Կազմակերպութեամբ Սիտնիի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, «West Ryde Community Hall» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրաբար Սիտնի այցելող՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազարէթ Ճէրէճեանի բանախօսութիւնը՝«Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու ներկայ մարտահրաւէրները եւ ապագայի հեռանկարները» խորագրին տակ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեան, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան, Թեմական ժողովի ատենապետ Սարգիս Տէր Պետրոսեան, ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան ու վարչական ընկերներ, Սիտնիի արուարձանային հայաշատ Ռայտի նախկին քաղաքապետ Սարգիս Ետելեան, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւստրալահայերու բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Անդրանիկ Կիւլվարդեան, որ նշեց, թէ Միջին Արեւելքի անկայունութիւնը միշտ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այդ տարածաշրջանէն գաղթած հայորդիներուն մօտ: Նշելով, թէ շնորհիւ արհեստագիտական միջոցներու զարգացումին, այսօր աւելի դիւրին է հետեւիլ հեռաւոր տարածաշրջանի զարգացումներուն, ընկ. Կիւլվարդեան շեշտեց, որ ստոյգ տեղեկութիւններուն կարելի է լաւագոյնս ծանօթանալ Միջին Արեւելքի մէջ գործող մտաւորականներուն հետ զրուցելով, որովհետեւ անոնք լաւատեղեակ են մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն: Ան ապա ներկայացուց հիւր բանախօսին կենսագրական գիծերը:

Ընկ. Նազարէթ Ճէրէճեան նախ խօսեցաւ միջինարեւելեան երկիրներու կազմութեան եւ հայկական համայնքներու կազմաւորումին մասին, ապա անդրադարձաւ շարք մը գլխաւոր խնդիրներու. Միջին Արեւելքէն արտագաղթ դէպի աւելի ապահով շրջաններ, հայկական վարժարաններուն կարեւորութիւնը եւ անոնց թիւին անկումը՝ փակումով կամ միացումով, հայկական մամուլին դիմագրաւած խնդիրները՝ արհեստագիտական միջոցներու զարգացումով եւ կարդացողներու թիւի անկումով, երիտասարդներու դիմագրաւած նիւթական խնդիրները, որոնց պատճառով կը դժուարանան ամուսնութիւնները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայ համայնքի յատուկ պարագան ու գոյատեւելու հրամայականը: Որպէս լուծում, ան առաջարկեց կա՛մ հայրենադարձութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է Հայաստանի իշխանութիւններուն գործնական աջակցութիւնը, կա՛մ միջինարեւելեան համայնքներուն մէջ մնալու պարագային, իսկական միասնականութեամբ համախմբուած աշխատանք՝ յաղթահարելու մարտահրաւէրները եւ աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու հայութեան համար: Ան այս առումով առաջարկեց իւրաքանչիւր համայնքի մէջ ստեղծել համայնքային խորհրդարան մը, որուն մաս կը կազմեն կուսակցութիւնները, միութիւնները եւ երեք յարանուանութիւնները, ուր վեթոյի իրաւունք կը տրուի բոլորին եւ այնտեղ կը կայացուին համայնքային կարեւոր որոշումները:

Գեղարուեստական բաժնով, արուեստագիտուհի տիկ. Այտա Աւետիսեան մեկնաբանեց «Մախմուր Աղջիկ» եւ «Պալենի» երգերը, իսկ տիկ. Զանի Նազարեան Օգճեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը:
Աւարտին, Առաջնորդ սրբազան հայրը հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որուն մէջ նշեց, թէ Միջին Արեւելքի համայնքներէն հայերու Աւստրալիա գաղթը ունի թէ՛ ժխտական, թէ՛ դրական երեսներ, որովհետեւ նօսրացած են շարք մը համայնքներ, սակայն միւս կողմէ Աւստրալիոյ համայնքը հարստացած է զարգացած, կարող եւ գործունեայ երիտասարդ ուժերով, որոնք այնտեղ կը շարունակեն միջինարեւելեան համայնքներուն մէջ իրենց սկսած ազգային ծառայութիւնը:
Տէր Վարդան եպս. Նաւասարդեանի «Պահպանիչ»-էն ետք, ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ատենապետն ու ներկաները անակնկալ մատուցեցին Առաջնորդ սրբազանին՝ Աւստրալիոյ մէջ իր ծառայութեան առաջին ամեակին առթիւ: Ընկ. Գալփաքեան հակիրճ խօսքով շնորհաւորեց Առաջնորդ սրբազանը եւ դրուատեց անոր գործունէութիւնը, ապա պաշտօնական անձնաւորութիւններ հատեցին այդ առթիւ պատրաստուած կարկանդակը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգով՝ կատարողութեամբ բոլոր ներկաներուն:

