ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՃԻՌԸ
Հայաստանի մէջ երէկ եզրափակուեցաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն քուէներու նախնական հաշուարկը եւ ի յայտ եկաւ, որ Հայաստանի ժողովուրդին զգալի մեծամասնութիւնը վերահաստատած է իր վստահութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւններուն, եզրափակելով քանի մը ամիս տեւած նախընտրական փուլը, որ ծրագրերու փոխարէն հարուստ էր զրպարտութիւններով, դաւաճանութեան ամբաստանութիւններով, ահազանգներով եւ ներքին ու արտաքին, բացայայտ ու ծածուկ սպառնալիքներով:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ հրապարակեց բոլոր 2005 ընտրատեղամասերուն նախնական արդիւնքները, որոնք ցոյց տուին, թէ քուէարկութեան մասնակցած է 1 միլիոն 477 հազար 736 ընտրող: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 49,825 առ հարիւրը (727.827 քուէ), Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 23,281 տոկոս (340.088 քուէ), Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը՝ 9,934 տոկոս (145.113 քուէ), իսկ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 3,996 առ հարիւրը եւ չէ կրցած մուտք գործել Ազգային ժողով, որովհետեւ չէ հատած կուսակցութիւններուն համար չորս առ հարիւրի նուազագոյն սահմանը: Այսուհանդերձ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ մինչեւ ուշ գիշեր կը շարունակեր ստուգումները, որոնց հիման վրայ պիտի յստականայ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան մուտք գործելու ճակատագիրը, առանց ազդելու արդիւնքի ընդհանուր պատկերին վրայ: Մնացեալ կուսակցութիւնները ստացած են շատ քիչ քուէներ եւ չեն կրնար հասնիլ Ազգային ժողով: Այս արդիւնքներուն հիման վրայ, Փաշինեանի խմբաւորումը ստացած է խորհրդրանական աթոռներուն 3/5-ի զգալի մեծամասնութիւնը՝ 64 աթոռ, ընդդիմադիրներու 29 եւ 12 աթոռներուն դիմաց, ինչ որ անոր կը շնորհէ բազմաթիւ օրէնքներ վաւերացնելու եւ նշանակումներ կատարելու կարողութիւն, սակայն առանց հասնելու 2/3-ի բացարձակ մեծամասնութեան, որ կրնար դուռ բանալ առանձին սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու հնարաւորութեան: Ընտրութիւններուն հետեւող դէտերը ընդհանուր առմամբ խօսեցան մրցակցային պայմաններու առկայութեան մասին, սակայն ահազանգեցին որոշ ճնշումներու եւ խախտումներու մասին: Նշենք, որ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն մրցանշային եղած է անվաւեր համարուող քուէներուն թիւը՝ 17.097 քուէ, մինչ 2021-ին անվաւեր էր ընդամէնը 4.593 քուէ:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐԱՆՔ
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրացանկը գլխաւորող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտեան կանուխ յայտարարեց խաղաղութեան ամրապնդումի լոզունգին վրայ հիմնուած իր խմբակցութեան յաղթանակը եւ խորագրեց գալիք փուլին սպասուած քայլերը՝ ներառեալ Ատրպէյճանի հետ TRIPP նախագիծին գործադրութեան սկիզբ եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում: «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ տէր կանգնեցաւ Հայաստանի Հանտապետութեան, պետութեան, անկախութեան, ապագային, խաղաղութեան», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ «ժողովուրդը կը պահանջէ արմատախիլ ընել պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը» (նկատի ունի ընդդիմադիր գլխաւոր երեք ուժերը): Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մտադրութիւն յայտնեց վիճարկելու ընտրութեան արդիւնքները, նկատի առնելով ճնշումները, ընդդիմադիրներու հետապնդումները եւ վարչական միջոցներու գործածութիւնը, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պահանջեց վերահաշուարկ: Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտնեց, որ ընտրական հոլովոյթը քննութիւն էր Հայաստանի ժողովրդավարական մշակոյթին եւ պետականակերտումին համար: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ուղին, իսկ այսպիսով կը փակուի բռնատիրութեան էջը Հայաստանի մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպական երկիրներուն մեծամասնութիւնը փութաց շնորհաւորել վարչապետ Փաշինեանը: «Չնայած ճնշումներուն, Հայաստանի ժողովուրդը հաստատօրէն ընտրեց ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը», յայտնեց Գերմանիոյ վարչապետը, իսկ Ֆրանսայի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու Երեւանի հետ սերտ համագործակցութիւնը: Ընտրութեան արդիւնքներուն համար Փաշինեանը շնորհաւորեցին նաեւ Դանիոյ, Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու առաջնորդներն ու ներկայացուցիչները՝ համագործակցութեան ձեռք մեկնելով Փաշինեանին, իսկ Լեհաստանի վարչապետ Տոնըլտ Թուսք նշեց, որ հայերը այսպիսով ընտրած են եւրոպամէտ ուղղութիւնը:

Մոսկուա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող վիճակը կը պահանջէ սեւեռուն ուշադրութիւն, իսկ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով կոչ ոպղղեց սպասելու արդիւնքներու վերջնական պատկերին: Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութիւնը կատարուած է խաղաղ եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ, յուսալով որ «Հայաստան աւելի համարձակ քայլերու կը ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ»: Արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան մաղթեց, որ շուտով կարգաւորուին նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, շեշտելով որ Հարաւային Կովկասի մէջ բացուած է խաղաղութեան հնարաւորութիւններու պատուհան մը:
ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱԳԼՑՈՂԱԿԱՆ ՇՂԹԱՅ
Շատ երկար չտեւեց շաբաթ մը առաջ ամերիկեան միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարուած եւ «Պէյրութը Իսրայէլին դիմաց» հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած զինադադարը: Լիբանանի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն յորդորները անտեսելով զինադադարը ի սկզբանէ մերժած Հըզպալլա նախանցեալ օր հրթիռներ արձակեց հարաւային սահմանէն այն կողմ, յայտարարելով իսրայէլեան դիրքերուն մեծ վնաս պատճառելու մասին, որուն հակադարձութիւնը շատ չուշացաւ եւ իսրայէլեան օդուժը իսկոյն քանի մը հարուած ուղղեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Մրէյժէ շրջանին՝ յայտարարելով Հըզպալլայի կեդրոններ թիրխաւորելու մասին:

Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, Մրէյժէի մէջ մահացած է չորս հոգի, վիրաւորուած քսան ուրիշներ՝ ներառեալ չորս կին ու չորս երեխայ: Հըզպալլայի հրթիռարձակումները շարունակուեցան նաեւ երէկ առաւօտեան, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց հարաւային Լիբանանի մէջ երկու զինուոր եւս կորսնցնելու մասին, ապա շարունակեց գործողութիւնները՝ հարուածելով հարաւային շարք մը շրջաններ:

Իսրայէլեան օդուժը Խարտալի շրջանին մէջ 6 Յունիսին կործանած էր լիբանանեան բանակի զինակառք մը, որուն մէջ նահատակուեցան զօրավար Ուիսամ Սապրան, բարձրաստիճան սպայ մը եւ զինուոր մը: Բանակին թիրախաւորումը դատապարտուեցաւ ոչ միայն Լիբանանի կառավարութեան, այլ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին ու Ծոցի արաբական կառավարութիւններուն եւ Իրանի կողմէ եւս: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան նորագոյն տուեալներուն, առճակատումի նորագոյն փուլին Լիբանանի մէջ ցարդ մահացած է 3.637 մարդ, վիրաւորուած՝ 11.188 ուրիշներ:
ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՐԱՐ
Որպէս հակադարձութիւն Պէյրութի հարաւային արուարձաններու թիրախաւորումին, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան շարք մը դիրքերու վրայ, մինչ Իսրայէլի կառավարութիւնը երկրով մէկ փակ յայտարարեց կրթական հաստատութիւնները եւ արգիլեց ժողովրդային հաւաքները: Նախանցեալ գիշեր ու երէկ առաւօտեան Իսրայէլ հակադարձեց Հըզպալլային իր ուղղած հարուածին Իրանի հակադարձութեան՝ շարք մը թիրախներ ռմբակոծելով Իրանի կեդրոնական եւ արեւմտեան հատուածին մէջ: Իսրայէլեան բանակին համաձայն, գործողութիւնը կեդրոնացած է պաշտպանութեան ռազմավարական համակարգերուն վրայ, իսկ յարձակումներէն մէկն ալ հասաւ Մահշահր քաղաքի քիմիական նիւթեր արտադրող գործարանի մը, որմէ ետք Իրան հրթիռակոծեց Հայֆայի քիմիական արդիւնաբերութիւնը:

Թեհրանի իշխանութիւնները երէկ փակեցին երկրին մէջ գործող բոլոր օդակայանները, իսկ Եմէնին տիրող հուսիներուն Անսարալլա կազմակերպութիւնն ալ յայտարարեց Կարմիր ծովուն մէջ իսրայէլեան նաւերուն նաւարկումը արգիլելու մասին: Իրանի զինուած ուժերը երէկ կէսօրին յայտարարեցին Իսրայէլի դէմ յարձակումներուն նորագոյն ալիքը դադրեցնելու մասին, միաժամանակ զգուշացնելով, որ աւելի ուժգին պիտի հակադարձեն, եթէ Իսրայէլ վերստին թիրախաւորէ Իրանը կամ Լիբանանը: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ համացանցի վրայ հրապարակեց Լիբանանին զօրակցող գրառում մը, հաւաստիացնելով որ «Լիբանան անքակտելի մաս կը կազմէ զինադադարի համաձայնութեան, իսկ Ուաշինկթըն կը կրէ իսրայէլեան խախտումներուն պատասխանատուութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ իր կարգին յստակացուց, որ Իրանն ու Իսրայէլը կը ձգտին զինադադարի, թէեւ ծովային պաշարումը պիտի շարունակէ գործել, մինչեւ վերջնական համաձայնութեան կնքումը: Ան նախապէս հեռաձայնով խօսած էր Պենիամին Նեթանիահուի հետ ու յստակացուցած, թէ Իրանի հարցով որոշումներ կայացնողը ինքն է, ոչ թէ Իսրայէլի վարչապետը, իսկ վերջինս պէտք է պարզապէս գործադրէ որոշումը եւ ընդունի Իրանի հետ լուծումը:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀ
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցային հերթական նիստը սկզբունքով պիտի գումարուի 22 Յունիսին: Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա երէկ տեսակցեցաւ հանրապետութեան երեք պետերուն եւ անոնց տեղեկացուց, որ Իսրայէլ դարձեալ պիտի չհարուածէ Պէյրութի հարաւային արուարձանները, եթէ Հըզպալլա դադրեցնէ հրթիռարձակումները: Ան հարաւէն հրթիռարձակումը համարեց քաղաքական պատգամ մը, աւելցնելով որ Ուաշինկթըն որոշած էր կանխել մագլցումի ընդարձակումը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դեսպանին վերահաստատեց, որ ոչ մէկ կողմ կրնայ Լիբանանի անունով բանակցիլ, բացի Լիբանանի կառավարութենէն: Եւրոմիութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին, բոլոր կողմերէն պահանջելով յարգել զինադադարը:
BEY-ԻՆ ԿՈՂՔԻՆ KYE
Գործնականացումի ուղիին վրայ դնելով կառավարութեան գլխաւոր խոստումներէն մէկը, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պաշտօնապէս տուաւ Աքքարի Քլէյաաթ շրջանին մէջ անտեսուած օդակայանը վերագործարկելու ազդանշանը: Սալամ եւ հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայէզ Ռասամնի օդանաւով Պէյրութէն ուղղուեցան Աքքար եւ ուղղակի վայրէջք կատարեցին Սուրիոյ սահմանէն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող Ռընէ Մուաուատի անուան օդակայանին մէջ:

Այնտեղ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ օդակայանը գործարկելու աճուրդը շահած Sky Lounge Services ընկերութիւնը կարճ ժամանակի մէջ պիտի վերականգնէ օդակայանը եւ զայն արդիականացնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն գործածել միջազգային թռիչքներու համար: «Քլէյաաթի օդակայանին կեանքը վերադարձնել կը նշանակէ վերատիրանալ պետութեան գաղափարին», ըսաւ վարչապետը՝ խոստանալով, որ այսուհետեւ Լիբանանի մէջ պիտի չըլլան մոռացութեան ենթարկուած շրջաններ: Ան անդրադարձաւ նաեւ ապօրինի զէնքի հարցին, յիշեցնելով որ Թայէֆի համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան համար անհրաժեշտ է լուծել զէնքի հարցը: Ամերիկացի դեսպանն ալ շատ դրական որակեց Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները: Նշենք, որ օդակայանը պիտի կրէ KYE նշանը, Պէյրութ օդակայանին (BEY) հետ ձեւաւորելով Լիբանանի միջազգային օդակայաններու ցանցը:

