Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 2 Յունիս 2026

June 2, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 2 Յունիս 2026

ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱԼԻՔ

Անգամ մը եւս, ռազմական դրութիւնը վատթարացաւ անցնող 48 ժամերուն ընթացքին, սաստկացան փոխադարձ հրթիռարձակումները եւ բազմացան լիբանանեան զանազան շրջաններու ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները: Ոչ-պաշտօնական զինադադարի մասնակի գործադրութեան լոյսին տակ հրթիռարձակումները մեծ մասամբ դադրեցուցած Հըզպալլան նախանցեալ օր եւ երէկ վերստին թիրախաւորեց իսրայէլեան բնակավայրերուն մօտ տեղակայուած իսրայէլեան բանակին դիրքերը, արձակելով հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր: Իսրայէլեան ուժերը, իրենց կարգին, շարունակեցին ամէնօրեայ խախտումները եւ ռմբակոծեցին հարաւային բազմաթիւ շրջաններ՝ կեդրոնանալով մանաւանդ Սուր եւ Նապաթիէ գաւառներուն վրայ:

Չդադրեցաւ նաեւ իսրայէլեան ցամաքային յառաջընթացը, որ հատած է Լիթանի գետը եւ այժմ կը խօսուի մինչեւ Զահրանի գետ հասնելու մասին: Իսրայէլացի զինուորները նախանցեալ օր մուտք գործեցին Արնուն գիւղին մերձակայ պատմական Շքիֆ բերդը, որուն դիրքը հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր ուղղութիւններով վերահսկել ընդարձակ տարածքներու եւ կանխել Պեքաայէն հարաւ հասնելու փորձերը: Հըզպալլա, իր կարգին, յայտարարեց Լիբանան ներթափանցող իսրայէլեան ուժերը անօդաչուներով եւ հրթիռներով հարուածելու եւ ծանր վնաս պաստճառելու մասին: Ըստ Հըզպալլային, երէկ գիշեր ծանր մարտերը շարունակուած են Շքիֆ բերդին շուրջ՝ կանխելու համար իսրայէլեան յառաջընթացը եւ բերդին ու այլ շրջաններու մէջ ամրանալու փորձերը: Իսրայէլեան բնակավայրերուն մօտ հրթիռներու պայթումներուն լոյսին տակ, կառավարութիւնն ու զինուած ուժերը սկսան ծրագրել Պէյրութի հարաւային արուարձանները գործողութիւններու տրամագիծ վերադարձնելը եւ իրերայաջորդ զգուշացումներ հրապարակեցին, քաղաքացիներէն պահանջելով հեռանալ Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն ու բազմաթիւ այլ բնակավայրերէ, որմէ ետք հազարաւոր քաղաքացիներու տեղաշարժ նկատուեցաւ դէպի աւելի ապահով շրջաններ: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեց, որ «Պէյրութի մէջ խաղաղութիւն պիտի չտիրէ, եթէ խախաղ չըլլայ Իսրայէլի սահմանային շրջաններուն վիճակը»: Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտէն իվեր Լիբանանի մէջ մահացած մարդոց թիւը բարձրացած է 3433-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 10395-ի:

 

ԽԱՂԱՂ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ աշխատանք կը տանի վերահաստատելու Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի դրութիւնը, խոստանալով յաջողութեան պարագային նորութիւնները յայտարարել ընդամէնը ժամերու ընթացքին: Իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան Նօէլ Պարօ իր լիբանանցի պաշտօնակիցին տեղեկացուց, որ Փարիզ պիտի պահանջէ գումարել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը՝ քննարկելու համար լիբանանեան զարգացումներն ու իսրայէլեան գործողութիւնները: Պարօ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին ու վերահաստատեց երկրին գերիշխանութիւնը չխախտելու հրամայականը, միաժամանակ աջակցելով Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու առաջարկին: Սէուտական Արաբիա միջազգային ընտանիքէն պահանջեց վերջ դնել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն: Գահիրէ եւս սկսաւ ջանք թափել Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու ուղղութեամբ, իսկ Եւրոմիութիւնը յիշեցուց, թէ «լիբանանցիները պատերազմ չեն ընտրած եւ իրաւունք ունին ապրելու խաղաղ», իսկ Քուէյթ զօրակցեցաւ Լիբանանի միասնականութեան ու գերիշխանութեան, կոչ ուղղելով Լիբանանի հարաւէն հեռացնելու իսրայէլեան ուժերը: Լոնտոն պահանջեց վերջ տալ իսրայէլեան գործողութիւններուն եւ զինաթափել Հըզպալլան:

 

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Պատերազմական վիճակի լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն խորհրդարանէն պահանջեց մինչեւ 19 Հոկտեմբեր բանալ արտակարգ նստաշրջան մը՝ ուսումնասիրելու եւ վաւերացնելու շարք մը կարեւոր նախագիծեր եւ օրէնքներ:

«Բանակցութիւնը պատերազմէն վեհ է եւ մենք չունինք որեւէ այլընտրանք», ըսաւ Աուն:

 

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է

Ի տես Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մարտերու եւ փոխադարձ հրթիռարձակումներու սաստկացումին, սպառնալիքներ արձակուեցան նաեւ Թեհրանի կողմէ՝ սպառնալով վերջ տալ ամերիկեան կողմին հետ զինադադարին ու շարունակել ամերիկեան ու իսրայէլեան կէտերու թիրախաւորումը: Իրանի իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդին խորհրդականը զգուշացուց, որ «Թեհրանի համբերութիւնը ունի սահման, ի տես Լիբանանի դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն»:

Նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմը ամբաստանեց դիւանագիտական հոլովոյթը խափանելու մէջ, իսկ արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի պնդեց, թէ «որեւէ ճակատի վրայ զինադադարի խախտումը կը համարուի խախտում բոլոր ճակատներուն վրայ»:

 

ՇԱՀԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱՐՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

 Ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ պաշտպանողական հարուածներ ուղղած են Իրանի զինուորական ենթակառոյցներու: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան իրապէս կը փորձէ Ուաշինկթընի հետ կնքել այնպիսի գործարք մը, որ շահաւէտ կ’ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն եւ իր դաշնակիցներուն: «Հանգստացէք, որովհետեւ ի վերջոյ ամէն ինչ լաւ պիտի աւարտի, ինչպէս միշտ», պնդեց Թրամփ եւ դեմոկրատներն ու որոշ հանրապետականներ ամբաստանեց խաղաղ հոլովոյթը խափանել փորձելու մէջ: Եւրոմիութեան ու Փաքիստանի կողմէ հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ շեշտեց բոլոր առկայ խնդիրները բանակցութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ երաշխաւորելով Հորմուզի նեղուցը հատող նաւերուն ազատ տեղաշարժը:

 

ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՐՑՈՎ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր վարչակազմը անհամբեր կը սպասէ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան քնարկումներուն, որոնք պիտի կազմակերպուին այս ամիս: Ըստ նախագահին, ուժանիւթային համարկումը կը համարուի 2025-ի 8 Օգոստոսին հայ-ատրպէյճանական նախաստորագրուած համաձայնութեան գլխաւոր հիմնասիւներէն մէկը:

Թրամփ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին ուղարկեց ամերիկեան պատժամիջոցներու կասեցումը երկարաձգող յուշագիրը, անոր տակ գրելով «Դուք հիասքանչ էք»: Նշենք, որ ամերիկեան գոնկրէսը 1992-ին վաւերացուցած էր որոշում մը, որ կ’արգիլէր Պաքուին զէնքերու տրամադրումը՝ Հայաստանի ու Արցախի շրջափակումին պատճառով: Այսուհանդերձ, այլ յուշագիր մը կասեցուցած էր նշեալ արգելքին գործադրութիւնը:

 

ԸՆՏՐԱԿԱՇԱՌՔԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէն յայտարարեց, թէ խուզարկումներ կատարուած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան գրասենեակներուն մէջ, քննելու համար ընտրակաշառքի առկայութեան փաստերը: Խուզարկումներուն ընթացքին ձերբակալուած է առնուազն ութ անձ:

 

ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեց զայն եւ փոխանցեց բարեմաղթանքներ: Երկու ղեկավարները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգի ընթացիկ հարցերու շուրջ: Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց շարք մը հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն եւ աջակցութեան համար:

Share62Tweet39
Previous Post

«Ծաղկային» Կուրութիւն Կամ Ինչպէ՞ս Մոսկուան Իր Դէմ Կը Տրամադրէ Հայ Ժողովուրդը

Next Post

Ճեպազրոյց Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանին Հետ

Next Post
Ճեպազրոյց Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանին Հետ

Ճեպազրոյց Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանին Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.