ՍԱԼԱՄ. «ԻՐԱՆ ՄԵՐԺԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Իրանը ամբաստանեց մերժելու լիբանանեան ճակատին վրայ պատերազմին վերջ դնող զինադադարի համաձայնութիւնը, որուն Լիբանանի կառավարութիւնը յանգած էր Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան կողմին հետ բանակցելով: Ըստ Սալամին, Թեհրան մերժած է այս զինադադարը, որպէսզի շեշտէ, թէ վերջնական որոշումը կը պատկանի իրեն:

«Այս կը բացայայտէ Իրանի յեղափոխական պահակագունդին տիրապետութիւնը Հըզպալլային վրայ, ինչ որ առկայ չէր նախկին ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի օրերուն», շեշտեց վարչապետը: Ան սակայն շեշտեց, որ լաւատես է Լիբանանի ապագայով:
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՉՔԱՇՈՒԻ
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեց, որ իրենք չեն մտադրեր քաշուիլ լիբանանեան եւ սուրիական հողերէն, այլ անհրաժեշտ ցուցմունքները տուած են բանակին՝ նախապատրաստուելու անհրաժեշտութեան պարագային զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկումին:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ
Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա հերքեց, որ Դամասկոս մտադրութիւն ունի զինուորականօրէն մուտք գործելու Լիբանան: Այդ մասին վերջերս տարածուած լուրերը համարելով անհիմն տարաձայնութիւններ, սուրիացի նախագահը յայտնեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է վերջ տալ պատերազմին, ոչ թէ զայն աւելի ընդարձակել:
ՎԱՂԸ՝ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ
Կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը վաղը հրապարակէ շաբաթ մը առաջ՝ 7 Յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքներն ու ընտրական թղթածրարին վերաբերեալ կայացուցած որոշումները: Նախանցեալ օր, յանձնաժողովը անվաւեր համարեց երկու ընտրատեղամասի արդիւնքը, որուն պատճառով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը վերստին կորսնցուց այն աթոռները, որոնց տիրացած էր որոշ շրջաններու մէջ քուէներու վերահաշուարկի լոյսին տակ: Ընդդիմադիր շարք մը խմբակցութիւններ կը շարունակեն մերժել արդիւնքները, պահանջելով կազմակերպել վերաքուէարկութիւն:

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը ներկայացուց ընտրութեան արդիւնքները անվաւեր յայտարարելու եւ նոր քուէարկութիւն կազմակերպելու դիմում, իսկ դաշինքի թեկնածուներէն Նարեկ Կարապետեան պնդեց, թէ իշխանութիւնը պիտի հատէ բոլոր կարմիր գիծերը, եթէ չընդունի իրենց դիմումը: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան յայտնեց, որ իրենք պիտի ձեռնարկեն շարք մը քայլերու, որոնց նպատակն է պաշտպանել արդարութիւնը: Ընդդիմադիր ուժերու հետեւորդներ երէկ երեկոյեան բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին ընտրական յանձնաժողովի գրասենեակներուն առջեւ: Միւս կողմէ, ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան ընտրութիւնը համարեց արդար ու թափանցիկ, շեշտելով թէ որեւէ հիմնաւորում չկայ անվաւեր ճանչնալու արդիւնքները:
ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամմատ պըն Զայէտ Ալ Նահիան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ընտրութիւններուն իր գլխաւորած կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առթիւ: «Ձեզի կը յղեմ անկեղծ շնորհաւորանքներ, մաղթելով քաջառողջութիւն ու երջանկութիւն, իսկ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ հետագայ յառաջընթաց եւ բարգաւաճում», նշեց Էմիրութիւններու նախագահը: Իսկ ԵԱՀԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ փոխդեսպան Ճէյմզ Ֆորտ ողջունեց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կանոնաւոր եւ արհեստավարժ կազմակերպումը, այնպէս ինչպէս հաստատած էին դէտերը: Ան Լոնտոնի աջակցութիւնը յայտնեց ժողովրդավարական կայունութեան ամրապնդումին:
«ՄՈՍԿՈՒԱ ՓՈՐՁԱԾ Է ԱԶԴԵԼ»
Եւրոպական խորհրդարանի վեց պատգամաւոր համատեղ յայտարարութեամբ ողջունած են Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ զանոնք գնահատելով որպէս պատշաճ կազմակերպուած եւ հայաստանցիներու ժողովրդավարական ընտրութիւնը արտացոլող։

