Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի 66-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Միրա Եարտըմեան

June 11, 2026
in Այլազան
0
Հայկազեան Համալսարանի 66-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Հայկազեան Համալսարանը Ուրբաթ, 5 Յունիս 2026-ին, հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշեց իր 66-րդ Շրջանաւարտական հանդիսութիւնը։ Ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան տիար Սարմէն Պաղտասարեանի, հոգեւոր պետերու, ընտանիքի անդամներու, բարեկամներու եւ համալսարանի հիւրերու, 172 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները, պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճաններով։

Բացման խօսքին մէջ, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան խոր հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ շրջանաւարտ դասարանի յաջողութիւններուն։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց ծնողներուն եւ ընտանիքներուն անսակարկ նուիրումը, զոհողութիւններն ու քաջալերանքը, ներկաները հրաւիրելով ջերմ ու խանդավառ ծափողջոյնով երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց։

Հայտոսթեան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն:  «71 տարիներ շարունակ, Հայկազեան մեր բոյնը շարունակած է բարձրացնել հայուն անունը, պատրաստել սերունդներ մասնագիտական ծառայութեան, կամուրջներ հաստատել միջինարեւելեան զանգուածներու հետ, եւ անկայունութեան, անարդարութեան թէ պատերազմներու մթնոլորտներուն մէջ իսկ, յաջողած է ներշնչել շատերը խոր մարդկային եւ քրիստոնէական խաղարարար սկզբունքներով, այս բոլորը՝ հիմնուած դարաւոր հոգեմտաւոր, մշակութային ու ազգային ժառանգութեան վրայ», ըսաւ Հայտոսթեան:

Անդրադարնալով Հայկազեանի սուրբ արաքելութեան, Հայտոսթեան նշեց. «Մեր ուսումնական ու մշակութային ծրագրերով եւ ստեղծած մթնոլորտով պիտի շարունակենք պատուել Լիբանանը, Հայաստան հայրենիքը, ծաղկեցնել հայու արժանապատիւ պատմութիւնն ու վկայութիւնը, նուիրաբերելով մեր լաւագոյնը, բարոյական ու քրիստոնէական հոգեմտաւոր աւանդով»:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ համալսարանի նախկին շրջանաւարտուհի Ճինան Խայուա Ալ Քասեմը՝ վկայագրուած կրթական հոգեբան եւ Մաքասէտ Խալետ Պըն Էլ Ուալիտ Քոլեճի տնօրէնը։ Անդրադառնալով Հայկազեան համալսարանին հետ իր ութամեայ ուղեւորութեան՝ որպէս ուսանողուհի եւ ապա շրջանաւարտուհի, ան համալսարանը բնորոշեց որպէս «աւելին, քան ուսումի վայր. ան դարձաւ տուն մը, որ սնած է իմ ձգտումներս, ամրապնդած է բնաւորութիւնս եւ ներշնչած է գերազանցութեան, յարատեւութեան ու կեանքի տեւող ուսման արժէքները»։

Իր նախաւարտական եւ մագիստրոսական ուսման փորձառութիւններէն մեկնելով՝ Ալ Քասեմ ընդգծեց Հայկազեանի կրթական միջավայրին, նուիրեալ դասախօսներուն եւ մնայուն առաջնորդութեան վերափոխիչ ազդեցութիւնը։ Ան շեշտեց, որ համալսարանը իր ուսանողները կը պատրաստէ «ոչ միայն յաջող մասնագիտական ասպարէզներու, այլեւ իմաստալից կեանքի», զինելով զանոնք այն գիտելիքներով, կարողութիւններով եւ արժէքներով, որոնք անհրաժեշտ են մասնագիտական ու անձնական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար։

Դիմելով շրջանաւարտներուն՝ ան քաջալերեց զանոնք մարտահրաւէրները դիմաւորելու լաւատեսութեամբ, ձգտելու գերազանցութեան իրենց բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ, եւ մնալու գիտակից ու պատասխանատու քաղաքացիներ։

Իսկ  շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Արման Տէր Պետրոսեանն ու Պիսան Էլ Հասանը, որոնք իրենց դասընկերներուն անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, դասախօսներուն, համալսարանի վարչական ու ակադեմական անձնակազմին՝ գնահատելով անոնց նուիրումը, առաջնորդութիւնն ու ներդրումը իրենց կերտման եւ կեանքի յաջորդ փուլին պատրաստելու գործին մէջ։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ համալսարանի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ վեր. Հրայր Չոլաքեանը։

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Մերժե՛լ Մակերեսայնութիւնը․ Վերադարձ Դէպի Գիրքը

Next Post

Լուրեր. 13 Յունիս 2026

Next Post
Լուրեր. 13 Յունիս 2026

Լուրեր. 13 Յունիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.