Կար ժամանակ, երբ տուն մը մտնելուդ պէս, աչքերդ բնազդաբար կը փնտռէին գրադարանը։ Անիկա տան ձեւաւորման պարզ մէկ մասը չէր, այլ՝ անոր բնակիչներուն մտաւոր աշխարհի հայելին։ Գիրքերու շարքերը, անոնց մաշած կողքերը, էջերու մէջ պահուած թղթիկները կը պատմէին մարդոց նախասիրութիւններուն, հետաքրքրութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին։ Գրադարանը տան յիշողութիւնն էր։
Այսօր, այդ տեսարանը սկսած է հազուադէպ դառնալ։
Գրադարաններու տեղը գրաւած են պատկերասփիւռները, խելախօսները եւ թուային այլ սարքեր։ Շատեր նոյնիսկ չեն ուզեր գրադարանները իբրեւ զարդարանք ու յարդարանք պահել, իսկ գիրքերը «տեղ գրաւող» եւ «անպէտք» առարկաներ կը նկատուին: Եւ յաճախ կը լսենք. «մեր տան գիրքերը պիտի թափենք, գիտէք մէկը կրնա՞յ վերցնել զանոնք»: Բարեբախտաբար դեռ կա՛ն: Մենք կ’ապրինք աննախադէպ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր օրական աւելի շատ տեղեկութիւն կը ստանանք, քան նախորդ սերունդները երբեմն ամբողջ ամիսներու ընթացքին։ Սակայն, տեղեկատուական այս առատութեան զուգահեռ, արձանագրուած է տարօրինակ երեւոյթ մը․ մարդիկ հետզհետէ աւելի քիչ գիրք կը կարդան, դժուարութիւն ունին երկար ժամանակ կեդրոնանալու եւ աւելի ու աւելի կը հեռանան խորքային ընթերցումէ։ Մակերեսայնութիւնը դարձած է տիրական:
Արդեօք այս կը նշանակէ՞, որ գիրքը կորսնցուցած է իր արժէքն ու իմաստը։ Պատասխանը այդքան ալ պարզ չէ։
Նախ պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ մեր ուշադրութիւնը եւ կեդրոնացումը այսքան ցրուած են։ Ընկերային ցանցերու եւ թուային հարթակներու տրամաբանութիւնը հիմնուած է արագութեան վրայ։ Տեղեկութիւնը կը հասնի կարճ տեսագրութիւններու, արագ պատկերներու եւ քանի մը տողի մէջ ամփոփուած կարծիքներու ձեւով։ Մենք սորված ենք անմիջապէս արձագանգել, բայց երկար մտածել՝ սկսած ենք դժուարանալ։ Ուղեղը կամաց-կամաց սկսած է վարժուիլ մակերեսայինին։ Մարդը այսօր շատ տեղեկութիւն ունի, բայց զրկուած է զանոնք իրարու միացնող եւ կողմնորոշող ներքին դատողութենէն։ Ան հազարաւոր մանրամասնութիւններ գիտէ, բայց դժուարութիւն ունի ամբողջական պատկեր մը կազմելու։ Հետեւաբար, գիրք չկարդալը պարզապէս մշակութային սովորութեան մը կորուստ չէ։ Անիկա քննական եւ համադրական մտածողութեան նահանջի մէկ դրսեւորումն է։
Հոս է թերեւս ժամանակակից աշխարհի մեծ հակասութիւնը։ Մինչ մեր շուրջը ամէն ինչ արագացած է, գիրքը տակաւին համբերութիւն կը պահանջէ։ Մինչ ընկերային ցանցերը մեզի քանի մը վայրկեանէն նոր նիւթի անցնիլ կը սորվեցնեն, գիրքը մեզ կը հրաւիրէ երկար մնալու նոյն գաղափարին հետ։ Մինչ թուային աշխարհը կը վարձատրէ արագ արձագանգը, գիրքը խորհրդածութիւն կը քաջալերէ։ Անոր համար ալ գիրքը երբե՛ք միայն տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ եղած։ Տեղեկութիւն կարելի է ստանալ նաեւ յօդուածէ, տեսանիւթէ կամ արուեստական իմացականութենէն։ Բայց գիրքին արժէքը երբե՛ք տեղեկութեան մէջ չէ եղած։ Թէեւ փաստերն ու գիտելիքը կարեւոր են, սակայն անոնք մակերեսային են՝ համեմատած այն խորունկ իմաստին, որ ծնունդ կ’առնէ ընթերցանութեան ընթացքին։ Գիրքի մը իմաստը միայն էջերուն վրայ գրուած բառերուն մէջ չէ, այլ անոր հետ մտերմանալու, անոր շուրջ խորհրդածելու, հարցադրելու եւ մեկնաբանելու գործընթացին մէջ։ Այդ կենդանի հաղորդակցութեան մէջ է, որ նոր գաղափարներ կը ծագին, զգացումներ կ’արթննան եւ նոր հորիզոններ կը ձեւաւորուին։ Այլ խօսքով, գիրքին իսկական էութիւնը կը գտնուի ընթերցանութեան հոլովոյթին մէջ, ուստի ընթերցելու փորձառութիւնը շատ աւելի խոր ու նշանակալից է, քան փաստերու պարզ ամբարումը։
Տակաւին, գիրք կարդալը մտային վարժանք է, երկխօսութիւն մըն է հեղինակին հետ։ Ընթերցողը քայլ առ քայլ կը կառուցէ գաղափարներ, կը կասկածի, կը բաղդատէ, կը վերլուծէ եւ կը մտածէ։ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ սպասել ու դադար առնել։ Անիկա լռութեան տարածք մըն է աղմկոտ աշխարհի մը մէջ։
Պատահական չէ, որ մեծ քաղաքակրթութիւնները իրենց յիշողութիւնը պահած են գիրքերու միջոցով։ Մեր պարագային՝ աւելի՛ եւս։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց ձեռագիր մատեաններու, տպարաններու, դպրոցներու եւ գրականութեան։ Դարեր շարունակ, երբ պետականութիւնը բացակայ եղած է, գիրքը դարձած է ինքնութեան պահապանը։ Ան փոխանցած է լեզուն, յիշողութիւնը, արժէքները եւ պատկանելիութեան զգացումը։ Հետեւաբար, գիրքին հետ մեր մտերմութեան հարցը միայն ընթերցասիրութեան հարց չէ։ Ան մշակութային շարունակականութեան, ազգային յիշողութեան եւ հաւաքական մտածողութեան խնդիր է։
Սակայն, պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ, թէ ամէն անգամ, երբ մարդիկ զգացած են մակերեսայնութեան կապանքները, դարձեալ վերադարձած են գիրքին։ Որովհետեւ կան հարցումներ, որոնց պատասխանները կարելի չէ գտնել քանի մը վայրկեան տեւող տեսանիւթի մը մէջ։ Կան փորձառութիւններ, որոնք միայն գիրքը կրնայ փոխանցել։ Կան նաեւ այնպիսի ներքին ճամբորդութիւններ, որոնց ուղեկիցը տակաւին գիրքն է։
Հետեւաբար, գիրքը ոչ թէ կորսնցուցած է իր իմաստը, այլ ընդհակառակը՝ անոր նշանակութիւնը այսօր աւելի գոյութենական դարձած է։ Մեր օրերուն գիրք կարդալը որոշ իմաստով յեղափոխական արարք է։ Անիկա կը նշանակէ ըմբոստանալ տեղեկատուական աղմուկին դէմ, եւ մերժել այն մշակոյթը, որ մարդը կը վերածէ միայն արագ արձագանգող եւ պատրաստի կարծիքներ սպառող էակի մը։
Հայ իրականութեան եւ սփիւռքեան կեանքի մէջ այս հարցը կրկնակի կարեւորութիւն ունի։ Մեր գոյատեւումը դարեր շարունակ հիմնուած է լեզուի, գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի վրայ։ Եթէ մեր ընթերցումը սահմանափակուի միայն կարճ գրառումներով, մակերեսային տեղեկութիւններով եւ ակնթարթային արձագանգներով, ապա լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը դժուար թէ պահպանել կարենան իրենց խորքը։ Այդ պարագային վտանգուած չէ միայն ընթերցանութեան սովորութիւնը, այլ նաեւ մեր հաւաքական մտածողութիւնը՝ մանաւանդ անոր ստեղծագործ նկարագիրը:
Խորքին մէջ, գիրքը չէ որ կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը․ մենք ենք, որ աստիճանաբար կը կորսնցնենք զայն տեսնելու եւ արժեւորելու մեր կարողութիւնը։ Անոր իմաստութեան հետ իսկապէս հաղորդակցելու եւ ներքին աճ մը ապրելու համար, մարդ երբեմն պէտք ունի հեռացնելու մակերեսայնութեան մշուշը եւ դարձեալ գիրք մը բանալու։ Որովհետեւ ճշմարիտ խորաթափանցութիւնը յանկարծակի չի ծնիր, այլ՝ այն հանդարտ լռութեան մէջ, որ միայն մտածումով դարձուած էջերը կրնան ստեղծել։ Հոն է, որ խիղճը կը զարթնի եւ միտքը կը պայծառանայ։
Ահա թէ ինչու, թերեւս ճիշդ հարցումը այն չէ, թէ գիրքը կորսնցուցա՞ծ է իր տեղը։ Ան տակաւին հոն է՝ դարակին վրայ, գրադարանին մէջ կամ թուային տարբերակով մեր սարքերուն մէջ։ Հիմնական մարտահրաւէրը մեր ժամանակներուն հետեւեալն է․ արդեօ՞ք մենք տակաւին պատրաստ ենք պահ մը կանգ առնելու, լռելու եւ գիրքին հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու, թէ՞ վերջնականապէս հեռացած ենք անկէ՝ զայն զրկելով մեր կեանքի հիմնական յենարանը ըլլալու հանգամանքէն։
«Տարբերակ 21»

