Հայոց լեզուն, հայերէնը, հայ ժողովուրդին անգին ու սրբատառ Ոսկեղնիկը կը հանդիսանայ այն ոսկեայ կամուրջը, կենսագործ պատուանդանը, անփոխարինելի գրաւականը, կենարար աւիշը, որ հայութեան համար դարձած էր ու կը մնայ ի պատուի, քանի անիկա հայութեան գոյութեան երաշխիքն է, ոգի ու կեանք պարգեւող բազկերակը։
Արդարեւ, մեսրոպաշունչ, մեսրոպաբուխ, մեսրոպակերտ ու մեսրոպապսակ այս տառախմբումը ոչ միայն հոգեկան ու բարոյական, ազգային ու մարդկային, ինքնակոչման եւ ինքնաբնորոշման անկրկնելի արտայայտութիւնն է եւ անվիճելի իրականութիւնը, այլեւ՝ բաբախուն ու կենարար «զուլալ» աղբիւրը, ուրկէ հայ ժողովուրդը կը սնուի, կը ներշնչուի, կը ներարկուի ու կը գօտեպնդուի լիովին, հիմնովին եւ էովին։
Ի զուր չէ, որ յատենի հայ իմաստասէրները, տեսալապաշտները, բազմագիտակները, հայագէտները, մտաւորականները, լեզուամշակները, գրողները, յատուկ ակնածանքով, ջերմ խոնարհումով, անսահման պաշտամունքով ու հոգեցունց զգացումներով վերաբերած են հայ լեզուին նկատմամբ, զայն նկատելով այն շինարար ու մնայուն շառաւիղը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը կը հպարտանայ, կը լիցքաւորուի ու կը լիանայ, նման Ոսկեղնիկ մը ունենալու՝ պատմական, հաղորդակցական ու լեզուական իր ԵԶԱԿԻ արժանիքներով, ԲԱՑԱՌԻԿ լիարժէքութեամբ եւ ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ արժանաւորութեամբ։
Երբեք պատահական չէ, այլ խորապէս գիտակցուած է, թէ ինչո՞ւ դարերէ ի վեր Ոսկեղնիկը միշտ մնացած է պատնէշի վրայ, սերունդէ-սերունդ իր հմայքն ու հրայրքը, բոցն ու հրապոյրը փոխանցելով ու կտակելով, հո՛ն գտնելով կամ անոր միջոցով զայն պահելով հայութեան փխրուն յատկանիշը ու կենդանութեան չափանիշը։
Այս գիտակցութեան եւ յանձնառութեան արժեչափերը կը գնահատուին այն երեւոյթներով եւ իրողութիւններով, որ այդ Ոսկեղնիկը մնաց կանգուն թէ՛ իր սրբատառերով, թէ՛ իր ժառանգութեամբ, թէ՛ իր պատկանելիութեամբ։
Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը, գրականութիւնը, ստեղծագործութիւնները, գրառութիւնները, գրաքննադատութիւնները եւ, ընդհանրապէս, իր էութեան հետ առնչուող հոլովոյթներն ու զարգացումները, անսակարկօրէ՛ն, կապուած են ու պահուած շնորհիւ այդ ոգեշունչ Այբուբենի նախախնամութեան։
֍֍֍
Մեր նախնիները եւ նախահայրերը միշտ ալ կառչած մնացած են մեր Ոսկեղնիկին, նոյնիսկ անոնք, որոնք նուազ չափերով ծանօթ էին անոր «հրաշալի գաղտնիք»ներուն կամ անոր «ապրեցնող հնարք»ներուն, բայց, կը գիտակցէին ու կը հաւատային անոր «աստուածային բարիք»ներուն։
Եթէ հայ ժողովուրդին մեսրոպեան տառերու սկզբնադարեան, միջնադարեան եւ յետմիջնադարեան ժամանակները եղան հարուստ ու բեղուն իրենց հսկայական աւանդներով, բազմակուտակ ժառանգներով ու տարատեսակ կտակներով, իսկ ատոնք դարձան ուղեցոյցեր, օրինակներ, ճիւղեր ու հոսանքներ, յաջորդող սերունդները զանոնք պահելու եւ խնամելու, բայց, ամէնէն աւելի, անոնց հիմունքներով եւ ուղիներով, Ոսկեղնիկի միջոցով ու շնորհիւ, հարազատ մնալու անոր ակունքներուն ու սերմերուն, նոր, հայահունչ ու հայատառ շնորհալիութիւններով, անոր տալու ամրակուռ ու հոգեպինդ յաւելեալ մեսրոպահիւս կառուցողական փայլուն յենարաններ։
Ասոնք էին այն տուեալներն ու հիմքերը, որոնք հայ ժողովուրդը ապրեցուցին, շնորհազարդեցին ու կենսակոչեցին, որպէսզի «գալիք»ները գիտնային ու համոզուէին, թէ ի՜նչ «թանկարժէք օժիտ»ներով համակուած ու նուաճուած ոսկեղնիկեան հարստութիւններու տէր դարձած էին, հետեւաբար, զանոնք պահելն ու գուրգուրալը, շարունակելն ու ոգեղանորոգելը, անհրաժեշտութիւն էին դէպի նոր, յուսադրող ու շէնշող ապագաներ։
Նորագոյն ժամանակներուն, երբ տարագրուած ու տեղահանուած արեւմտահայութիւնը, տարտղնուած ապաստանած ու ցիրուցանուած էր ամէնուրեք, դարձեալ իր Ոսկեղնիկն էր, որ զինք կը պաշտպանէր, ան էր իր նոր գոյատեւման գնացքը, որմէ պէտք էր կառչէր, ապա իր լինելիութեան եւ ապաովութեան լծակներով ընթանար դէպի աւելի բարօր ու կայուն հանգրուաններ։
Իսկ ատոնք ի՞նչ կրնային ըլլալ, եթէ ոչ հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցը, ապա, յաջորդաբար, այն կռուանները, որոնցմով հայութիւնը ինքզինք կրնար զգալ ապահով եւ, ամէնէն կարեւորը, իր ինքնութեան կրողը, պահպանողը ու զօրակցողը։
Անշուշտ, այդ բոլորը դիւրին ու հեզասահ չէին կրնար ըլլալ, այլ կը կարօտէին լուրջ եւ յարատեւ ճիգերու, զոհաբերութիւններու, նուիրումներու եւ պարտաւորութիւններու։
֍֍֍
Այսօր, երբ Հայաստանը վերագտած է իր անկախութիւնը, իսկ Սփիւռքը՝ հայապահպանման իր գոյերթը, որքան ալ անոնք ըլլան ապահովական երդիքներ եւ ապաւէններ, սակայն անոնց շուրջ տիրող պայմանները միշտ ալ հաստատուն հիմքերու վրայ չեն յայտնուիր, մէկ կողմէն՝ ներքին զարգացումներու ակամայ կամ պարտադրեալ ճնշումներու զանազան խաղքերով, միւս կողմէն՝ արտաքին բեւեռներու ծրագրուած ու դարանակալուած բռնութիւններուն առիթներով։
Այս վերիվայրումներմ ու տատանումները, անշուշտ, կը խոչընդոտեն ու կ’արգելակեն մէկուն կամ միւսին կարգավիճակը, հոգ չէ թէ Հայաստանը պետական անկախութեամբ համալրուած եւ ամրագրուած է, իսկ Սփիւռքը՝ իր տարատնկուած ընթացքով կրցած է ինքզինք յարմարցնել ու համակերպել, ձեւով մը «բնականացնելով» իր կեանքը, իր զանազան ու բազմաբնոյթ կարիքներով։
Հայաստանը եթէ կը ձգտի կամ կը միտի իր պետականութեամբ ու գերիշխանութեամբ ինքզինք արդարացնելու, Սփիւռքը, սակայն, չունի այդ առաւելութիւնները, հետեւաբար, կը ճգնի ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ եղանակներով, կարգաւորել, դասաւորել ու գոյատեւել, ի հեճուկս այն դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կը ցցուին իր առջեւ, իսկ զանոնք յաղթահարելը կը մնան իր ճիտին պարտքը։
Առանց խորանալու կամ ծանրանալու այս բարդ թղթածրարներու մանրամասնութեանց մէջ (որոնց մասին յաճախ անդրադարձած ենք), այս գրութիւնը կը հետամտի լուսարձակի տակ առնել ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ լեզուի հետ առնչուած ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ «թշուառական»ութիւնը ու «վարկաբեկ»ութիւնը, յատկապէս Ազգային ժողովի նախընտրական գահավիժումին ընթացքին, երբ խօսակցական, արտայայտչական ու բացատրական լեզուի բառապաշարը ահաւոր կերպով… գռեհկացաւ, այլանդակուեցաւ ու խորթացաւ իր համբուրելի էութենէն։
Այդ ի՜նչ ահաւոր ու քստմնելի «բառապաշարային» լեզուով զիրար կը կշտամբեն, կը սաստեն, կը յանդիմանեն ու կը պախարակեն մրցակիցները, բեմահարթակներէն թէ հրապարակներէն, մարդ, հա՛յ մարդը, ուղղակի կ’ամչնայ լսելու այն փողոցային ու զզուային բառերը, որոնք ազատ-համարձակ կ’արտաբերուին շատերու բերնէն։
Հոս կը զգուշանամ, չեմ փորձուիր, ոչ ալ կը համարձակիմ նման անվայել, անպատշաճ, անպատեհ եւ անտեղի գռեհիկ բառերէն նմոյշներ բերել, որոնք թերեւս «բառարան» մը կազմեն եւ ոչ մէկ ձեւով վարկ ու պատիւ կը բերեն հայութեան, առաւել եւս՝ Ոսկեղնիկին։
Ի դէպ, Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներուն ո՞ւր լսուած եւ արձանագրուած էր նման անճոռնիութիւններով ձաբռտալ, թունաւորելով ու սեւցնելով հայոց լեզուի սրբութիւնը, մաքրամաքրութիւնը եւ անբասիրութիւնը (եթէ չհաշուենք բարբառային եւ «ժարգոն»ային կարգ մը անհարկի եւ անտեղի գործածութիւնները)։
Բացայայտ էր, որ այդ օրերուն, հայոց լեզուի եւ անոր բառապաշարի ճշգրտութեան ու մաքրութեան գործածութեան նկատմամբ կար ուշադրութիւն ու բծախնդրութիւն, յարգելիութիւն եւ ուղղախօսութիւն, հեռու աւելորդաբանութիւններէ, գռեհկաբանութիւններէ եւ, ընդհանրապէս, խրթնաբանութիւններէ։
Արեւմտահայերէնը, իր գրական մակարդակով եւ արտասանութեամբ, հեռու է նման անհաճոյ եւ անիմաստ վիրաւորանքներէ, որոնք կրնան զինք անճիտել իր արմատներէն, մանաւանդ երբ անհեթեթական թափթփուքներով լուտանքային բառերու (եթէ) տեղ տրուին կամ կուրօրէն գործածուին։
Հասկնալի պէտք է ըլլայ. երբ այս մասին կը խօսուի կամ կ’արտայայտուի, ակնարկութիւնը այս պարագային չ’երթար ՕՏԱՐ բառերուն, այլ՝ անոնց, որոնք կը գործածուին ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ լեզուին մէջ (ընդօրինակելով արաբերէնը, անգլերէնը կամ ֆրանսերէնը, խիստ անտեղիօրէն եւ դատապարտելիօրէն, հետեւաբար, այդ երեւոյթն ալ պէտք է սանձուի, այնքան ատեն որ անոնց անհրաժեշտութիւնը չկայ, յատկապէս ի դիմաց անոնց համապատասխան հոմանիշներու գոյութեան ու գործածութեան)։
«ՀԱՄԲԱԼ»ՆԵՐԸ ՈՐՍԱՑՈՂՆԵՐ ՉԿԱ՞Ն
Այս տխուր, այլապէս ցաւալի գրառութիւնը կը կատարեմ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշրջանին արձանագրուած այն եղելոյթներու, իրողութիւններու, յայտարարութիւններու եւ քարոզչութիւններու լոյսին տակ, որոնք ցոյց կու տան, առնուազն, անպարկեշտութեան եւ անքաղաքավարութեան վարմունքներ, երբ այս կամ այն կողմը անխոհեմաբար եւ անիրաւապաշտօրէն իր եսը, կողմը կամ բեմը փառաբանելու սիրոյն, կը գործածէ լեզու մը կամ բառապաշար մը, որ իրօք համազօր է «համբալ»ութեան, առանց անդրադառնալու (կամ անդրադառնալո՞վ), որ այդ անուանարկումը, իրմէ եւ ուրիշէն աւելի, սրբապղծութիւն մըն է հայոց լեզուի ու բառապաշարի հաշուոյն։
Զարմանալի՞ն (արդեօ՞ք), ամպիոն եւ քարոզ, բեմ եւ հանրահաւաք զբաղցնողներ չկրցան հասկնալ, որ «համբալ»ութեամբ կարելի չէ… «համբալ»օրէն վերաբերուիլ հայոց լեզուին հետ, յանուն յաղթանակներ (՞) արձանագրելու ցնորքներու, որովհետեւ, օրինակ, մրցակից թեկնածուներէն մէկը, կարծելով որ ինք տակաւին (չ)նախագահ մըն է, իրաւունք (՞) ունի իր զգետացած հայերէնով ու գռեհիկ բառապաշարով արտայայտուիլ, տակաւին Ոսկեղնիկն ալ… թունաւորելով, փաստելով որ ինք կը մնայ մեծագոյն… «համբալ»ը (իր բառերով)։
Հոս է որ կը համարձակինք բարձրաձայնել. հայրենի լեզուագէտներ ու լեզուաբաններ, արդեօք դուք խօսք չունի՞ք, կեցուածքէ զո՞ւրկ էք, երբ գիտենք, թէ ձեր մասնագիտութեամբ, լիիրաւութեամբ, հզօրութեամբ ու հեղինակութեամբ բազմադրոշմուած յանձնառու եւ պատկառելի փորձառութիւններու եւ գիտութիւններու տէր էք, բայց անբացատրելիօէն կը մնաք… լուռ։
Ինչո՞ւ այս անընդունելի լռութիւնը, անտարբեր դիտորդութիւնը եւ, ամէնէն ահաւորը, խոցելի կրաւորականութիւնը, չէ՞ որ ՉՀԱՅԵՐ մեր եւ ձեր հայոց լեզուն ու բառապաշարը կը դարպասեն ու կը խոցոտեն։

