Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Զմմառու Ս. Աստուածածնայ Մայրավանքի մայր մուտքին տեղադրուած՝ Ս. Գէորգի սրբապատկերին մօտ համախմբուած, Լիբանանի հայ կաթողիկէ Կղերաց դասը, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական, կրթական եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը վարդարանի ջերմեռանդութեամբ ընթացան դէպի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոն։
Ժամը 10:30-ին, մայրավանքի վեհարանէն փառաշուք թափօրը՝ աղօթքներու մրմունջով եւ անուշաբոյր խունկերու ծխանիով, ուղղուեցաւ դէպի ամփիթատրոն, ուր ընթացք առաւ Ս. եւ անմահ Պատարագը, զոր մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր` Գերպծ. Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեան: Առընթերակայութեամբ գեր. Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի եւ գեր. Հ. Վարդան վրդ. Ճալլուֆի։ Խորանին սպասաւորեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները։ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկաւարութեամբ պրն. Նշան Մարաշլեանի, կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը։
Յընթացս պատարագին, ձեռամբ վանահօր, տեղի ունեցաւ սքեմներու օրհնութիւն, տուչութիւն եւ Միաբանութեան անդամակցութեան խոստումի արարողութիւն։ Երկու ժառանգաւորներ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան եւ Պերճ Շմբլեան ստացան սքեմ կրելու իրաւունք։ Անոնց միացաւ ժառանգաւոր Սեպուհ Մարաշլեանը, ուստի երեք ժառանգաւորները միասնաբար կատարեցին Զմմառեան Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան անդամակցութեան խոստումը։
Յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ Մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին, ուխտագնացութեան իմաստով՝ Զմմառու Տիրամօր հովանիին տակ հայ ազգի զաւակներու գոյատեւումին, անոր բազում շնորհած բարիքներուն եւ կատարած բարեխօսութիւններուն։

Իսկ ժառանգաւորներուն մաղթեց հաստատ ընթացք քահանայական սուրբ կոչման ճանապարհին մէջ։ Ան անդրադարձաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի խօսքին եւ Զմմառեան Միաբան հայրերու կատարած աշխարհասփիւռ առաքելութեան։ «Պիտի կրկնեմ եւ յեղեղեմ` որքան որ Հրեշտակաց փողերը Աստուածածնայ փողոյն Զմմառու գագաթը հնչեն եւ աւետարանեն` խնդրելով եռանդագին այս Սուրբ մօրմէն, որ իւր փողոյն փողահարներու շունչը սաստկացնէ, կուրծքերնին զօրացնէ եւ իմաստուն եւ աստուածարեալ միաբաններուն ոյժ, զօրութիւն եւ կարողութիւն պարգեւէ, որպէսզի սա փոքրիկ փողահար գունդին վրայ ստուգուի այդ մարգարէութիւնը «Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա, երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ եւ զգործ ձեռաց նոցա պատմէ` Զմմառեան միաբանութիւն»»։
Մեծաւոր հայրը յատուկ անդրադարձաւ նաեւ ազգային առումով Մայիս ամսուայ խորհրդանշական իմաստին թէ՝ «Մայիսը, մեր ժողովուրդին աննկուն կամքին, յաղթանակած ոգիին եւ վերապրելու հրաշագործ կարողութեան կենդանի վկայութիւնն է։ Անիկա հաւատքի, քաջութեան, ազգային գիտակցութեան եւ միասնական կամքով անկախ պետականութիւն կերտելու խորհրդանիշն է»։
Ապա եզրափակեց. «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր հրաշագործ պատկերին առջեւ խոնարհած, երախտագէտ մնանք անոր ունեցած անճառելի միջամտութիւններուն, վերագտնենք մեր հաւատքի ուղին, մեր յոյսը՝ միասնականութեան մէջ եւ համերաշխ եղբայրասիրութիւնը Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան սիրոյ խորհուրդին մէջ»։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք, մայրավանքի դահլիճին մէջ Մեծաւոր հայրը, վարչական հայրերն ու Միաբանութեան անդամակցած ժառանգաւորները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները, ապա Դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ:
Ուխտագնացութիւնը իր լրումին հասաւ յետմիջօրէի ժամը 3-ին, մայրավանքի «Փոխման Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով։

