Կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ «Աղասի» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 22 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հ.Մ.Մ. ակումբի մուտքին տեղի ունեցաւ Աղասիի որմնաքանդակի տեղադրումը:

Հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգները, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին կատարողութեամբ:
Հանդիսավար ընկ. Յակոբ Վասիլեան ողջունեց ներկաները բարի գալուստի խօսքով, մաղթելով որ այս որմնաքանդակը դառնայ յաւերժական խորհրդանիշ՝ ուժի, պատիւի եւ սերունդներու միասնութեան։

Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանը, Վարիչ մարմինի անդամ եւ օրուայ բանախօս ընկ. Միհրան Սէֆէրեանը, Հ.Մ.Մ., Պէյրութի վարչութեան ատենապետ ընկ. Փօլ Մուղալեանը եւ «Աղասի» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Սամուէլ Սանոսեանը որպէսզի բացումը կատարեն որմնաքանդակին: Ապա, հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց սրահ՝ ընթացք տալու օրուան հանդիսութեան:

«Աղասի» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Յովիկ Զոպեան, որ ըսաւ. «Այսօր մենք այստեղ հաւաքուած ենք ոչ միայն յիշելու մեր հերոս Աղասին, այլ նաեւ խոնարհելու այն մեծ ոգիին առջեւ, որ 90 տարիներէ իվեր կը շարունակէ ապրիլ մեր սրտերուն մէջ: Ան մեզի սորվեցուց, թէ ինչ կը նշանակէ նուիրում, պատիւ եւ ծառայութիւն: Իր անունը դարձած է օրինակ մեզի համար, որպէսզի ամէն օր աւելի ուժեղ սիրենք մեր ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը։ Մենք՝ Աղասիականներս, հպարտ ենք շարունակելու այդ ճամբան: Մեր երդումը միայն բառեր չեն, այլ պատասխանատուութիւն՝ պահելու մեր հերոսներուն յիշատակը կենդանի»: Ընկ. Զոպեան նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարապետ Վարդան Աւէսեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով ու նուիրումով կերտեցին այս որմնաքանդակը։
Գեղարուեստական բաժնով ջութակով ելոյթ ունեցաւ Սագօ Աւագեան:
Օրուան բանախօս ընկ. Միհրան Սէֆէրեան իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Աղասիի կերպարը. հայ ազատագրական պայքարի յայտնի հերոսներէն մէկը, որ ազատութեան, արդարութեան եւ ազգային արժանապատուութեան գաղափարները կը տարածէր այդ թէժ օրերուն: Ան՝ Կարապետ Թուրսարգիսեանը, ծնած Հաճըն 1871 ին, նախ յայտնի եղած է որպէս Հասօ, ապա որպէս Աղասի, անձնաւորութիւն մը՝ որ ամբողջ աշխարհով սփռած է հայու անունը եւ մեր պայքարի խորհուրդը:

Ընկ. Սէֆէրեան ընդգծեց Աղասիի ուղին, որ 24 տարեկանին դարձած է խորհրդանիշը այդ օրերու նոր սերունդի ձայնին: Աղասին աշխուժօրէն մասնակցած է իր ժամանակներու ամենասկզբունքային շարժումներէն մէկուն՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, որ մեր ժողովուրդի ճակատագրի առաջին հզօր գաղափարական կառոյցը եղած է եւ միաձուլուած Է անոր գաղափարներուն հետ։
Յարգելի բանախօսը շեշտը դրած է Աղասիի տեսիլքին վրայ` մէկ Հայաստան, ուր քաղաքացին պիտի ունենար արժանապատիւ գոյութիւն, ուր երիտասարդը ունէր յոյս, եւ ուսանողը՝ ապագայ: «Անոր սիրտը չէ պատկանած միայն իր անձին, այլ բաբախած է ամբողջ ժողովուրդին համար: Աղասին մեզի կը յիշեցնէ, որ իրական փոփոխութեան բանալին մեր ձեռքն է», ըսած է ընկ. Սէֆէրեան եւ յաւելած, որ Աղասիի նման մարդիկ կ’ոգեշնչէին մեր ժողովուրդը։ «Անոնք ոչ միայն կը պայքարէին հայրենիքին համար: Անոնք կը պայքարէին որ դուք ալ պայքարիք ձեր գաղափարներուն, ձեր արժէքներուն, ձեր ձայնին համար: Աղասիի այս ոգին պէտք է ծառայէ որպէս յուշարձան ոչ միայն յիշողութեան, այլ՝ համարձակ գործելու, ազատ ու անկաշկանդ խօսելու, եւ աշխատանքի նոր միջոցներ ստեղծելու»:

Ան իր խօսքը աւարտեց՝ յորդորելով. «Աղասիի ոգին այսօր մեզի ուղեցոյց է` մեր պայքարներուն, երազանքներուն եւ մեր ապագայի կառուցման ճամբուն վրայ: Քալեցէք, մնացէք համարձակ եւ թող ձեր յոխորտ ձայնը լսուի միշտ, ինչպէս հնչեց Աղասիին ձայնը` յանուն ազատութեան արդարութեան եւ միասնականութեան»:
Ապա, ՍԴՀԿ «Աղասի» մասնաճիւղի ատենապետը յուշանուէրով մը պատուեց բանախօսը:

Հանդիսութեան վերջին բաժնով, ընկ. Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր: «Ուխտի Հրաւէր» երգի յոտնկայս կատարողութեամբ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

