Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը Կ’այցելէ Արամ Ա. Վեհափառին

June 6, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը Կ’այցելէ Արամ Ա. Վեհափառին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի ներկայ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող վերջին զարգացումները։ Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ եւ շեշտեցին ազգային համերաշխութեան, երկխօսութեան ու պետական հաստատութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին, շրջանային լարուածութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքահայ գաղութներուն վրայ։ Քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած քաղաքական եւ ազգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ուղիները։

Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ վերջերս Վատիկան կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած միջազգային մակարդակի տեսակցութիւններուն, որոնց ընթացքին անդրադարձած է Արցախին եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան նիւթին վերաբերող հարցերու։

Այս մտերմիկ խորհրդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները վերահաստատեցին հետեւողական համագործակցութեան իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման:

Share61Tweet38
Previous Post

Ձայներ Քուէյթէն (Գաղութային Արձագանգ)

Next Post

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Next Post
Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.