Կրթական նոր տարեշրջան մը եւս բոլորուեցաւ, ՀԲԸ Միութեան սեփական վարժարաններու հարուստ ու երախտաշատ տարերքութեան մէջ, որ յիշատակելի ու հպարտառիթ վարկանիշ մըն է, իր վաստակով եւ աւանդով, յուսատու հունձքով ու բերքով, նաեւ՝ ապագայի լաւատեսութեամբ ու վճռակամութեամբ:
Ոչ միայն լիբանանահայ համայնքին ու գաղութին մէջ, այլեւ՝ համայն Սփիւռքին համար, Միութեան վարժարաններու կենսատու ու հոգեպարար կրթական կառոյցները դարձած էին մէկական փարոսներ, ուրկէ լոյս եւ յոյս կը սփռէին նոր սերունդներու դաստիարակչական եւ ուսումնառական շառաւիղներուն վրայ, որպէս ապագայական կուռ կռուաններ, ամրապինդ խարիսխներ ու խոստմնալի բեւեռներ:
Պատահական չէ, որ մեր վարժարաններէն բիւրաւոր շրջանաւարտները, յագեցած ուսումնական բարձրագոյն եւ յաջողագոյն տուեալներով, կոփուած ազգային-հայրենասիրական բուխ զգացումներով, մարդկային եւ ընկերային անշեղ սկզբունքներով, միշտ հաւատարիմ են իրենց դպրոցական, ընտանեկան, միութենական թէ հայրենական կենդանի տեսիլքներուն, նոյն ոգիով եւ յղացքով շարունակելու իրենց երթը, թէ՛ ներհայկական, թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ ասպարէզային շրջանակներէն ներս, նախ՝ կառչած մնալով իրենց ինքնութեան ակունքներուն եւ էութեան արտայայտութիւններուն, ապա դառնալով արժանի հետեւորդներն ու կրողները հայ ժողովուրդին:
Այս առումներով ու հասկացողութեամբ, ՀԲԸ Միութիւնը ոչ միայն լիացած է իր առաքելութեամբ, այլեւ՝ ոգեւին հպարտ է, որ իր ծոցէն ծնած, սնած եւ աճած սերունդները, արդարացուցած են իրենց վրայ դրուած յոյսերն ու պարտաւորութիւնները:
Ատոնց լաւագոյն ապացոյցներն են այն շրջանաւարտները, որոնք հոս թէ այլուր, կը փայլին իրենց ազգային պատկանելիութիւններու չափանիշերով, իրենց միջավայրային հեղինակութիւններով, իրենց մասնագիտական յաջողութիւններով, ինչ որ կ’արտայայտէ ու կը հաստատէ, որ բազմամեայ Միութիւնը, ինչպէս այլ մարզերու պարագային, նաեւ կրթական բնագաւառներէն ներս, կը գտնուի իր հարազատ պարունակին մէջ, անայլայլ շարունակելու իր վերելքն ու ծառայութիւնները, յանուն իր ժողովուրդին ու համատարած հօտերուն կարիքներուն եւ օժանդակութեանց:
***
Շաբաթ, 6 Յունիս 2026, եղաւ նոր եւ յաւելեալ փուլ մը, երբ Միութեան վարժարանները նոր եւ յաջորդական կարգով նշեցին իրենց 2025-2026 կրթական տարեշրջանի վկայականաց բաշխումի հանդէսը, վկայագրելու եւ պատուելու 11 շրջանաւարտները, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կրթական յանձնախումբին:
Միութեան Տեմիրճեան կեդրոնը վերածուած էր տօնախմբութեան փեթակի մը, միութենական պատասխանատուներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, ծնողներ, հարազատներ, հիւրեր բերկրանքով եկած էին շնորհաւորելու շրջանաւարտները, այս երեւոյթը նկատելով բացառիկ յատկանշութիւն մը, քանի վկայուողները տարբեր ուղիներով պիտի ընթանային դէպի ապագայի նոր ուղղութիւններ, մերթ իրենց մաղթանքները փոխանցելով թեկնածուներուն, մերթ ալ՝ վերջինները իրենց հաւատքի զգացումները ցուցաբերելով բոլորին, իրենց երթը շարունակելու խոստումներով, իրենց վարժարանին պատիւն ու վարկը անջնջելի պահելու երդմնառութեամբ:
Ներկաներուն մէջ ուշագրաւ էին ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի, Կրթական յանձնախումբի եւ ՀԸ Ընկերակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ միութենական բազմաթիւ մարմիններու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին միասնաբար մասնակցելու կրթական այս հանդիսութեան վայելքին:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, յոտընկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն, ապա շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները պաշտօնապէս մուտք գործեցին սրահ, գլխաւորութեամբ աւագ ուսուցիչ՝ պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի:
Պրն. Տէր Առաքելեան յաւուր պատշաճի բացման սրտաբուխ խօսքով հանդէս եկաւ, նշելով հանդիսութեան ուսումնական լիարժէքութեան հպարտութիւն առթող երեւոյթը, նաեւ կարեւորելով անոր դերն ու նպաստը հայկական կրթական կեանքին մէջ, չմոռնալով յիշատակի տուրք մատուցանելու նորոգ հանգուցեալ վաստակաւոր ուսուցիչ պրն. Աւօ Չաքմաքեանի, որպէս արժանաւոր ու սիրուած կրթական մշակ:

Վաստակաւոր տնօրէն պրն. Արա Վասիլեանի բեղուն, առարկայական ու համապարփակ խօսքը, իր հարուստ գիտելիքներով, տեղեկագրութիւններով ու մանրամասներով, աւելի քան նշանակելի եւ իմաստալի էր իր բովանդակութեամբ, տուեալներով եւ իրագործումներով, որոնք լոյսին կը բերէին, թէ մեր վարժարանները ինչպիսի յառաջդիմութիւններով եւ յաջողութիւններով համալրուած եւ օժտուած էին:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց եւ մրցանակներու բաշխումը:
Այնուհետեւ յայտագիրը հարստացաւ շրջանաւարտներու սրտի շնորհակալիքի ու դրուատիքի ջերմ, սրտառուչ, խորհրդածական, անմիջական եւ անկեղծ մտորումներով եւ բարձրաձայնուած լուրջ դիտարկումներով քառալեզու ուղերձները:
Գեղարուեստական յայտագիրը տպաւորիչ էր, կոկիկ, խնամուած ու հաղորդական:
Այս ձեռնարկումները, իրենց տուչութեամբ, մրցանակներով թէ վկայականներու յանձնումով, անհուն խանդավառութիւն, բերկրութիւն, գոհունակութիւն ու բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին, ի լուր մեր սաներու յառաջդիմութիւններուն, նաեւ ակամայ «հրաժեշտի» ողջոյններուն ու ծափահարութիւններուն, որոնց յաջորդեց կեդրոնի լայնածիր պատշգամին մէջ, Պատուոյ կարկանդակին հատումը, շնորհաւորանքները, մաղթանքները, նկարահանումները եւ ողջագուրումները՝ շրջանաւարտներուն ու ներկաներուն միջեւ ստեղծելով ոգեշունչ, առինքնող, ու հոգեյոյզ մթնոլորտ մը, լի կեանքի, հաւատքի, պայծառութեան եւ յաջողութեան ամենայն բարիքներով եւ սխրանքներով:

Աւարտին, «հուսկ բանք»ով հանդէս եկաւ մեր փայլուն շրջանաւարտներէն պրն. Սեւակ Հաճէքեան, որ իր դպրոցական տարիներու փորձառութեանց լոյսին տակ եւ իր ուսումնական ու դաստիարակչական գիտելիքներու իւրացումներով գրաւած էր բաղձալի դիրքեր, որուն համար երախտապարտ էր թէ՛ իր վարժարանին, թէ՛ Միութեան: Ան իր խորհրդածութիւններով դարձաւ թարգմանը իր սերնդակիցներուն, որոնց հետ, միասնաբար ու հաւաքաբար, կրթական բարձրագոյն չափանիշերով, հասած են իրենցմէ ակնկալուած փայլուն արդիւնքներու, ինք դառնալով անոնցմէ մէկը՝ Միութեան վարկը, վարժարանին համբաւը եւ հայութեան պատկանելիութիւնը բարձր պահելու արժանաւորութեամբ:
***
Պատուաբեր հունձք մը, օրինակելի բերք մը, հպարտալի հոյլ մը, խոստմնալի կորիզ մը եւ յուսատու բուռ մը շրջանաւարտներու, ինչպէս իրենց նախորդներու հետքերով, կը շարունակեն աւելիով արժեւորել եւ արժեցնել իրենց ունակութիւններն ու շնորհքները, լաւագոյն ու մեծագոյն արդիւնաբաշխումներով:
ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու շրջանաւարտներ 2025-2026 տարեշրջան
Պաքալորիա Ընկերա-Տնտեսական բաժին (Socio-Economics)
Պապահէքեան Լունա **, Ստեփան Սէրլի, Ֆըրնըզեան Մարք, Ճունթոյեան Ժանէթ *, Քլէյանի Ճորճիօ, Գոհելեան Փերլա, Թագւորեան Վարանդ, Կէպէնլեան Հրաչ *
Պաքալորիա Գիտական բաժին (General Sciences)
Յակոբեան Էնտրու **, Գալայճեան Փաուլօ **, Գոճայեան Ալեքս
** Բարձր Պատուոյ Յիշատակութիւն
* Պատուոյ Յիշատակութիւն
