի պատկերասրահին մէջ, բայց թուղթը շատ նուրբ ըլլալուն՝ հազուադէպ կը ցուցադրուի։

Լէոնարտոյի մեծ նուաճումներէն մէկը եղաւ ձեռքերու եւ ոտքերու տարբեր դիրքերու դասաւորմամբ բացայայտել մարդու մարինի երկու ձեւերուն տեղաւորումը։ Իրմէ առաջ շատ մը նկարիչներ չեն յաջողած լուծել այս երկրաչափական խնդիրը։ Լէոնարտեան լուծումը այնքան նուրբ էր, որ նկարը դարձաւ Վիթրուվիոսի գաղափարներուն վերջնական պատկերազարդումը։

Վերածնունդի նկարիչները միշտ փնտռեցին մաթեմաթիքի եւ գեղեցկութեան ներդաշնութիւնը։ Վիթրուվացի մարդը կարելի է սեպել այդ դարաշրջանի հրովարտակը՝ տիեզերքը կարգաւորուած է, եւ մարդը կ’արտացոլէ այդ կարգը։

Սակայն Իտալիոյ պատմութիւնը ճիշդ չէ փնտռել միայն թանգարաններուն մէջ։ Այդ պատմութիւնը ագուցուած է առօրեայ կեանքին։ Գաւաթ մը սուրճ խմելու կամ պաղպաղակ (gelato) վայելելու նպատակով կը քալես սալայատակ փողոցներէն, կ’անցնիս տաճարի մը քովէն, որ աւելի հին է քան շատ մը ազգեր, անկիւն մը կը դառնաս՝ դիմացդ պալատ մը կը յայտնուի, որ կառուցուած է երբ դեռ ասպետներ կը ձիավարէին… Գողտրիկ մատուռ մը կը յայտնաբերես եւ կը հիանաս Վերածնունդի վարպետներէն մէկուն գլուխգործոցով… Եւ այսպէս՝ անընդմէջ։

Վերածնունդի դարաշրջանի օրրան Ֆլորանսի մէջ անցեալը հեռու չի թուիր, կը քալէ ներկային զուգընթաց։ Այս զգացողութեան ամէնէն ազդեցիկ խորհրդանիշը, անշուշտ, Սանթա Մարիա տէլ Ֆիորէի հսկայ տաճարն է, որուն կարմիր աղիւսէ գմբէթը դարերէ ի վեր կ’իշխէ քաղաքի համայնապատկերին վրայ եւ մինչ օրս կ’ընկալուի որպէս մարդկային միտքի խոյանքի խորհրդանիշ։

Տաճարի գմբէթի կառուցման ընթացքին ոչ ոք կը պատկերացնէր, թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլար հսկայական տարածութիւն մը ծածկել առանց փայտէ յենարաններու։ Ֆիլիփօ Պրունելեսքի, սակայն, գտաւ լուծումը եւ ստեղծեց իր ժամանակի ճարտարագիտական հրաշքներէն մէկը։ Շատեր կը հաստատեն, որ Ֆլորանսի մայր տաճարին գմբէթը Վերածնունդի մեծ յաղթանակներէն է. այն պահը, երբ մարդը կրկին վստահեցաւ իր բանականութեան ու ստեղծագործ ուժին։

Տաճար մտնելէ ետք դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչու Վերածնունդի տիտանները այդքան մեծ վստահութիւն ունէին մարդկային կարողութիւններուն նկատմամբ։ Այդ գմբէթին տակ մարդը կը զգայ իր փոքրութիւնը եւ… մեծութիւնը միաժամանակ։ Փոքրութիւն՝ կոթողային կառոյցին դիմաց, մեծութիւն՝ քանի որ այդ հրաշքը ստեղծուած է  մարդու հանճարով ու ձեռքով։ Այդ է պատճառը, որ Ֆլորանսի մայր տաճարը ոչ միայն եկեղեցի, այլ նաեւ մարդկային արարչագործ ոգիի յուշարձան է։

Այդ քաղաքին քարերը, փողոցները, զանգերը, հրապարակները, բոլոր-բոլորը կարծես զիրենք ստեղծած մարդոց յիշողութիւնը կը կրեն։

Կարելի է կրկին ու կրկին այցելել այս քաղաքը եւ  ամէն անգամ նոր բացայայտումներ ընել։ Անկարելի է մէկ այցով խորութեամբ ընկալել ամէն բան։ Առաջին այցին գլուխգործոցներու առատութիւնը գլխապտոյտ կը պատճառէ, չես իսկ հասնիր տեսածդ դրոշմել մտքիդ մէջ։ Երկրորդին՝ պատրաստ կ’ըլլաս ոչ միայն ագահօրէն դիտելու, այլեւ պատմութեան հետքերով կը հասնիս տուեալ նկարը, քանդակը, գմբէթը կամ ուրուանկարը  ստեղծած արուեստագէտին, կը ճանչնաս անոր անցած ճամբան, մտածողութիւնը, վարպետութիւնն ու կը հիանաս անոր քանքարով։ Մէկ խօսքով, տեսողականէն անցում կը կատարես դէպի իմացականը։ Յայտնագործութիւնները անվերջ են։

Սակայն Ֆլորանսի հմայքը ամբողջականօրէն վայելելու համար բաւարար չէ մնալ անոր 102 քմ2 տարածքին վրայ (Երեւանի կէսին չափ)։ Անոր շուրջ տարածուած են քանի մը միջնադարեան քաղաքներ, որոնք ժամանակի մէջ կանգ առած են կարծես։

Սիենայի նեղլիկ փողոցները եւ աղիւսէ պալատները կը յիշեցնեն այն դարերը, երբ իտալական քաղաք-պետութիւնները հարստութեան եւ ազդեցութեան մրցավազքի մէջ էին իրարու հետ։ Սան Ճիմինիանոյի աշտարակները, որոնք հեռուէն իսկ կը նշմարուին թոսքանական բլուրներուն վրայ, իրենց այցելուին առջեւ միջնադարեան աշխարհի հազուագիւտ պատկեր մը կը բանան։

Այլ է Պոլոնիան իր երկար կամարաշարերով, կարմրաւուն շէնքերով եւ դարաւոր համալսարանով (Եւրոպայի եւ աշխարհի ամէնէն հին եւ անընդմէջ գործող համալսարանն է)։ Բայց Իտալիոյ մեծութիւնը պէտք չէ փնտռել միայն արուեստի ու ճարտարապետութեան մէջ, այլեւ գիտութեան, ուսման եւ գաղափարներու ազատ փոխանակման աւանդութեան։ Պոլոնիոյ համալսարանը կը գործէ ԺԱ. դարէն իվեր   եւ գիտելիքի ու միտքի մեծ կեդրոն է։

Այդ գողտրիկ քաղաքներուն նեղ փողոցներէն կը քալես ժամանակակից աշխարհէն կտրուած, իսկ անցեալը ամէն քայլափոխի քեզի կը նայի քարէն, աղիւսէն կամ զանգակատուներու բարձունքէն։

Իտալիան բացայայտումներու երկիր է եւ ամէն վայրկեան կը յուշէ, որ կեցած ես դարեր առաջ ապրած հզօր անհատականութիւններու՝ արուեստագէտներու, կառավարիչներու, վաճառականներու, նաեւ սովորական մարդոց ոտնահետքերուն վրայ…

Լաւը ճամբորդութեան երկրորդ մասն է՝ յետադարձ հայեացքն ու խորհրդածութիւնները: Շատ անգամ ամէնէն հետաքրքրական յայտնագործութիւնները կը կատարուին տունդարձէ ետք, երբ տարբեր վայրերու մասին  նոր մանրամասներ կը բացայայտես։

Գուցէ Վերածնունդի վարպետները այլեւս դադրած են բան սորվեցնելէ աշխարհին, գուցէ… բայց կարծես դեռ քանի մը դաս վերապահած են հետաքրքրասէր ուղեւորներու համար։

Այդ ժամանակաշրջանի նշանաւոր դէմքերուն մեծ մասը կը հաւատար, որ մարդը ընդունակ է արտասովոր նուաճումներու: Լէոնարտոյի, Միքելանճելոյի եւ Ռաֆայէլի պէս հսկաներուն համար արուեստը եղաւ ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ աստուածայինին մօտենալու միջոց:

Ֆլորանսի տաճարի գմբէթին տակ, Միքելանճելոյի քանդակին կամ Լէոնարտոյի նկարներէն մէկուն կողքին կարելի չէ չհիանալ մարդկային միտքի վճռականութեամբ, երեւակայութեամբ ու հմտութեամբ: Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ անոնց գործերը դարեր ետք ալ կը շարունակեն յուզել մեզ եւ կը յիշեցնեն, որ մարդկային արարչական միտքը ի վիճակի է վեր կանգնելու իր դարաշրջանէն: Մարմարը, ներկը, քարը կը մնան, բայց  իրականութեան մէջ գոյատեւողը զանոնք ստեղծած ոգին է:

Իտալիա այցելող իւրաքանչիւր ոք պէտք է գիտակցի, որ Վերածնունդը ոչ միայն պատմական ժամանակաշրջան, այլեւ զրոյց է այն մասին, թէ ինչի ընդունակ է մարդը: Այդ զրոյցը անվերջ է։

Վենետիկ… Անիրական քաղաք։ Եթէ Ֆլորանսը բնորոշեցինք որպէս մարդկային միտքի եւ գեղարուեստական ​​հանճարի յաղթանակ, իսկ Վենետիկը… երազ է։ Ապշիլ կարելի է, թէ  մարդը ինչպէ՞ս մտածեր է ծովալիճի մը վրայ քաղաք կառուցել ու զայն լեցնել պալատներով, եկեղեցիներով, կամուրջներով ու արուեստի գործերով…։

Երկար դարեր Վենետիկը կանգնած եղած է արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ՝ ի մի բերելով Կոստանդնուպոլսոյ, իսլամական աշխարհի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ազդեցութիւնները։ Ահա թէ ինչու անոր ճարտարապետութիւնը տարբեր է Ֆլորենթականէն։

Վենետիկը կը կրէ ո՛չ միայն Վերածնունդի, ո՛չ միայն գոթական, ո՛չ միայն բիւզանդական  ոճերը, այլեւ եզակիօրէն վենետիկեան է։

Ան գեղեցիկ ու փխրուն է առասպելական ջրահարսի մը պէս, որ կը շլացնէ իր այցելուները, եւ կը յուշէ, որ իր դարագնայ կեանքը կը պարտի ջուրի եւ ցամաքի համերաշխ հաւասարակշռութեան։

Այսպիսի ճամբորդութիւնները մեր միտքին մէջ կը մնան ոչ միայն թանգարաններով ու յուշարձաններով, այլեւ աննշան թուացող նուրբ պահերով՝ ջուրերուն վրայ վերջալոյսի հետքով, խաղաղ նրբանցքներով, հին սալաքարերուն վրայ քայլերու ձայնով, նեղ փողոցի մը ծայրը անակնկալ յայտնուած ցուցափեղկի մը հրաւէրով…։

Մեզի հետ երկար ճամբայ կտրող յիշողութուններ են ասոնք։

Ֆլորանսը մեզի հետ կը խօսի արուեստի, պատմութեան եւ Վերածնունդի հանճարին միջոցով, մինչ Վենետիկը կը հմայէ իր հարուստ պատմութեամբ, քաղաքը հատող 150 ջրանցքներով, հնգագմբէթ «Ոսկէ տաճարով» (Նափոլէոն այսպէս կոչած է Սուրբ Մարկոս եկեղեցին) հեքիաթային ճարտարապետութեամբ ու անկրկնելի մթնոլորտով։

Անշուշտ շատ ապրուած պահեր կան, որոնք դժուար է արտայայտել բառերով։

Իտալիան ինծի համար հին ընկեր է…։

Արդէն վերադարձած եմ տունս՝ Հայաստան, բայց խոհերուս մէկ մասը դեռ կը թափառի ֆլորենթական հրապարակներուն վրայ, կ’անցնի վենետիկեան կամուրջներէն կամ լուռ կը կենայ մեծ ջրանցքին դիմաց…

Սակայն այս բոլորին կողքին կայ նաեւ ուրիշ Իտալիա մը՝ հայկական Իտալիան։ Այս անգամ չանդրադարձանք Սուրբ Մինասի տաճարին, որ բարձունքի վրայ անխռով   կեցած Ֆլորանսին անդորրութիւնը կը հսկէ կարծես, կամ Սուրբ Ղազար կղզիին, ուր հայ մշակոյթն ու գիտութիւնը նոր շունչ առին Մխիթարեան հայրերուն շնորհիւ։ Անոնք եւս Իտալիոյ հոգիին մէկ մասն են, արժանի առանձին անդրադարձի։ Հետեւաբար, այս ճամբորդութիւնը աւարտած չէ, այլ կանգ կ’առնէ կարճ ժամանակով։

Մնացեալը՝ ուրիշ անգամ։

Share61Tweet38
Previous Post

Պարոյր Սեւակ. Մի՛շտ Ներկայ (Մահուան 55-Ամեակին Առթիւ)

Next Post

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Բ․)

Next Post
Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Բ․)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.