Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. «Խաչուած Ճակատագրեր» (Հեղինակ՝ Անի Մանուկեան)

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

June 2, 2026
in Մշակութային
0
Նոր Գիրքեր. «Խաչուած Ճակատագրեր» (Հեղինակ՝ Անի Մանուկեան)

Հայոց որբապատումը անսպառ նիւթ է գրականութեան եւ տակաւին գրուելու համար: Ծայրայեղօրէն ողբերգական, յուզական, սահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի դրուագներ ամփոփուած են այն սերունդին բեկորներուն յիշողութեանց մէջ, որոնք ցմրուր ճաշակեցին որբութեան կսկիծը, զրկանքներուն թախծութիւնը, անոքութեան ահը եւ անօգնականութեան սարսափը: Արեւմտեան Հայաստանի, Փոքր Հայքի, Կիլիկիոյ, Պոնտոսի եւ Արեւելեան Հայաստանի գրեթէ բոլոր վայրերէն ծնունդ առաւ սերունդ մը՝ որ ի հեճուկս որբութեան՝ կարողացաւ ուժ գտնել իր մէջ, վերապրիլ, ծաղկիլ եւ կերտել նոր կեանք մը արցունքով եւ քրտինքով թաթախուն: Այդ բոլորէն մաս մը արձանագրուեցան գրականութեան էջերուն մէջ: Եւ ի հարկէ, անհնար է այդ ողբերգութեան բովանդակ տարողութիւնը ներկայացնել իր բոլոր մանրամասներով: Այս առումով, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Տիգրան Վարժապետեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Արամ Հայկազի կամ Ֆիլիփ Զաքարեանի եւ շատ ուրիշներու հմտալից գրիչներէն ստեղծագործուած գործերը կը մնան գեղարուեստականօրէն վաւերագրական էջերը հայոց որբապատումին: Դրոշմո՛ղ եւ դա՛ռնօրէն ապրուած պատմութիւնները հայոց անպատմելի Գողգոթային:

Միջազգայնագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեամբ զբաղող, դասախօս, գիրքերու հեղինակ Անի Մանուկեան «Խաչուած Ճակատագրեր» հատորով կը նկարագրէ ոչ թէ արտերկիր (Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան, Իրաք, Երուսաղէմ եւ այլն) սփռուած հայոց բեկորներուն տառապալից կեանքը, այլեւ՝ Արեւելեան Հայաստանի եւ ի մասնաւորի Ալեքսանդրապոլի (ապա՝ Լենինական, այժմ՝ Կիւմրի), որ օրին ցաւատանջօրէն կոչուած է «որբաքաղաք»: Գիրքը երկլեզու է (հայերէն եւ անգլերէն «Crossed Destinies»). լոյս տեսած է 2023-ին, Երեւան: Կը բաղկանայ 237 էջէ:

Անի Մանուկեան գիրքը կը ձօնէ՝ «նուիրում եմ մօրս՝ Անահիտ Զօրեանին, որն Ալեքսանդրապոլի Ամերկոմի Պոլիգոնի որբանոցում մեծացած երկու որբերի ժառանգ է: Նրա շնորհիւ եմ բացայատել նախնիներիս կեանքի պատմութիւնները, զգացել Հայոց ցեղասպանութեան դաժանութիւնն ու ողջ մնացածների՝ սերդնէսերունդ փոխանցուող յիշողութեան դառնութիւնը, անվերջ հպարտացել վերապրածների տոկունութեամբ»: Հեղինակը իր խօսքին մէջ կը նշէ, թէ վիպակը հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, եւ ապա՝ «Ընթերցողը կը բացայայտի մարդկանց, ովքեր, չմոռանալով անցեալի ցաւը, մահին յաղթում են ապրելով: Նոր հայրենիքում ծիլեր են արձակում, ձգտում են վեհին ու լուսաւորին, փորձում են դառնալ հասարակութեան լիիրաւ անդամներ»: Նախաբանին մէջ ան կը մտորէ՝ «Որբ լինելը հոգեմաշ է, տոկունութիւն է պէտք միայնութեան դէմ պայքարելու կամ գուցէ համակերպուելու անասելի ցաւոտ անցեալի եւ գունազուրկ ներկայի հետ, ուստի եւ բախտակից է փնտռում՝ համոզուելու, որ մեծ աշխարհում միայնակ չէ»:

Գիրքը կը բաղկանայ երկու մասերէ՝ Կազաչի Պոստի աղջկանց որբանոցի կեանքը (էջ 9-83) եւ Ալեքսանդրապոլի Պոլիգոնի որբանոցի դէպքերը (էջ 85-127): Գիրքին հերոսուհին՝ Անահիտը, այն «բախտաւոր» աղջնակներէն է, որ իր տարեկիցներուն հետ կը գտնուի Կազաչի Պոստի որբանոցէն ներս, որովհետեւ Ալեքսանդրապոլի գռիհներու երկայնքին հարիւրաւոր որբուհիներ կը թափառին սովահար, կիսամերկ, անպատսպար, հիւանդ եւ հերթաբար կը մահանան ամենաչքաւոր պայմաններու տակ:

Ծանօթ է, որ 1918-ին, ԱՄՆ-ի մէջ, ստեղծուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց կոմիտէն (Ամերկոմ), որ կը միտէր պատերազմէն տուժած կարիքաւոր բնակչութեան (հայեր, յոյներ, ասորիներ) պարէնով, հագուստով եւ դեղորայքով օգնել: Այս կոմիտէն Ալեքսանդրապոլի մէջ կը գործէր ջանադիր կերպով, ուր խռնուած էին Մեծ Եղեռնէն փրկուած շուրջ 25 հազար հայոց խլեակներ: Կազաչի Պոստի աղջկանց կեանքը կը նկարագրուի հարազատ կերպով.- անհրապոյր ննջարաններ, սնունդի նեղ պայմաններ, ցուրտ դասարաններ, ԱՄՆ-էն երբեմն ստացուող ուտեստներ, վարակիչ հիւանդութիւններ, կիսամաշ հագուստներ, խեղճ ոտնամաններ, ասեղնագործական կամ հողի աշխատանք, իսկ փոքրիկները հոգեկան ծանր տուայտանքներու մէջ, որովհետեւ կորսնցուցած են հարազատներ, հազիւ կը յիշեն իրենց հայրը կամ մայրը, տատիկն ու պապիկը, ականատես եղած են անոնց սրախողխող սպանութեանց, ապրած են աքսորի, անորոշութեան եւ քաղցի օրեր. մին կու գայ Կարսէն, միւսները՝ Արտամետ, Խնուս, Սասուն, Սարըղամիշ, Սուրմալու, Վան եւ այլն: Որբուհիները ներամփոփ են՝ իրենց յոյզերով եւ յուշերով տարուած: Ուսուցիչները եւս ունին իրենց անձնական ոդիսականները, թախծալից անցեալը, անդառնալի կորուստները, բայց աշխատանքով, երեխաները սփոփելով եւ կեանքին դրականօրէն մօտենալով՝ կը փորձեն յաղթահարել կսկծալից առօրեան: Անահիտը շատ մտերմացած է Լուսիկին հետ, համարեա դարձած են քոյրեր: Սակայն, օր մը կը լսուի, թէ որբանոցին մէջ աշխատող ամերիկացի պաշտօնեայ մը, կ’ուզէ Լուսիկը որդեգրել եւ հետը Ամերիկա տանիլ: Ահա նոր բաժանում մը որ կը տանջէ Անահիտը. եւ առ յաւէտ կ’ըլլայ այս բաժանումը: Կը ծրագրուի որբերը կամաց-կամաց տեղափոխել ԱՄՆ, ինչ որ կը վրդովէ օրուան Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Ալեքսանդր Միասնիկեան կը խոչընդոտէ այս նպատակին իրագործումը: Նոյնիսկ շշուկներ կը տարաձայնուի, ըստ որուն՝ որբեր փոխադրող նաւ մը խորտակուած է ճանապարհին: Կը պատմուի տօնական օրերու, ուսուցիչներ՝ Գաբրիէլի եւ Շահանէի սիրահարութեան մասին («Շահանէ՛, մենք նոյն ճակատագիրն ենք կիսում, պիտի միասին լինենք, որ կարողանանք յաղթահարել այս ամէնը, այլապէս խելագարուել կարելի է՝ ապրելով աշխարհի ամենամեծ որբաքաղաքում, տեսնելով դժբախտ մարդկանց, լսելով իւրաքանչիւրի պատմութիւնը»). կենցաղային հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ալ կան որբուհիներուն հոգեվիճակը վերլուծող՝ («-Ի՞նչ ուրախութիւն կարող է լինել այս տխուր աշխարհում: -Այդպէս մի՛ ասա, կեանքը բաղկացած է լաւ եւ վատ օրերից, դա է կեանքի հետաքրքրութիւնը, յիշի՛ր, որ վատին միշտ լաւն է փոխարինելու գալիս»): Թատերական կեանք ալ կը սկսի որբանոցէն ներս եւ կը տեսնենք որբանոցի տնօրէն Մկրտիչ Աճեմեանի որդին՝ Վարդանը կու գայ թատրոններ ներկայացնելու (հետագային նշանաւոր դերասան եւ բեմադրիչ՝ Վարդան Աճեմեան), որուն աշխուժօրէն կը մասնակցի Անահիտ:

Կազաչի Պոստի որբանոցին որբուհիները հետզհետէ կը նուազին. շատեր մեծնալով կը լքեն զայն, ուրիշներ հարազատներ գտնելով կը միանան անոնց, ոմանք կը փոխադրուին այլ քաղաքներ, իսկ Անահիտը կը փոխադրուի աւելի մեծ որբանոց՝ Պոլիգոն (1925-1929): Մեկնումէն առաջ մտորում մը՝ «Ինձ պէս որբերի կեանքն էլ այս օրուան նման է՝ ցուրտ, անհրապոյր ներկայ եւ ենթադրեալ լուսաւոր ապագայ»: Հոն կը բնակէին նաեւ որբ տղաներ: Երկսեռ որբանոցը նոր փորձառութիւն կ’ըլլայ Անահիտին համար.- թատերական կեանք եւ առաջին սէր, սիրային ապրումներ: Պոլիգոնի մասնաշէնքերը ունէին ամերիկեան նահանգներուն անունները (Իլինոիս, Միչիգան). Անահիտին կը տեղաւորեն Իլինոիս, Փիրուզին եւ Անուշին՝ Միչիգան: Զինք կը սկսի սիրահետել որբանոցի սան Գրիգորը: Սիրոյ առաջին թրթիռներ եւ նորովի զգացումներ: Գրիգոր կը մեկնի Ստեփանաւան՝ ուսման եւ աշխատանքի: Կարօտն ու նամակագրութիւնը, թատերական կեանքը կ’ըլլան Անահիտին առօրեան: Կարգ մը որբեր Պոլիգոնէն կանխահասօրէն դուրս գալով կ’ապրին անառակ կեանքով: Ահա Նազիկը՝ մարմնավաճառ դարձած, եւ Գող Կարօն, որ իր հերթին կը ցանկայ հասնիլ Անահիտին: Հոն կը կարդանք՝ «Ցանկացած իրավիճակում մարդկային ճակատագրերը խաչւում են. միայնակ ապրելու ծանրութիւնն ամէն մարդ չի կարող տանել իր ուսերին»: «Հիմա արդէն Գրիգորն էր նրա կեանքի նաւավարն ու ամուր թիկունքը»: Սակայն, Անահիտ-Գրիգոր սիրային զոյգին երջանիկ օրերը սակաւաթիւ պիտի ըլլային, որովհետեւ գիշեր մը Գող Կարօն դարանակալ պիտի դանակահարէր Գրիգորը եւ սպաննէր: Վրէժի զգացումը դառն հետեւանք կ’ունենայ Անահիտի համար: Մարդասպանը կը դատապարտուի, բայց Անահիտ կը մնայ առանձին՝ ճակատագիրի հարուածին տակ կքած: Անահիտ կը շարունակէ իր կեանքը… «Հազարաւոր որբերի նման Անահիտին էլ բաժին էին հասել կիսատ մանկութիւն, գաղթ, համատարած սով, կիսաքաղց գիշերներ, մաշուած հագուստ, ամէնօրեայ աղօթքներ. այնուամենայնիւ, նա երբեք չզղջաց ապրած տարիների համար…». այս տողերով իր աւարտին կը հասնի «Խաչուած Ճակատագրեր» հատորը:

Դառնայուշ պատմութիւն մը, որ լաւատեսութեամբ եւ դրական լիցքերով իր լրումին կը բերէ Անի Մանուկեան՝ հաւատալով որ մահուան կը յաղթեն ապրելո՛վ եւ արարելո՛վ:

Share66Tweet42
Previous Post

Աւստրալիոյ Մէջ «Արարատ» Մասնակցեցաւ Հայաստանի Դրօշի Բարձրացման Արարողութեան

Next Post

Աղասիի Որմնաքանդակը Դրոշմուեցաւ Հ.Մ.Մ. Ակումբի Մուտքին

Next Post
Աղասիի Որմնաքանդակը Դրոշմուեցաւ Հ.Մ.Մ. Ակումբի Մուտքին

Աղասիի Որմնաքանդակը Դրոշմուեցաւ Հ.Մ.Մ. Ակումբի Մուտքին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.