Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային Արհեստագիտութեանց

Փրոֆ․ Արա Սայեղ (Լեհաստան)

June 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային  Արհեստագիտութեանց

Կրթութեան զօրակոչի առջեւ կանգնած են մեր աւանդական ուսումնակրթական համակարգերը  վերաձեւաւորելու մարտահրաւէրի հրամայականով՝ թուային արհեստագիտութիւններու անհակակշիռ զարգացող  միջավայրին մէջ։ Մենք կը կրթենք սերունդներ յարափոփոխ աշխարհի մը համար, ուր արհեստական բանականութեան (AI) անկաշկանդ յառաջընթացը արմատապէս կը վերաձեւաւորէ ուսումի, աշխատանքի եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու կառուցուածքին բնոյթը։ 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակի սեմին, վերաձեւաւորելու մարտահրաւէրը կրթական ասպարէզին մէջ գործողներս կը հարկաւորէ նոր տեսլականով վերարժեւորելու թուային արհեստագիտութիւններու համարկումը կրթական կառոյցին մէջ։

 

Արդեօ՞ք ուսումնակրթական հաստատութիւնները՝ դպրոցներ եւ բարձրագոյն ուսման կառույցներ, իրենց աւանդական ուսումնադաստիարակչական միօրինակ մօտեցումներով, կաղապարուած ծրագրերով ի վիճակի են ապահովելու յաջորդ սերունդներու կրթական եւ մասնագիտական պատրաստուածութիւնը։ Համահունչ ե՞ն լուսաւորութեան արդի կողմնորոշումներուն, կը յարմարի՞ն թուային արհեստագիտութիւններու համակարգի (այսույետեւ՝ ԹԱՀ) խելայեղ ընդլայնումին ու նուաճումներու հոլովոյթին [1]։

Արդեօ՞ք ուսումնակրթական հաստատութիւնները կրնան ուսանողները վերազինել ԹԱՀ-ի համապատասխան կարողութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են ո՛չ միայն ներկայի, այլեւ ապագայ աշխատաշուկայի փոփոխուող պահանջներուն յարմարելու համար։ Ինչպիսի՞  կրթական կառոյցի հեռանկար կարելի է կանխատեսել: Ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել ուսման կազմակերպումը՝ կրթութեան եւ մեքենայի միջեւ ձեւաւորուող փոխյարաբերութիւնը։

Ուսումնակրթական համակարգի հրամայականը՝ վերաձեւաւորում

Ցարդ ի՞նչ փոփոխուած է կրթական համակարգին մէջ, ինչո՞ւ աւանդական ուսումնակրթական մօտեցումները չեն կրնար համընթաց զարգանալ ԹԱՀ-ի եւ ԱԲ անկառավարելի եւ խորապէս նորարարական զարգացումներուն հետ։ Սա պարզապէս թուայնացում չէ, այլ մարդկային բանականութեան եւ մեքենայական համակարգերու միջեւ դերերու վերաբաշխում է։ Մեքենաները կը ստանձնեն տեղեկատուութեան, վերլուծութեան գործողութիւնները, մինչ մարդը կը պահէ քննադատական մտածողութեան, ստեղծագործութեան եւ բարոյական ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու ճարտարապետի առանցքային իր դերը։ Այսպիսով, կը ձեւաւորուի փոխլրացնող համագործակցութեան նոր նմուշ մը, ուր մարդն ու մեքենան չեն դիտուիր որպէս իրար փոխարինողներ, այլ՝ փոխադարձաբար լրացնող կառուցակարգեր։ Այս համագործակցութիւնը ո՛չ միայն կ’ընդլայնէ կրթական եւ մասնագիտական գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, այլեւ կը նպաստէ մարդկային կանխատեսելի սխալներու նուազեցման։ Աւանդական ուսումնակրթական համակարգերը կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրի ճնշման տակ։ Անոնք կառուցուած են դանդաղ փոփոխուող միջավայրի համար, մինչդեռ ԹԱՀ-ը ունի թռիչքաձեւ զարգացումի (exponential growth) բնոյթ։

Հասկնալի է, որ ուսումնակրթական ծրագրերու բովանդակութիւնը (syllabus, course sheet) կը թարմացուի երբեմն տարիներու ընթացքին, մինչդեռ տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւնները (IT), ԹԱՀ-ը կը զարգանան արագաշարժ ու ճկուն՝ ամիսներու վրայ չափուող շրջափուլով (cycle):

Ծրագրերու բովանդակութեան եւ յիշուած արհեստագիտութիւններու զարգացման անհամաչափութիւնը ո՛չ թէ ուսումնակրթական ծրագրերու թոյլ կառավարման հետեւանք է, այլ ուսումնակրթական համակարգերու զարգացման դանդաղ կշռոյթին եւ նշուած  արհեստագիտութիւններու  նորարարութեան դիւրափոխութեան միջեւ։

Աւանդական ուսումնակրթական կառոյցները մշտափոփոխ ուժընթացի (dynamics) հոսքի մէջ չեն, որուն պատճառով ուսանողի մը ձեռք բերած գիտելիքը կրնայ հնանալ նոյնիսկ իր ուսման տարիներու ընթացքին, ինչ որ նոյնիքն ուսանողը կը պարտաւորեցնէ հետեւելու յաւելեալ որակաւորման դասընթացքներու, որպէսզի իր տեղը գտնէ աշխատաշուկային մէջ։ Հետեւաբար, աւանդական ուսումնակրթութեան բնոյթի վերաձեւաւորումը գերհրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ անհաճոյ բայց յանդուգն հարցադրում մը կը յառաջացնէ՝ «ինչո՞ւ սորվիլ», փոխանակ հարց տալու թէ «ինչպէ՞ս սորվիլ» եւ «ի՞նչ սորվիլ»:

Մարդառոպոթ ուսուցիչներ՝ կրթութեան նոր յարացո՞յց

Պատմականօրէն, ուսուցիչը ընկալուած է որպէս գիտելիքներու հիմնական պահապան՝ «շարժական գրադարան»ի տիպարով, մինչ արդի կրթական միջավայրին մէջ անոր վերապահուած է աւելի ընդլայնուած դերակատարութիւն մը, որ կը բնութագրուի որպէս ուղղորդող եւ երբեմն ուսումնական գործընթացի միջնորդ։ Կրթութեան արժէքը այլեւս չի սահմանափակուիր տեղեկութեան փոխանցումով, այլ կը վերաբերի ստուգուած եւ օգտակար տեղեկութիւնը քննադատական ու վերլուծական մտածողութեամբ գնահատելու, զայն ուղղորդելու եւ նպատակային ու հեռանկարային կերպով կիրառելու կարողութեան։ Ուստի, կրթութեան առաւելութիւնը այլեւս միայն գիտելիքներ ունենալը չէ, այլ՝ նպատակադրուած եւ ծրագրուած հարցադրումներ ձեւակերպելու, արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ ստուգուած տեղեկութիւնները ռազմավարական նպատակներու ծառայեցնելու հմտութիւններով։

Աստիճանաբար մարդառոպոթները մեզ կը շրջապատեն օրէ օր, կրթական նոր միջավայրի մը ընթացք տալով։ ԱԲ կառոյցով մարդառոպոթները սկսած են լայնօրէն օգտագործուիլ ուսումնակրթական զանազան կառոյցներու մէջ, ներկայիս անոնք կարեւոր բաժին մը ստանձնած են լեզուաբանութեան, տնտեսագիտութեան, բժշկութեան, մանկավարժութեան, իրաւագիտութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ, օգնելով բազմալեզու թարգմանութեան, վերլուծութեան, խորհրդատուութեան, քննութիւններու ստուգման, անհատական ուսուցման կազմակերպումի եւ այլն, այս գործընթացը արդէն կը կատարուի ու կը զարգանայ։ Հաւանական է, որ շատ մօտ ապագային «մարդառոպոթ ուսուցիչները» բազմանան՝ ծառայելու որպէս բազմաշերտ աւելի համակարգուած հմտութիւններով, իբրեւ մասնագիտացած ակադեմական օգնականներ, առանց ամբողջովին փոխարինելու մարդը։

Արհեստագիտութեան եւ կրթական շրջափուլերու անհամընթացութիւն

Պատկերացնենք ուսանող մը, որ իր ուսումը սկսած է 2018 թուականին՝ ԱԲ-ի (generative AI) լայն տարածումէն առաջ։ Չորս տարուան ընթացքին ի յայտ եկան ԹԱՀ-ի եւ ծրագրերու նոր ձեւեր, որոնք կրցան իրագործել ծրագրաւորման, փորձարկման, փաստաթղթաւորման եւ սխալներու ուղղման գործառոյթներ՝ յաճախ գերազանցելով միջին մակարդակի մասնագէտներու կարողութիւնները, որուն հետեւանքով աշխատաշուկան արմատապէս փոխեց իր պահանջները։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ ուսանողի ուսումնական ծրագիրը գիտելիքի ենթարկուածութիւն մը կը յուշէր, ձեւաւորուած էր ԹԱՀ-ի արագ  զարգացումներէն առաջ, հետեւաբար չէր կրնար համահունչ ընթանալ արհեստագիտական սրընթաց հոսքի դրոյթին:

Մենք արդէն ականատես ենք «կրթական խզման» (educational gap) երեւոյթին, որ տեղ գտած է ուսումնակրթական եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Եւ սա հաստատուած է  2024–2025 թուականներու միջազգային հետազօտական զեկոյցներով։ Հետեւաբար, խնդիրը այն է, որ ուսումնակրթական հաստատութիւնները կազմաւորուած էին աւելի դանդաղ եւ կանխատեսելի փոփոխութիւններու պայմաններուն յարմարելու նպատակով, մինչդեռ այսօր ԹԱՀ-ը սրընթաց զարգացում կ’ապրի եւ կը ձեւաւորէ ուսումնական բարդ համակարգեր, որոնց պայմաններուն մէջ աւանդական մօտեցումները այլեւս անկարող են լիարժէք կերպով բաւարարելու արդի ուսումնակրթական մերօրեայ կարիքները։

ԹԱՀ-ի ժամանակակից զարգացումը խորապէս կը վերափոխէ կրթութեան եւ գիտելիքի աւանդական ըմբռնումները։ Կրթութեան առաքելութիւնը կը վերասահմանուի մարդու քննադատական մտածողութեան ինքնուրոյնութեամբ, իմացաբանական խորաթափանցութեամբ եւ իմաստաստեղծ կարողութեան համակարգուած զարգացումով, ԱԲ-ի դարաշրջանին մէջ աւելի կենսական կը դառնայ մարդկային արժէքաբանական գիտակցութիւնն ու բնորոշող  դատողութեան խորացումը։

Գիտելի՞ք, թէ՞ կարողութիւն․ կրթութեան երկբեւեռութիւնը

Կրթութեան ոլորտին մէջ OECD-ը կը հետազօտէ, թէ ինչպէս կարելի է կրթական համակարգերը համապատասխանեցնել ժամանակակից աշխարհի արագ փոփոխուող կարիքներուն [2]։ OECD-ն իր 2025 թուականի զեկոյցին մէջ կը ներկայացնէ մտահոգիչ եզրակացութիւն մը՝ ընդգծելով, որ աւանդական կրթութեան մակարդակի աճը ինքնաբերաբար չի վերածուիր հիմնարար հմտութիւններու զարգացման։ Այլ խօսքով, մեծ թիւով վկայականներ կը տրուին, սակայն սահմանափակ թիւերով շրջանաւարտները աշխատաշուկայ կը մտնեն, որոնք օժտուած են ԹԱՀ-ի գերազանց հմտութիւններով, կարողութիւններով։

Ժամանակակից կրթութիւնը կը գերազանցէ գիտելիքի վերարտադրութիւնը՝ առաջնահերթ համարելով ստեղծագործական, վերլուծական եւ քննադատական մտածողութիւնը, երեւակայութեան եւ նորարար մտայղացումներու, լուծումներու զարգացումը։ Ապագայի կրթութիւնը կը դիտարկուի որպէս միջգիտակարգային (interdisciplinary) եւ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) համագործակցութեան հարթակ, որ կը նպաստէ բեկումնային հետազօտութիւններու։

Ըստ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի (WEF) 2025 թուականի զեկոյցին, գործատուներուն 81%-ը կը նախատեսէ մինչեւ 2030 թուական թեկնածուները գնահատել նախ եւ առաջ ըստ իրենց մասնագիտական փորձառութեան, ԹԱՀ-ի հմտութիւններուն, ատակութիւններուն եւ ո՛չ միայն վկայականներու հիման վրայ։

Թէեւ կրթական համակարգերը հետամուտ են ու ճիգ չեն խնայեր կրթութեան արդի արհեստագիտութիւններու հասանելիութիւնը ընդլայնելու, սակայն միշտ չէ, որ կը կարողանան այդ գիտելիքներու գործնական կիրառումը ապահովել աշխատաշուկայի համապատասխանութեամբ։ Հետեւաբար, խնդիրը քանակական չէ, այլ՝ որակական բնոյթով կը յատկանշուի, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կը սորվեցնենք եւ ի՞նչ կը պահանջէ առկայ իրավիճակը։

Վերջաբանի փոխարէն՝ խոհի կոչ

Ժամանակակից ԹԱՀ-ի նուաճումներու շրջապատին մէջ կրթութիւնը կը գտնուի խորքային վերաձեւաւորման շեմի հրամայականին առաջ։ Մենք կը կրթենք գալիք շրջանի մը համար, որ տակաւին կը ձեւաւորուի, մասնաւորաբար ԱԲ-ի արագ զարգացումով, որ գլխավորաբար կը փոխէ ո՛չ միայն գիտելիքի բնոյթը, այլեւ կրթութեան իմաստը, դերն ու ուղղութիւնը։

Այս իրողութիւնը մեզ կը մղէ մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կրթութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկութիւնները բոլորիս հասանելի են ակնթարթի մէջ, իսկ փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան անկանխատեսելի բարեփոխումներով, որոնք կարելի է բաժնել՝

Ա- Զօրակոչի առջեւ կանգնած է՝ կրթական համակարգը

  • Հնարաւո՞ր է, որ կրթական համակարգերը աստիճանաբար հեռանան գիտելիքի փոխանցման մօտեցումներէն եւ աւելի մօտենան վերլուծութեան եւ գործնական կիրառութեան վրայ հիմնուած ձեւերու։
  • Կարելի՞ է պատկերացնել աւելի ճկուն եւ շարունակաբար թարմացուող ուսումնական ծրագրեր, որոնք աւելի արագ արձագանգեն ԹԱՀ-ի զարգացումներուն եւ աշխատաշուկայի փոփոխուող պահանջներուն։
  • Արդեօ՞ք նախագծային ուսուցումը եւ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) մօտեցումները կարող են աւելի կենսունակ ուղիներ դառնալ համակարգային մտածողութեան եւ բազմաբաղադրիչ խնդիրներու լուծման ելքեր գտնելու համար։
  • Ի՞նչպէս կրթութիւնը կրնայ վերարժեւորել իր հասունութիւնը աշխատաշուկայի հետ, որպէսզի վկայականը միայն գիտելիքի ցուցանիշ մը, ապացոյց եւ որոշիչ եզր չըլլայ, այլ նաեւ հմտութիւններու, մտային որակի, փորձառութեան, յարմարունակութեան եւ գործելու կարողութեան արտայայտութիւն։

