Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 11 Յունիս 2026

June 11, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 11 Յունիս 2026

ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԵՐԱԶ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերահաստատեց, որ պիտի չհրաժարի Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները մինչեւ վերջ շարունակելու որոշումէն, որովհետեւ իր նպատակն է վերականգնել պետութեան հեղինակութիւնը եւ յստակացնել, թէ ոչ մէկ կողմ կը բանակցի Լիբանանի անունով: Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկ պատգամ յղեց հանրապետութեան նախագահին եւ լիբանանցիներուն, որուն մէջ յայտնեց, թէ «խաղաղութեան ձեռք կը մեկնէ Լիբանանի նախագահին ու ժողովուրդին», միաժամանակ կոչ ուղղելով երկիրը պահելու անկախ ու գերիշխան, ազատ Իրանի վարչակազմին ու Հըզպալլայի լուծէն:

 

ՀԱՐՈՒԱԾ ՍԱՅՏԱՅԻ ՄԷՋ

Ապահովական առումով, իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ Սայտայի մէջ կործանեցին ինքնաշարժ մը, որուն մէջ մահացաւ երկու հոգի, վիրաւորուեցաւ մարդ մը: Իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին հարաւային բոլոր շրջաններուն հետեւողական ռմբակոծումը՝ կեդրոնանալով մասնաւորաբար սահմանային քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Քֆարշուպայի քաղաքապետութիւնն ալ յայտարարեց, թէ իր պաշտօնեաներէն մէկն ու Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ մը առեւանգուած են իսրայէլեան ուժերուն ձեռամբ, պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել զանոնք եւ արտօնել, որ տուն վերադառնան: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարի շարունակական խախտումները վնաս կը կասցնեն դիւանագիտական հոլովոյթին:

 

ԹՐԱՄՓ. «ԻՐԱՆ ՇԱՏ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ»

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քաթարցի միջնորդները երէկ ուղղուած են Թեհրան՝ շարունակելու համար բանակցութիւնները՝ վերջնական համաձայնութեան յանգելու միտումով: Այսուհանդերձ, իր հակասական յայտարարութիւններով ծանօթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ ցաւ յայտնեց, որ Իրան շատ ժամանակ կորսնցուցած է բանակցելով համաձայնութեան մը, որ կրնար ապահովել մեծ օգուտ, իսկ այժմ պէտք է վճարէ անոր գինը:

Տարածաշրջանին մէջ դիրքաւորուած ամերիկեան ուժերը երէկ ծանր, բայց սահմանափակ հարուածներ տուին Իրանի հարաւային շրջաններուն, առ ի հակադարձութիւն Հորմուզի նեղուցին վերեւ սաւառնող ամերիկեան «Ափաչի» տիպի ուղղաթիռ մը վառ առնելու քայլին: Ամերիկեան հրթիռներ ինկած են նաեւ Իրանի մերձակայ կղզիներուն վրայ, ուր կը կեդրոնանան Իրանի ուժանիւթային ենթակառոյցները:

 

ԷՐՏՈՂԱՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃ

 Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի առաջնորդները երէկ ունեցան հերթական բանավէճը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կարծիք յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան հարուածները միաժամանակ վտանգ կը սպառնան նաեւ Թուրքիոյ: Մեկնաբանելով Ֆրանսայի եւ Կիպրոսի միջեւ նոր համաձայնութեան մը կնքումը, Էրտողան սպառնաց հակադարձել որեւէ սպառնալիքի, որ կրնայ վնասել Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի բնակչութեան: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հակադարձելով՝ Էրտողանը համարեց բռնատէր մը, որ իրաւունք չունի քարոզներ տալու այլ ղեկավարներու:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական  պատկերի բիւրեղացումին սպասումով, երկրով մէկ արդէն սկսած է յետընտրական փուլը, որ կը յատկանշուի պարտուած կողմէն դժգոհութիւններու արտայայտութեամբ եւ ընտրական հոլովոյթին թափանցիկութիւնը կասկածի տակ առնելու փորձերով: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան նշեց, որ այժմ կը զբաղին քուէներու վերահաշուարկով ու վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակեն 14 Յունիսին: Յովակիմեան յայտնեց, որ կայ դիմում մը՝ անվաւեր համարելու Աբովեան 12/13 ընտրատեղամասին արդիւնքները, որովհետեւ այդ տեղամասէն կը բացակայէր ընտրութեան մասնակցող ուժերէն Ազգային ժողովրդավարական բեւեռին քուէաթերթիկը: Իսկ Երեւանի պարագային, ընտրութեան մասնակցած ուժերէն մէկը պահանջած է վերահաշուարկել գրեթէ բոլոր  քուէաթերթիկները:

Ընտրութիւններուն յաղթած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընդհանուր քուէները 2021-ին հետ բաղդատած բարձրացած են շուրջ 39 հազարով, իսկ Երեւանի պարագային, Փաշինեանի կուսակցութիւնը ամէնէն շատ քուէները ստացած է 478 տեղամասերէն 467-ին մէջ, 2021-ի համեմատ 23.000 քուէ աւելի ստանալով Երեւանի մէջ: «Ընդհանուր առմամբ, ճշգրտումներուն արդիւնքով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քուէները 49,8-ի փոխարէն դարձան 49,9 առ հարիւր», ըսաւ երեսփոխան Վահագն Ալեքսանեան: Ի տես իրենց կրած ընտրական յստակ պարտութեան, ընդդիմադիր շարքերուն մէջ սկսան բարձրանալ երեսփոխանական աթոռները չստանձնելու եւ այդպիսով օրինական ճգնաժամ հրահրելու կոչեր, մինչ այլ ընդդիմադիրներ կը զգուշացնեն այդ քայլէն: Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը յայտարարեց Սահմանադրական դատարան դիմելու որոշումին մասին՝ բողոքելով արդիւնքներէն եւ միջամտութիւններէն: «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքին ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան նշեց, որ իրենք կը սպասեն իմանալ, եթէ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը պիտի յաջողի՞ մուտք գործել խորհրդարան, ըստ այնմ իրենց յաջորդ քայլերը առնելու համար: Ազգային ժողովի նախագահի Ալէն Սիմոնեան սակայն յստակացուց, որ աթոռները չստանձնելը ոչինչ պիտի փոխէ: «Իրենց 100-200 ցուցարարներով չեն կրնար բոլոր թեկնածուները համոզել, որ հրաժարին խորհրդարանական աթոռներէն», յստակացուց Ալէն Սիմոնեան:

 

ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Մինչ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը փորձէր յստակացնել խորհրդարանական ըտնրութեան վերջնական արդիւնքները եւ վճռել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարանական ճակատագիրը, դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յայտարարեց կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ՝ առանձնապէս խոշոր չափերով տուրքերէն խուսափելու յանցանքով: Շուտով, ան յայտնուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ՝ արտերկիր մեկնելու պահուն, սակայն սահմանապահ ուժերուն հետ զրուցելէ ետք չմեկնեցաւ երկրէն: Աւելի ուշ, Ծառուկեան հարցաքննուեցաւ Քննչական կոմիտէին մէջ, մերժեց իրեն ուղղուած մեծադրանքը եւ ստացաւ երկրէն բացակայութեան արգելքի վճիռ:

 

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մինչեւ երէկ երեկոյեան տակաւին պաշտօնապէս չէր շնորհաւորած Հայաստանի խորհրդարանական ըտնրութիւններուն յաղթած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ առայժմ պայմանաւորուածութիւն չկայ գումարելու Փաշինեան-Փութին տեսակցութիւն մը: Յիշեցնելով, որ ընտրութեան վերջնական արդիւնքը պիտի հրապարակուի 14 Յունիսին, ռուսական կողմը կոչ ուղղեց սպասելու բողողքներու քննութեան արդիւնքներուն, իրավիճակը համարելով «բարդ ու երկարատեւ»:

Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պառակտուած համարեց հայկական հասարակութինը, ապա Եւրոպան ամբատանեց Հայաստանի ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալու մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութիւնը եւ վերահաստատեց Հայաստանի հետ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ համագործակցելու պատրատակամութիւնը: Ան յանձնառութիւն յայտնեց յառաջ մղելու TRIPP նախաձեռնութիւնը՝ յանուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճումին: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան շնորհաւորեց Փաշինեանը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակեն զարգանալ հայ-իրանեան յարաբերութիւնները՝ նպաստելով երկու երկիրներու շահերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ու խաղաղութեան խթանումին: Փաշինեանին շնորհաւորանքներ փոխանցեցին նաեւ Ռումանիոյ նախագահը, Գանատայի վարչապետը եւ ուրիշներ, մինչ Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Քայա Քլաաս ընդգծեց, որ չնայած Ռուսիոյ ուժեղ ճնշումին, Հայաստանի ժողովուրդը ընտրած է եւրոպական ապագան:

 

ԴԷՊԻ TRIPP-Ի ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 Գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն՝ մասնակցութեամբ նախարարներուն: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընտրական հոլովոյթին յաջող ընթացքը կազմակերպելու համար, դրուատելով ապահովական եւ արդարադատական կառոյցներուն պայքարը ընտրակաշառքի եւ քուէարկողներուն կամքին վրայ ապօրինի ճնշում գործադրելու երեւոյթներուն դէմ: «Այս ցոյց կու տայ մեր երկրին մէջ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն արդիւնաւէտութիւնը», նշեց վարչապետը եւ կոչ ուղղեց այժմ վերստին կեդրոնանալու կառավարութեան նախատեսած ծրագրերու գործադրութեան վրայ: «Յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրներէն է TRIPP-ը, որուն համար պէտք է հնարաւորինս արագ ապահովել նախագիծին վերաբերող հայ-ամերիկեան համաձայնագիրին վաւերացումը», ըսաւ Փաշինեան, յիշեցնելով որ TRIPP նախագիծը միլիառներու ներհոսք պիտի բերէ Հայաստան: Նոյն ծիրին մէջ, Երեւանի մէջ ամերիկացի դեսպանի պաշտօնակատար Տէյվիտ Ալէն այցելած է Սիւնիք՝ քննարկելու հայ-ամերիկեան համագործակցութեան զանազան ուղղութիւնները, կեդրոնանալով մասնաւորաբար ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութեան խթանումը:

 

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ 2 Յունիսին Կարսի մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ թուրք գործարարներու հերթական ժողովը, որուն վերաբերեալ մեծ հետաքրքրութիւն եղած է Թուրքիոյ սահմանամերձ երեք նահանգներու գործարարներէն եւս: «Գործարար շրջանակներու առանձին ընկերութիւններ սկսած են յստակ քննարկումներ եւ վստահ եմ, որ անոնք պիտի շարունակուին», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ գործարարներուն յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ:

Թրքական «Ենի Շաֆաք» պարբերականը հաղորդեց, որ Հայաստանի հետ սահմանային «Ալիճան» եւ «Աքիաքա» անցակէտերուն հնարաւոր բացումին նպատակն է արագացնել յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթը եւ մինչեւ մէկ միլիառ տոլարի բարձրացնել հայ-թրքական առեւտուրը: Պարբերականին համաձայն, Իգդիրի շրջանին մէջ գտնուող «Ալիճան» անցակէտին աշխատանքները ամբողջացած են հայկական կողմէն, իսկ առեւտուրը ներկայիս կը գնահատուի շուրջ 300-350 միլիոն տոլար, կեդրոնանալով պատրաստ հագուստի, քիմիական արտադրանքի, սննդամթերքի եւ թանկարժէք մետաղներու վրայ:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Զոհրապ Քէշիշեանի Արուեստը Նոր Հանգրուան Մը Գտաւ Ճինիշեան Հիմնարկին Մէջ

Next Post

Նոր Գիրքեր. Շահեկան Զրոյց Դաւիթ Տօնոյեանի Հետ

Next Post
Նոր Գիրքեր. Շահեկան Զրոյց Դաւիթ Տօնոյեանի Հետ

Նոր Գիրքեր. Շահեկան Զրոյց Դաւիթ Տօնոյեանի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.