Աւարտին հասաւ Հայաստանի ամէնէն հետեւանքային ընտրութիւններէն մէկը, որ եկաւ կողմնորոշելու երկրի ներքին ու արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը՝ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին։ Արդիւնքներով գոհ են հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Գոհունակութիւն կը յայտնեն ու շնորհաւորանքներ կÿուղարկեն նաեւ եւրոպական երկիրները, որոնք վերջին օրերուն հասան Հայաստանի օգնութեան՝ մեղմելու համար Ռուսաստանի սահմանած տնտեսական պատժամիջոցները։
Արձանագրուած արդիւնքներէն հիասթափուած են բոլոր անոնք, որոնք շատ ինքնավստահ կÿաւետէին մօտալուտ իշխանափոխութեան անխուսափելիութիւնը։ Դժգոհ է նաեւ Մոսկուան, որ իր կարելին ըրաւ ընդդիմութեան յաղթանակ ապահովելու համար։
Եւրոպական ու նաեւ Ռուսաստանի գլխաւորած ԱՊՀ երկիրներու դիտորդական առաքելութիւնները «լաւ կազմակերպուած ու մրցակցային» որակեցին ընտրական գործընթացը, մատնանշելով հանդերձ կարգ մը խախտումներ ե՛ւ իշխանութիւններուն ե՛ւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ։
Ընտրութիւններու ելքով պայմանաւորուած Հայաստանի ժողովուրդը արձանագրեց իր դիրքորոշումը կարեւորագոյն հարցերու նկատմամբ, որոնց շարքին խաղաղութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, որոնց երեքն ալ կը կարօտին իշխանութեան մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ ամրագրելու ու ամրապնդելու զանոնք։
Նիկոլ Փաշինեանի յառաջ մղած խաղաղութեան օրակարգը արժանացաւ քաղաքացիներու հաւանութեան։ Պատերազմէն պարտուած դուրս եկած ու իր կողքին չունենալով վստահելի դաշնակիցներ, պաշտօնական Երեւանը կանգնած էր երկընտրանքի առջեւ. կա՛մ շարունակել հակամարտութիւնը ու մնալ յաւիտենական շրջափակման ու մեկուսացման մէջ, կա՛մ ալ փորձել կարգաւորել իր յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն հետ, որպէսզի ճանապարհ հարթուի երկրի զարգացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ։ Որքան ալ որ մեզմէ շատերուն համար դժուար պիտի ըլլայ հաշտուիլ պատմականօրէն թշնամի երկու երկիրներու՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ մերձեցման գաղափարին հետ, պարտաւոր ենք ըլլալ իրատես եւ ընդունիլ, որ կը գտնուինք աշխարհագրականօրէն ոչ-նպաստաւոր միջավայրի մը մէջ ու խիզախ որոշումներ կայացնելու պարտաւորութեան առջեւ կանգնած է մեր հայրենիքը։ Ընտրութիւնները նաեւ տուին այդ հարցին պատասխանը ու յստակ դարձուցին ժողովուրդին մեծամասնութեան դիրքորոշումը։
Երկրորդ հարցը, որուն պատասխանը տուին ընտրողները, կը վերաբերի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին։ Վերջին տարիներուն Հայաստան սկսած է վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն՝ մեկնելով բացառապէս իր արտաքին շահերէն։ Ինքնիշխանութեան հարցը դրուեցաւ քուէաթերթիկին վրայ, երբ հրապարակ եկաւ ռուսամէտ ուժերը համախմբող ընդդիմադիր ճակատ մը, որ կը պահանջէր Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ճակատագիրը կապել երաշխաւոր՝ երրորդ երկրի մը հետ։ Ռուսաստանի կողմէ այլեւայլ տեսակի միջամտութիւնները առաւել սրեցին իրավիճակը՝ ընտրողները դնելով իրենց երկրին ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու հրամայականին առջեւ։ Հոս եւս Հայաստանի քաղաքացիները արտայայտեցին իրենց վճռական կեցուածքը՝ յանուն անկախութեան ու ինքնիշխանութեան։
Այս ընտրութիւններով նժարի վրայ դրուած էր նաեւ ազատ ընտրութիւններով ձեւաւորուած իշխանութիւն ունենալու իրաւունքը։ Երկար տարիներ կեղծուած ընտրութիւններու ճանապարհով անցած քաղաքացիներուն համար խիստ կարեւոր էր նաեւ պաշտպանութիւնը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, որոնք անկասկած պիտի վտանգուէին եթէ այս մարզին մէջ տխուր անցեալ ունեցող ուժերը գային իշխանութեան՝ շրջելու համար վերջին տարիներու ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները։
2026-ի ընտրութիւնները անթերի չէին, որուն համար գլխաւոր պատասխանատուները ընդդիմութեան շարքերուն մէջ էին։ Ընտրակաշառքի լայն ձեւով օգտագործումը ստիպեցին իրաւապահ մարմինները կատարելու ձերբակալութիւններ, որոնք այժմ կÿօգտագործուին ընտրութիւնները սեւցնելու եւ կասկածի տակ առնելու համար։ Սակայն, անժխտելի իրականութիւնը կը մնայ այն, որ ամբողջ գործընթացը տեղի ունեցաւ մրցակցային ազատ պայմաններու տակ՝ ընտրողներուն տալով իրենց կամքը արտայայտելու իրաւունք, որ գերագոյն արժէք է ժողովրդավարական հասարակութիւններուն մօտ։
Հայաստան այժմ կը թեակոխէ նոր փուլ ու ժողովուրդին ակնկալիքները շատ աւելի մեծ են նորընտիր իշխանութիւններէն, որոնք պարտաւոր են կատարելու իրենց նախընտրական խոստումները, այլապէս հինգ տարի ետք կրնան ենթարկուիլ այլ ճակատագրի։

