Այսօր աշխարհասփիւռ հնչակեան գաղափարական եւ համակրական շրջանակները եկեղեցական արարողութիւններով ու քաղաքական ձեռնարկներով կ’ոգեկոչեն Հնչակեան կուսակցութեան քսան նահատակ գործիչներուն յիշատակը։ Անոնք, 111 տարի առաջ, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, կախաղանի առջեւ կանգնած, անտեսելով մահը, ազատ ու ինքնիշխան Հայաստանի տեսիլքը կը հռչակէին։
1915 թուականի Յունիս 15-ի արշալոյսին, քսան հայ յեղափոխականներ վերջին անգամ ողջունեցին արեւածագը։ Սակայն անոնց պատգամը դարձաւ պայքարի, դիմադրութեան եւ ազգային վերածնունդի կոչ՝ ուղղուած գալիք սերունդներուն։ Ինչպէս բանաստեղծը պիտի ըսէր՝ «Պայազիտի բարձունքէն ես վաղուան հունձքը տեսայ»։
Հնչակեաններուն համար Քսաններու յիշատակի ոգեկոչումը ուխտի վերանորոգում է եւ մենք կը խոնարհինք անոնց յիշատակին, որովհետեւ անոնք ունէին յստակ քաղաքական տեսլական, ազգային ճշգրիտ կողմնորոշում եւ սկզբունքներու նկատմամբ անսակարկ հաւատարմութիւն։ Անոնք չխաբուեցան Օսմանեան իշխանութիւններու խոստումներով, չգայթակղեցան պաշտօններով կամ անցողիկ շահերով եւ չշեղեցան իրենց ուղիէն։ Այն օրերուն, երբ շատեր տակաւին կը հաւատային Իթթիհատի գեղեցիկ խօսքերուն, Քսանները արդէն տեսած էին անոր իրական դիմագիծը։
Անոնք հեռատեսութեամբ ըմբռնեցին Օսմանեան պետութեան ցեղապաշտ եւ հայաջինջ ծրագրերը եւ ահազանգեցին հայ ժողովուրդը։ 1913-ի Սեպտեմբերին, Կոստանցայի եօթներորդ համագումարին, անոնք ընդունեցին պատմական որոշում մը՝ դիմադրելու Իթթիհատի ոճրագործ ղեկավարութեան եւ կանխելու հայ ժողովուրդին դէմ պատրաստուող աղէտը։ Ամէն տարի կը յիշենք զանոնք, քանի որ, Փարամազի առաջնորդութեամբ, անոնք ընտրեցին ճշմարտութիւնը՝ կեանքէն վեր դասելով ազգային պարտականութիւնը։
Փարամազն ու իր ընկերները, Պայազիտի բարձունքէն, մարգարէական տեսիլքով կը նայէին դէպի ապագայ։ Անոնք կը տեսնէին այն Հայաստանը, որ տակաւին գոյութիւն չունէր, բայց որուն ծնունդին կը հաւատային անսասան համոզումով։ Երեք տարի անց, Սարդարապատի հերոսամարտով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով, անոնց տեսիլքը իրականութիւն դարձաւ։
Ամէն տարի, Քսաններուն յիշատակը ոգեկոչելով, մենք կը նորոգենք մեր ուխտը՝ հաւատալու, որ Արեւելքի հորիզոնին վրայ յառնած հայրենիքը պիտի մնայ կանգուն ու ամուր։
Այսօր Քսաններու կտակը մեզ կը հրաւիրէ համախմբուելու հայրենիքի շուրջ, պահպանելու եւ զարգացնելու այն պետականութիւնը, որուն համար պայքարեցան եւ զոհուեցան սերունդներ։ Անոնց երազը ազատ, անկախ, ինքնիշխան եւ խաղաղ Հայաստանն էր։ Այդ երազը այսօր իրականութիւն դարձած է եւ անոր հզօրացումն ու բարգաւաճումը մեր եւ գալիք սերունդներու պատասխանատուութիւնն է։
Ցաւ ի սիրտ, աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տակաւին կը շարունակուին պատերազմները, բռնութիւններն ու ատելութեան դրսեւորումները։ Մինչդեռ հնչակեան ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը իր էութեամբ կառչած է խաղաղութեան, ժողովուրդներու համագործակցութեան եւ մարդկային համերաշխութեան սկզբունքներուն։
Իսկ խաղաղութեան կառչիլ չի նշանակեր մոռնալ մեր 111-ամեայ պայքարը, չի նշանակեր մոռնալ Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան եւ Արցախը։ Ընդհակառակը, այսօր խաղաղութեան կառչիլը կը պահանջէ դարու նոր մտածողութիւն եւ նոր ռազմավարութիւն։
Մօտ երեսուն տարի սպասեցինք, որ գէթ մէկ պետութիւն ճանչնայ մեծ զոհողութիւններու գնով ազատագրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Ցաւօք, այդ չկատարուեցաւ։ Միեւնոյն ժամանակ, թշնամին համբերութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կը պատրաստուէր, սպասելով յարմար պահուն՝ հայաթափելու հայկական Արցախը։ Երբ տարածաշրջանային զարգացումներն ու արդիական ռազմական արհեստագիտութիւնը նպաստաւոր դարձան իրեն, ան իրագործեց իր նպատակը։
Այո՛, մենք կորսնցուցինք Արցախը, որովհետեւ չունէինք այն քաղաքական եւ դիւանագիտական խաղաքարտերը, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար ապահովել արտաքին ազդեցիկ աջակցութիւն։ Աւելին, նոյնիսկ մեր «դարաւոր դաշնակիցը» վճռորոշ պահուն մեզ մինակ ձգեց՝ արցախահայութիւնը յանձնելով իր ճակատագրին։
Անդին նոյն մեր դարաւոր դաշնակիցը, երեք տարիէ ի վեր չի յաջողիր ծունկի բերել ռազմականօրէն իրմէ բազմապատիկ անգամ աւելի թոյլ Ուքրանիան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ամբողջ Արեւմուտքը ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական օժանդակութեամբ կանգնած է Ուքրանիոյ կողքին։ Նմանօրինակ պատկեր կը տեսնենք նաեւ Իրանի պարագային, որ իր դիմադրողականութիւնը կը պահպանէ Ռուսիոյ կամ Չինաստանի աջակցութեամբ։
Ահա թէ որոնք են ժամանակակից աշխարհին մէջ յաջողութեան իրական խաղաքարտերը։ Մինչդեռ մենք 25 տարիներէ ասդին կորսնցուցած էինք մեր խաղաքարտերը՝ ինքնախաբէական վստահութիւններու եւ քաղաքական քնաբեր պատրանքներու հետեւանքով։
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըմբռնելով միջազգային նոր իրողութիւններն ու քաղաքական խաղի կանոնները, կը փորձէ վերատիրանալ այդ խաղաքարտերուն եւ վերադառնալ աւելի իրապաշտ քաղաքականութեան ուղի։ Բնականաբար, պետական քաղաքականութեան բոլոր քայլերը չեն հրապարակուիր կամ բացայայտուիր։ Անցեալ Մայիս 28-ին, Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած զօրահանդէսը գլխաւոր ապացոյցն է մեր ներկայացուցած վարկածին:
Մեզի կը մնայ վստահիլ հայրենի պետականութեան եւ ժողովուրդին ընտրած իշխանութիւններուն, որոնք արդէն 3-րդ անգամն է որ խորհրդարանական ընտրութիւններով շահած են հայրենի ժողովուրդին վստահութիւնը, կանգնիլ անոր կողքին եւ թոյլ չտալ ներքին պառակտումներու խորացումը։
Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Արցախի նկատմամբ մեր պատմական իրաւունքներուն տէրը մենք ենք, եւ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայութիւնը երբեք չի կրնար հրաժարիլ այդ իրաւունքներէն։ Սակայն այդ իրաւունքներուն հետապնդումը կը պահանջէ խոհեմութիւն, համբերութիւն եւ միջազգային իրողութիւններու ճիշդ գնահատում։ Անոնք պէտք է ծառայեցուին ոչ թէ զգացական պոռթկումներու, այլ դիւանագիտական եւ քաղաքական լաւագոյն ռազմավարութեան։
Ներկայ իշխանութիւնները անվերջ քարկոծելը, ամէն հարցի մէջ դաւաճանութիւն որոնելը եւ ոչ-շինիչ գործելակերպը կրնայ աւելի խորացնել հայրենիքի քաղաքական ու տնտեսական խնդիրները, իսկ Սփիւռքը, որ արդէն կը դիմագրաւէ նօսրացման եւ ձուլման մարտահրաւէրները, կրնայ աւելի տկարանալ։
Մենք չենք մոռցած Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան եւ Արցախը։ Անոնք անբաժանելի մասն են մեր ազգային յիշողութեան եւ մեր հաւաքական գիտակցութեան։ Բայց այսօր առաջնահերթութիւնը ուժեղ հայրենիք կառուցելն է, որպէսզի յարմար պահուն կարենանք օգտուիլ պատմութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն։
Իսկ եթէ անմիաբանութեան, փոքրհոգութեան եւ ներքին պայքարներու պատճառով կորսնցնենք նաեւ այդ ապագայ հնարաւորութիւնը, այն ատեն հետեւանքները կրնան իսկապէս ճակատագրական ըլլալ մեր հայրենիքին համար։
Հայաստանը այսօր կը շարունակէ այն ուղին, որուն համար պայքարեցան եւ զոհաբերուեցան ազգային-ազատագրական պայքարի բազմաթիւ հերոսներ, որոնց շարքին էին նաեւ Քսանները։ Անոնց տեսլականը ազատ, անկախ, խաղաղ եւ ինքնիշխան Հայաստանն էր։ Տասնամեակներու պայքարէ ու զոհողութիւններէ ետք այդ երազը իրականութիւն դարձաւ։
Հայութեան կէտ նպատակը, այսօր, պէտք է ըլլայ մէկ բան՝ հզօրացնել հայրենիքը, պահպանել եւ գուրգուրալ այն՝ ինչ որ ունինք: Այս էր պատգամը անցեալին, պատգամը՝ այսօրուան եւ վաղուան:
Եթէ Քսանները հրաշքով այսօր մեր մէջ գտնուէին, վստահաբար անոնց պատգամը նոյնը պիտի մնար՝ հզօրացնել հայրենիքը, պահպանել խաղաղութիւնը, ամրապնդել ազգային միասնութիւնը եւ հաւատալ Հայաստանի ապագային։
Յիշատակը անթառա՜մ մնայ Աւստրալիոյ հանգուցեալ մեր երէց սերունդի ընկեր-ընկերուհիներուն:
Փա՛ռք Քսան անմահներուն, եւ փա՛ռք այն գաղափարական բագինին՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, որուն ծառայեցին անոնք:

