ԼԻՄԱՍՈԼԻ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, 3 Մայիսի կէսօրին, կիրակնօրեայ պատարագէն անմիջապէս ետք, Համազգայինի տեղւոյն «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը սարքած է երաժշտական ցերեկոյթ մը՝ «Լոյս եւ աղօթք» խորագրով։ Ձեռնարկին ներկայ եղած են Աթէնքէն Կիպրոս ժամանած յունահայ ուխտաւորներ եւս, ինչպէս նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը՝ պրն. Վարդգէս Մահտեսեան։

Յայտագրին մէջ դեր ստանձնած են երեք հոգի՝ Զարա Բարխուտարեան (դաշնամուր), Էտկար Էվոյեան եւ Սոնա Սարաճեան (երգ)։ Անոնք եկեղեցւոյ խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ հնչեցուցած են հայերէն դասական երգերու երկար շարք մը, վերապրեցնելով Կոմիտասն ու Սայաթ-Նովան, Խաչատուր Աւետիսեանն ու Սպենդիարեանը, Համբարձում Պէրպէրեանն ու Առնօ Բաբաջանեանը, Աշոտ Սաթեանը, Ռ. Ամիրխանեանը ու այլ դէմքեր։
ԿԻՊՐՈՍԻ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի երեսփոխանական աթոռը դա՛րձեալ գրաւած է պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, որ արդէն տարիներէ իվեր կը վարէր այդ պաշտօնը։ Մահտեսեանի վերընտրութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուած է 7 Մայիսին, խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարին կողմէ։

Մահտեսեան հանդիսացած է անմրցակից միա՛կ հայ թեկնածուն եւ ուստի՝ իրեն վստահուած է 2026-2031 հնգամեակին կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի կարեւոր պաշտօնը։ Մահտեսեան, որ ներկայիս 76 տարեկան է, իր հայկական կրթութիւնը ստացած է Նիկոսիոյ երբեմնի Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանէն։ Յայտնի գործարար է։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ ազգ. առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, 8 Մայիսին, հայոց հնադարեան Ս. Մակարայ վանքին վերանորոգութեան ծրագրերուն մասին զեկուցումներով հանդէս եկած են հնագէտներ Բարսի Զարդարեան եւ տոքթ. Մէհմէտճան Սոյլուօղլու։

Ինչպէս ծանօթ է, Մակարայ վանքը 1974-էն իվեր կ՛իյնայ Կիպրոսի թրքական բաժնին մէջ եւ հասու չէ հայութեան։ Միայն վերջին տարիներուն է որ, ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ, երբեմն կարելի կ՛ըլլայ արտօնութիւն ձեռք բերել թուրք իշխանութիւններէն եւ ուխտաւոր խմբակներով այցելել վանքին լքեալ ու կիսաւեր համալիրը…։
ԿԻՊՐՈՍԻ թրքական բաժնին մէջ գտնուող Ս. Մակարայ հայկական վանքին ուխտագնացութիւնը, որ պիտի կատարուէր Կիրակի, 10 Մայիսին, վերջին պահուն ջնջուեր է թուրք իշխանութեանց կողմէ, «ապահովական պատճառներով»։ Կիպրոսի հայոց ազգ. առաջնորդարանը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով այս առնչութեամբ՝ յայտնած է որ առաջարկ ստացած են Ս. Մակարի փոխարէն այց կատարել Նիկոսիոյ գրաւեալ (թրքական) գօտիին մէջ մնացած նախկին Ս. Աստուածածին հայոց եկեղեցին…։

Ս. Մակարի վանքին ուխտագնացութիւնը աւանդաբար մի՛շտ տեղի ունեցած է ամէն տարուան Մայիսի առաջին Կիրակին՝ զուգադիպելով Աղեքսանդրիոյ Ս. Մակար ճգնաւորին ձօնուած տօնին։ Ենթադրաբար ԺԱ. դարուն հիմնուած այս վանքը 1420-ական թուականներուն անցած ըլլալ կը կարծուի հայոց տնօրինութեան տակ եւ մինչեւ 1974-ի թրքական ներխուժումը՝ հանդիսացեր էր կիպրահայութեան մայր ուխտատեղին։ Ունեցած է ընդարձակ տարածութիւն եւ ձիթենիի պարտէզներ։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ, 9 Մայիսին, Համազգայինի պարի «Սիփան» համոյթը սարքած է իր տարեկան ներկայացումը, այս անգամ՝ լիբանանահայ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ։

Համոյթին ընկերակցած է Հայաստանէն ժամանած նուագախումբ մը եւ ժողովրդային երգիչ Վարդան Պատալեան։ Ներկայացման մէջ մասնակի բաժիններ վերցուցած են նաեւ Լիմասոլի եւ Պաֆոսի հայկական պարախումբերն ալ։
ԿԻՊՐՈՍ գտնուած է, Մայիսի կէսին, եռօրեայ այցելութեամբ, Արցախի անկեալ հանրապետութեան խորհրդարանի վերջին նախագահը՝ Աշոտ Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի։ Հիւրերը այցելած են ազգ. առաջնորդարան, Նարեկ վարժարան, հանդիպում ունեցած են կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ։ Հարցազրոյց մըն ալ տրուած է հայկական ռատիօկայանին։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ-ի ակումբի սրահին մէջ, 15 Մայիսին, զեկուցական հանդիպում մը կայացած է հանրութեան հետ, անցեալ Ապրիլին Փարիզ գումարուած «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով»-ին արծարծած նիւթերուն շուրջ։

Բացման խօսք արտասանած է Սիմոն Այնէճեան։ Գլխաւոր զեկուցաբերը եղած է Յակոբ Գազանճեան (ատենապետ Հայ դատի յանձնախումբի), որ Կիպրոսէն մասնակցութիւն բերած էր փարիզեան ժողովին։ Հանդիպումին ներկայ եղած ու խօսք առած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի վերջին նախագահը՝ Աշոտ Դանիէլեան, որ նմանապէս մասնակցեր էր Փարիզի խորհրդաժողովին։ Խօսուած է արցախահայութեան տուն վերադարձի իրաւունքին մասին։
ԼԻՄԱՍՈԼԻ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 16 Մայիսի երեկոյեան, մեծ թիւով ընտանիքներ մէկտեղուած են յարդարեալ սեղաններու շուրջ եւ ընկերային հաւաքով մը նշած են «Մայրերու տօն»-ը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ։

Հաճելի հաւաքը զգեցած է միաժամանակ գեղարուեստական բնոյթ՝ երբ Նարեկ վարժարանի աշակերտները մասնակցութիւն բերած են ձեռնարկին երգով ու արտասանութեամբ։ Հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի ձեռամբ յուշանուէր ու ծաղկեփունջեր նուիրուած են վաստակաւոր մայրերու։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ-ի ակումբի սրահին մէջ, 22 Մայիսին, Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղը գրական ձեռնարկով մը ոգեկոչած է արեւմտահայ քերթողութեան վաղամեռիկ դէմքերէն Միսաք Մեծարենցի յիշատակը, անոր ծննդեան 140-ամեակին առիթով։ Երգ ու ասմունքէ բաղկացած պատշաճ յայտագրի մը առընթեր՝ բանաստեղծին մասին բանախօսութեամբ մը հանդէս եկած է հայերէնաւանդ երիտասարդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան, որ Քուէյթէն հեռանալէ ետք՝ այժմ հաստատուած է Կիպրոս։ Երեկոյթի ընթացքին մատուցուած է գինի ու թեթեւ ընթրիք։

Ինչպէս ծանօթ է, Մեծարենց ճիշդ Դուրեանի նման զոհ գնաց թւքախտի, 22 տարեկանին։ Ակնայ Բինկեան գիւղէն կու գար։ Ծնողաց հետ փոխադրուած էր Պոլիս ու շրջան մը յաճախած Կեդրոնական վարժարան։ Բնութենապաշտ ու գերզգայուն բանաստեղծ մըն էր, որ մահէն տարի մը առաջ՝ 1907-ին, կրցաւ հրատարակել քերթուածներու երկու գիրքեր՝ «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր», արտակարգօրէն գեղաոճ ու ինքնատիպ բովանդակութեամբ։ Այդ օրերուն շատեր չհասկցան զինք, չկրցան ճանչնալ իր տաղանդին մեծութիւնը։ Յաջորդող տասնամեակները, սակայն, դափնեպսակներ դրին իր գլխուն։
ՆԻԿՈՍԻԱ գտնուած է, Մայիսի վեջերը, Անթիլիասի մայրավանքին մատենադարանապետը՝ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նաեւ պատարագած ու քարոզած է տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ 26 Մայիսին, Շահան սրբազան կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք.-ի ընկերակցութեամբ այցելած է քաղաքին Բիւզանդական թանգարանը, ուր զիրենք ընդունած է հաստատութեան տնօրէնը։

Այստեղ, հայ հոգեւորականներուն ցոյց տրուած է ԺԴ. դարու հայերէն Աւետարան մը, որ բերուած է Ս. Մակարայ վանքէն։ Ըստ տրուած բացատրութեան՝ 1974-ի թրքական ներխուժումէն ետք Աւետարանը գողցուած է վանքէն, սակայն «Ինթերփոլ»-ի ջանքերով կարելի եղած է 2015-ին զայն գտնել Միւնիխի մէջ ու Կիպրոս վերադարձնել…։ Այժմ անիկա կը ցուցադրուի Բիւզանդական թանգարանին մէջ։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղը, 29 Մայիսին, Մայրերու տօնին առթիւ սարքած է հաւաք մը, որու ընթացքին Նայիրի Մուրատեան շահեկան դասախօսութեամբ մը անդրադարձած է Սփիւռքի ժամանակակից կին մտաւորականներէն տիկ. Սոնա Զէյթլեանի հանրային, կրթական ու գրական վաստակին։ Պիտի յիշուի, որ տիկ. Զէյթլեան ուշադրութեան արժանացած էր 1968-ին, երբ լոյս ընծայած էր «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» հատորը (Անթիլիաս)։

Անկէ ետք, 80-ականներուն, ան հեղինակած էր «Արի արանց» մանկապատանեկան հատորներու շարքը (հայոց հնագոյն պատմութենէն քաղուած հերոսական դրուագներով), որ նմանապէս գտած էր լայն ընդունելութիւն։ Ձեռնարկի ընթացքին Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեան ասմունքած է նորերս մահացած Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի «Խաչուհիները» քերթուածը, յետոյ երեկոյթը շարունակուած է ընկերային մթնոլորտով։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.-ի մարզադաշտին վրայ, 6 Յունիսին, տօնախմբուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին նախագահած է կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։ Տարազաւոր սկաուտներ, գայլիկներ եւ պարախումբի պատանի տղաք մասնակից եղած են յայտագրին։

Յունարէնով ուղերձ մը կարդացած է Սիմոն Այնէճեան։ Օրուան գլխաւոր բանախօսը (հայերէնով) հանդիսացեր է Պերլինէն հրաւիրուած երիտասարդ հայորդի մը՝ Ճոնաթան Շպանկենպերկ (Այնճարի Հայ Աւետ. երկրդ. վարժարանի երբեմնի սան), որ ներկայիս Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի նախագահն է։ Հուսկ, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին գրաւոր պատգամը ընթերցած է Մաշտոց աւ. քհնյ. Աշգարեան։ Գիշերը, մարզադաշտի սրահին մէջ տեղի ունեցած է խրախճանք՝ երգիչ Ղազար Քէօշկէրեանի մասնակցութեամբ։

