Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 46

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

May 27, 2026
in Յօդուածներ
0
Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 45

 «ԱՐԱՐԱՏ», 4-11 Մայիս 1971

Թերթին այս շաբթուան թիւերը լեցուն են միջազգային քաղաքական լուրերով ու անոնց վերլուծումներով, որոնք մասնաւոր շահեկանութիւն մը չեն ներկայացներ այսօր, աւելի քան կէս դար անց։ Կան հայաստանեան թերթերէ քանի մը արտատպումներ ալ, որոնք, նմանապէս, հեռու են ընտիր քաղուածքներ ըլլալէ…։ Ճաշակի՞ հարց. թերեւս։ Բայց ես վստահ եմ որ 60-ական թուականներու Բ. կէսէն ետք հայրենի մամուլը ապրեցաւ զգալի զարթօնք մը եւ առ այդ՝ թէ՛ իր էջերը լեցուց մեր ազգն ու հայրենիքը շահագրգռող շահեկան գրութիւններով, թէ՛ ալ այդ էջերուն շուրջ համախմբեց երէց կամ երիտասարդ որակաւոր մեծաթիւ լրագրողներ, գրողներ, հրապարակագիրներ։ «Արարատ», դժբախտաբար, այդ որակեալ գրութիւններէն արտատպումներ չի կատարեր։ Ան աւելի շատ տարուած է… մարքսիստական համոզումներէ ու, հետեւաբար, իր ուշադրութեան կիզակէտ են ա՛յդ բնոյթի գրութիւնները, յօդուածները։  Զորօրինակ, գրեթէ լման էջ մը տրամադրուած է (4 Մայիս) Հայաստանէն պատմաբան Գէորգ Ղարիբջանեանի մէկ գրութեան՝ գովքը հիւսելու համար «գերմանական, լեհական եւ միջազգային բանուորական շարժման ականաւոր գործիչ, կոմունիստական  ինտերնացիոնալի լաւագոյն ներկայացուցիչ» Ռոզա Լիւքսենպուրկին (1871-1919)։ Սփիւռքահայ ընթերցողը ի՞նչ կը շահի նման նիւթերէ՝ կ՛անգիտանամ, նոյնիսկ եթէ Ռ. Լիւքսենպուրկ հանրահռչակ անուն մը եղած է իր ժամանակաշրջանին։

Ծանուցուեր էր շաբաթներ առաջ, թէ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած էր «Արարատ»-ի աւստրիաբնակ աշխատակից փրոֆ. Հայկ Ա. Արամեանի «Հայոց Տանթէական. քաւարան եւ հրաշալի յարութիւն» հատորը։ Արդ, կը տեղեկացուի, թէ հեղինակը փափաքած ըլլալով իր գիրքէն 200  օրինակ ղրկել Պուլկարիա ու տարածել այնտեղ, ան պաշտօնական նամակով մը անձամբ դիմած է համայնավար Պուլկարիոյ նախագահ Թոտոր Ժիվքովին, խնդրելով որ արտօնուի հայերէն հատորին Պուլկարիա մուտքը…։ Թերթը հրատարակած է թէ՛ նամակին ֆրանսերէն բնագիրը, թէ՛ հայերէն թարգմանութիւնը։

Տեղ տրուած է ուշագրաւ վիճակագրութեան մը, որ հաւանաբար փոխանցուած է Հայաստանէն։ Ուրեմն, 1959-ին Վրաստանի հայերուն թիւը 443 հազար է եղեր, որ 11 տարի յետոյ՝ 1970-ին, քչիկ մը աւելնալով դարձեր է 452 հազար։ Իսկ Ատրպէյճանի հայոց թիւը (վստահաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղը ներառեալ) 1959-ին 442 հազար է եղեր, որ 1970-ին հասեր է 484 հազարի։ Այսօր, յամի Տեառն 2026-ին, միայն կրնանք ափսոսալ՝ մտածելով որ սա վերջին 35 տարիներուն ի՛նչպէս տեղահան եղաւ մեր ժողովուրդը նախ Պաքուէն, յետոյ ատրպէյճանական միւս քաղաքներէն, այնուհետեւ ալ իր դարաւոր բնօրրանէն՝ Արցախէն, կորսնցնելով թէ՛ հող, թէ՛ համրանք եւ թէ՛ երազ, յոյս ու արժանապատուութիւն…։

