2020-ի արցախեան պատերազմի օրերուն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն էր Դաւիթ Տօնոյեան: Այդ պատասխանատու հանգամանքին իսկ բերումով, ան կը համարուի առանցքային դէմքերէն նախապատերազմեան եւ պատերազմեան իրադարձութեանց մէջ: Պատերազմի աղէտալի հետեւանքին լոյսին տակ, բնականաբար, պաշտպանութեան նախարարը նաեւ կը դառնայ խնդրայարոյց անձնաւորութիւն՝ յաճախ դառնալով նշաւակ քննադատական եւ մեղադրական սլաքներու:
Media Max լրատուական ընկերութեան համահիմնադիր եւ տնօրէն, հանրածանօթ լրագրող Արա Թադեւոսեան ողջունելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է երկար զրոյց մը ունենալու Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարարին հետ եւ հանրութեան դատին ներկայացնելու անոր անցած ուղին, տեսակէտներն ու մօտեցումները Հայաստանի բանակին, քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս պատերազմին ու իր ձերբակալութեան մասին: Նորերս լոյս տեսած այս հետաքրքրական հատորը կը բաղկանայ 142 էջէ: Գիրքը ծնած է հինգ զրոյցներէ ետք՝ մօտաւորապէս տասը ժամ ընդհանուր տեւողութեամբ: Գիրքը ունի նախաբան մը, վերջաբան մը եւ 23 ոչ-երկար գլուխներ: Գիրքի նախաբանին մէջ հարցավար-հեղինակը կը գրէ՝ «Զրոյցների ընթացքում ձգտել եմ տալ այն հարցերը, որոնք յուզում են մեր հանրութեանը՝ յատկապէս հաշուի առնելով, որ գիրքը լոյս է տեսնելու 2020 թուականի պատերազմի 5-րդ տարելիցին ընդառաջ: Պատերազմը եւ մեր պարտութիւնը, անշուշտ, այս գրքի կարևոր մաս են կազմում, բայց ինձ հետաքրքիր էր հասկանալ, թէ ինչը նախորդեց պատերազմին, եւ արդեօք դրանից հնարաւո՞ր էր խուսափել»: Հարցազրոյցներու կողքին, «Թղթապանակ» խորագրերու տակ տեղադրուած են նիւթին առնչակից արխիւային փաստեր, ուղերձներէ եւ ելոյթներէ հատուածներ, հարցազրոյցներէ եւ յայտարարութիւններէ ուշագրաւ դրուագներ:
Նախ, կը ծանօթանանք Դաւիթ Տօնոյեանի անցած կեանքի ուղիին՝ մինչեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելը: Ան Երեւանի Պետական Համալսարանը երկրաբանութիւն կ’ուսանէր. կ’անցնի զինուորական ծառայութեան. 1989-1990-ին՝ Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մէջ է, ուր կը շփուի սահմաններուն հերթապահող ինքնապաշտպանական ջոկատներու հետ: Երբ կ’իմանայ որ Ներքին գործերու նախարարութիւնը երիտասարդ աշխատակիցներ կը հաւաքագրէ, 1992-ին կը միանայ անոնց: Կ’աշխատի կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի վարչութեան մէջ (6-րդ վարչութիւն): 1995-ին կ’որոշուի որ պէտք է մեկնի Ռուսաստան՝ ուսանելու Մոսկուայի Ռազմադիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ, այդ մասին կը վկայէ՝ «ակադեմիան նախկին ԽՍՀՄ եւ Ռուսաստանի իսկապէս ամենաէլիտար ռազմական հաստատութիւններից մէկն էր»: 1997-ին վերադառնալով Հայաստան կը դառնայ օգնականը սպառազինութեան ոլորտը համակարգող պաշտպանութեան փոխնախարար Վահրամ Խորխոռունիին եւ բնականաբար կը զբաղի սպառազինութեան ձեռքբերման հարցերով: 1998-ին կը նշանակուի Հայաստանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչ ՆԱԹՕ-ի դաշնակցային ուժերու շտապին մօտ եւ ապա՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան առաջին ներկայացուցիչը ՆԱԹՕ-ի մօտ (Պրիւքսէլ): Այդ զգայուն պաշտօնին մասին խօսելով կը պարզէ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն վիճակը այդ օրերուն: Որմէ ետք կը կարդանք իր շփումներուն մասին նախ պաշտպանութեան նախարար եւ ապա վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի հետ, որուն նահատակութեան շուրջ կը պատասխանէ՝ «Ես դա շատ ծանր տարայ: Դժուարանում եմ նկարագրել ապրումները, որ ունեցել եմ այդ օրերին». իսկ Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան պարագլուխի մասին՝ «Ու ճակատագրի հեգնանքով ես ոչ միայն երեք տարի ապօրինի կալանուած մնացի, այլեւ այդ տարիները անցկացրի այդ ստահակի հետ նոյն վայրում՝ ժողովրդական լեզուով անուանուող «ԳԿՊ»-ի պոդվալում»: Ան կը պատմէ կարգ մը հետաքրքրական դէպքեր ՆԱԹՕ-ի հետ ռազմական գործակցութեան առումով, Հայաստանի ղեկավարութենէն ստացած ցուցմունքներուն, Ատրպէյճան-ՆԱԹՕ տարակարծութեանց, Հայաստանի խաղաղապահներուն (Գոսովօ, Իրաք, Աֆղանիստան), ՆԱԹՕ-Ատրպէյճան տարակարծութեանց եւ այլն:
Գրեթէ տասը տարի Պելճիքա աշխատելէ ետք, Դ. Տօնոյեան կը վերադառնայ Հայաստան, արդէն Սերժ Սարգսեանի վարչապետ նշանակուելէ ետք: Ան կը նշանակուի Պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային ռազմական համագործակցութեան վարչութեան պետ: Տօնոյեան կը խօսի նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ գործակցութեան տարիներուն, պաշտպանական բարեփոխումներու, պաշտպանութեան ռազմավարութեան հիմնահացերու մասին: Աւելի ուշ՝ 2010 Հոկտեմբեր 2-ին կը նշանակուի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ: Ան կը պատմէ ՀԱՊԿ-ի, Թուրքիոյ կողմէ հնչած յայտարարութեանց, ղարաբաղեան հարցին բանակցութեանց, սահմանային յաճախակի լարուածութեանց, «Զսպման Համակարգ»-ի ստեղծման շուրջ, ըսելով՝ «Փորձում էինք մի համակարգ ստեղծել, որի պարագայում հակառակորդը չմտածէր սադրանքների մասին՝ գիտակցելով, որ պատասխանը աւերիչ է լինելու»: Այնուհետեւ՝ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին կ’անդրադառնայ ան, ըսելով. «Այո, 2016 թուականին մենք տեսանք Ատրպէյճանի տեխնոլոգիական առաւելութիւնը: Եւ դրանից որոշակի հետեւութիւններ արեցինք»: Կը խօսի պատերազմին դադրեցման հանգամանքներուն, նախարար Ս. Օհանեանի հետ յարաբերութեան, բանակցային գործընթացներէն անտեղեակ ըլլալու անպատեհութեան մասին: Ապա կը կարդանք Սէյրան Օհանեանի պաշտօնանկութեան, «Սասնայ Ծռեր»ու արիւնալի գործողութեան՝ «Անբարոյ հաշուարկ է եղել արկածախնդիր գործողութիւնը սկսելու հիմքում՝ բացասական արդիւնք տուող»: