Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 18 Յունիս 2026

June 18, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 18 Յունիս 2026

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Կը սպասուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները այսօր Զուիցերիոյ մէջ ստորագրեն փոխըմբռնումի յուշագիր մը, որ վերջ պիտի տայ շուրջ 110 օր տեւած պատերազմին եւ բանայ վերջնական համաձայնութեան յանգելու 60-օրեայ բանակցային պատուհան մը: Զուիցերիոյ իշխանութիւնները այս առթիւ պիտի տեղակայեն երկու հազար զինուոր եւ արգիլեն անօդաչու սարքերուն թռիչքը: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս յայտնեց, որ Իրանի հետ խաղաղութեան կնքուելիք յուշագիրը տարածաշրջանային խաղաղութեան համաձայնութիւն է, որ կը ներառէ Ծոցի արաբական երկիրները, Իսրայէլն ու Լիբանանը: Թէեւ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ շեշտեց, որ յուշագիրը պիտի չհրապարակուի մինչեւ ստորագրութեան պահը, այդուհանդերձ միջազգային գործակալութիւններ հաղորդեցին, թէ ան բաղկացած է 14 կէտէ, որոնք կը ներառեն Հորմուզի նեղուցի վերաբացում, Թեհրանէն հիւլէական զէնքերու չտիրանալու եւ Ուաշինկթընէն պատժամիջոցները չեղարկելու յանձնառութիւն, Իրանին պատկանող գումարներու ազատ արձակում, պայմանաւ որ վերջնական համաձայնութիւնը վաւերացուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Յուշագիրը պիտի անդրադառնայ նաեւ տարածաշրջանի միւս ճակատներուն՝ մանաւանդ Լիբանանին, թէեւ այդ առումով կը շրջանառուին հակասական տուեալներ: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կը շեշտէ, թէ ամերիկացիներուն հետ յուշագրի ստորագրութեամբ պիտի դադրին նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները, սակայն ամերիկացիները կը խուսափին այդ հարցին ուղղակիօրէն անդրադառնալէ, իսկ Իսրայէլ կը շարունակէ պնդել, թէ պիտի չքաշուին բռնագրաւեալ շրջաններէն եւ պիտի շարունակեն ուժգին հարուածել Հըզպալլայի ռազմական գործունէութիւնը:

 

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԱՆԿԱԽ ՈՒՂԻ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ կը մօտենան զինադադարի համաձայնութեան՝ ամերիկեան միջնորդութեամբ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն հերթական փուլը Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ 23-25 Յունիսին:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատ այցելած պատուիրակութիւններուն հետ ունեցած քննարկումներուն մէջ շեշտեց, որ Պէյրութ կը պահանջէ բանակցային անկախ ուղի ունենալ, թէեւ կը զօրակցի տարածաշրջանային բանակցութիւններուն եւ Լիբանանին օգնող որեւէ պետութեան՝ ներառեալ Իրանը:

 

ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒ

Ամերիկեան-իրանեան յուշագրին շուրջ համաձայնութեան լոյսին տակ, անցնող օրերուն զգալիօրէն հանդարտած է Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տիրող վիճակը, թէեւ իսրայէլեան ուժերը տակաւին կը մնան բազմաթիւ գիւղերու մէջ եւ կը շարունակեն հրետանային եւ օդային հարուածները: Հարաւային աւելի ապահով շրջաններուն ուղղութեամբ կը շարունակուի վերադարձող քաղաքացիներուն հոսքը, մինչ լիբանանեան բանակը եւ առնչակից մարմինները կ’աշխատին վերաբանալ ճամբաները եւ վերացնել ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները:

 

ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ՝ ԱՆՈՐՈՇ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները եւ Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն միջոցաւ պիտի պահանջէ լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջ: Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ երկրորդականի (Պաքալորէա) պետական քննութիւններու թղթածրարին, որոնց ճակատագիրը պարզելու համար ժողով գումարեց կրթութեան նախարար Ռիմա Քարամիի հետ:

Վերջինս խոստացաւ յանգիլ համաձայնական եզրերու՝ յարգելու համար արդարութեան սկզբունքը եւ հարաւի բնակչութեան իւրայատկութիւնները: Շեշտելով թէ՛ ուսումնական մակարդակը, թէ՛ աշակերտներուն անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, Սալամ նշեց, որ իրենք համաձայնած են առայժմ վերջնական որոշում չկայացնել քննութիւնը չեղարկելու մասին, այլ սպասել զինադադարին, որպէսզի ըստ այնմ ծրագրեն յաջորդ քայլերը:Առայժմ որոշուած է ուշացնել 1 Յուլիսին նախատեսուած քննութիւնները, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի վերջնական որոշումի:

 

ՎԵՐՋ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ

 Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրող սփիւռքահայերը գուցէ այսուհետեւ հնարաւորութիւն չունենան ընտրական զբօսաշրջութիւն կատարելու հայրենիքի մէջ: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն խումբ մը երեսփոխաններ Ազգային ժողովի շրջանառութեան մէջ դրին օրէնքի նախագիծեր, որոնց հիման վրայ կը սահմանուի, որ Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն կրնան մասնակցիլ միայն քաղաքացիութիւն ունեցող այն անձերը, որոնք ընտրութիւններուն նախորդած մէկ տարուայ ընթացքին առնուազն 183 օր բնակած են Հայաստանի մէջ: «Ընտրութիւնները պէտք է արտացոլեն այն անձերուն կամքը, որոնք իրապէս կը գտնուին այդ պետութեան որոշումներուն ազդեցութեան տակ, ուստի պէտք է ապահովել ընտրողին բաւարար կապը պետութեան հետ», նշուած է օրինագիծի հիմնաւորումին մէջ:

 

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը քննէ դիմում մը՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի, երեսփոխանական թեկնածուներ Ասատուր Քոչարեանի եւ Ռուսլան Բարսեղեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու արտօնութեան առնչութեամբ: Երկրորդ նախագահին գրասենեակը տեղի ունեցածը համարեց ապօրինութիւն, պնդելով որ կառավարութեան կից դատախազութիւնը «գործ մը կարած է եւ դիմած Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին»:

Նոյն ծիրին մէջ, փտածութեան դէմ պայքարող կոմիտէն յայտնաբերեց ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու հերթական պարագաները: Կոմիտէի ծառայողներուն աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է եզրակացնել, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առթիւ բաժնած են ընտրակաշառք՝ Սպիտակ համայնքին մէջ իրենց օգտին քուէարկելու եւ աջակիցներ հաւաքելու դիմաց: Կոմիտէն ձերբակալած է շարք մը անձեր եւ բացած է քրէական գործ:

 

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան ընդլայնումի հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ: Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին Մարթա Քոս շնորհաւորեց Միրզոյեանը՝ Հայաստանի ընտրութիւններուն յաղթանակին առիթով, շեշտելով որ ընտրութեան արդիւնքը լաւ ուղերձ է Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացումին ուղղութեամբ:

Միրզոյեան իր կարգին նշեց, որ քաղաքացիներու քուէներուն հիման վրայ այժմ կարելի պիտի ըլլայ յառաջ մղել Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ ներառեալ Եւրոմիութեան հետ ռազմավարական գործընկերութեան մշակումը: Կ’ակնկալուի, որ եւրոպացի յանձնակատարը 5 Յուլիսին այցելէ Երեւան:

 

ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ TRIPP-Ի ՄԱՍԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ամերիկեան գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատէն անդամներ Պաքուի մէջ տեսակցեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ՝ քննարկելու միջպետական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ռազմավարական գործընկերութեան խորացումը: Զրուցակիցները յատուկ անդրադարձած են նաեւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին եւ այդ ծիրին մէջ ամերիկեան դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ TRIPP ուղիի հեռանկարներուն: Այսուհաներձ, ատրպէյճանցիները բռնագրաւեալ Արցախի մէջ կը շարունակեն հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան կործանումը: Նորագոյն միջադէպը եղած է Աստղաշէն գիւղին մէջ, ուր քանդած են զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը, որ կանգնեցուած է 2012-ին: Նոյն գիւղին մէջ քանդած են նաեւ 1970-ականներուն կանգնեցուած եւ Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը:

 

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔՆԵՐՈՒ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Պաքուի Վերաքննիչ դատարանին մէջ 16 Յունիսին շարունակուեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան՝ Արայիկ Յարութիւնեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Դաւիթ Պապայեանի, Լեւոն Մնացականեանի եւ այլոց վերաքննիչ բողոքներուն քննութիւնը, իսկ յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 23 Յունիսին:

Յիշեցնենք, որ Պաքուի դատարանը վերոյիշեալ անձերը 5 Փետրուար 2026-ին դատապարտած էր ցկեանս բանտարկութեան:

 

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶԻՆԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը յայտարարեց, թէ 17 Յունիսին պաշտօնապէս սկսած է հայ-ամերիկեան «Արծիւ գործընկեր 2026» զինավարժութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 Յունիս: Այս տարուայ աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ ֆրանսացի եւ յոյն զինուորներ՝ ամրապնդելով համագործակցութեան մակարդակը եւ նպաստելով աւելի հարուստ փորձի փոխանակման:

 

ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ 73 ՀԱԶԱՐԻ

Կազայի մէջ իշխող Համաս շարժումի կառավարութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ անցնող 24 ժամերուն հինգ հոգի մահացած է իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով, վիրաւորուած են 16 ուրիշներ: Ըստ նախարարութեան, 2023-ի Հոկտեմբերին բռնկած պատերազմին մահացած պաղեստինցիներուն թիւը հասած է 72.996-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ 173.246-ի: Շատեր տակաւին կը մնան փլատակներուն տակ, որովհետեւ փրկարարները չեն կրնար հասնիլ իսրայէլեան յարձակումներուն ենթակայ շրջանները:

Share61Tweet38
Previous Post

Տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան Անվերադարձ Մեկնեցաւ

Next Post

Փարամազի Կիսանդրիին Մօտ՝ Վերանորոգուած Ուխտ Եւ Նոր Յանձնառութիւն

Next Post
Փարամազի Կիսանդրիին Մօտ՝ Վերանորոգուած Ուխտ Եւ Նոր Յանձնառութիւն

Փարամազի Կիսանդրիին Մօտ՝ Վերանորոգուած Ուխտ Եւ Նոր Յանձնառութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.