Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 16 Յունիս 2026

June 16, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 16 Յունիս 2026

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԴԱԴՐԵՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱԳԻՐ՝ 19 ՅՈՒՆԻՍԻՆ

Միջին Արեւելքի ժողովուրդները անհամբեր կը սպասեն Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ին, երբ սկզբունքով Ժընեւի մէջ պիտի ստորագրուի աղէտալի պատերազմը դադրեցնող համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ: Կը կարծուի, թէ ամերիկեան կողմէն արարողութեան պիտի մասնակցի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, իսկ Իրանի անունով պիտի ստորագրեն խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆն ու արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճին: Այս պիտի ըլլայ անցնող 47 տարիներու ամերիկեան-իրանեան ամենաբարձրաստիճան տեսակցութիւնը: Վենս կարծիք յայտնեց, որ գործարքը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ միջինարեւելեան վերափոխումներու համար: Յուշագիրը պիտի անդրադառնայ Հորմուզի նեղուցի վերաբացումին, Իրանի նկատմամբ սահմանուած ամերիկեան պաշարումի վերացումին եւ հիւլէական թղթածրարին հարցով լուծումներու: Ստորագրութեան յաջորդած 60 օրերը պիտի յատկացուին Թեհրան-Ուաշինկթըն յաւելեալ բանակցութիւններու՝ գտնելու համար հիւլէական թղթածրարին վերջնական լուծումներ:

Փաքիստանի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ համաձայնական եզրեր գտնելու մասին նախանցեալ օր յայտարարած էին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի նախագահներն ու Փաքիստանի վարչապետը, հաւաստիացնելով որ գործարքը կը ներառէ նաեւ լիբանանեան ճակատին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւններու դադրեցում: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին աւարտը համաձայնութեան անքակտելի մասնիկն է, իսկ իսրայէլեան բանակին ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թրամփ խոստացած է ապահովել Լիբանանի հարաւէն իսրայէլեան բռնագրաւեալ ուժերուն նահանջը, սակայն ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը յստակացուց, որ հարաւէն իսրայէլեան նահանջը Իրանի հետ համաձայնութիւնը կնքելու նախապայման չէ, աւելցնելով որ Իսրայէլ ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, եթէ յարձակումի ենթարկուի Հըզպալլայի կողմէ: Գործարքը արժանացաւ նաեւ իսրայէլեան որոշակի դժգոհութեան: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց պնդեց, որ իրենք կը մերժեն քաշուիլ լիբանանեան հողերէն, հակառակ արտաքին ճնշումին: Ելեւմուտքի նախարար Պեզալել Սմոթրիչ վատ որակեց Իրանի հետ ամերիկեան գործարքը, առաջարկելով որ Իսրայէլ առանձին շարունակէ Թեհրանի վարչակարգը տապալելու ջանքերը:

 

ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՅՈԳՆԵՑԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԷՆ»

Ուաշինկթընի ու Թեհրանի միջեւ տակաւին պաշտօնապէս չկնքուած համաձայնութիւնը անմիջապէս ազդած է նաեւ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակին վրայ: Հըզպալլայէն պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, թէ համաձայնութեան հրապարակումէն ետք Հըզպալլա զերծ մնացած է իսրայէլացիներուն դէմ ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկելէ, մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ դադրած են զինուորական գործողութիւնները եւ Լիբանանի մէջ ներթափանցելու փորձերը: Այսուհանդերձ, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ կրակ բացած է իսրայէլեան զինակառքերու ուղղութեամբ, որոնք կը փորձէին յառաջանալ Նապաթիէի մերձակայ Քֆարթըպնիթ եւ Ալի Թահէր շրջաններուն ուղղութեամբ:

Սահմանամերձ Սուր եւ Պընթ Ժպէյլ գաւառներու քաղաքներուն եւ գիւղերուն քաղաքապետութիւնները գործի լծուեցան վերաբանալու այն բազմաթիւ ճամբաները, որոնք փակուած են ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ դիւրացնելու համար տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն տունդարձը: Այսուհանդերձ, բանակը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց առայժմ զերծ մնալու հարաւ վերադառնալէ եւ հետեւելու իր ցուցմունքներուն, թէեւ հարաւի մայրուղին երէկ ականատես դարձաւ վերադարձող ընտանիքներու խճողումին: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին բռնկած պատերազմին հետեւանքով մահացածներուն թիւը հասած է 3798-ի, իսկ վիրաւորները՝ 11.781-ի: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Մարտի սկիզբը բռնկած առճակատումին ընթացքին կորսնցուցած է 30 սպայ եւ զինուոր, մինչ վիրաւորներուն թիւը հասած է 1347-ի:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դիտել տուաւ, որ լիբանանցիները հոգնած են իրարայաջորդ պատերազմներէն եւ կը ձգտին պետութեան վերականգնումին ու փտածութեան դէմ պայքարին, որպէսզի կարենան ապրիլ բարեկեցիկ կեանք մը: Աուն դրուատեց Լիբանանի ներառումը տարածաշրջանային լուծումի յուշագրին մէջ, յիշեցնելով որ Լիբանանի կայունութիւնը անբաժան մասնիկն է տարածաշրջանային անվտանգութիւնը պահպանելու ջանքերուն:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ԱՒԱՐՏ

Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս տրուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն փուլը եզրափակող ազդանշանը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 14 Յունիսին գումարուած ժողովին ընթացքին հրապարակեց 7 Յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն պաշտօնական ու վերջնական արդիւնքները՝ շաբաթ մը շարունակուած վերահաշուարկներէն, բողոքներու ուսումնասիրութենէն եւ օրինական քննարկումներէն ետք, որոնք մեծ մասամբ կեդրոնացած էին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ստացած քուէներուն հաշիւը պարզելու պարտաւորութեան վրայ, որովհետեւ այդպիսով պիտի յստականար Ազգային ժողով մուտք գործող ուժերուն ինքնութիւնը եւ իւրաքանչիւրին ստացած աթոռներուն թիւը:

Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան յայտնեց, որ Ազգային ժողով մուտք պիտի գործէ ընդամէնը երեք ուժ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ տիրացած է 64 աթոռի (քուէներուն 49,7456 առ հարիւրը), Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը խորհրդարան մուտք կը գործէ 29 երեսփոխաններով (քուէներուն 23,271 առ հարիւրը) եւ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 աթոռ (9,9231 տոկոս): Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ի վերջոյ չէ կրցած հատել 4 առ հարիւրի նուազագոյն սահմանը եւ դուրս մնացած է Ազգային ժողովէն, ստանալով քուէներուն 3,9893 առ հարիւրը: Ուստի, նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի կարենայ առանձին կազմել նոր կառավարութիւնը եւ 3/5-ի մեծամասնութեամբ հնարաւորութիւն ունի կայացնելու շարք մը որոշումներ, կատարելու նշանակումներ եւ պաշտօնազրկումներ, սակայն պիտի չկարենայ փոխել Սահմանադրութիւնը, որդովհետեւ չէ կրցած հասնիլ 2/3-ի բացարձակ մեծամասնութեան:

 

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գիրգորեան, 14 Յունիսին, Դիլիջանի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Աշխատանքային ժողովին ընթացքին հայկական ու ատրպէյճանական կողմերը քննարկեցին խաղաղութեան օրակարգին առնչուող հարցեր, ընդգծեցին երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ յանուն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին:

Արծարծուեցաւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումին հրամայականը: Աւարտին, Գրիգորեան եւ Հաճիեւ որոշեցին շարունակել շփումները եւ յաջորդ անգամ տեսակցիլ Ատրպէյճանի մէջ: Գրիգորեան եւ Հաճիեւ միասին զբօսնեցան Դիլիջանի մէջ: Նոյն ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ իրենց քաղաքականութիւնը կը միտի երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ՝ 14,5 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ

Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 2025-ին տնտեսական աճը եղած է 7,1 առ հարիւր, իսկ 2021-2025 թուականներուն միջինը հասած է 7,9 առ հարիւրի: Ըստ Յովհաննիսեանի, 2025 թուականի 31 Դեկտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի արտաքին պետական պարտքը կազմած է 14 միլիառ 531 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԲԸ Միութեան Վարժարաններ. 2025-2026-ի Ամավերջի Հանդէսին Առիթով Բերկրալի Ու Հպարտալի Վկայականաց Բաշխում

Next Post

Խմբագրական. Փա՛ռք Քսաններուն

Next Post
Խմբագրական. Փա՛ռք Քսաններուն

Խմբագրական. Փա՛ռք Քսաններուն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.