Թերթին աշխատակիցներէն Սարգիս Նաճարեան ընդարձակ սիւնակներու վրայ լուսարձակ բացեր է զգայուն եւ «թապու» նիւթի մը վրայ, որ սեռային դաստիարակութիւնն է։ Իր գլխաւոր հարցումը հետեւեալն է. «Ո՞վ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի ստանձնէ սեռային դաստիարակութիւնը»։ Այս ծիրին մէջ՝ Նաճարեան դիմած է շարք մը ձեռնհաս անձերու եւ անոնցմէ ստացած է պատասխաններ։ Իր խօսակիցները եղած են բժ. Վահէ Բիւզանդեան (հոգեբոյժ Ամերիկեան համալսարանը եւ խորհրդատու Ասֆուրիէի հիւանդանոցին), բժ. Ժիրայր Թէվէքէլեան (մասնագէտ ներքին հիւանդութեանց), պրն. Կարապետ Չալըգեան (տնօրէն Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի), տիկ. Սօսի Պետիկեան (տնօրէնուհի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրդ. վարժարանի), պրն. Յակոբ Իսկէնտէրեան (կրթական քննիչ ազգային վարժարաններու), քոյր Սեսիլ Քեհեայեան (մեծաւորուհի Հռիփսիմեանց վարժարանի) եւ տիկ. Մաքրուհի Խաչատուրեան (վաստակաւոր ուսուցչուհի)։

Հետաքրքրական թղթակցութիւն մըն է Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի աւանդական քերմէս-պազարին նուիրուած էջը։ Հետաքրքրական, որովհետեւ հոն կը պատմուի, թէ Մայիս 1-ին, քերմէսի ծիրին մէջ, կայացեր է «փոքրիկներու գեղեցկութեան մրցում» մը, որուն մասնակցեր են «իրենց անուշիկութեամբ մէկը միւսը գերազանցող 35 մանուկներ»։ Արդի՞ւնքը. ահա՛ւասիկ. աղջնակներուն մէջ առաջին դասուեր է Սալբի Հրեշտակեան, երկրորդ՝ Վիքի Ֆերմանեան, երրորդ՝ Մարալ Անսըրլեան։ Մանչուկներուն մէջ առաջնութիւնը խլեր է Պետօ Անսըրլեան, երկրորդ հանդիսացեր է Սամուէլ Շամսեան, իսկ երրորդ՝ Սագօ Յակոբեան։ Ո՜վ գիտէ ո՞ւր են այս անունները հիմա…։ Կը կարդա՞ն մեր այս տողերը…։

Ներքին գաղութային թղթակցութիւններէն մէկն է նաեւ այն, որ կը վերաբերի Ռուբինեան վարժարանի գեղարուեստական երեկոյթին, որ կայացեր է 28 Ապրիլին, դպրոցին սրահը։ Հրամցուեր է երգ, նուագ, պար, արտասանութիւն ու տրամախօսութիւն։ Բացման խօսք արտասաներ է տնօրէն Պէպօ Սիմոնեան՝ ողջունելով ձեռնարկին հովանաւորն հանդիսացող պրն. Յովհաննէս Լաչինեանը (Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ)։ Բազմաթիւ աշակերտներ տողանցեր են բեմին վրայ։

Լրատուութիւն մը կը յայտնէ, թէ Եոզկատի եւ Շրջակայից Հայրենակցական Միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը (Մայիս 1, Մարթինէզ պանդոկ) յաջողութեամբ պսակուեր է։

Մ.Ե. ստորագրութեամբ անդրադարձ մը կատարուեր է Հ.Ե.Ը.-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վերջին փիէսին՝ «12 զայրացած մարդիկ»-ի բեմադրութեան մասին։ Թատերգութիւնը կը ներկայացնէ եղեր ամերիկեան դատարանի մը 12 երդուեալ  դատաւորներուն իրարմէ տարբեր տրամաբանութիւնները…։ Փիէսին գլխաւոր դերերը ստանձներ են եղեր Յարութիւն Գնդունի, Վահրամ Իշլէմէճեան, Թորոս Սարգիսեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Հրաչ Գոֆթիկեան եւ Յարութիւն Թորոսեան։ Բեմադրիչ՝ Պերճ Ֆազլեան։

ՄԱՍԻՍ Մարմնամարզական Միութեան ակումբին մէջ (Պուրճ Համուտ), Մայիս 1-ին, դասախօսութիւն մը տուեր է Ստեփան Օգնայեան, նիւթ ունենալով «Մարզիկի մը մարզաբարոյական գիտելիքները»։ Օգտաշատ խրատներու կողքին՝ ան շեշտը դրեր է «առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքին վրայ։

Գրասէրներուն համար կայ երկու խապրիկ։

Հաննէսեաններու Շիրակ հրատարակչատունը, «ընդառաջելով բազմաթիւ գնորդներու ցանկութեան», Բ. տպագրութեան արժանացուցեր է բժ. Գէորգ Քէշիշեանի «Սէր եւ ընտանիք» հատորը։ Իսկ տպարան Ատլասէն լոյս տեսեր է բանաստեղծ Ազատ Աւարայրի (Հէքիմեան) քերթուածներու ժողովածուն՝ «Լեղի բաժակներ եւ վայրկեաններ»։ Հրատարակութիւն՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան։ Բանաստեղծ Վահէ-Վահեան գիրքը օժտեր է յառաջաբանով մը։

Ահա՛ այս շաբթուան ազգային-միութենական ծանուցումներու համայնապատկերն ալ.

— Ճիւնիի Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը (Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան պատկանող) շատ յանդուգն ու խստաոճ ծանուցում մը հրատարակեր է, յայտնելով որ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար արձանագրութիւններ պիտի կատարէ առաւելագոյնը մինչեւ 15 Յունիս։ «Վերոյիշեալ ժամանակամիջոցէն դուրս, վերամուտի ամսոյն իսկ, տնօրէնութիւնը բացարձակապէս յանձնառու չէ որեւէ դիմումի, արձանագրութեան համար։ Ուշացողները, նոյնիսկ հին սանուհիներ, վերամուտին կրնան մերժուիլ»…։ Այսպիսի պայմանական ծանուցագիր մը ո՞ր հայկական դպրոցը կրնայ հրատարակել հիմա՝ կէս դար անց…։

— Հ.Մ.Մ.-ի կանանց բաժինը «Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն» մը պիտի սարքէ եղեր Ռաուշէի «Քարիմ» ճաշարանին մէջ (12 Մայիս)։ Հաւաքին պիտի նախագահէ տիկ. Անժէլ Միսաք Վեհունի։ Պիտի բանախօսէ դոկտ. Մարի Գասպարեան։ Այս ձեռնարկին ծանուցումը ունի եզակի նշում մըն ալ՝ հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած է «Ամենայն Հայոց տիրամայր՝ ազնուամեծար տիկ. Սիրանոյշ Պալճեան» (Վազգէն Ա. հայրապետին մայրիկը)։

— Կեսարիոյ Աղք. (աղքատախնա՞մ) Ընկերութիւնը ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը պիտի սարքէ եղեր, 8 Մայիսին, Պրիսթոլ պանդոկին մէջ, երգիչ Մաքսիմի (Յարութիւն Փանոսեան) մասնակցութեամբ։

— Նոյն օրը ժամադրուեր են նաեւ զէյթունցիները։ Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւնը ծանուցեր է, որ իր ճաշկերոյթ-պարահանդէսը կը կայանայ Էնթէրնասիոնալ պանդոկին մէջ, 8 Մայիսին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Պետրոս Քէօշկէրեանի։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի եղեր Երեւանի մէջ կառուցուելիք Զէյթունի յուշարձանին։

