Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան Անվերադարձ Մեկնեցաւ

June 16, 2026
in Այլազան
0
Տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան Անվերադարձ Մեկնեցաւ

Անհաւատալի եւ խոր վիշտ պատճառող բօթ մը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ: Յաւերժութեան ճամբան բռնած էր մեր բոլորին սիրելի բժիշկը՝ տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեանը։

Դժուար է հաւատալ, որ այն մարդը, որ մինչեւ մօտիկ անցեալին բժշկական պայուսակը ձեռքին, ոտքի թեթեւ կաղացումով, իր յատուկ համեստութեամբ ու նուիրումով կը շրջէր Հաճընէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, Սին Էլ Ֆիլէն մինչեւ Ազունիէի առողջարան, այլեւս ոչ եւս է։

Տոքթ. Պետրոսեան երբեք չէր սահմանափակուեր միայն իր մասնագիտութեամբ։ Ան իր թանկարժէք ժամանակէն մաս մը առատօրէն կը նուիրէր ազգային եւ հասարակական կեանքին։ Երբեմն զինք կը տեսնէինք ՀԿԲՄ-ի Սահակեան գոլէճի խնամակալութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնին, իսկ երբեմն՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ մարմինին եւ յարակից կառոյցներուն մէջ, միշտ պատրաստ ծառայելու իր ժողովուրդին ու իր գաղափարներուն։

Հայաստանի բժշկական համալսարանի շրջանաւարտ տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան, Լիբանան վերադառնալէ ետք, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը մնաց ազգին, համայնքին եւ կուսակցութեան ծառայութեան բարձր գիտակցութեամբ ապրող ու գործող անհատ մը։ Ան իր կեանքով մարմնաւորեց ծառայութեան, նուիրումի եւ պատասխանատուութեան այն արժէքները, որոնք զինք սիրելի եւ յարգելի դարձուցին բոլոր անոնց համար, որոնք առիթ ունեցած էին ճանչնալու զինք։

Վերջին տարիներուն ան հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ իր երկրային կեանքի վերջին հանգրուանին հասնելով՝ խաղաղութեամբ աւանդեց իր հոգին։

Այս առիթով, «Արարատ» խորին վշտակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալ տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեանի այրիին եւ հարազատներուն:

Share61Tweet38
Previous Post

Քսաններուն Ոգեկոչումը՝ Ուխտի Վերանորոգում Եւ Ապագայի Հաւատք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.