Դարձեալ, առաջին անգամ է որ այս սիւնակին մէջ տեղ կը բանանք Կիպրոսին, աւելի ճիշդ՝ կիպրահայ գաղութին։
«Կղզի նման չիք մեր Կիպրեայ…» երգած էր Նահապետ Ռուսինեան, շուրջ 160 տարի առաջ։
Փոքրաթիւ է Կիպրոսի գաղութը, հաւանաբար նուազ քան երկու հազար հոգի, բայց ունի պատմական անցեալ։ Հոն ապրած ու գործած են սփիւռքեան երեւելի ինչ-ինչ դէմքեր, մերթ ժամանակաւոր, մերթ մնայուն կեցութեամբ։
Միջերկրականեան այս գեղեցիկ կղզին երկփեղկեալ է 1974-էն իվեր։ Հողատարածքին շուրջ 40 առ հարիւրը ձեռքն է թուրքերուն, որոնք 1983-ին այնտեղ հռչակած են «Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն»-ը, զոր կը կոչեն «Եաւրու վաթան» (ձագուկ կամ կրտսեր հայրենիք)։ Թուրքիա, միջազգային մեծ ու փոքր ամէն հարթակի վրայ, հետեւողական կերպով ու անտեղիտալիօրէն նեցուկ եւ պաշտպան կը կանգնի թրքական Կիպրոսին։ Թոյլ չի տար, որ ան ընկրկի կամ տկարանայ դոյզն չափով իսկ…
Մենք՝ հայերս, 1926-էն սկսեալ, Նիկոսիոյ մօտակայքը կրցած էինք կեանքի կոչել փառաւոր կրթօճախ մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որ ձեռնհասօրէն հովանաւորուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ՝ լման 80 տարի։ Ի՜նչ անկրկնելի սերունդ մը կոփուեր էր անոր գրասեղաններուն ետին, ու ի՜նչ պատկառելի ուսուցիչներ պաշտօն վերցուցեր էին այնտեղ։ Դժբախտաբար, գիշերօթիկ այս կրթօճախը ընդմիշտ փակուեցաւ 2005-ին, հարաւային Կիպրոսի Եւրոմիութեան անդամակցութենէն տարի մը ետք…։ Ի՜նչ հեգնանք։ Մինչդեռ, կը խորհինք որ նպատակասլաց տեսլականով ու խելացի մատակարարումով մը,– որուն ձեւերն ու եղանակները անծանօթ չէին կրնար ըլլալ Բարեգործականի նման փորձառու կազմակերպութեան մը,– Կիպրոսի Եւրոմիութեան անդամակցութենէն բխած բազմապիսի բարիքներէն ալ օգտուելու միտումով, այս եզակի ու պատկառելի կրթօճախը կրնար յաջողապէս շարունակել իր առաքելութիւնը, վայելելով ինչ-ինչ իւրայատուկ առանձնաշնորհումներ՝ ընդ հովանեաւ կիպրական բարեխնամ ու հայասէր պետութեան…։ Չեղաւ։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի օրուան ղեկավարութիւնը անդրդուելիօրէն կառչած մնաց փակումի իր որոշումին։ Ափսո՜ս։
Մելգոնեանի շիջումով, այժմ, Կիպրոսի մէջ կը մնայ լոկ Նարեկ հայկական վարժարաններու ցանցը՝ Նիկոսիա, Լիմասոլ եւ Լառնաքա։ Այս դպրոցներուն մէջ,– ուր միայն հայ աշակերտներ կը յաճախեն,– ուսումը գրեթէ ձրի է, որովհետեւ կիպրական պետութիւնը հետեւողականօրէն կը հոգայ անոնց նիւթական բոլո՜ր կարիքները (տարեկան շուրջ 1,3 միլիոն եւրօ…)։ Ուրիշ ո՛չ մէկ երկրի մէջ այսպիսի դրութիւն գոյութիւն ունի։
Կիպրոսի հայ գաղութին ու անոր եկեղեցական, կրթական ու ազգային կառոյցներուն մասին կայ բաւական ճոխ գրականութիւն։ Գո՛նէ յիշենք Կիւլէսէրեան Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի «Հայ-Կիպրոս. հայ գաղութը եւ Ս. Մակար» երկը (Անթիլիաս, 1936), Ղեւոնդ եպս. Չէպէեանի «Յիշատակարան կիպրահայ գաղութի»-ն (Անթիլիաս, 1955), Վարուժան արք. Հերկելեանի «Հայաստանեայց Եկեղեցին Կիպրոսի մէջ» ալպոմը (2003), Հայկաշէն Ուզունեանի պատմագիրքը (նաեւ անգլերէնի թարգմանուած)՝ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան մասին, ու դեռ վերջերս՝ հայաստանաբնակ լրագրող Սագօ Արեանի «Բաժնուած կղզին» զրոյցներու ժողովածուն (Երեւան, 2024)։
Կիպրոսի մէջ Հայց. Եկեղեցին ունի հին արմատներ։ Իր աշխարհագրական մօտիկութիւնը Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան՝ մեծապէս նպաստած է այս երեւոյթին։ Առանց թափառելու պատմութեան բաւիղներուն մէջ, պարզապէս վկայակոչենք Օրմանեանը, որ իր «Ազգապատում»-ին մէջ խօսելու առթիւ 1179-ի Հռոմկլայի նշանաւոր համաժողովին մասին (որ գումարուեցաւ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսին նախագահութեամբ՝ քննարկելու համար յոյն եկեղեցւոյ հետ միութեան հարցը), կու տայ անուանացանկը թեմակալ այն առաջնորդներուն կամ եպիսկոպոսներուն, որոնք անձամբ մասնակցութիւն բերին այդ ժողովին։ Եւ հոն կը յիշատակուի Կիպրոսէն ժամանած Թադէոս եպս. մը։ Ուշագրաւ տուեալ մըն է այս, հաստատելու համար, որ ԺԲ. դարուն հայ եկեղեցին արդէն թեմական կամ հովուական կառոյց մը ունէր Կիպրոսի մէջ։
1963-ի յոյն-թրքական համայնքային բախումները պատճառ դարձան, որ Նիկոսիան մասնատուի, անոր մէկ մասը իյնայ թրքական գրաւման տակ։ Հայերը խուճապահար հեռացան այդ շրջաններէն՝ հոն թողլքելով իրենց բնակարանները, դպրոց, ակումբ, եկեղեցի։ Յետոյ վրայ հասաւ 1974-ի թրքական ներխուժումը, որ գործնականօրէն երկուքի բաժնեց կղզին…։ Գրաւեալ տարածքին մէջ մնաց նաեւ հնադարեան Ս. Մակարայ հայկական վանքը, Պենտատաքթիլոյի լեռնաշղթային վրայ, Հալեֆկա գիւղին մօտ։
Կիպրահայութիւնը 1981-ին Նիկոսիոյ մէջ կառուցեց նոր եկեղեցի մը (Ս. Աստուածածին), ՆԱՐԵԿ վարժարանի նորաշէն դպրոցաշէնքին կից, որ բացուած էր 1972-ին։ Քանի մը տարի յետոյ ալ բարձրացաւ ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքը, նոյն տարածքին վրայ։ Միւս քաղաքներու հայկական եկեղեցիները աւելի հին են։ Լառնաքայի Ս. Ստեփանոսը կառուցուած է 1909-ին, Լիմասոլի Ս. Գէորգը՝ 1939-ին։ Երկու քաղաքներու ՆԱՐԵԿ վարժարանները եւս, վերջին տասնամեակներուն, տէր դարձեր են նորաշէն դպրոցաշէնքերու, միշտ պետական օժանդակութեամբ։ Լառնաքան նոր շէնքով օժտուած է 1996-ին, իսկ Լիմասոլը՝ 2008-ին։
Կիպրոսի մէջ, ներկայիս, կը թուի թէ հայերէն տպագիր մամուլ չկայ։ 90-ականներուն հոնկէ կը ստանայինք «Արձագանգ» ամսաթերթը (Հ.Յ.Դ.), աւելի առաջ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լառնաքայի «Տեղեկատու»-ն (1973-էն մինչեւ 80-ականներ, մեքենագիր-բազմագրուած, որ կը խմբագրէր Կարապետ Փափազեանը)։ Դադրած են ասոնք, ինչպէս դադրած են երբեմնի տպագիր «Փարոս»-ն ու «Ազատ Ձայն»-ը, որոնք երեւցած էին 1997-էն ետք։ Մելգոնեանի ու ազգ. առաջնորդարանի պարբերականներն ալ լռած են։ Հիմա կը գործեն համացանցային լրատու քանի մը հարթակներ ու մա՛նաւանդ տիկ. Երան Գույումճեանի խմբագրած «Ազատ Խօսք» առցանց ամսաթերթը, որ կանոնաւոր հրատարակութիւն մըն է, 2011-էն իվեր։ Ասոնցմէ քաղելով՝ ահաւասիկ կիպրահայ վերջին լուրերու փունջ մը.