Վարչապետի փոփոխութեան (Յովիկ Աբրահամեան-Կարէն Կարապետեան), պաշտպանութեան նոր նախարար Վիգէն Սարգսեանի նշանակման եւ անոր «Ազգ-Բանակ» հայեցակարգին, «Պատիւ Ունեմ» եւ «Ես Եմ» ծրագրերու շուրջ կ’իմանանք զրոյցին ընդմէջէն: Այս ընթացքին տեղի կ’ունենան փոփոխութիւններ եւ Դաւիթ Տօնոյեան մօտ հինգ ամիս աշխատելէ ետք Վիգէն Սարգսեանի հետ, նախարարի տեղակալի պաշտօնէն ետք, 2017-ի Փետրուարին կը նշանակուի արտակարգ իրավիճակներու նախարար, որուն համար կ’ըսէ՝ «Շատ զարմացած էի»: Նոր պարտականութեան մասին կ’անդրադառնայ համառօտակի եւ քաղաքականութեան ոլորտ մտնելու մասին՝ «Վայելել եմ քաղաքական ղեկավարութեան վստահութիւնը, բայց երբեւէ չեմ մտածել, որ կարող եմ այն կիրառել, օրինակ ընտրութիւններին մասնակցելու համար: Ոչ էլ երբեւէ նման ցանկութիւն եմ ունեցել»:
Այնուհետեւ, 2018-ի Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան մասին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կը ստանայ առաջարկ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելու համար: Յետոյ՝ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի աղմկայարոյց կալանաւորման մասին գաղտնի խօսակցութիւնն ու ապա իր կարծիքը. «մօտեցումս եղել է այն, որ կարիք չկար այդ պահին լարուածութիւն մտցնել ՀԱՊԿ-ի անդամների հետ մեր յարաբերութիւններում»: Հետաքրքրական են բանակցային գործընթացի մասին իր պատասխանները, քաղաքական եւ ուժային կառոյցներու փոխյարաբերութեան անբաւարարութիւնը, իրազեկման բացակայութիւնը եւ այլն: Ապա՝ 2018 Յուլիսին որպէս պաշտպանութեան նախարար իր հրապարակած «Տեսլականը» պաշտպանութեան ոլորտին, ռազմական հարցերու, դրոյթներու, ծրագրերու մասին. «Համոզուած էի, որ պաշտպանութեան նախարարը պէտք է հնարաւորինս մատչելի կերպով հանրութեանը տեղեկացնի զինուած ուժերի զարգացման, պաշտպանութեան կազմակերպման ոլորտի իր մօտեցումների մասին»: Վստահաբար խիստ շահեկան պիտի ըլլար կարդալ Դաւիթ Տօնոյեանի մեծ աղմուկ հանած այն յայտարարութեան մասին՝ երբ ըսաւ «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ», ԱՄՆ-ի մէջ,՝ 2019-ի սկիզբը. «Ես չեմ գտնում, որ սխալ բան եմ ասել հայ համայնքի անդամներին», «Իսկ ի՞նչ, պէտք է հակառա՞կն ասէի», «Ատրպէյճանը պայման էր դնում եւ ասում՝ եթէ տարածքների վերադարձ չլինի, պատերազմ կը լինի: Ի՞նչ պէտք է ասէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Որ ընդունո՞ւմ է այդ պայմանը», «Ոգեւորելը, ոգեշնչելը եւ նաեւ զինուած ուժերին համապատասխան ազդակներ ուղարկելը ցանկացած պաշտպանութեան նախարարի պարտականութիւնն է»: Անկէ ետք 2020 թուականի Յուլիսին Տաւուշի մէջ տեղի ունեցած մարտերու մասին է, հայկական կողմին փայլուն յաջողութեան, անոր արձագանգներուն, Ն. Փաշինեանի յոխորտալից ելոյթներուն, թրքական կողմին հետզհետէ ներգրաւման, Պաքուի անթաքոյց զայրոյթին եւ այլն: Կը տեսնենք թէ բաւականին խոր տարակարծութիւններ եղած են պետական եւ զինուորական իշխանութեանց միջեւ, որովհետեւ այն հարցումին, թէ Ն. Փաշինեանը ըսած է թէ «զինուորականները ինչ ուզած են՝ տուած ենք», Տօնոյեան կը պատասխանէ՝ «ՊՆ-ն եւ ԳՇ-ն 2018-2019 թթ. համար վարչապետին յստակ ներկայացրել են, որ հնարաւոր պատերազմը կանխելու համար անհրաժեշտ է անմիջապէս ձեռք բերել 2.5 միլիառ տոլարի միջոցներ: Բայց պիւտճէում ամրագրուեց մօտ 10 անգամ պակաս գումար, եւ ըստ էութեան՝ շարունակեցինք «քչով բաւարարուել»»: Ան կ’անդրադառնայ միջազգային պայմաններուն, ռուս-ատրպէյճանական կապերուն, Թուրքիոյ, որոնք նախադրեալներ ստեղծեցին 44-օրեայ պատերազմին:
Կը կարդանք 44-օրեայ պատերազմի մասին, որ ան կը բաժնէ երեք փուլերու՝ մինչեւ Հոկտեմբեր 7, երբ ակնյայտ էր Ռուսաստանի դիրքորոշման փոփոխութիւնը թրքական անմիջական ներգրաւման պատճառով, երկրորդ՝ Հոկտեմբեր 7-19, եւ երրորդ՝ Հոկտեմբեր 19-էն մինչեւ Նոյեմբեր 9: Կ’իմանանք որ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մօտ նախզգացումը կար մօտալուտ պատերազմին, մանաւանդ թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւններէ ետք: Հայեր այս մասին տեղեկացուցած են Մոսկուա եւ միջազգային այլ մայրաքաղաքներ: Տօնոյեան կը կատարէ համեմատականներ ուժերու փոխյարաբերութեան, փաստելով որ թշնամին շատ աւելի պատրաստուած էր, հզօր էր թեքնիքապէս, Թուրքիոյ աջակցութիւնն ու սուրիացի վարձկաններու աշխոյժ մասնկացութիւնը պատերազմին՝ յստակ կը դարձնէին անոր անբաղձալի հետեւանքը: Հետաքրքրական մանրամասներ կան ռազմական գործողութեանց, պատերազմը դադրեցնելու առաջարկութեանց, միջնորդական ջանքերու եւ այլն: Պատերազմէն ետք, ան կը խօսի իր պաշտօնանկութեան, ռազմական ղեկավարութեան դժգոհութեան՝ քաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ, ներքին խոհանոցին հետ կապուած նիւթեր: Իր խօսքը՝ «Որպէս պաշտպանութեան նախարար՝ պատասխանատու եմ եղել կառավարութեան ծրագրի՝ պաշտպանական ոլորտի կատարելագործման, ընթացիկ գործունէութեան ապահովման եւ արդիւնքների համար: Անգամ եթէ ամէնը ինձնից կախուած չէր, արդիւնքը՝ ներառեալ մարդկային կորուստները, իմ խղճի վրայ են»:
Այնուհետեւ կը ձերբակալուի ան, շուրջ երեք տարի կը մնայ կալանաւորուած, կտրականապէս կը մերժէ իրեն ուղղուած մեղադրանքները, կը խօսի զինուորական ծառայութեան մասին, չի ցանկար մտնել մեծ քաղաքականութիւն, ընդվզած է իրեն ուղղուած անարդար գնահատականներուն համար, յորդորներ ունի զինուորականներու, պաշտպանութեան նախարարներու հասցէագրուած:
«ԴԱՒԻԹ ՏՕՆՈՅԵԱՆ . Բանակը, քաղաքականութիւնն ու պատերազմը»-ը մեր օրերու պատմութեան կարեւոր մէկ էջին հակիրճ ժամանակագրութիւնն է իր բազմազան դրուագներով: Նախարարը զուսպ է իր արտայայտութիւններուն մէջ, յաճախ վճռական է, անկեղծ եւ դառնօրէն անթաքոյց՝ իր նկատմամբ դրսեւորուած աչառուն բնորոշումներուն եւ չարամիտ արժեւորումներուն համար:

