Մեր այս սիւնակին մէջ առաջին անգամ է որ արձագանգներ կը բերենք Քուէյթէն, որ Արաբական Ծոցի շրջանի հնագոյն ու ամէնէն աշխոյժ հայագաղութը կը սեպուի։ Աշխոյժ, որովհետեւ Քուէյթի մէջ կը գտնուի շրջանին հայկական ամէնօրեայ միա՛կ վարժարանը՝ Ազգ. Ճեմարանը, ահա արդէն շուրջ 65 տարիէ իվեր։
Ազգ. Ճեմարանի գոյութիւնը օրհնութիւն մըն է քուէյթահայոց համար։ Դպրոցը, սկսելով մանկապարտէզէն ու նախակրթարանէն, հետզհետէ յաջողած է վերածուիլ երկրորդական վարժարանի, 1980-ին տալով պաքալորիայի իր առաջին հունձքը։
Է՜ր երբեմն, այս ճեմարանի աշակերտութեան թիւը եւս,– ինչպէս Հալէպի մեր դպրոցներունը,– կը հասնէր մինչեւ 800-ի…։ Պարագան նոյնը չէ հիմա։ Ծոցի մերթ ընդ մերթ բռնկող պատերազմները արտագաղթի մղած են (ու կը մղեն) տեղւոյն ընտանիքներէն շատեր, որոնք առաւելաբար Սուրիայէն ու Լիբանանէն եկած ու հաստատուած էին հոս, տնտեսական դրդապատճառներով։ Ճիշդ տասնամեակ մը առաջ, 2015-16 ուսումնական տարեշրջանին, Քուէյթի Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը 400 էր։ 2022-ին այդ թիւը իջած էր 340-ի։ Իսկ ընթացիկ տարեշրջանը (2025-26) փակուած է 298 աշակերտներով, որոնց 15 տոկոսն ալ ոչ-հայեր են…։ 2016-էն իվեր կրթօճախին տնօրէնն է տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան (Հալէպէն)։ Վարժարանին յիսնամեակի յուշամատեանը հրատարակուած էր 2011-ին, հալէպահայ կրթական մշակ (արդէն աւելի քան տասնամեակէ մը իվեր Երեւան հաստատուած) Յակոբ Չոլաքեանի հեղինակութեամբ։ Դպրոցին նիւթական բեռը ամբողջովին կը հոգայ տեղւոյն գաղութը։
Քուէյթի հայ գաղութին պատմութիւնը հին չէ. կը սկսի 1950-ականներէն։ Գործի ու շահաբեր աշխատանքի հետամուտ սուրիահայ, լիբանանահայ, իրաքահայ եւ իրանահայ 300-400 երիտասարդներ կը կազմեն գաղութին առաջին կորիզը։
1960-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ընդառաջելով իրեն հասած դիմումներուն, «Հոգեւոր հովւութեան շրջան»-ի կը վերածէ Քուէյթը, տարիներ ետք ալ անոր կու տայ թեմական առանձին կառոյց։
Հոս կը գործէ մէկ եկեղեցի։ Տեղւոյն առաջնորդը իրեն օժանդակ ունի միակ քահանայ մը։ Եկեղեցին ու դպրոցը առանցքը կը կազմեն գաղութին։
Ստորեւ՝ անցնող շաբաթներու քուէյթահայ ազգային կեանքէն քաղուած լուրերու փունջ մը։
ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ, 17 Ապրիլին, ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարած է իր երեսփոխանական ժողովին լիագումար մէկ նիստը, քննելու համար գաղութին առնչուող այլաբնոյթ հարցեր։ Նիստին նախագահած է Արտակ աւ. քհնյ. Քեհեայեան։ Կարդացուած են ազգային վարչութեան եւ Ազգ. Ճեմարանի հոգաբարձութեան նիւթաբարոյական զոյգ տեղեկագրերը, որոնց մասին, այնուհետեւ, արտայայտուած են կարծիքներ։

Լիագումար նիստին վերաբերեալ հրատարակուած պաշտօնական լրատուութիւնը կ՛ըսէ, թէ «ազգային երեսփոխանական ժողովը բարձր գնահատեց գործունէութիւնը ազգ. վարչութեան եւ Քուէյթի ազգային վարժարանին, որոնք, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, յամառօրէն կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը»։
ՔՈՒԷՅԹԻ հայութիւնը, Ապրիլ 24-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին՝ «Ներսէս Շնորհալի» սրահը սարքուած յուշահանդէսով մը ոգեկոչած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, Մեծ Ոճիրին 111-ամեակին առիթով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է թեմին ազգ. վարչութեան կողմէ։

Բացման խօսք արտասանած է Յովիկ Գուզուեան։ Գեղարուեստական կարճ յայտագրէ մը ետք (ուր տեղ գտած է Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» քերթուածը), բանախօսած է Արամ Չափարեան։ Անոր յաջորդած է Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեանի խօսքը։ Հուսկ բանքը արտասանած է տեղւոյն հովիւը՝ Արտակ աւ. քհնյ. Քեհեայեան։
ՔՈՒԷՅԹԻ կրթութեան նախարար Ճէլալ ալ-Թապթապա, 13 Մայիսին, իր պաշտօնատեղիին մէջ ընդունած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեանը, որուն ընկերակցած է Ազգ. Ճեմարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան։ Դեսպանը բերանացի ամփոփ զեկոյց մը տուած է կրթական ոլորտէն ներս Հայաստանի ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ դեսպանատան ջանքերուն մասին՝ ինչ կը վերաբերի երկկողմ յարաբերութիւններուն։

Նախարար ալ-Թապթապա, իր կարգին, գնահատանքով արտայայտուած է Քուէյթի հայ համայնքին մասին, վերահաստատելով իր կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Քուէյթի հողին վրայ գործող միակ հայկական վարժարանին։ Հայաստան-Քուէյթ միջկառավարական յանձնաժողովի յառաջիկայ նիստին ընդառաջ՝ կողմերը համաձայնած են նոր առաջարկներու ճամբով աշխուժացնել միջնակարգ եւ մասնագիտական կրթութեան մարզէն ներս գործակցութիւնը։
ՔՈՒԷՅԹԻ մէջ Հայաստանի դեսպանը՝ դոկտ. Արսէն Առաքելեան, որ միաժամանակ իր երկիրը կը ներկայացնէ Յորդանանի մէջ, 18 Մայիսին մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր հաւատարմագրերը ներկայացուցած է Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ին։ Հայ դեսպանին նստավայրը կը մնայ Քուէյթը։

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, թէ Վեհափառ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով՝ թեմին առաջնորդական նոր տեղապահ նշանակուած է հոգշ. Տ. Օշին վրդ. Չուալերթանեան։ Ան ծնունդով Հալէպէն է, 30 տարեկան։ Աւարտած է Պիքֆայայի դպրեվանքը եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած 2016-ին։ Ցարդ թեմական պաշտօններ վարած չէ, այլ վանական տարաբնոյթ ծառայութիւններով գործած է Անթիլիասի մայրավանքէն ներս։ Հայր սուրբը իր նոր պաշտօնատեղին ժամանած է 20 Մայիսին։ Երկու օր ետք, ուրբաթօրեայ պատարագի աւարտին (Քուէյթի մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Ուրբաթ օրերը, քանի որ Կիրակին աշխատանքային օր է), ընդունած է թեմի հաւատացեալներուն աջահամբոյրն ու շնորհաւորութիւնները։

Այնուհետեւ, ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ազգային մարմինները ողջունած են իրենց նոր առաջնորդը։ Այստեղ, բարիգալստեան խօսքեր արտասանած են Արտակ աւ. քահանայ, ազգ. վարչութեան ատենապետ Նազարէթ Քէօշկէրեան, Հայաստանի դեսպանը՝ Արսէն Առաքելեան եւ ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Քեռի Սարգիսեան։ Իսկ Ուրբաթ, 29 Մայիսին, Հ. Օշին մատուցած է իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, որու ընթացքին կատարուած է հանրապետական մաղթանք։
ՔՈՒԷՅԹԻ Ազգ. Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, 25 Մայիսին, վարժարանի երդիքին տակ մէկտեղուելով՝ ողջերթ մաղթած են փակուող տարեշրջանին հետ աշխատանքէ դադրիլ փափաքող չորս կրթական մշակներու՝ պրն. Կարօ Ասլանեանի (փոխտնօրէն), օրդ. Մարալ Համպոյեանի (հայերէնաւանդ), օրդ. Մարինա Գալայճեանի (ուսողութիւն) եւ պրն. Խաժակ Պօյաճեանի (հայերէնաւանդ)։ Տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան դրուատալից արտայայտութիւններով մեծարած է պաշտօնաթողները եւ յուշանուէրներ յանձնած անոնց։

Չորս ուսուցիչներէն Կարօ Ասլանեան (որ հեղինակն է 2019-ին Երեւան տպուած բանաստեղծական հատորի մը՝ «Եթէ…»), դիմատետրի իր էջին վրայ, այս առթիւ, գրած է. «Կեանքիս մեծագոյն մասը անցուցած եմ դպրոցական պատերէն ներս՝ շրջապատուած աշակերտական աշխոյժ թոհուբոհով, դասագիրքերու բուրմունքով ու կրթական մշակներու անխոնջ նուիրումով։ Ուսուցիչի կոչում…։ Այս բառակապակցութիւնը երբեք սովորական չէ եղած ինծի համար. ան միշտ խորապէս յուզած է հոգիս, ստիպած է երկար խորհրդածել ու վերլուծել մեր առաքելութեան իսկական խորհուրդը։ Այսօր, երբ կը դիտեմ արդի աշխարհի սրընթաց փոփոխութիւնները, կը գիտակցիմ, որ ուսուցիչ ըլլալը այլեւս միայն գիտելիք ջամբել չէ։ Նորագոյն մանկավարժութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ ճկուն, քայլ պահել արհեստագիտական թռիչքներուն հետ եւ դասարանը վերածել ստեղծագործական արուեստանոցի»։ Ասլանեան այնուհետեւ նկատել կու տայ, որ ուսուցիչը մեծագոյն գոհունակութիւնը կը զգայ այն պահուն՝ երբ «տարիներու դժուար աշխատանքէ ետք քու ցանած սերմերը կը տեսնես պտղաբերած, կամ երբ յաջողութեան հասած նախկին սան մը երախտագիտութեամբ կը սեղմէ ձեռքդ»…։

