Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները, հերթական արդար, ազատ ու թափանցիկ ընտրութիւններուն առթիւ:
Հակառակ աննախադէպ ու բացայայտ արտաքին միջամտութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր շարք մը ուժերու կողմէ լայնածաւալ ընտրակաշառքի եւ այլ միջոցներու կիրառման, Հայաստանի քաղաքացին իր քուէի ուժով գերադասեց ինքնիշխանութիւնը` գաղութացումէն, հարեւաններուն հետ խաղաղ գոյակցութիւնը` յարատեւ թշնամութենէն եւ տնտեսական բազմազանութիւնը` մէկ շուկայի կախուածութենէն:
Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը` այս վճռորոշ ընտրութիւններուն արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակին առթիւ։ Միաժամանակ կ’ուզենք արձանագրել, որ վարչապետին ու անոր խմբակցութեան եւս մէկ անգամ վստահելով երկրի կառավարման ղեկը՝ Հայաստանի քաղաքացին կը վերահաստատէ այն իրողութիւնը, որ հայրենիքը կը գտնուի ճիշդ ուղիի վրայ եւ կ’ակնկալէ խաղաղութեան գործընթացի շարունակութիւն, Եւրոպական միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական ու տնտեսական յարաբերութիւններու խորացում, ինչպէս նաեւ բնակչութեան բարօրութեան ու կենսամակարդակի բարելաւման ուղղուած ծրագրերու իրագործում:
Եթէ 2021 թուականի ընտրութիւններուն հայրենիքի գլխուն Դամոկլեան սուրի նման կախուած էր գոյութենական վտանգը, ապա այսօր երկիրն ու տարածաշրջանը յամրաքայլ կը մտնեն խաղաղութեան ու տնտեսական համագործակցութեան նոր դարաշրջան, ուր Հայաստանին վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն: Սակայն վերջինս կը պահանջէ խելամիտ ու կշռադատուած որոշումներ ե’ւ գործադիր իշխանութեան եւ Ազգային ժողովին կողմէ: Հետեւաբար, լիայոյս ենք, որ թէժ ընտրապայքարով ձեւաւորուած նոր Ազգային ժողովը ձեռնամուխ կ’ըլլայ արդիւնաւէտ օրէնսդրական աշխատանքի, ուր ընդդիմութիւնը եւս իր կարեւոր ներդրումը կ’ունենայ, փոխանակ անտեղի հետապնդելու իշխանափոխութեան ամուլ նպատակը:
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
9 Յունիս 2026

