Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

 Լ. Շ.

June 4, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

Մարտ ամսու առաջին օրէն սկսեալ մինչեւ Ապրիլի կէսերը Իրանի քաղաքներն ու իրանցիք դա՛րձեալ ապրեցան պատերազմի անդոհանքը։ Եբրայական պետութիւնն ու իր գերհզօր պաշտպանը՝ Միացեալ Նահանգներ, օդային հրթիռակոծումներ շղթայազերծեցին իրանեան այլազան տարածքներու վրայ, ալեկոծելով Արաբական Ծոցի քարիւղաշատ աւազանը…։

Ու մինչ ամբողջ աշխարհ շունչը բռնած ժամ առ ժամ կը հետեւէր պատերազմական թէժ իրադարձութեանց, ես մտքով կը թռչէի դէպի Թեհրան, դէպի Նոր Ջուղա կամ դէպի Թաւրիզ…։ Ի՞նչ կ՛ընէին մեր հայ հայրենակիցները այնտեղ, ինչպէ՞ս կը պաշտպանէին իրենք զիրենք, նիւթական կամ մարդկային զոհեր կ՛ունենայի՞ն արդեօք…։

Կը սպասէի, որ Թաւրիզէն հասնէր տեղւոյն «Արտազ» ամսագրին նոր թիւը, որպէսզի ճշգրիտ տեղեկութիւններ քաղէի հոնկէ, վերահասու ըլլայի կացութեան։

«Արտազ»-ի նորագոյն թիւերը (Մարտ եւ Ապրիլ, անջատաբար) հասան իմ հասցէին ճի՛շդ ժամուն, առանց յապաղումի։ Կարգապահ հրատարակութեան տիպար օրինակ մը՝ «Արտազ»-ը, որ պաշտօնաթերթն է Ատրպատականի Հայոց թեմին։ Խմբագիրը թեմակալ առաջնորդն է՝ Գրիգոր արք. ՉիՖթճեանը։

Ուշադրութեամբ թղթատեցի երկու թիւերն ալ։

Այո՛, պատերազմի ու անապահովութեան բերումով՝ համայնքային կեանքը դադրեր է Ատրպատականի մէջ առժամաբար, բայց… կեանքը կը շարունակուի։ Ճիշդ է որ եկեղեցիներն ու համայնքային հաստատութիւնները պահ մը փակեր են իրենց դռները, սակայն գո՛նէ «Արտազ»-ի էջերը լեցո՛ւն են։ Շահեկան ու հետաքրքրական շատ բան կայ հոն։ Եկէ՛ք ման գանք անոր էջերուն մէջ։

*

 «Արտազ»-ի Մարտի թիւին առաջնորդող խմբագրականը կը կրէ «Մի զոյգ գժի ՛՛բացառիկ հերոսութիւն՛՛-ը» խորագիրը։

«Գիժ» բառը գործածելի չէ մեր արեւմտահայերէնին մէջ, բայց առատօրէն գործածական է արեւելահայոց մօտ։ Կը նշանակէ «խենթ, խելագար»։ Ուշիմ ընթերցողներս անմիջապէս հասկցան անշուշտ, թէ «զոյգ գիժ» արտայայտութիւնը որո՛նց կ՛ակնարկէ…։ Եւ այդ զոյգ գիժերը ի՜նչ «հերոսութիւն»-ներ իրականացուցին իրենց պատերազմական սա վերջին արկածախնդրութեամբ…։ Խմբագրականը նկատել կու տայ, որ «Համաշխարհային զոյգ գժերի գործի բերմամբ, այս տարի մեր համայնքը զրկուեց Մեծ պահոց Արեւագալի  եւ Հսկումի արարողութիւններից, ինչպէս նաեւ խորախորհուրդ Կիրակիներից»։

Արդարեւ, Մարտին, գրեթէ դադրեր են եկեղեցական ամէն տեսակ արարողութիւններ Ատրպատականի տարածքին։ Միայն Ծաղկազարդն է որ նշուեր է ի Թաւրիզ եւ Ուրմիա, Ս. Պատարագի մատուցմամբ։ Շրջանին մէջ գործող հայկական ամէնօրեայ երկու դպրոցները՝ Թաւրիզի Հայկազեան-Թամարեանն ու Ուրմիոյ «Մասիհա» վարժարանը դասաւանդութիւն կատարեր են արցանց։

Նկատի առնելով «գիժ»-երու օդային ռմբակոծութիւնները, միջազգայնօրէն ճանաչելի (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ որդեգրուած) կապոյտ ազդանշան-սաւաններ տեղադրուեր են թեմի տարածքին գտնուող հայկական պատմական վանքերու տանիքներուն վրայ, որպէսզի անոնք թիրախ չդառնան կոյր յարձակումներու…։ Խելացի ու հնարամիտ արարք։

Միւս կողմէ, սակայն, 21 Մարտին, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապն» տօնին առիթով, առաջնորդ Գրիգոր սրբազան ուխտի այց մը կատարած է թեմին պատմական գլխաւոր կառոյցներէն նկատուող Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը (Ջուլֆա), ուր գիշերած է քանի մը օր։ Այս եղանակին, Նովրուզի տօնը հոս կը ներքաշէ եղեր օրական 1700-ի չափ այցելու, երկրին տարբեր շրջաններէն։ Այստեղ, սրբազանին այցելած են պարսկական սահմանապահ գունդի ընդհանուր պատասխանատուն, Ջուլֆա քաղաքի կուսակալը, այլ առիթով մըն ալ՝ շրջանի հնապահպանութեան ընդհանուր տնօրէնը, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են օժանդակելու թեմական կարիքներու։

Միաժամանակ, տեղի ունեցած է վանքին պատկանող այգիի ծառերուն գարնանային յօտումն ու շրջակայ ածուներու ծաղկայարդարումը։ Այս գործը կատարած են յատկապէս վանք ժամանած «Արազի ազատ գօտի»-ի քաղաքաշինութեան պարտիզպանները, որոնք բեռնատար ինքնաշարժներով խուրձ-խուրձ երփներանգ ծաղիկներ բերած են իրենց հետ ու զանոնք տնկած վանքին շրջակայքը։ Ամբողջ վանքը գեղազարդուած է…։ Իսկ Գրիգոր սրբազան, վանական իր հնամենի սենեակին մէջ նստած, առիթն օգտագործելով գրի առած է շա՛տ դիպուկ յուշեր՝ ի մասին նորոգ վախճանեալ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի, որ հանդիսացեր է իր Պիքֆայայի դպրեվանքեան տարիներու սիրեցեալ տեսուչը, 40-45 տարի առաջ…։ Այդ սիրուն յօդուածը, լի՝ ինչ-ինչ անմոռանալի եւ յուզիչ յիշատակներով, փռուած է «Արտազ»-ի եօթը էջերու երկայնքին։

 *

Հիմա ալ կը թերթատեմ «Արտազ»-ի Ապրիլի թիւը։

Պատերազմը մեղմացած ըլլալ կը թուի՝ իր տեղը զիջելով բանակցութեանց…։ Այնուհանդերձ, այս տարի, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններ չեն կատարուած, ապահովական նկատարումներով։ Մատուցուած է միայն Ս. Յարութեան պատարագ (Ապրիլ 5)։ Զատկուան առթիւ ժամերգութիւններ կատարուեր են Ուրմիոյ շրջանի Գեարդաբադ եւ Ռահւա հայաբնակ գիւղերու եկեղեցիներուն մէջ, գլխաւորութեամբ Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեանի, որ թեմին մէջ ծառայող միակ քահանան է ներկայիս։

Կացութիւնը յարաբերաբար բարելաւուած ըլլալով՝ Ատրպատականի թեմէն ներս կարելի եղած է աւանդական շուքով ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը։ 111-ամեակի առիթով, Ապրիլ 24-ին, Գրիգոր արք. Չիֆթճեան պատարագած, քարոզած ու «Բարեխօսական կարգ» կատարած է Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյնանման ոգեկոչում մը կայացած է Ուրմիոյ հայոց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ ալ։ Ազգային ու համայնքային մարմիններու կողմէ ծաղիկներ դրուած են եկեղեցիներու բակը գտնուող նահատակաց յուշարձաններուն առջեւ։ Ապրիլ 26-ին, Թաւրիզի առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» հանդիսասրահէն ներս կայացած է Մեծ Եղեռնի կեդրոնական յուշահանդէսը, նախաձեռնութեամբ Թեմական խորհուրդին։ Յայտագրին մէջ լայն բաժին վերցուցած են ազգային վարժարանի աշակերտները՝ երգով, արտասանութեամբ ու նուագով։ Նախքան իր եզրափակիչ խօսքը՝ Գրիգոր սրբազան գնահատանքի արժանացուցած է Թաւրիզի նորայարդար «Մելիք-Թանգեան» թանգարանին գիտական ու թեքնիք օժանդակութիւն ցուցաբերած անձերը։ Ան շեշտած է. «Թշնամին թող մտածի թէ ոչնչացրել է մեր ազգի գոյութիւնը, երբ 750 տարուայ մեր թեմը վերաբացում է իր դարաւոր գոյքերի թանգարանը Թաւրիզում…»։

Խանգարուած առօրեան ու համայնքային կեանքը քիչ-քիչ պիտի բարելաւուին Ատրպատականի մէջ…։ Ո՛չ մէկ կասկած։

Share61Tweet38
Previous Post

Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Next Post

Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Next Post
Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Ընտրութիւններէն Ետք Ի՞նչ Պատկեր Կրնայ Ձեւաւորուիլ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.