ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ համերգասրահին մէջ, 30 Ապրիլին, հայ եւ յոյն հանդիսատեսներու ներկայութեան, հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար Հայկ Մելիքեան եւ յունահայ մեներգչուհի Սիրան Չալըքեան միասնաբար տուած են դասական տիպի շա՛տ որակեալ համերգ մը, բեմին վրայ իրենց ետին ունենալով Թեսաղոնիկէի պետական սիմֆոնիկ բազմանդամ նուագախումբը, որ ղեկավարած է հանրայայտ խմբավար Ֆիլիփ Ֆորժէ

Յայտագիրը լեցուն եղած է հայ դասական եւ հոգեւոր երգերու յատկանշական ստեղծագործութիւններով։ Ձեռնարկը ձօնուած է Մեծ Եղեռնի նահատակներու 111-ամեակի յիշատակին։ Խորունկ տպաւորութիւն գործած են մա՛նաւանդ Արամ Խաչատրեանի յօրինումները։ Իսկ երգչուհի Չալըքեանի մեկնաբանութիւնները առաւելաբար առանցք ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ զմայլելի շարականները։
ԱԹԷՆՔԻ քաղաքապետարանի սրահին մէջ, 10 Մայիսին, Յունաստանի Հայերու Միութիւնը գեղարուեստական ձեռնարկ մը սարքած է քաղաքապետարանին հետ գործակցաբար, «Մահուան յաղթած ժողովուրդը» ընդհանուր խորագրին տակ, առ ի ոգեկոչում Մեծ Եղեռնի նահատակներուն։ Ներկայ եղած են մեծ թիւով հայ եւ յոյն մշակութասէրներ, ի միջի այլոց՝ յոյն քաղաքական-պետական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Հնչած են հայերէն երգեր, ներկայացուած են հայկական ազգային պարեր, հայ բանաստեղծներու գործերէն նմոյշներ արտասանուած են յունարէն թարգմանութեամբ։
ԱԹԷՆՔԻ մէջ, 17 Մայիսին, գումարուած է Հ.Բ.Ը.Միութեան տեղական մասնաճիւղի անդամական արտահերթ ժողովը, որ, իր կարգին, ընտրած ու յառաջացուցած է միութեան Յունաստանի Կեդրոնական յանձնաժողովը, հետեւեալ վարչական անդամներով՝ դոկտ. Գրիգոր Մարուքեան (ատենապետ), Կարպիս Չաքալեան (փոխատենապետ), Լորանս Մէնէնտեան (ատենադպրուհի), Արա Կիւրիւնլեան (գանձապահ), Յովսէփ Լէպոյեան, Սարգիս-Հերման Մէնէնտեան եւ Գրիգոր Չափարեան (խորհրդականներ)։
ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ (Թրակիա) հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցի այցելած է, Մայիսի կէսին, Յունաստանի նախագահը՝ Քոնսթանտինոս Թասուլաս, Թրակիոյ շրջանին տրուած քննական այցելութեան մը ծիրին մէջ։ Զինք դիմաւորած են գաղութին պատասխանատու վարիչները։ Նախագահին ընկերակցեր են քաղաքապետն ու Էվրոս մարզի հնամեայ կոթողներու պահպանման պատասխանատուն։

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մասին պատմական տուեալներ լսելէ ետք, իր կարգին, նախագահ Թասուլաս դիտել տուած է որ Բիւզանդիոնի կայսրերէն Յովհաննէս Քանթաքուզինոս թագադրուած էր ա՛յս եկեղեցւոյ մէջ…։ Կը նշուի, որ անցնող ամիսներուն մշակուած էր ծրագիր մը՝ այս պատմական եկեղեցին հիմնովին վերանորոգելու համար, եւ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութի՛ւնն է որ պատրաստակամութիւն յայտնած էր ստանձնելու այդ աշխատանքին նիւթական ամբողջ բեռը։ Իսկ նախագահ Թասուլաս, եկեղեցիէն բաժնուելէ առաջ, կարեւորած է կրօնական բնոյթի զբօսաշրջութեան խթանումը։
ԱԹԷՆՔԻ Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը, որ անցեալ եղանակին յունարէնով բեմ բարձրացուցեր էր Մալխասի նշանաւոր «Զարթօնք» վիպաշարքին թատերականացած խտացեալ մէկ տարբերակը, այս տարի ալ վարագոյր բացեր է հայերէնով երեք կարճ կատակերգութիւններու՝ միա՛կ ներկայացման մը ընթացքին։ Ներկայացումը տեղի ունեցեր է 17 Մայիսին, Քալիթէայի «Իզոլա» թատերասրահին մէջ։ Առաջին կատակերգութիւնը հանդիսացեր է ռուս գրագէտ Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկ»-ը, ուր դերեր ստանձներ են երեք հոգի՝ Ժանօ Պարտագճեան, Անայիս Բարսեղեան եւ Նշան Սաւուլեան։ Երկրորդ փիէսը դա՛րձեալ ընտրուեր է Չեխովէն. «Արջը»։

Հոս ալ դերեր ստանձներ են Յակոբ Պարսամեան, Սառա Միսաքեան եւ Ժագ Տամատեան։ Երրորդ ու վերջին զաւեշտը՝ Տիմիթրիս Փսաթասի «Կապոյտ կրիան» (յունարէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը՝ Սարգիս Մինասեանի), ներկայացուեր է ութ դերասաններու մասնակցութեամբ, բեմին վրայ պարզելով քրքջալի երկխօսութիւններու ամբողջ շղթայ մը…։ Երեք զաւեշտներն ալ բեմադրուեր են Յակոբ Պարսամեանի ղեկավարութեամբ։ «Ազատ Օր» իր առնչակից թղթակցութեան մէջ կը գանգատի սակայն հանդիսատեսներու ոչ-քաջալերական թիւէն։ Ան նկատել կու տայ, որ մա՛նաւանդ յունահայ երիտասարդ տարրին բացակայութիւնը հիասթափեցնող եղած է, ի հակադրութիւն պատանի ու երիտասարդ այն ափ մը դերակատարներուն, որոնք գնահատելի կապուածութիւն ցուցաբերած են հայ թատրոնին ու մեծ զոհողութեամբ երկա՜ր ամիսներ հետեւած են փորձերուն ու մարզուած։
ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍԻ (Աթէնք) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, 15 Մայիսին, կատարուած է յուղարկաւորութիւնը յունահայ գաղութի հին սերունդի երեւելի ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ տիկ. Մարօ Օննիկեանի (ծնեալ՝ Մանուկեան)։ Ան իր աչքերը փակած է խոր ծերութեան մէջ, 97 տարեկանին։ Մտաւորական ու մշակութային որոշ կազմաւորումի տէր, ողբացեալը երկա՜ր տարիներ մնայուն ներկայութիւն եղած է Աթէնքի հայ ազգային կեանքին մէջ, իր ամուսնոյն՝ Օննիկ Օննիկեանի հետ ուս-ուսի։

Երիտասարդ հասակէն իսկ մաս կազմած է «Ազատ Օր»-ի շրջանակին՝ իբրեւ գրաշարուհի, վայելելով անմիջական շուքը թերթին յաջորդական խմբագիրներուն՝ Անտոն Կազէլին, Սեդրակ Գոհարունիին, Վազգէն Եսայեանին եւ Ահարոն Ստեփանեանին, չվարանելով նաեւ յօդուածներ ստորագրել մերթ ընդ մերթ։ Ծառայած է Հայ Կապոյտ Խաչի ընտանիքին ալ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի՝ թատերական ու գրական ներկայացումներու կալուածին մէջ։ Կ՛ըսուի, թէ վերջին տարիներուն ա՛լ կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը եւ անշուշտ՝ ֆիզիքապէս ալ տկարացած, սակայն կը պահանջէր որ իր շուրջինները ընթերցէին իրեն «Ազատ Օր»-ի թիւերը, որպէսզի գէթ լսովի հաղորդակից դառնար հայ մամուլի էջերուն…։
ԱԹԷՆՔԻ Ամերիկեան գոլէճի համերգասրահին մէջ, 15 Մայիսին, յունահայ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլեան եւ իր յոյն արուեստակիցը՝ Էլէնա Խրիսթոտուլու, միասնաբար հանդէս եկած են դաշնամուրային զուգակից համերգով մը։

