ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ուաշինկթընի մէջ Յունիսի առաջին օրերուն կազմակերպուած լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցային նիստերը նախանցեալ օր արդիւնաւորուեցան շարք մը պղտոր կէտեր պարունակող զինադադարի նոր համաձայնութեամբ մը: Ամերիկեան-լիբանանեան-իսրայէլեան եռակողմանի յայտարարութիւնը նշեց, թէ որոշուած է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, պայմանաւ որ Հըզպալլա դատարկէ հարաւը եւ ուղղուի Լիթանի գետէն հիւսիս: Կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակել բանակցութիւնները, շեշտելով թէ որեւէ լուծում պէտք է ուղղակիօրէն կնքուի երկու կառավարութիւններուն միջեւ՝ ամերիկեան հովանաւորութեամբ: Որոշուած է նաեւ հարաւի մէջ հաստատել փորձառական շրջաններ, ուր լիբանանեան բանակը կը ստանձնէ ապահովական պատասխանատուութիւն՝ հեռացնելով բոլոր ապօրինի զինեալները:

«Լիբանան եւ Իսրայէլ կը շեշտեն, որ թշնամական միտումներ չունին իրար նկատմամբ եւ յանձնառու կը մնան բանակցային ուղեգիծին՝ յանգելու համար ամբողջական համաձայնութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Սակայն, զինադադարը գործադրելու համար անհրաժեշտ է նախ յայտարարութիւնը պաշտօնապէս վաւերացնել երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ու տալ համապատասխան երաշխիքները: Յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք, լիբանանեան բանակէն ուժեր սկսան տեղակայուիլ Մարժաայունի մերձակայ Տպպին գիւղին մէջ եւ բանալ այդ շրջանը լիբանանեան մնացեալ շրջաններուն կապող ճամբան, որ փակուած էր իսրայէլացիներուն կողմէ: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ եւ Հըզպալլայի հովանաւորութեամբ գործող կրօնական գործիչներ քննադատեցին զինադադարի համաձայնութիւնը, զայն համարելով «լիբանանցիներուն մէկ մասը բնաջնջելու ծրագիր»: Քասէմ մերժեց զինադադարին համաձայնիլ, մինչեւ այն ատեն որ տակաւին կը ռմբակոծուին հարաւի գիւղերը: Քասէմի յայտարարութեան լոյսին տակ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մերժեց զինադադարի նիւթը քննարկել կառավարութեան մէջ եւ անոր հաւանութիւն տալ, իսկ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնաց հարուածել Պէյրութը, եթէ հրթիռարձակումի ենթարկուին իսրայէլեան բնակավայրերը: Իսրայէլեան բանակը մինչ այդ շարունակեց ռազմական գործողութիւնները եւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց հարաւ չվերադառնալու, որովհետեւ ան տակաւին ռազմական գօտի է: Իսրայէլեան բանակին համաձայն, անցնող շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ռմբակոծուած է Հըզպալլայի 650 թիրախ, իսկ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 2 Մարտէն ի վեր Լիբանանի մէջ մահացած է 3558 հոգի, վիրաւորուած՝ 10.870 մարդ: Նախանցեալ օր, Մարժաայունի իրենց դիրքերուն մէջ զոհուեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի սերպ խաղաղապահ մը, վիրաւորուեցան սպանացի երկու զինուորներ: ԵՈՒՆԻՖԻԼ բացաւ հետաքննութիւն՝ պարզելու համար վտանգաւոր միջադէպին մանրամասնութիւնները:
ԱՈՒՆ. «ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԷՄ ՉԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ «ուաշինկթընեան զինադադարը վերջին առիթն է, այլապէս թող իւրաքանչիւր խմբաւորում կրէ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնւը: Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը ընդունած ատեն Աուն կոչ ուղղեց Իսրայէլին չտալու բռնագրաւեալ հողերէն չքաշուելու պատրուակներ: Նախագահը բուռն յարձակում գործեց Թեհրանի դէմ ու զայն ամբաստանեց ամերիկացիներուն հետ բանակցութեան ընթացքին Լիբանանը իր սեփական շահերուն համար որպէս ճնշումի միջոց գործածելու մէջ, աւելցնելով որ «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ չի ներկայացներ լիբանանցիները»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին շեշտեց, որ բանակցութիւնը լուծումի յանգելու ամէնէն արագ միջոցն է: Ան Իրանին կոչ ուղղեց խնայելու հարաւը եւ հրաժարելու լիբանանցիները որպէս բանակցային խաղաքարտ համարող քաղաքականութենէն: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բանակի հրամանատարը ընդունած ատեն նշեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը պղտոր է, որովհետեւ ռազմական գործողութիւնները չի դադրեցներ առանց նախապայմաններու:
ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ճակատագրական ընտրութիւններ, որոնք վճռորոշ պիտի ըլլան յառաջիկայ տարիներուն ներքին ու արտաքին ուղղութիւններուն առումով՝ մանաւանդ քաղաքական, ապահովական եւ ընկերատնտեսական ոլորտներուն մէջ: Ընտրապայքարին կը մասնակցի 16 կուսակցութիւն եւ երկու դաշինք:

Խորհրդարանին աթոռները կը բաժնուին քուէներուն առնուազն 4 առ հարիւրը յաղթահարած կուսակցութիւններուն եւ առնուազն 8 առ հարիւրը հատած դաշինքներուն միջեւ: Կառավարութիւն պէտք է ձեւաւորուի ընտրութենէն առաւելագոյնը 6 օր ետք, այլապէս ընտրական երկրորդ փուլ կը կազմակերպուի առաջին երկու դիրքերը գրաւող ուժերուն միջեւ: Ազգային ժողովին մէջ առնուազն 4 աթոռ յատկացուած է ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ընտրութիւնները դիտարկելու համար Հայաստան ժամանած են եւրոպական, ռուսական եւ այլ դիտորդական պատուիրակութիւններ:
ԲՈՒՌՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ
Այսօր ընտրական լռութեան օրն է, որուն անցնող օրերուն նախորդեցին ընտրական քարոզչութեան բուռն ելոյթներ, բանավէճեր եւ նոյնիսկ սպառնալիքներ: Թեկնածուները առաւելաբար կեդրոնացան հայ-ատրպէյճանական զարգացումներուն եւ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ: Մինչ իշխող կուսակցութիւնը թուեց քաղաքական եւ տնտեսական իրագործումները, շեշտելով անկախութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ընդդիմութիւնը վարչապետն ու կառավարութիւնը համարեց դաւաճաններ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործակալներ, ահազանգելով գալիք աղէտէն, եթէ Փաշինեան վերընտրուի: Անոնք նաեւ դատապարտեցին կառավարութեան արեւմտամէտ ուղղուածութիւնը եւ Մոսկուայէն հեռանալու փորձերը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան օրերուն ստեղծուած տխրահռչակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ կարծիք յայտնեց, թէ այդ խմբակը կազմուած էր, որպէսզի հակամարտութիւնը չլուծուի: Չբացառելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն դուրս գալու հաւանականութիւնը, ան միաժամանակ դիտել տուաւ, որ Երեւան չի պատրաստուիր հանրաքուէ կազմակերպելու Եւրոմիութեան միանալու մասին, սակայն պիտի աշխատի մուտքի արտօնագրերու դրութիւնը ազատականացնել մինչեւ 2031 թուական: «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան ահազանգեց, թէ կազի գինը եռապատիկ պիտի բարձրանայ, եթէ շարունակուի Փաշինեանի վարչապետութիւնը, որովհետեւ Ռուսիա պիտի բարձրացնէ վառելանիւթի յատուկ սակագիները: Ընտրութենէն երկու օր առաջ կալանավայրէն արձակուեցաւ եւ տնային կալանքի տակ տեղադրուեցաւ Բագրատ արք. Գալստանեանը, որ ամիսներ առաջ առաջնորդած էր ընդդիմադիր շարժում մը:
ԿԵՐՏԵԼ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ, ԱՆՎՏԱՆԳ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի Վարիչ մարմինը հաղորդագրութեամբ մը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց աշխուժօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն՝ կերտելու համար Հայաստանի ինքնիշխան, բարգաւաճող եւ անվտանգ ապագան: «Այս ընտրութեամբ մենք պիտի որոշենք, թէ ինչ ուղիով պիտի շարունակէ զարգանալ Հայաստանը՝ ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան ամրապնդումի՞, թէ՞ մէկ այլ պետութենէ կախուածութեան ուղիով, հարեւաններու հետ խաղաղ համակեցութեան եւ տնտեսական յառաջընթացի՞, թէ՞ յաւերժ թշնամութեան եւ շրջափակումի, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեա՞ն, թէ՞ յետընթացի եւ քրէական համակարգի վերականգնումի ճամբով», հարց տուաւ հաղորդագրութիւնը, աջակցութիւն յայտնելով այն ուժերուն, որոնք ունին Հայաստանի վաղուայ օրուան յստակ տեսլականը, պետականամէտ մտածողութիւն եւ յառաջընթացի իսկական ծրագիր:
ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է որոշեն միայն Հայաստանի քաղաքացիները: Իսկ հայ ընտրողներու որոշումին վրայ ազդելու բացայայտ քայլով, ռուս պատասխանատուներ ընտրական քարոզարշաւի վերջին օրերուն բազմացուցին Հայաստանի նկատմամբ ճնշումները: Փոխվարչապետ Ալէքսէյ Օվերչուք յայտնեց, որ Երեւանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումները աւելի պիտի յստականան ընտրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ, իսկ Անվտանգութեան խորհուրդը շեշտեց, որ Հայաստան կազին համար պէտք է յաւելեալ մէկ միլիառ տոլար ճարէ:
Հակադարձելով Հայաստանի նկատմամբ ռուսական սպառնալիքներուն եւ պատժամիջոցներուն, Երեւանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս խոստացաւ Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրել, տեսակցելէ ետք հայ արտահանողներու հետ, որոնք վերջերս սկսած են դիմագրաւել կարգ մը արտադրութիւններու Ռուսիա արտահանումը արգիլող Մոսկուայի որոշումները: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսըլա Վոն Տէր Լայեն, իր կարգին, զրուցեց վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ յայտնեց Երեւանին յաւելեալ 50 միլիոն եւրօ տրամադրելու մասին:
334 ԱՆՁՆԱԳԻՐ ԵՒՍ
Հայաստանի կառավարութիւնը իր 4 Յունիսի նիստին ընթացքին վաւերացուց այլ երկիրներու քաղաքացիներու Հայաստանի քաղաքացիութեան անձնագրեր տրամադրելու վերաբերեալ: Յայտարարուեցաւ, որ 2026-ի առաջին եռամսեակին արտերկրի մէջ տրամադրուած է Հայաստանի քաղաքացիութեան վաւերական 334 անձնագրեր:

