Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական. Փա՛ռք Քսաններուն

June 16, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական. Փա՛ռք Քսաններուն

15 Յունիս 1915-ի արշալոյսին, հայրենիքի ազատագրութեան զինուորագրեալ քսան ռահվիրաներ, Պոլսոյ մէջ, հայոց պատմութեան փառահեղ էջերէն մին կերտեցին, երբ հաւաքաբար դարձան մատաղները հայրենիքի ազատութեան զոհաշատ բագինին:

Գաղափարի՛ մարդիկ էին անոնք գերազանցապէս. տեսլականի՛ հաւատացած մարդիկ:

Ազգային-յեղափոխական քուրային մէջ թրծուած անձնդիր զինուորեալներ, ի տես իթթիհատականներու որոճացող նկրտումներուն, խիզախաբար յանձն առած էին չէզոքացնել անոնց պարագլուխները՝ կանխելու համար հայոց ցեղասպանութեան վերահաս սպառնալիքը: Հնչակեան կուսակցութեան 7-րդ համագումարը այդ վճռական որոշումն էր առած: Տարակոյս չկար, որ իթթիհատականներու եաթաղանը նոյնքան եւ աւելի սայրասուր էր, որքան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի, որուն հարուածներուն զարհուրելիութիւնը դեռ կը յամենար մարդկանց յիշողութիւններուն մէջ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը արդէն ձեռք էր բերած բաւականին փորձառութիւն, անցած էր մարտական հրեղէն փուլերէ, ունէր յեղափոխական անցեալ եւ երբ իթթիհատականներ հասան իշխանութեան, անոնք հետզհետէ սկսան ցոյց տալ, որ նոր դիմակներով եւ կարգախօսներով շպարուած՝ պիտի շարունակեն օսմանեան վաղեմի քաղաքականութիւնը առաւե՛լ վայրագութեամբ եւ առաւե՛լ լպիրշութեամբ: Հետեւաբար, երկու հակընդդէմ ուժերուն բախումը անխուսափելի էր ու անթաքոյց:

Մեծն Փարամազ եւ իր ընկերներ, անընկճելի ոգիով եւ նպատակասլաց քայլերով, պատրաստուած էին իրագործելու պատմական այն յանձնառութիւնը, որ ստանձնած էր Հնչակեան կուսակցութիւնը նախաեղեռնեան այդ բախտորոշ օրերուն: Հնչակեաններու մարտական դիրքորոշումն ու վարքագիծը տարօրինակ թուաց շատերու. անոնք այպանուեցան նոյնիսկ որպէս խռովարարներ, տաք-գլուխներ, արկածախնդիրներ, որովհետեւ իթթիհատականներով հմայուածներ մեղկացած էին անտարբերօրէն, կ’օրօրուէին երազներու մէջ, չէին նախզգար գայլին ոռնոցը մահագոյժ, կ’ապրէին երջանկութեան եւ երանութեան ամպերու մէջ, զբաղած էին սեփական հաշիւներով, գոհ էին անհունապէս: Բայց… ոսոխը կը սողար անաղմուկ ճկունութեամբ եւ դարանակալ խորամանկութեամբ:

Օսմանեան դատարանը, Թալաաթ փաշայի իսկ ցուցմունքներով, ծրագրած էր հնչակեաններու անճիտումը՝ հաւաքական կախաղանումով: Պոլսոյ Պայազիտի հրապարակին բարձունքէն, Քսանները տողանցեցին դէպի յաւերժութիւն: Անոնք, վեհ ու դիպուկ հայեացքներով, սերունդները ոգեւորեցին խանդաբորբ պատգամներով: Անշնչացած ճօճուող մարմինները անոնց, դարձան մէյ-մէկ ներշնչարաններ գալիք շարքերուն համար, որոնց ակնարկելով բանաստեղծը հետագային գրեց՝ Պայազիտի բարձունքէն ես վաղուան հունձքը տեսայ…

Պայազիտի բարձունքէն, սէգ ճակատներով, Քսանները ազգին յարատեւութիւնը ողջունեցին՝ Արեւելքի հորիզոնին վրայ պատկերելով ազատագրուած Հայաստանը: Անոնք շեփորեցին ա՛յն քսան հազարները, որոնք պիտի գան հայրենանուէր փաղանգներով: Անոնց համար նահատակութիւնը նուիրումներուն գերագոյնն էր, որուն կրնան հետեւիլ գաղափարականութեան բովէն անցած մարտիկները լոկ: Թուլակամութեան նշանները ժխտող գաղափարի ռահվիրաները դարձան վեհագոյն օրինակներ անոնց՝ որոնք հետագային պիտի հաւատային մարտական հակահարուածներուն, պիտի փարէին Հնչակեան կուսակցութեան հաւատոյ հանգանակին եւ յեղափոխական դրօշին: Ահա թէ ինչու անոնք բռնած էին յաւերժութեան ուղին:

Քսանները այն երդուեալ մարդիկն էին, որոնց գաղափարական դպրոցին քայլերգը կը յուշէր՝ «Փշրի՛ ժանտ շղթան, ծագէ նոր արեւ»: Եւ անոնք անցնելով գործի, լծուեցան շղթաները փշրելու առաքելութեան: Առաքելութիւն՝ որ օժտուած էր անխախտ հաւատքով, շքեղ տեսլականով եւ բոցեռանդ ոգիով: Մահուան սարսուռը չէր որ պիտի ընկճեր հնչակեանները, թալաաթներու թունաթաթախ հրահանգները չէին որ պիտի ահաբեկէին Փարամազն ու իր ընկերները: Անոնց պայքարին նպատակը հայրենիքի ազատ ու անկախ արեւն էր, շէնշո՛ղ արեւը:

Անոնք, անարդարօրէն, զրկուեցան տեսնելու հայրենիքի ազատութեան ալեծածան դրօշը: Կախաղաններու օղակներուն վրայ ընդհատեցաւ անոնց հաւաքական երազը: Քսան կենսախինդ սիրտեր դադրեցան բաբախելէ: Սակայն… յետնորդներ տեսան, ապրեցան եւ շօշափեցին փառահեղ մարմնաւորումը Քսաններու տեսլականին: Ան կա՛յ այսօր՝ ի հեճուկս իթթիհատականներու ցնորքին եւ փշրուած իղձերուն:

Այսօր, հնչակեան շարքերը ամէնուր, կը փառաւորեն Քսաններուն անթառամ յիշատակը: Անոնց յստակ պատգամները կը մնան գուրգուրանքի արժանի, ինչպէս՝ հայրենիքի հանդէպ անվերապահ սէրը, գաղափարի նկատմամբ անշահախնդիր մօտեցումը, յանուն ազգային հաւաքականութեան՝ անսակարկ նուիրումը: Այս առումով, մեր յոյսի եւ լոյսի մտասեւեռումը կ’ուղղուի Հայաստանի հասցէին՝ միայն ու միայն: Քսան ռահվիրաներուն պարագլուխը՝ Փարամազ՝ Մեղրիէն մինչեւ Պայազիտի բարձունք լիաթոք գոռաց՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ի ինքնավարութի՛ւն, անկախութի՛ւն, ազատութի՛ւն եւ ընկերային արդարութի՛ւն:

Այսօր, վերանորոգելով մեր ուխտը Քսան երդուեալներուն անունով, հաւաքաբար կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ, բամբ ձայնով կրկնելով՝

ՓԱ՛ՌՔ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ:

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 16 Յունիս 2026

Next Post

Ձայներ Յունաստանէն (Արձագանգ Հայկական Կեանքի) – 1

Next Post
Ձայներ Յունաստանէն (Արձագանգ Հայկական Կեանքի) – 1

Ձայներ Յունաստանէն (Արձագանգ Հայկական Կեանքի) - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.