Յունիս 15-ը սոսկ սովորական թուական մը չէ, հայոց պատմութեան փառաւոր էջերուն մէջ իր յատուկ տեղը ունի հայ ազգի հերոս գործիչներէն Փարամազը եւ իր 19 ընկերները։ Արդարեւ, Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի հրաւէրին ընդառաջելով, Լիբանանի մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու ատենապետներու եւ վարչական անդամներու մասնակցութեամբ, ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի շրջափակին մէջ անմահանուն մեծ առաջնորդ Փարամազի կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում։
Օրուան միջոցառումը սկսաւ ՀՄՄ-ի սկաուտական փողերախումբի կատարողութեամբ՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ քայլերգներով, ապա ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան ՍԴՀԿ-ի անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին, որուն յաջորդեց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի կողմէ ծաղկեմատոյց՝ որոնց շարքին Ն.Ս.Մ.Մ.-ի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի, Տ.Ո.Ե.Մ.-ի եւ ՀՄՄ-ի վարչութիւնները։
Օրուան պատգամը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենադպիր ընկ. Տիգրան Միհրանեանը։

Ան իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով. «Հաւաքուած ենք այսօր կրկին անգամ նորոգելու մեր ուխտը՝ կառչած մնալու հնչակեան սկզբունքին եւ գաղափարախօսութեան: Ինչպէս նաեւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հնչակեան Քսան անմահներուն յիշատակին, որոնք նահատակուեցան վասն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ վասն հայրենիքի կերտման: 111 տարիներ անըդնմէջ հնչակեան ուխտեալներս, մեր հաւատաւոր համակիրները եւ համայն հայ ժողովուրդը, կ’ոգեկոչենք Քսան կախաղաններու յիշատակը, կը խոնարհինք անոնց հայրենասիրութեան, նուիրուածութեան եւ գաղափարին ու հաւատքին առջեւ»:
Իր խօսքին մէջ ընկ. Միհրանեան դիտել տուաւ, որ «111 տարի անընդմէջ, ամէն տարի նորովի ըմբռնումով կը վերյիշենք անոնց մարգարէութիւն դարձած վերջին պատգամները, ամէն տարի աւելի ու աւելի կ’արժեւորենք մեր նախնիներու յեղափոխական գործունէութիւնը, որ իրենց առաջնորդեց դէպի կախաղան, տիրանալու ազգի եւ մարդկութեան հասանելի ամենաբարձր՝ հերոս նահատակի տիտղոսին: 1887-ին հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ անոր գաղափարախօսութիւնը դարձաւ մեր յեղափոխական այն անդրանիկ կուսակցութիւնը, որ անհամար նահատակներ տուաւ հայրենիքի ազատագրութեան սրբազան խորանին»:

Ընկերը իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ. «139 տարիներ ետք մենք հպարտ պէտք է զգանք հնչակեան ըլլալով: Հնչակեան ըլլալը նուիրական առաքելութիւն մըն է համամարդկային արժէքներու, որոնք խարսխուած են արդարութեան եւ ընկերվարական սկզբունքին վրայ: Բայց հնչակեան ըլլալը նաեւ նուիրական ծառայութիւն մըն է հայ ազգին եւ հայոց հայրենիքին նկատմամբ, համակ էութեամբ, սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութեամբ: Այս է աւանդը հնչակեան բիւրաւոր նահատակներուն»:
Ընկ. Միհրանեան իր յատուկ ոճով խրախուսեց ներկայ երիտասարդութիւնը, որ ըլլան նախանձախդիր Անմահն Փարամազի կիսանդրիին առջեւ վերանորոգելու մեր ուխտը՝ կառչած մնալու հնչակեան դրօշին տակ զոհուած ու նահատակուած հերոսներուն աւանդին: «Մարտիրոսացած գաղափարի անմահութեան առաքեալ Փարամազ եւ իր գաղափարապաշտ ընկերները, այսօր աւելի քան երբեք, հզօր ու լուսապայծառ մնացին, կը մնան ու պիտի մնան իրենց դաւանած Յաղթական գաղափարին», ըսաւ ան:
Պատգամախօս ընկերը կարեւոր նկատեց, որ այդ գաղափարին յենած հայութեան նո՛ր սերունդները, քաջազուն նախնիներուն պողպատեայ հաւատքով զրահուած, անշեղ հայեացքները յաղթականօրէն ուղղեն դէպի պայծառ ապագան, նոր կեանքի, նոր գործի եւ նոր յաջողութեան յուսատու ձգտումներով:

Եզրափակելով իր ելոյթը, ընկ. Միհրանեանը ըսաւ. «Փա՛ռք Քսան ջահակիրներուն, որոնք այսօր արցունք խլելու փոխան, մեզի հպարտութեան, պայքարի եւ անընկճելիութեան ներշնչում կու տան: Ըլլա՛նք անվեհեր: Շարունակենք մեր ազգային, համազգային ճիգը: Ճանչնա՛նք մեր պատասխանատուութիւնը, կատարե՛նք մեր պարտականութիւնը եւ քայլե՛նք առա՜ջ, առա՜ջ, դիմաւորելու համար քաղաքական ինքնավար Հայաստանը, որ վառ արշալոյսով կը բարձրանայ Մայր Հայաստանի երկնակամարի վրայ: Չյուսահատինք, այլ ըլլանք քաջարի, շարունակենք մեր սուրբ գործը: Ինչպէս բանաստեղծին խօսքը կ’ըսէ՝ “Պայազիտի բարձունքէն ես Վաղուան հունձքը տեսայ”, եւ ահա մենք այդ հունձքն ենք, որ կը շարունակենք անշէղօրէն հետեւիլ 20-ններու պատգամին եւ գաղափարախօսութեան:
Կեցցէ՜ Քսանները ծնող հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՜ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝
Կեցցէ՜ ընկերվարական ժողովրդավար Հայաստանը»:
Միջոցառումը փակուեցաւ ներկաներուն «Ուխտի հրաւէր»-ի միաձայն երգեցողութեամբ։

