Կազմակերպութեամբ Սիտնիի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Սիտնիի West Ryde Community Hall սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութը հիւրաբար այցելող՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազարէթ Ճէրէճեանի բանախօսութիւնը՝«Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու ներկայ մարտահրաւէրները եւ ապագայի հեռանկարները» խորագրին տակ։ Ընկ Ճէրէճեան խօսեցաւ տարածաշրջանի հայ համայնքներուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ զարգացումի հնարաւոր ուղիներուն մասին։ Բանախօսութեան ներկայ էին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեան, արժ. Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան, Աւստրալիոյ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան եւ Վարիչ մարմինի անդամներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայորդիներ։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած բանախօսութեան կողքին տեղի ունեցաւ երաժշտութեան եւ ասմունքի մատուցում, որ աւելի հանդիսաւոր մթնոլորտ հաղորդեց երեկոյին։
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք փոխանցեց Սրբազան Հայրը, որ նաեւ իր «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը։ Երեկոյթը եզրափակուեցաւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգով։
Ձեռնարկին մանրամասն թղթակցութիւնը պիտի հրապարակուի մեր յառաջիկայ՝ Երեքշաբթի օրուան թիւով։

