Հայ մայրը տարբեր է միւս ազգերու մայրերէն թէ՛ խառնուածքով եւ թէ՛ ներշնչումով, արդարեւ, կնոջական շարժումի այսօրուան չափանիշերով բացառիկ գիւտ մըն է աշխարհի վրայ հայ մայրը: Բոլորս ալ տարուան 12 ամիսներուն ընթացքին զանազան առիթներով կը յիշենք մեր մայրերը: Անոնց գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը անսահման է: Երբ կը խօսինք մայրերու մասին, քիչ թէ շատ գրականութեան սիրահար ոեւէ մէկը չի կրնար չյիշել Պարոյր Սեւակի նշանաւոր «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ ազգերու մէջ բանաստեղծներ այսքան շատ բան գրած ըլլան իրենց մայրերուն կամ ընդհանրապէս մայրական սիրոյ մասին:
Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան Երիտասարդական դիւանը, Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան » սրահին մէջ իւրայատուկ կերպով նշեց Մայրերու տօնը:
Սոյն տօնախմբութեան ներկայ էին կուսակցութեանս հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու եւ մասնաճիւղերու ազնուափայլ ներկայացուչից կանայք եւ ծնողներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութէն ետք, օրուան հանդիսավարը բարի գալուստ մաղթեց ներկայ մայրերուն, բարձր որակեց հայ մօր տիպարը ունեցող պատուական մեր մայրերուն անձնազոհողութիւնը եւ նուիրումը մեզի հանդէպ, ապա հրաւիրեց ընկերուհի Մեղրի Պարախեանը՝ փոխանցելու Ս.Դ.Հ.Կ.-Տ.Ո.Ե.Մ.-ի խօսքը:

Ընկերուհի Պարախեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բոլոր մայրերուն, որոնք ընդառաջած էին «Մայրերու Օր»ուան այս միջոցառման հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անգամի մը համար եւս պատուած էին մեր մայրերը: Ան ըսաւ. «Կ’ողջունենք ձեզ, հայ մայրեր, աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը 365 օրէրէն մէկ օրը մայրերու նուիրելը նուազագոյն մեր պարտքն է: Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլե մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքագծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած է ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակցութիւն, եւ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձը։
Իր խօսքի աւարտին, ընկերուհի Պարախեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց աշխարհասփիւռ հայ մայրերը եւ յատկապէս հնչակեան մայրերը, որոնք ամէն ջանք թափեցին եւ ցուցաբերեցին հայ մօր տիպարը, որոնք իբրեւ հերոսներ մնացին կառչած իրենց ընտանիքին։
Երիտասարդական դիւանի անդամները պատրաստած էին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ սկիզբ առաւ հայկական պարով՝ Փաթիլ Փափազեանի կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց Քեւին Ապտըլնուրի պատրաստած ճոխ երգացանկը երգեհոնի վրայ:
Հաճելի էր դիտել տեսերիզի վրայ պատրաստուած իւրաքանչիւր անդամի սրտի խօսքը՝ ուղղուած իրենց մայրերուն: Խումբ մը տխրունիականներ պատրաստած էին թատրոն մը, որուն միտքը հայ մօր զոհողութիւնը կը ներկայացնէր, եւ աւարտին իւրաքանչիւրը իր մօր նուիրեց ծաղիկ մը:
Փակման խօսքով, հանդիսավարուհին վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ այն ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին այս միջոցառումը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ապա ան հրաւիրեց բոլորը կոկիկ հիւրասիրութեան:
Ներկաները սրահէն բաժնուեցան ուրախ մթնոլորտի մէջ, նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք մաղթելով Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան աշխոյժ գործունէութեան, գաղութէն ներս իրենց ունեցած ազգանուէր եւ գաղափարանուէր դերակատարութեան:
