Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

June 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Գաղտնիք պարզած չենք ըլլար, եթէ բացայայտենք կամ բարձրաձայնենք, որ Հայաստան աշխարհը թեւակոխած է խիստ վտանգաւոր շրջագիծի մը մէջ, որ կրնայ աւելի աղիտաբեր ցնցումներու ենթարկուիլ։

Զարմանալին եւ այպանելին այն է, որ անկումային զարգացումները անզուսպօրէն կը շարունակուին, կարծես թէ Հայաստանը դատապարտուած է մնալու կազմալոյծ ու հաշմանդամ, իսկ այդ հիւանդկախ վիճակը ոչ ոք չի տեսներ կամ, զգալու պարագային իսկ, անտարբերութիւնը կը պատէ ամբողջ շրջապատը։

Ո՛չ տարերային երկրաշարժը, ոչ ալ Արցախեան պատերազմներու ճակատագրերը նման անփոյթ ու սանձարձակ, անուղղայ ու խառնափնթոր սուր բռնկումներ ստեղծած են, որովհետեւ ժողովուրդը գիտակից ու զգաստ էր, թէ ինչպէս պիտի վերաբերուէր այդ բարդ տագնապներուն հետ, հետեւաբար չկար խուճապային եւ անձնատուութեան դաժան մթնոլորտ, դիմագրաւելու զանոնք բացառիկ զգուշութեամբ, աչալրջութեամբ, իրատեսութեամբ, վճռակամութեամբ ու մտացիութեամբ։

Նոյն օրինապահութիւնը կը տիրէր նաեւ անկախութեան հռչակումի նախօրեակին, նաեւ՝ ընթացքին, որովհետեւ ժողովուրդը կը հաւատար անոր իրաւականութեան ու զայն պահելու եւ յաջողցնելու կարելիութեան, համախումբ ու միասնական մասնակցութիւններով։

Վերոյիշեալ եղելոյթները ի՞նչ կը նշանակեն եւ ի՞նչ կ’ապացուցանեն, եթէ ոչ հայութեան՝ դէպի իր երազները իրականացնելու ուղիներով ընթանալու եւ կառչած մնալու իր հաւատամքներուն եւ ապագայակերտութեան հիմունքներուն։

Պատահական չէին այս ուղղամիտ դիրքորոշումները, անզիջող կեցուածքները եւ ամրակուռ համոզումները, երբ ամբողջ 70 տարի այսօրուան Հայաստանը կառուցուեցաւ, որոնք անմիջական գալիքին համար պիտի դառնային «պատրաստի ափսէներով» լի պետականութեան հիմքեր ու խարիսխներ։

Կը մնար որ ժողովուրդը ընդունէր եւ ապրէր այդ վայելքները, որոշ ատեն մը փորձելով յաղթահարել դժուարութիւնները եւ անձկութիւնները, այն յոյսով որ անկախութիւն ձեռք ձգելը կ’ենթադրէր նաեւ զոհողութիւններ, թէկուզ զրկանքներու եւ ժուժկալութիւններու գնով։

֍֍֍

Դժբախտաբար, սակայն, սպասուած ու սպասելի պայմանները, ակնկալուած եւ ակնկալելի դրոյթները այնքան ալ ձեռնտու ու լիարժէք չէին կրնար դառնալ միանգամայն, այնքան ատեն որ Հայաստանը նորաթուխ պետութիւն մըն էր, որ հասակ պիտի առնէր իր բազմաճիւղ ու բազմատեսակ աճումներով, ծնունդներով ու կազմութիւններով, իսկ ատոնք կը պահանջէին ժամանակ ու համբերութիւն, ծրագրեր ու տնտեսութիւն, անոնց միջոցով հետզհետէ անկախութիւնը թեւ առնելու համար։

Անկասկած, այդ բոլորը շուտով իրականացնելը այնքան ալ դիւրին ու հեզասահ պիտի չըլլար, մանաւանդ Հայաստանի նման նորանկախ պետութեան մը համար, որ նախ շրջափակուած էր թշնամի երկիրներէ (եթէ բացառենք Իրանը), ապա չունէր ծովային ելքեր, իսկ ասոնք անհրաժեշտ էին իր վերականգնումին ու վերակենդանացումին համար։

Տակաւին, Հայաստանին համար կը պակսէր դիւանագիտական աշխարհին հետ իր անզօրութիւնն եւ անփորձառութիւնը, տնտեսական կապերուն համարեա չգոյութիւնը եւ ընդհանրապէս այն տուեալներն ու աղբիւրները, որոնք անկախութեան կու տային յուսատու լիցք եւ անմիջական յարաբերութիւններ։

Անկախութեան առաջին հիմնադիր-նախագահ պրն. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պաշտօնավարման շրջանը, իրօք, ՍՏՈՒԳԱՏԵՍԱԿԱՆ փորձագիտութիւն մըն էր, ուր օրակարգերն ու թղթածրարները այնքան կուտակելի եւ անլուծելի էին, իսկ զանոնք կարգաւորելը, դասաւորելն ու հիմնաւորելը, կը կարօտէին խելամիտ, ուսեալ, լայնախոհ, բազմաշնորհ, յարգարժան մասնագէտներու, կուռ ու հեղինակաւոր կառավարութիւն մը ունենալու եւ նոյնքան ազդեցիկ Ազգային ժողով մը։

Իսկ ատոնք գտնելն ու նշանակելը, պաշտօնակոչելը եւ ընտրելը, իրօք, նորահաս պետութեան մը համար մեծ պատասխանատուութիւն ու ձեռնհասութիւն կը պահանջէին, իսկ առաջին նախագահը այդ բոլորը տնօրինելու, համադրելու եւ զօրաշարժի ենթարկելու համար ունէր կարողութիւնը, բայց, մէկ կողմէն, համապատասխան ուժերն ու թեկնածուները կը բացակայէին, միւս կողմէն՝ ներքին անճարակ քաղաքական հոսանքները միշտ ալ իր դէմ հանդէս կու գային խառնակչութիւններով, զրպարտութիւններով ու չարախօսութիւններով, հուսկ՝ Ղարաբաղեան հարցին թնճուկը, սահմանային անցքերն ու միջանցքները եւս հրատապութիւններ էին իրենց հրամայականներով, պահանջներով ու բանավէճերով։

֍֍֍

Ասոնք նախնական ու ճեպընթաց թուումներն էին, որոնք անկախութեան առաջին տարիներուն մեխերու նման խրուեցան ու խցուեցան, նորանկախ Հայաստանի «փափկաշէն ուս»երուն, մինչեւ ներքին բորենիները ու գարշատէրերը, իրենց ամենօրեայ դաւերով ու նենգութիւններով, հասնէին նախագահական պաշտօններուն կամ պատրաստաշէն դիրքերու, ոչ միայն շահագործելով ու վարկաբեկելով պետականութեան արժանապատուութիւնը, այլեւ՝ ժողովուրդը թշուառացնելով եւ աղքատացնելով, արտագաղթի մղելով շատերը, ալ չխօսինք թալաններուն, ոճիրներուն մասին, տեսակ մը մենատիրութեան ու բռնատիրութեան բերդի վերածելով հայրենիքը։

2018 թուականը, «դուխ»ով եւ «ուսապարկ»ով, «Նիկոլիզմ»ով եւ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» նոր դարաշրջան մը բանալու ողջունելի հեռանկար մը ստեղծեց, ժողովուրդը շունչ առաւ, որ «նախկին»ները կը դատուին, իրենց ապօրինի «աւար»ները կը վերադարձուին, «դղեակ»ները կը սեփականացուին, եւ այլն, եւ այլն, սակայն ատոնցմէ ոչ մէկը ցարդ չիրականացաւ, բացի կցկտուր փշրանքներէ, մինչ անոնց «հերոս»ները, «հանրային պարտէզ»ի գոհունակութեամբ կը դեգերին հոս ու հոն, կը թփռտան ու կը շողշողան կարծես թէ ամէն մէկը «անմեղ պատառ» մըն է, իսկ իր շրջանը՝ «խաղաղութեան բեւեռ» մը։

Ներկայիս, երբ շուտով տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, քաղաքական բոլոր կողմերը խուռներամ գոռոզամտութեամբ, անտեղի ցուցամոլութեամբ, անպատկառ ելոյթներով, անիմաստ կարգախօսային բացագանչութիւններով, ուռուցիկ հայրենասիրութիւններով ու խայտաբղէտ տարատեսակ դիմակներով հանդէս կու գան, պահ մը մտածել կու տան (թէ՞ չեն տար), որ այս ընտրութիւնները խորհրդարանակա՞ն են, թէ՞ օրէնսդրական, ժողովրդավարակա՞ն են, թէ՞ ինքնապաշտպանողական, հայրենակա՞ն են, թէ՞ քաղաքական, ազգայնակա՞ն են, թէ՞ փառատօնական։

Անշուշտ, ընտրական այս մրցակցական հեւքին մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք իրենց անկեղծ ու պարկեշտ համոզումներէն մեկնելով իրենց թեկնածութիւնները դրած են, ի հակադրութիւն այն բոլոր միւս խաժամուժային ամբոխներուն, երբ ակնյայտ է անոնց մեծ մասին ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով մասնակցութիւնները։

Կ’անգիտանանք, թէ այս կոշտ մրցակցութեան թեւերը ուրկէ՞ կը սկսին եւ ո՞ւր կրնան վերջանալ, երբ յստակօրէն կ’երեւայ, թէ մրցակիցներուն կարեւոր մէկ մասը զիրար ջարդելով ու փշրելով… գերյագեցած է, հետաքրքրական է, ընդդէմ որո՞ւն, թէեւ աղմկարարները կը յիշեն Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ… Ռուսաստանը (այս վերջնոյն պարագային, որմէ՞ վրէժ լուծելու, երբ… պատը իրենց դիմացն է)։

֍֍֍

Այս խլացուցիչ թոհուբոհին ու խառնիճաղանչին մէջ, եւ ընդհանրապէս ժխորին, կը տեսնենք երկա՜ր ամիսներէ իվեր հայաստանցիներու ամբոխային մեծամասնութիւն մը, ամէնօրեայ դրութեամբ եւ յաճախականութեամբ Երեւանի հրապարակները, խաչմերուկները, պողոտաները, հանրաթաղերը, կեդրոնները, շրջանները, կամուրջները ողողած են իրենց քարոզարշաւներով, լոզունգներով, բարձրախօսներով, պաստառներով, ցուցանակներով, այս կամ այն կողմին զօրակցութիւն յայտնելով, ի՞նչ կ’ենթադրուի կամ կը հաստատուի, եթէ ոչ՝ ՏԽՈՒՐ պատկերի մը մռայլութիւնը…։

Ի հարկէ, նման ընտրական մրցակցութիւններու պարագային այս բոլորը կը նկատուին բնական, այլեւ՝ անհրաժեշտ, բայց երբ հայաստանեան իրականութեան համապատկերին ընդմէջէն կը դիտուին, ուղղակի անհաւատալի է, աներեւակայելի եւ անտրամաբանական, տեսնել հոս ու հոն ցրուած հաւաքներ, հանդիպումներ, շքերթներ, տողանցքներ, հանրատեղեր, որոնց մրցակիցները, ամէն ինչ ձգած-մոռցած, լծուած են արշաւներու, վազքերու, պոռչտուքներու, իսկ որոշ տեղ ալ անկարգներ ենթարկելով… բերման։

Կարեւոր հարց մը, արդեօ՞ք չի մտահոգուիր կամ հարցադրուիր, թէ ժողովուրդին այս զանգուածները աշխատանք չունի՞ն, եկամուտ չունի՞ն, ընտանիք չունի՞ն, որ ամիսներէ ի վեր փողոցներ կը չափչփեն, ի՜նչ է եղեր, այս կամ այն մէկը պիտի ընտրեն (կամ՝ չընտրե՞ն), բայց պիտի վարձատրուին…։

Անշուշտ, մենք ո՛չ քննադատողի, ո՛չ քննադատականի դերին մէջ կը գտնուինք կամ կը յաւակնինք այդ դիտանկիւնով դիտելու հայրենական հրատապ հարցերէն ոմանք, որոնք, ինչպէս հայրենիքին, նաեւ մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ անոնց եւ, ըստ այնմ, տեղին արձագանգել կամ դիտարկել զանոնք, առանց «գործնապէս» միջամուխ ըլլալու…։

Այն երեւոյթները, պատկերները կամ երիզները, որոնք մեր առջեւ պարզուեցան ու կը պարզուին անցնող տարիներուն, ոչ ոքի համար կրնան ըլլալ հանգստացուցիչ (ալ ո՜ւր մնաց բերկրալի), մինչ ամէն ինչ դէպի լաւը ընթանալու նշաններ ո՞ւր են, աւելին՝ ո՞վ ըսաւ թէ ատոնք բաւարար են, գոհացուցիչ, երբ անոնք կը մնան հայրենական, սփիւռքեան եւ ազգային… գերմտահոգութիւններ։

Ամէն հայու համար, ինչպէս այսօրուան, նաեւ վաղուան հաշուոյն, խռովայոյզ հարցեր են ասոնք, որոնք, վերջերս, ոչ մէկ ձեւով իրենց բնականոն եւ օրինական կարգերուն վրայ կը գտնուին։ Փաստերը՝ վկա՛ն։

Ինքնին հարց է, թէ վաղը, երբ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կայանան, անկախաբար անկէ, թէ ո՞վ կը շահի, կը կորսնցնէ, կամ կը յաղթանակէ, հայաստանեան ներքաղաքական ու ներխորհրդարանական վիճակը ի՞նչ պատկեր կրնայ ստանալ։

Հո՛ս է հարցերուն հիմնահարցը։

Այս գրութիւնը արդէն պատրաստուած էր, երբ ականատես դարձայ քանի մը հպարտառիթ ազգաներշնչող պատուաբեր ու բացառիկ ձեռնարկութիւններու, որոնցմէ կարելի է յիշել միջազգային պարոյթի սքանչատես միջոցառումները՝ շուրջ հինգ հազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներու առինքնող մասնակցութեամբ, իսկ երկրորդը՝ Աշխատանքային օրուան առիթով, 1 Մայիսի փառատօնային փառաւոր շքերթը, երկուքն ալ, ծովածաւալ բազմութիւններու ներկայութեամբ, ինչ որ սիրտ կը հովացնէին, հոգիներ կը գերէին ու տրամադրութիւններ կը շեփորէին, մինչ անդին ընդիմադիր-բեկորներ, յաջորդ օրը, «ակցիա»ներ կը կազմակերպէին տասնեակ օտար դիւանագէտներու առջեւ ի՞նչ ըսելու, ի՞նչ ցուցադրելու եւ ի՞նչ շահելու համար։

Ասոնց պատասխանները պէտք է փնտռել (եթէ կան) անոնց մօտ, որոնք վարակուած չեն հաւկուրութեան ախտերէ կամ կարճատեսութեան հիւանդկախութենէ…։

Share61Tweet38
Previous Post

Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

Next Post

Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային Արհեստագիտութեանց

Next Post
Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային  Արհեստագիտութեանց

Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային Արհեստագիտութեանց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.