ԼԻՄԱՍՈԼԻ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 10 Ապրիլին, բանախօսութիւն մը տուած է տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան (Ամերիկայէն ժամանած), «Հայ լեզուն եւ հայրենատիրութիւնը» խորագրով։

Ան շեշտած է, թէ առանց մայրենի լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան՝ ազգային միւս բոլոր արժէքները հետզհետէ կը գունաթափին ու կ՛արժեզրկուին։ Երեկոյթի ընթացքին Հայաստանէն ժամանած Իննա Խոջամիրեան ընթերցումներ կատարած է Աւետիք Իսահակեանի, Զահրատի եւ օրուան բանախօսին բանաստեղծութիւններէն։ Փակման խօսք արտասանած է Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան։
ՆԻԿՈՍԻՈՅ մէջ, 25 Ապրիլին, տեղւոյն հայութիւնը, համայնքային ու միութենական իր բոլոր կառոյցներուն համերաշխ գործակցութեամբ, նշած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը։ Գլխաւոր յուշահանդէսը կայացած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հայ նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, երեկոյեան, յետ աւանդական բողոքի քայլարշաւին։ Ի միջի այլոց ներկայ եղած են պետական-կառավարական դէմքեր ու տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ։

Նախ կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Այնուհետեւ ուղերձներ կարդացած են կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան (հայերէն եւ յունարէն), Հայաստանի դեսպանուհի Իննա Թորգոմեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Սթրովոլոսի (Նիկոսիոյ մեծագոյն թաղամասը) քաղաքապետ Ստավրոս Ստավրինիտիս։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը երգած է ազգային-հայրենասիրական երգեր։
ԼԻՄԱՍՈԼԻ հայութիւնը եւս ոգեկոչած է Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը քանի մը ձեռնարկներով։ 17 Ապրիլին, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, ցուցադրուած է 2007-ին նկարահանուած «Արտոյտներու ագարակը» իտալական ֆիլմը, որ կը պատմէ հայ ընտանիքի մը ոդիսականը Եղեռնի շրջանին (նոյնանուն վէպին հեղինակը իտալաբնակ Անթոնիա Արսլանն է)։ 23 Ապրիլի երեկոյեան կայացած է ջահերթ, ապա՝ մոմավառութիւն եւ ծաղկեմատոյց, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակը գտնուող խաչքարին առջեւ։

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է յուշահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Նարեկ վարժարանի սաներն ու ԿԵՄ-ի երիտասարդներ։ Օրուան բանախօսը եղած է Յակոբ Գազանճեան (ազգ. վարչութեան ատենապետ)։ Փակման խօսքը արտասանած է Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան։

ԼԱՌՆԱՔԱՅԻ մէջ ալ ոգեկոչուած են Եղեռնի զոհերը։ Ապրիլ 24-ին համայնքը համախմբուած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուրկէ թափօրով երթ կատարուած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող։