«Արդի մասնագիտութեան եղանակներ՝ երկուքի համար» խորագրեալ յայտագրին մէջ տեղ գտած են Շոսթաքովիչէն, Ալ. Յարութիւնեանէն, Առնօ Բաբաջանեանէն, Մազիսէն, Պէնէթէն ու Կլասէն արդի յօրինումներ։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելած է, 18 Մայիսին, Յունաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Եաննիս Լովերտոս եւ տեսակցութիւն ունեցած շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Եկեղեցւոյ մուտքին, հիւրը դիմաւորուած է հովիւ Հ. Եղիայի, թաղականութեան ատենապետին եւ այլ ազգայիններու կողմէ, որոնք հակիրճ բացատրութիւններ տուած են աղօթատեղիին պատմութեան ու համայնքին այժմու գործունէութեան մասին։ Յոյն նախարարը այցելած է նաեւ համայնքին շաբաթօրեայ վարժարանը եւ տեղեկութիւններ ստացած անոր վերաբերեալ։ Նշենք, որ Թեսաղոնիկէի հայոց եկեղեցին բաւական հին կառոյց է, շինուած՝ 1903-ին, երբ քաղաքը կը գտնուէր օսմանեան տիրապետութեան տակ։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ տարբեր քաղաքներուն մէջ, Մայիսի կէսերուն, պետական ու հասարակական մակարդակի վրայ նշուած է պոնտացիներու (Պոնտոսի յոյներ) ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Յունահայ համայնքն ալ իր զօրակցութիւնը յայտնելով յունաց՝ պաշտօնական ներկայացուցիչներով մասնակից դարձած է այդ ոգեկոչումներուն։ Այսպէս, 18 Մայիսին, Աթէնքի խորհրդարանի ծերակոյտի ժողովասրահին մէջ կայացած յիշատակի ձեռնարկին ներկայ եղած ու խօսք առած է Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը՝ Յարութիւն Սպարթալեան։ Իր ուղերձին մէջ ան ակնարկած է Արցախի հայաթափումին։ Նոյն առթիւ, Թեսաղոնիկէի ռազմական թանգարանին մէջ կայացած ակադեմական նիստի մը՝ հայութեան անունով խօսք արտասանած է Յովիկ Գասապեան։ Նիքէայի մէջ պոնտական միութիւններու սարքած ձեռնարկին ներկայ եղած է Գէորգ Աւագեան, իսկ Գաւալայի մէջ (Թրակիա) կազմակերպուած հաւաքին ալ հանդէս եկած է Հայ Գթութեան Խաչի ներկայացուցիչը՝ Անոյշ Դաւիթեան։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ հայոց եկեղեցւոյ «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ, 28 Մայիսին, նշուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնը, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի տեղւոյն մասնաճիւղին։ Բացման խօսք արտասանած է Տիգրան Սարգիսեան։ Գաղութին հոգեւոր հովիւը՝ Եղիա վրդ. Մալխասեան, յորդորած է գիտակցիլ անկախ հայրենիքի արժէքին ու նախանձախնդիր ըլլալ հայու ինքնութեան պահպանութեան։ Անկախութեան գաղափարին շուրջ մտորումներու ճամբով՝ կենդանի պատկեր մը մարմնաւորած են Տիգրան Պլէճեան եւ Յովիկ Գասապեան։

Գաղութին «Կիլիկիա» պարախումբը գունաւորած է երեկոյթը, մինչ Մարիա Սփիրիտոնիտու հանդէս եկած է հայերէն երգերով։ Այս բոլորին իրենց մասնակցութիւնը միացուցեր են նաեւ շաբաթօրեայ «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոցի երեխաները՝ սիրուն արտասանութիւններով։ Ստեղծուած է ոգեւոր մթնոլորտ։

