Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական Մտորոիմներ. Պատահականութիւն

Սուրէն Շէրիք (Ալֆորվիլ)

June 9, 2026
in Յօդուածներ
0
Փիլիսոփայական Մտորոիմներ.	Պատահականութիւն

Պատահականութիւնը բառ մըն է, որուն իմաստը շատ ընդարձակ է։ Պատահականութիւնը այն դէպքն է, որ անսպասելի պահուն կը յայտնուի եւ յաճախ բացատրութիւն չունի։ Պատահականութիւնը կը նշանակէ նաեւ աննախատեսելիութիւն։ Ֆրանսերէն hasard բառին ծագումը արաբերէնէ է եւ փոխանցուած` սպաներէնէն․ al-zahr (zahr կամ zar հանրածանօթ նարտ խաղին խաղաքարն է), որ կը նշանակէ «ըստ բախտի»։ Պատահականութիւնը առօրեայ կեանքի մէջ գործնական կիրարկութիւններ ունի ինչպէս  վիճակահանութիւնը (tirage au sort), որ  բախտախաղերու, մրցումներու, որոշ դասաւորումներու ընթացքին կը կիրարկուի։ Ասոր փոխարէն Հին Կտակարանի մէջ կան դէպքեր եւ պատահարներ, ուր պատահականութիւնը անսպասելի չէ նկատուած, այլ ընդունուած է որպէս աստուածային հրահանգ։ Այսօր պատահականութիւնը գիտականօրէն կապուած է  հաւանականութեան (probabilité) թուաբանական բացատրութեան հետ։

Այսուհանդերձ շատ անգամ  հարց կը ծագի թէ պատահականութեան մէջ դիտաւորութիւնը եւ պատճառաբանութիւնը բացակա՞յ են միշտ։ Եթէ իսկապէս դիտաւորութիւնը թաքնուած է պատահականութեան մէջ, մենք իրազեկ չենք կրնար ըլլալ ատկէ։ Պատահականութիւնը երեւցող բան մըն է, որուն պատճառները կ՛անգիտանանք։ Սակայն Աստուած ակամայ կամ արկածեալ  չի գործեր, մէկ խօսքով Ան ոչ մէկ բան պատահականութեան կ՛ենթարկէ։ Ըստ մեծ գիտնական Այնշթայնի, «պատահականութիւն գոյութիւն չունի»,  երբ ան արտասանեց իր նշանաւոր խօսքը․ «Աստուած խաղաքար չի նետեր» (Dieu ne joue pas aux dés)։ Աստուածաշունչի պատգամներուն կապուած փիլիսոփայական տեսակէտը պատահականութիւնը կը վերագրէ որոշ մարդոց այն տգիտութեան, որ կ՛անտեսէ դէպքերու յստակ սակայն թաքնուած պատճառները։

Ստոյիկեանները այս ուղղութեանբ հաստատամտական (déterministe) տեսակէտ որդեգրած են։  Կիկերոն հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է պատահականութեան մասին․ «Ոչինչ կը պատահի, որ պէտք չէր որ պատահի, առաւել եւս բնութեան մէջ ոչինչ տեղի կ՛ունենայ առանց անոր իրականացումը պատրաստող պատճառի։ Եթէ գոյութիւն ունենար մէկը որուն բանականութիւնը կարենար զանազանել իւրաքանչիւր պատճառ զայն պատրաստող պատճառէն, այդ անձը վստահաբար երբեք սխալ պիտի չգործէր իր նախատեսութիւններուն մէջ։ Որովհետեւ ան որ կը ճանչնայ ապագայ պատահարները պատրաստող պատճառները, անհրաժեշտօրէն գիտէ այն ինչ որ պիտի պատահի աւելի ուշ»։ Հաստատամտութեան գաղափարը շրջան մը տիրապետած է նաեւ գիտական աշխարհի մէջ։ Մեծ բնագէտ Լաբլաս տիեզերագիտութեան մէջ պաշտպանած է հաստատամտութեան տեսակէտը, պնդելով  որ Տիեզերքի ապագան բոլորովին  յայտնի վերաբերում կը ցուցաբերէ։

Պատահականութիւնը յաճախ շփոթուած է բախտի հետ։ Պատահականութիւնը կը սահմանէ դէպքեր կամ պարագաներ, որոնք կրնան տեղի ունենալ եւ կրնան ըլլալ նպաստաւոր կամ ոչ։ Իսկ բախտը կը ներկայացնէ կարելիութիւն մը, հաւանականութիւն մը, որ բան մը կարենայ տեղի ունենալ։ Այս շփոթին հետեւանքով երջանիկ դէպքերու մեկնաբանութիւնը  «բախտ»ի եւ «պատահականութեան» միջեւ կը տատանի։ Մեծ պարգեւի տիրացող մէկը ոմանց կողմէ կ՛որակուի «բախտաւոր», իսկ ուրիշներու կողմէ՝ պատահականութեան որպէս հերոս։

Share61Tweet38
Previous Post

Ձայներ Կիպրոսէն (գաղութային արձագանգ) – 1

Next Post

Բառի Եւ Գոյնի Միջեւ

Next Post
Բառի Եւ Գոյնի Միջեւ

Բառի Եւ Գոյնի Միջեւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.