Բ- Զօրակոչի առջեւ կանգնած է ուսուցիչը

  • Ի՞նչպէս կրնայ ուսուցիչը պահպանել իր առանցքային դերը այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը այլեւս միայն դասարանէն չի փոխանցուիր, այլ նաեւ հասանելի է բազմաթիւ ԹԱՀ-ի աղբիւրներէ։
  • Կարելի՞ է ուսուցիչը դիտարկել ո՛չ միայն որպէս գիտելիք փոխանցող, այլ նաեւ որպէս ուղղորդող, քննադատական մտածողութիւնը զարգացնող եւ ստեղծագործական բազմաշերտ հմտութիւններով օժտուած դերակատար։
  • Ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ ուսուցիչներու շարունակական վերապատրաստումը եւ թուային արհեստագիտութիւններու տիրապետումը կրթական գործընթացի որակը արդիականացնելու եւ կատարելագործելու։
  • Խորապէս կառուցողական է ԹԱՀ-ը օգտագործել ո՛չ թէ որպէս պարզ կամ յաւելեալ ընտրութիւն, այլ՝ թէական, որպէս արժանահաւատ կրթական գործընկեր։ Հարկ է շեշտել, որ կրթական գործընթացին արդիւնաւէտութիւնը զգալիօրէն կախեալ է ուսուցիչին՝ ԹԱՀ-ի, ԱԲ-ի հասուն ու իրազեկ հմտութիւններէն, որպէս առանցքային ընտրութիւն՝ հասկնալու, կիրառելու, զատորոշելու, ընտրելու, ուղղորդելու եւ մանկավարժական նպատակներով արժեւորելու կարողութենէն։ Այս իմաստով, ԹԱՀ-ի գրագիտութիւնը պէտք չէ դիտուի սոսկ որպէս արհեստագիտական լրացուցիչ հմտութիւն, այլ՝ որպէս մանկավարժական եւ հաղորդակցական փոխազդեցիկ միջավայր, որ կը վերաձեւաւորէ ուսուցման գործընթացը։ Մանաւանդ, որ ուսանողութիւնը այսօր ո՛չ միայն ԱԲ պայմանաւորուած միջավայրի գործօն մասնակիցներէ կը բաղկանայ, այլեւ ԹԱՀ-ի մէջ հասակ առնող, արդի հաղորդակցութեան վարժ եւ գիտելիքի ընկալումը ձեւաւորող ունակ սերունդ մըն է։

Գ- Զօրակոչի առջեւ կանգնած է ուսանողը

  • Արդեօ՞ք ապագայի ուսանողը պիտի բաւարարուի միայն տեղեկութիւններ իմանալով, թէ՞ աւելի կարեւոր պիտի դառնան հասկնալու, հարցադրելու, քննական ու գիտավելուծութեամբ վերարտադրելու կուտակած իր գիտական հմտութիւնները։
  • Ինչպիսի՞ արժէք պիտի ունենայ գիտելիքը այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տեղեկութիւնը հասանելի է վարկենապէս եւ ԱԲ-ը կարող է ակնթարթօրէն պատասխաններ տրամադրել, բայց միշտ ալ կարելի չէ ԱԲ-ի պատասխաններն ու լուծումները ընդունիլ որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն։
  • Հնարաւո՞ր է, որ ապագայի ուսանողը վերաձեւաւորուի որպէս ստեղծագործող, ինքնուրոյն, արհեստագիտութիւններու յարմարունակ, հմտութիւններով զինուած ճարտար անհատ, քան որպէս միայն պատրաստ գիտելիքներու ամբարողն ու սպառողը։

Մենք չենք կրթեր միայն այսօրուան աշխարհի համար, այլ՝ այն վաղուան, որ դեռ կը կերտուի մեր աչքերուն առջեւ՝ ԹԱՀ-ի եւ ԱԲ աննախադէպ եւ ուժգին թափով զարգացումներու նոր իրականութեամբ։ Կը համոզուինք, որ ուսումնակրթական համակարգը ռազմավարական մտածողութեան հիմնարար դարբնոցն է, մտաւոր ձեւաւորման առաջնային տարածքն է, մեր ապագայ սերունդներուն հետ կամրջող ու խորամիտ մարդ տիպարը ձեւաւորող հիմնական հենքը։ Այս իմաստով, ապագայի կրթութեան առանցքային խնդիրը այլեւս չի սահմանափակուիր «ի՞նչ» եւ «ի՞նչպէս» սորվեցնելու հարցադրումներով, այլ կ’առնչուի աւելի խորքային եւ քաղաքակրթական նշանակութիւն ունեցող հարցի՝ «ապագայատեսիլ ինչպիսի՞ մարդ ձեւաւորել»։

  • Ա․ Ս․ – «Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը (AI) սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ» https://wp.me/pd909i-mif  
  • Organisation for Economic Co-operation and Development (OECD)՝ «Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւն»։

Տեղադրուած գեղարուեստական նկարը պատրաստուած է հեղինակին առաջադրանքով

եւ ԱԲ օժանդակութեամբ։

Share61Tweet38
Previous Post

Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Next Post

Հանդիպեցան Կէս Դար Ետք

Next Post
Հանդիպեցան Կէս Դար Ետք

Հանդիպեցան Կէս Դար Ետք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.