Ժողովուրդին մօտ այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ արհեստական բեղմնաւորումը կը կատարուի այլոց սերմի օգտագործմամբ։
Ընդհակառակը` ամուսիններու սերմով է, որ կը կատարուի բեղմնաւորման գործընթացը։
Իսկ ի՞նչն է այս միջոցին դիմելու հիմնական պատճառը։
Ամենաէական պատճառը սերմի տոկոսի քիչ ըլլան է։
Ինչպէ՞ս կը կատարուի գործընթացը։
Սերմը առնուելով կը տեղադրուի ուղղակի կնոջ արգանդէն առնուած հաւկիթին մէջ եւ իրարու այնքան կը մօտեցնեն, որ սերմը դէպի ներս կը թափանցէ։
Բայց ուշադիր, դարձեալ կը կրկեմ, ո՛չ թէ այլոց սերմը, այլ` նոյնինքն ամուսիններուն։
Մէկ քանի պարագաներուն է, որ այլոց սերմին կարիքը կը զգացուի, այն ալ կը պատահի` երբ ամուսինը բոլորովին սերմ չունենայ, եւ այս շատ չնչին տոկոս է։
Երկրորդ` մարդիկ որոնք վիրահատման կ’ենթարկուին, որու հետեւանքով ամուլ կը դառնան։
Ասոր համար բժշկական պանքեր գոյութիւն ունին, ուր, նախքան վիրահատումը, անհատը երթալով սերմը ի պահ կը դնէ եւ տարիներ ետք, եթէ փափաք յայտնէ զաւակ ունենալու, երթալով կը խնդրէ։
Ուստի շատ քիչ է տոկոսը ուրիշին սերմը ըլլալու։
Եթէ փորձենք անդրադառնալ այդ մէկ տոկոսին, ապա ամէն բանէ առաջ երկու զոյգերը համաձայն պէտք է ըլլան նման քայլ մը ձեռնարկելէ առաջ, այս ամենակարեւոր բաժինն է, այլապէս հետեւանքը կրնայ ամուսնալուծման հասցնել։
Նիւթը բարդ է եւ ծանր, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ կրնայ ո՛չ թէ միայն տղան ամուլ ըլլայ, այլ` կինն ալ կարող չըլլայ բեղմնաւորման։ Այս պարագային կինը եւս բուժման կ’ենթարկուի։
Ուստի առաջին հերթին զոյգերը համաձայն պէտք է ըլլան, ետքը պիտի ընդունին երեխան` որպէս իրենց զաւակը, եւ եթէ հետագային երկուքէն մէկը մերժէ զայն` որպէս ոչ կենսաբանական զաւակը, նախընտրելի է ընդհանրապէս չնախաձեռնէ նման քայլի մը։
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի երեխային, ապա ան մեծնալէն ետք կրնայ ըլլալ ընդհանրապէս չտեղեկացուի։ Բայց ըստ ինծի, որոշ տարիքէ մը ետք երեխան պէտք է տեղեկանայ, գէթ 18-20 տարեկանէն ետք, որովհետեւ իր արդար իրաւունքն է գիտնալը։
Կրնայ ըլլալ, որ ան ինքնուրոյն պարզէ, թէ ինք ընդհանրապէս ո՛չ մէկ առումով նման է ծնողներուն։ Կրնայ ըլլալ հիւանդանայ եւ արեան քննութեան միջոցաւ պարզուի։ Բազմաթիւ են տեղեկացուելու գործօնները։
Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել կարեւոր հանգամանք մը, որ բեղմնաւորումը պատահական չ’ըլլար, այլ նախ կը քննեն դիմողներուն տեսքը, ապա իրենց ամենամօտ սերմը կ’ընտրուի, ո՛չ թէ դեղնորակի մը մօտ թուխի սերմ կը տեղադրեն եւ երեխան սեւուկ կը ծնի։
Ըստ ինծի, եթէ մարդակազմութեան նմանութիւնը համընկնի իրար, այս պարագային կարիքը չկայ գիտնալու, բայց եւ այնպէս երեխային արդար իրաւունքն է գիտնալը։
Երեխան, երբ իմանայ, ի՞նչ հակազդեցութիւն կրնայ ունենալ։
Իննսուն տոկոսը կ’ըսէ. «Կենսաբանականօրէն իսկական հայրս չես, բայց դուն զիս 20 տարի այնպիսի գուրգուրանքով պահեցիր եւ հարազատօրէն խնամեցիր, որ ես քու զաւակդ եմ»։
Հայրն ալ, իր հերթին, սկզբնական շրջանին համբերատար վերաբերմունք ցոյց կու տայ, որովհետեւ երեխան կամայ թէ ակամայ նոր իրավիճակի եւ փոփոխութեան մէջ յայտնուելով կը տագնապի, մղձաւանջի մէջ մտնելով կը մեկուսանայ եւ բիրտ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ ծնողներուն հանդէպ։ Սակայն վերջ ի վերջոյ կը վերադառնայ զինք այդքան սիրած եւ մեծցուցած ծնողներուն, որոնց խնամքին ներքոյ ապրած է 20 տարի։
Արհեստական բեղմնաւորման գիւտէն մինչեւ օրս հակասական տեսակէտեր շրջանառութեան մէջ են հոգեւորականներու եւ գիտնականներու միջեւ։
Իսկ ես որպէս քիմիագէտ պիտի փորձեմ տրամաբանօրէն եւ անաչառ մօտեցումով քննարկել երկու տեսակէտերը` իմ հիմնաւորմամբս:
Ա.- Եթէ կրօնական դիտանկիւնէ նայինք, մեղք պէտք չէ համարուի, որովհետեւ Սուրբ Գիրքին մէջ այսպիսի գիւտի մը մասին գրառում չկայ։ Առաւել եւս, այդ օրերուն ոչ իսկ կը մտածէին, թէ օր մը նմանօրինակ գիւտ մը գոյութիւն պիտի ունենայ։
Եթէ մեղք համարենք, այո՛ մեղք է, որովհետեւ դուն այստեղ Աստուծոյ կամքին դէմ կը գործես։ Արդարեւ, Աստուած տուեալ պահուն քեզի համար յարմար չի սեպեր զաւակ ունենալը։ Կարելի հետագային շնորհէ, ինչպէս Ս. Գիրքի Աբրահամին, որ հարիւր տարեկան էր, իսկ կինը` Սառան իննսուն, երբ Աստուած իրենց Իսահակը պարգեւեց։
Բազմաթիւ բարեպաշտներ կան, որոնք, ապաւինելով աստուածային նախախնամութեան բարեգթութեան եւ հրաշքին, իրենց անվերապահ հաւատքին եւ վստահութեան շնորհիւ Աստուած իրենց ո՛չ միայն զաւակ մը, այլեւ երեխաներ կը շնորհէ, հակառակ անոր որ ամուլ կը համարուէին։
Քրիստոս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք, եւ այս լերան ըսէք` ասկէ հոն տեղափոխուէ, պիտի տեղափոխուի. եւ ոչ մէկ բան անհնարին պիտի ըլլայ ձեզի» (Մատթ 17, 19)։
Ուստի Աստուծոյ պէտք է վստահիս քու բոլոր սրտովդ, հոգիովդ եւ մտքովդ։
Իսկ եթէ անհամբեր ես, եւ առաջին անյաջող փորձին դիմաց անմիջապէս արհեստական բեղմնաւորման կը դիմես, ուրեմն դուն Աստուծոյ նկատմամբ բացարձակապէս հաւատք չունիս, որ Ան կարող է քեզի զաւակ շնորհել, ապա Աստուծոյ կամքին դէմ գործած կ’ըլլաս։
Բ.- Եթէ գիտական դիտանկիւնէ մօտենանք, ապա մեղք չի համարուիր, եւ իսկապէս ալ մեղք չէ։ Ինչո՞ւ մեղք պիտի ըլլայ, երբ շնութեան հետեւանք չէ, ընդհակառակը՝ քու նպատակդ զաւակ ունենալն է։
Այստեղ որեւէ սեռային կապ չկայ, ուղղակի արհեստական է, որ մեղք պէտք չէ համարուի, որովհետեւ քու միտքդ բարի է։ Ցանկութիւն ունիս զաւակ մը ունենալ եւ այդ մէկը բնական միջոցներով հնարաւոր չէ, ուստի կը դիմես արհեստականի, որովհետեւ կ’ուզես զաւակ ունենալ եւ զայն քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մեծցնել եւ աշխարհիս երեսին քրիստոնեայ մը աւելցնել, որ քու որդեակդ է, ինչո՞ւ չէ։
Իսկ ամենակարեւոր հանգամանքը այն է, որ վերջ ի վերջոյ այս գիտնականները, որ այս գիւտը յայտնաբերած են` Աստուծոյ ուժով է որ կարողացած են այս նոր գիտելիքները ձեռք բերել եւ ստեղծել։
Այժմ որովհետեւ այս հնարաւորութիւնը կայ, որով մարդը կրնայ ասկէ օգտուիլ եւ այս կարողութիւնը Աստուծոյ կողմէ շնորհուած պայծառամտութեան արդիւնք է, մեզի կը մնայ կողմնորոշուիլ։
Ահա այսպէս է, որ կրօններու մէջ դաւանանքները կը յառաջանան։
Իւրաքանչիւր հոգեւոր տեսաբան իր համոզումը յառաջ կը տանի։
Այսպիսով կրնանք պատկերացնել, որ կան երկու հոսանքներ, որոնք երկուքն ալ հոգեւորականներ են, իւրաքանչիւրը իր տեսակէտը կը պարտադրէ։
Իսկ քեզի համար որո՞ւ գաղափարը աւելի համոզիչ է` անոր մօտ կ’երթաս եւ իր համախոհը կը դառնաս։ Այսպէս կը յառաջանան դաւանանքները։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ իրականութեան մէջ արդէն դուն քրիստոնեայ ես ո՛չ թէ մտքին համար, կամ ո՛չ թէ քանի որ յստակ միտք մը կայ, այլ քանի որ դուն քրիստոնեայ ծնած ես։ Վերջը ի՞նչ կ’ընես` քու մտքիդ ետեւէն կ’երթաս, ասոր համար կրօնքը այսքան դաւանանքներ ունի։
Աւելին` իւրաքանչիւր դաւանանք կը տեսնէք, որ ինքնին կրօն է եւ ո՛չ դաւանանք։ Միայն անունով քրիստոնեայ է, որոշ հիմքեր կան, որ նոյնն են, բայց կը տեսնէք, որ գրեթէ ուրիշ ծալքեր կան խորքին մէջ, ուրիշ ձեւով կը մեկնաբանուի։
Ասոր համար է, որ դուն աւելի մտքիդ ետեւէն պէտք է երթաս, միտքի վրայ պիտի հիմնուի քու պատկանելիութիւնդ եւ ո՛չ թէ որովհետեւ ծնած եմ այսպէս եւ վերջ։ Ծնած եմ այսպէս, բայց մտքերս այլ են, ուրեմն ամբողջ կեանքս չարչարանքով կ’անցընեմ։
Գաղափարս հետեւեալն է, որ պէտք չէ մարդ իր օղակին մէջ մնայ, բնաւ պէտք չէ, որքան օղակը նեղնա եւ որքան օղակը երթալով հիննայ, այդքան մէջի հոգեկան հիւանդութիւնները կը շատնան։
Օղակին մէջ եղողները ընդհանրապէս իրականութեան հետ կապ չունին, շատ հեռու են իրականութենէն, իրականութիւնը տեղ մըն է, իրենք մէկ ուրիշ տեղ` շատ երեւակայական տեղ մը։
Իրենք զիրենք փակ օղակի մէջ բանտարկած են, այնպիսի միջավայրի մը մէջ են, որ աշխարհէն կտրուած, չեն ուզեր շաղուիլ օտարներու հետ, մնալով այդ օղակին գերիները։
Այդքան հայութիւն, հայրենասիրութիւն կը քարոզուի, որ այլազգիներուն թշնամի կը տեսնեն` ազգին վնասելու աստիճան։
Աշխարհը որքան իրար հետ խառնուի, իրար հետ շփուի` այնքան աւելի լաւ արդիւնք կու տայ։
Որքան օտարին մօտենանք` այնքան աւելի կը սիրցնենք նախ մենք զմեզ, յետոյ մեր մշակոյթը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ լեզուն։ Այսպիսով է, որ ազգօգուտ աշխատանք ծաւալած կ’ըլլանք, ո՛չ թէ փակ օղակի մէջ մեկուսանալով։


Ողջունելի է Խ Փիլաւճեանի համարձակութիւնը, քննարկելու համար զգայուն նիւթեր։
Մէղք չէ։ Տէրը մեզ խելք ու գիտութիւն շնորհած է, որ այն օգտագործենք ի նպաստ մարդկութեան։ Այս հարցով Տիրոջ պատուէրն էր’ “աճեցէք եւ բազմացէ’ք”-ը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի օղակի պատկերին, համամիտ չեմ։ Դուն կրնաս ծանօթանալ ու ծառայել աշխարհին, բայց պահպանել քո տեսակը։ Մեր պարագային, հայ ծնիլը շնորհ է, իսկ որպէս հայ գործելը’ առաքինութիւն ու առաքելութիւն: Փակագծերը սիրով կը բանայի առանձին զրոյցով։