Պատգամաւորները կը պնդեն, որ Մոսկուան փորձած է ազդել հայ ընտրողներուն վրայ՝ սպառնալիքներու, առեւտրային սահմանափակումներու եւ ապատեղեկատուական արշաւներու միջոցով։ Պատգամաւորներու գնահատմամբ՝ այդ փորձերը հիմնականին մէջ ձախողած են, իսկ Եւրոմիութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը օգնած է Հայաստանին դիմակայելու արտաքին ճնշումներուն եւ քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն տուած է կատարել ազատ ընտրութիւն։
Անոնք կոչ ըրած են յաւելեալ քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի դիմակայունութիւնը ամրապնդելու համար, այդ շարքին՝ աջակցիլ տնտեսութեան բազմազանման եւ ընդլայնել Եւրոմիութեան հետ առեւտրային կապերը։ Պատգամաւորները նաեւ ընդգծած են վիզաներու ազատականացման գործընթացին մէջ արագ յառաջընթաց արձանագրելու եւ ԵՄ նոր Գործընկերութեան առաքելութեան շուտափոյթ տեղակայման կարեւորութիւնը։
ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ՓՈՒԹԻՆԻՆ
Ռուսիոյ ազգային օրուան առթիւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որուն մէջ շնորհաւորեց տօնը եւ համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն բազմակողմանի կապերը, պետական փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած կառուցողական երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ համագործակցութեան ամրապնդումին: Նշենք, որ ռուսական կողմը վերընտրութեան առիթով տակաւին չէ շնորհաւորած Փաշինեանը, պատճառաբանելով թէ կը սպասեն վերջնական արդիւնքներու հրապարակումին:
ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Փաքիստանի վարչապետ Մոհամմատ Շահպազ շերիֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրան մշակած են խաղաղութեան համաձայնութեան վերջնական յօդուածները, իսկ այժմ կ’ամբողջանան զինադադար կնքելու վերջին նախապատրաստութիւնները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Թեհրանը ամբաստանեց փոխըմբռնումի յուշագրի մը մասին անհիմն լուրեր տարածելու եւ ենթադրեալ համաձայնութեան յօդուածները մամուլին միջոցաւ հրապարակելու մէջ: Ժամեր առաջ տարածուած տեղեկութիւնները նշած էին, թէ Ուաշինկթընի ու Թեհրանի միջեւ գուցէ յառաջիկայ օրերուն ստորագրուի փոխըմբռնումի ժամանակաւոր յուշագիր մը, որուն հիման վրայ պիտի վերաբացուի Հորմուզի նեղուցը, պիտի վերացուի ամերիկեան պաշարումը եւ 60 օրուան ընթացքին պիտի կնքուի ամբողջական համաձայնագիր մը: Այսուհանդերձ, ամերիկացի պաշտօնատարներ կը շեշտեն, որ Իրանի հրապարակած յօդուածները սխալ են եւ թէ Իրանի գրաւուած գումարները պիտի չվերադարձուին, մինչեւ որ Թեհրան գործադրէ համաձայնութիւնները: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբերը իր կարգին շեշտեց, որ երկու կողմերը շատ մօտեցած են հակամարտութեան կարգաւորումին:
«FLY BEIRUT»-Ը ՇՈՒՏՈՎ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՆՔ
«MEA» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամմատ Հութ յայտնեց, որ 2027-ի Յունիսէն սկսեալ մայր ընկերութեան զուգահեռ պիտի գործէ նաեւ աւելի յարմար սակագիներով տոմսեր առաջարկող «Fly Beirut» օդանաւային ընկերութիւնը: Սկզբնական շրջանին, «Fly Beirut» պիտի աշխատի «A320 »տիպի հինգ օդանաւերով, ուղեւորներ փոխադրելու դէպի Տուպայ, Փարիզ, Իսթանպուլ, Պեռլին, Տիւսըլտորֆ. Ամսթըրտամ եւ Քոփընհակըն:

Պրազիլի մէջ օդային փոխադրութեան համագումարի մը մասնակցած ատեն Հութ նաեւ յայտնեց, որ «MEA» յառաջիկայ ամիսներուն պիտի օժտուի «A-330-900» օդանաւերով, իսկ կ’ակնկալուի, որ Նոյեմբերին Պէյրութ հասնի առաջին «A-321 XLR» տիպի օդանաւը, որ ընկերութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ նոր շուկաներ բանալու ափրիկեան աւելի հեռաւոր քաղաքներու մէջ: «MEA» սակայն առայժմ չի ծրագրեր աշխատիլ Քլէյաաթի վերանորոգուած Ռընէ Մուաուատի անուան օդակայանէն:

