Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

June 6, 2026
in Գաղութային
0
Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցիչներու մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին ՄԱՀԱԵՄ-ի Կրթական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, եւ անոր Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, շքադրուեցան 12 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք 25 եւ աւելի տարիներէ իվեր որպէս կրթական մշակներ կը գործեն, գլխաւորաբար մեր վարժարաններուն մէջ: Այսպէս՝ մեծարուեցան հետեւեալ կրթական մշակները.- Հայ Աւետ. գոլէճէն՝ տիկ. Թալին Չոլաքեան, տիկ. Մարիա Ռահպանի, տիկ. Ռօզ Պշարա, օրդ. Վարդուկ Ֆռնզլեան եւ տիկ. Տունիա Նէայմէ: ՀԱ Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանէն՝ տիկ. Մարալ Տէյիրմէնճեան եւ տիկ. Մարալ Հայտոսթեան: ՀԱ Շամլեան Թաթիկեան վարժարանէն՝ տիկ. Զեփիւռ Քէշիշեան, իսկ Այնճարի ՀԱ վարժարանէն՝ տիկ. Արփա Անտոնեան, տիկ. Մանուշակ Գազանճեան, տիկ. Ռանիա Պէրպէրի եւ տիար Ֆէյըզ Ալգատի:

Յայտագիրը սկսաւ Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ աղօթքով, զոր մատոյց վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան, Հովիւ Նոր Մարաշի Հայ Աւետ. եկեղեցիին:

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմէքճի՝ բացման խօսքով, ապա՝ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ յաւուր պատշաճի իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցին դերակատարութիւնը մանաւա՛նդ լիբանանեան բազմատեսակ տագնապներու այս օրերուն: Ան վեր առաւ ուսուցիչին էական դերը, թէ մերօրեայ արագավազ փոփոխութիւնները հարկ է որ յաջորդ սերունդին ապահովէ ո՛չ միայն գիտութիւն, այլեւ ապագայի հանդէպ յոյս ու մարդկային արժէքներու հանդէպ հաւատք:

Նուագով հանդէս եկան Հայ Աւետ. գոլէճէն աշակերտներ, զուգերգով՝ Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանէն, ասմունքով՝ Այնճարի Հայ Աւետ. վարժարանէն: Պարգեւատրուող ուսուցիչները իրենց շքանշանները ստացան ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանէն: Ապա, շքադրուող մշակներուն կողմէ հայերէնով խօսք առաւ տիկ. Զեփիւռ Քէշիշեան, իսկ արաբերէնով՝ Տիար Ֆէյըզ Ալգատի:

ՄԱՀԱԵՄ-ի խօսքը արտասանեց վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ նշեց թէ 180 տարիներ առաջ իսկ, իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն, Հայց. Աւետարանական Եկեղեցիին համար կրթական հաստատութիւնն ու դաստիարակները եղած են անհրաժեշտ սիւներ՝ էապէս սատարելով Աւետարանը քարոզողներուն առաքելութեան: Ան նաեւ հաստատեց, որ աշխարհի բարօրութիւնն ու կրթական համակարգը առանց Աստուծոյ սիրոյն կը կորսնցնեն իրենց վստահելիութիւնը: Ապա ան տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը, որմէ ետք բակին մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Տեղին է նշել, որ վաստակաւոր ուսուցիչներու հրապարակային պարգեւատրումը նոր չէ ՄԱՀԱԵՄ-ի համար. այն հիմնուած է Ղուկասու 10.7-րդ համարին վրայ որ կ’ըսէ՝ «Մշակը արժանի է իր վարձքին»:  Առ այդ, 1970-էն իվեր, քանի մը տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան նման հանդիսութիւններ, եւ 2026-ի հանդիսութիւնը 13-րդն է այդ շարքին: Ցարդ պարգեւատրուած են (2026-ը ներառեալ) 163 կրթական մշակներ:

Share61Tweet38
Previous Post

Զմմառու Ուխտի Օր

Next Post

Մայրերու Նուիրուած Հանդիսութիւն

Next Post
Մայրերու  Նուիրուած Հանդիսութիւն

Մայրերու Նուիրուած Հանդիսութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.