Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հնչակեան Քսաններու Յիշատակի Ոգեկոչում Սիտնիի Մէջ

June 16, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Հնչակեան Քսաններու Յիշատակի Ոգեկոչում Սիտնիի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինին, աւստրալահայութիւնը Կիրակի, 14 Յունիս 2026-ին, նշեց Հնչակեան Քսան կախաղաններուն եւ Աւստրալիոյ շրջանի ննջեցեալ ընկեր-ընկերուհիներուն յիշատակը:

Առաւօտեան Սիտնիի մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յիշատակի հաւաք: Առաջնորդանիստ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան հանդիսապետեց Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեան, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի եւ Վարիչ մարմինի անդամներուն, հնչակեաններու եւ բազմաթիւ աւստրալահայերու:

Պատարագեց Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան, ապա յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ սրբազանը, որ կեդրոնացաւ Քսաններու նահատակութեան խորհուրդին վրայ: «Քսանները Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ գիտակից կերպով նահատակուեցան, որովհետեւ կառչած մնացին իրենց արժէքներուն եւ հաւատացին, որ իրենց մարմինը կրնան սպաննել, բայց իրենց պիտի յաջորդեն շատ քսան հազարներ՝ ապրելով վերակենդանացնելու իրենց արժէքը եւ պանծացնելու իրենց յիշատակը», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան աղօթք բարձրացուց նաեւ «այս հնագոյն կուսակցութեան բոլոր հիմնադիրներու եւ հերոս հայորդիներուն համար, որոնք երազած են մեր հայրենիքին ներկայ եւ վաղուայ փայլուն օրը»: Ան աղօթելով մաղթեց, որ կարելի ըլլայ տեսնել մեր հայրենիք Հայաստանի յաղթական եւ փառապանծ հորիզոնները:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ քահանայ հայրերուն, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Տէր Պետրոսեանին, փոխատենապետ դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեանին եւ Խորհուրդի անդամ Գէորգ Չափրազեանին, Ս. Յարութիան եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արա Գոփուշեանին եւ վարչականներու, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի ատենապետին ու անդամներուն, յարակից կառոյցներու վարչութիւններուն, աւստրալահայ անձնաւորութիւններու եւ հիւրերու:

Ընկ. Գալփաքեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ու եկեղեցւոյ ծառայողներուն, ապա անդրադարձաւ Քսաններու խորհուրդին: «Որովհետեւ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է, Փարամազն ու ընկերները չմեռան, այլ մինչեւ օրս կ’ոգեշնչեն մեզ, կու տան գաղափարական եւ հայրենասիրական սնունդ, կը յորդորեն խնայել ոչինչ՝ յանուն ազգին ու հայրենիքին, միաժամանակ կառչած մնալով ազատութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան արժէքներուն», ըսաւ ընկ. Գալփաքեան, ապա մեծարեց շրջանի հնչակեան ննջեցեալ ընկեր-ընկերուհիներ Թադէոս Պետրոսեանը, Վարդիվառ Տէմիրճեանը, Զաւէն Հաճեանը, Մինաս Քէլէշեանը, Մովսէս Վարդիքեանը, Յովսէփ Նաթարեանը, Արթին Փոլատեանը, Գրիգոր Սվազլեանը, Սիրուն Չիլինկիրեանը, Կարպիս Ապէճեանը, Վաչէ Չիլինկիրեանն ու Յովհաննէս Տէմիրճեանը, որոնք գործունեայ մասնակցութիւն ունեցած են Աւստրալիոյ Հնչակեան կառոյցը հիմնելու եւ ծաղկեցնելու առաքելութեան մէջ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց հիւրաբար Սիտնի գտնուող՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազարէթ Ճէրէճեան: (Խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք առանձին)

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ սրբազանը, որ կոչ ուղղեց շարունակելու պահել, պահպանել եւ փոխանցել մեր ազգին յաւերժութեան գաղտնիքը պարունակող գաղափարները, առաջարկելով որ իւրաքանչիւր հայորդի ազգի զոհասեղանին վրայ դնէ իր նուազագոյն կարելին՝ ժամանակը եւ նիւթական կարողութիւնը: Ան ապա օրհնեց հոգեճաշը, որ սարքուած էր նահատակներու եւ ննջեալներու հոգիներու յիշատակին:

Այսպէս, Սիտնիի հայ համայնքը արժանավայել կերպով ոգեկոչեց Քսան անմահներու նահատակութեան 111-րդ տարելիցը՝ վերանորոգելով իր հաւատարմութիւնը անոնց կտակին եւ ազգային ծառայութեան սրբազան ուղիին։

Share61Tweet38
Previous Post

Միջին Արեւելքի Հայկական Համայնքներուն Մասին Բանախօսութիւն Սիտնիի Մէջ

Next Post

Քսաններուն Ոգեկոչումը՝ Ուխտի Վերանորոգում Եւ Ապագայի Հաւատք

Next Post
Քսաններուն Ոգեկոչումը՝ Ուխտի Վերանորոգում Եւ Ապագայի Հաւատք

Քսաններուն Ոգեկոչումը՝ Ուխտի Վերանորոգում Եւ Ապագայի Հաւատք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.