Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 4 Յունիս 2026

June 4, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 4 Յունիս 2026

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցային հերթական նիստը՝ միջնորդութեամբ ամերիկեան կողմին: Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Լիբանան ու Իսրայէլ դրականօրէն կ’ընթանան համաձայնութեան մը ուղղութեամբ, որ կ’երաշխաւորէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը: Բանակցութիւններուն եւ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ, իսրայէլեան ուժերը անցնող երկու օրերուն շարունակեցին թիրախաւորումներու շարքը, կեդրոնանալով մանաւանդ Նապաթիէի շրջանին վրայ:

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ անօդաչու սարքի հարուածով զինուոր Օմար Խըտըր զոհուած է Նապաթիէ-Քֆարթըպնիթ ճամբուն վրայ, իսկ Տէյր Զահրանիի մէջ վիրաւորուած են սպայ մը եւ զինուոր մը: Լիբանանեան համալսարանը գուժեց իր ուսանողներէն երկուքին մահը, մերձակայ Խարտալի շրջանի թիրախաւորումին պատճառով: Առողջապահութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ երկու փրկարար զոհուած է Շհուրի մէջ: Երէկ առաւօտեան, ինքնաշարժ մը թիրախաւորուեցաւ Խալտէի մայրուղիին վրայ:

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ հարաւային բազմաթիւ շրջաններու իրավիճակը խիստ լարուած էր նախանցեալ օր, երբ իսրայէլեան բանակը հրապարակեց տեղահանութեան հրահանգներ եւ յայտարարեց Հըզպալլայի կեդրոններն ու զինամթերանոցները կործանելու մասին:

 

ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ «ուժը պատերազմելուն մէջ չէ, այլ յանուն երկրին բանակցելու խոհեմութեան ու յանդգնութեան մէջ»: Հետեւելով զարգացումներուն, կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ երկրին քաղաքական, ապահովական եւ մարդասիրական թղթածրարները քննարկող նիստ մը, մինչ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, որ «բանակցութիւնը Լիբանանին համար նուազ ծանր ընտրանքն է եւ կը կրճատէ բռնագրաւումին վերջ տալու ճամբան»:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Մահմուտ Քամաթի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Պէյրութի հարաւային արուարձանները համազօր համարել իսրայէլեան սահմանային բնակավայրերուն: Արտաքին մեկնաբանութիւններու հարցով, Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովին բանբերը վերահաստատեց, որ Լիբանան անբաժան մասնիկն է զինադադարի որեւէ համաձայնութեան, իսկ Փարիզ յայտարարեց, թէ ոչինչ կ’արդարացնէ լիբանանեան հողի երկարատեւ բռնագրաւումը:

 

ՄԷԿ ԸՆՏԱՆԻՔ ՈՒ ՄԷԿ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Լիբանանեան յարանուանութիւններուն ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները տիւրզիներու համայնքային կեդրոնին մէջ գումարեցին գագաթաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին վտանգաւոր զարգացումները եւ միացեալ յայտարարութեամբ մը շեշտեցին, որ լիբանանցիները մաս կը կազմեն մէկ ընտանիքի եւ անոնց կը միաւորէ նոյն ճակատագիրը, յանձնառութիւն յայտնելով պետութեսն հովանիին տակ երկրի պաշտպանութեան: Ժողովականները զգուշացուցին ներքին կայունութիւնը ցնցելու արարքներէն, բարեկամ երկիրներէն պահանջելով անյապաղ օգնել Լիբանանին:

 

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԱՐԾՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ԿՈՉ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց Իրանի հետ բանակցութիւններուն շարունակութիւնը, ժխտելով շփումներու դադրեցումին մասին տարածուած տեղեկութիւնները: Քուէյթի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ իր մօտ կանչեց Իրանի դեսպանը, դատապարտեց շրջանի երկիրներուն դէմ իրանեան յարձակումները ու տեղեկացուց իրանցի երկու դիւանագէտ վտարելու մասին: Քուէյթ յայտարարեց, թէ Իրանէն արձակուած հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը պատճառած են շուրջ 63 վիրաւոր:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Կարկաշ կոչ ուղղեց արաբական կարծր կեցուածք որդեգրելու, «որովհետեւ բոլորս կը վճարենք Իրանի ընդարձակուող նկրտումներուն գինը»: Ամերիկեան բանակին կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց Ծոցի ջուրերուն մէջ Իրանի հրամանատարական կէտ մը կործանելու մասին, խափանելով շրջանային թիրախներու ուղղութեամբ իրանեան յարձակումներու գործադրութիւնը: Իրանի յեղափոխական պահակագունդը միւս կողմէ յայտարարեց ամերիկեան 5-րդ նաւատորմին կեդրոնն ու օդային խարիսխ մը հարուածելու մասին:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԱԶԱՏԱԳՐԵՑԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց, որ ծրագիր չկայ երեք հարիւր հազար ատրպէյճանցի բնակեցնելու Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը պնդէ ընդդիմութիւնը: Գեղարքունիքի Ծովակ գիւղին մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին վարչապետը յիշեցուց, որ նոյն ընդդիմութիւնը 2021-ի ընտրութենէն առաջ կը պնդէր, որ ատրպէյճանցիները պիտի հասնին Սեւանի ափ, եթէ ընտրութիւններուն յաղթէ վարչապետին քաղաքական ուժը: Փաշինեան միաժամանակ շեշտեց, որ ատրպէյճանցիներու ժամանումին բացառումով կը փակուի նաեւ հայերու Ատրպէյճան (Արցախ) վերադարձի նիւթը:

«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Հայաստան դուրս եկած է յարատեւ հակամարտութեան թակարդէն: Մենք ճիշդ քայլ առինք չշարունակելով ղարաբաղեան շարժումը եւ անոր շնորհիւ այսօր ունինք աւելի անկախ եւ պաշտպանուած պետութիւն, աւելի բարեկեցիկ կեանք քան երբեւէ», ըսաւ Փաշինեան: Ան շեշտեց, որ ղարաբաղեան շարժումին շարունակութիւնը պիտի առաջնորդէր յաւելեալ զոհերու եւ ի վերջոյ՝ պետականութեան կորուստի: «Մենք ազատագրած ենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կարելի չէ հակամարտութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Նախօրէին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը, որուն ընթացքին վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը Ղուրպան Պայրամի տօնին առիթով։ Քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ տարածաշրջանային հարցեր։ Անդրադարձ եղած է Թուրքիա-Հայաստան ուղիղ առեւտուրի ընթացակարգերը սահմանելու որոշումին եւ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիի բացումին Հայաստանէն արտահանումներ եւ Հայաստան ներմուծումներ իրականացնելու համար:

Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորումը կը շարունակուի՝ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի ուղղութեամբ քայլերով։ Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան կը ձգտի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ միշտ կ’աջակցի այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Առեղծուածային Վրձնի Տիրակալը

Next Post

Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Next Post
Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.