— Մարաշի Հայրենակցական Միութեան տարեկան պարահանդէսն ալ պիտի սարքուի եղեր Ֆենիսիա պանդոկին մէջ, 15 Մայիսին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ Յակոբ Քէօրօղլեանի։

— Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին թուականն ալ կը խաչաձեւուի վերինին հետ՝  15 Մայիս (Մարթինէզ պանդոկ)։

— Լիբանանահայ Մշակութային Միութիւնը «Արուեստի քննադատութիւնը» նիւթով զրոյցի հրաւիրեր է չորս հոգի՝ տոքթ. Գարեգին Պուճիգանեան (երաժշտութիւն), տոքթ. Յովսէփ Ճիռեան (գրականութիւն), Զաւէն Խտըշեան (նկարչութիւն) եւ Ժիրայր Աւետիսեան (թատրոն)։ Ձեռնարկը պիտի կայանայ եղեր միութեան «Կոմիտաս» սրահը (Քանթարի փողոց, Շէլ կայարանին կից), 7 Մայիսին։ Զրոյցին ընթացքին արծարծուած գաղափարները պիտի համադրէ եղեր տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան։

— Այլ զրոյց մըն ալ պիտի սարքէ եղեր Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը։ Այստեղ նիւթը «Գրական մրցանակներու շուրջ» է։ Զրոյցին պիտի մասնակցին ու զեկուցեն եղեր Օննիկ Սարգիսեան, Գէորգ Աճեմեան, Պէպօ Սիմոնեան եւ Մարտիրոս Գուշակճեան։ Համադրող՝ Գառնիկ Ադդարեան։ Ձեռնարկը պիտի կայանայ միութեան ակումբը, 8 Մայիսին։

— Արդի Հայ Թատրոնը բեմ պիտի հանէ եղեր Ինկմար Պերկմանի «Աստուծոյ լռութիւնը» փիէսը, բեմադրութեամբ Սարգիս Գրիգորեանի (Պաալպէքի միջազգային փառատօնի թատերասրահ, 12-16 Մայիս)։

— Սոփրանօ Արփինէ Փեհլիվանեան եւ թենոր Խաչիկ Փիլիկեան օփերային զուգերգներով ելոյթ պիտի ունենան եղեր Ամերիկեան համալսարանի Չեփըլին մէջ, 10 Մայիսին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Միշէլ Չեսքինոֆի։ Ձեռնարկը հովանաւորած են գերմանական ու իտալական մշակութային կեդրոնները, միասնաբար։

— Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական երգ ու պարի ֆոլքլորի համոյթը ելոյթներով հանդէս պիտի գայ եղեր 11-15 Մայիսին, Գ. Կիւլպէնկեան հանդիսասրահին մէջ

— Արուեստագէտ Թորոս Տէր Յակոբեան նկարչական ցուցահանդէս մը պիտի բանայ եղեր Լիբանանահայ Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ, 15 Մայիսին։

— «Սահակեանի Օր»-ուան տասնամեակը պիտի նշուի եղեր յատուկ հանդէսով մը, 10 Մայիսին, դպրոցին սրահը։ Խօսք պիտի առնէ տոքթ. Արշակ Գազանճեան։

Պսակադրութիւններ ալ կան։ Ամուսնացեր ու ընտանիք կազմեր են Մանուէլ Գազանճեանն ու Ազնիւ Մելքոնեանը, Միսաք Թլըսըմեանն ու Ովսաննա Փաչանեանը, Ժիրայր Գապագեանն ու Զարդուհի Չիլինկիրեանը (բոլորն ալ Պէյրութէն)։

Share64Tweet40
Previous Post

Խմբագրական. Դեռ Կը Լսուին Ղօղանջները Սարդարապատեան

Next Post

Յառաջիկայ 111-Ամեակը Կը Բերէ՞ Նոր Իրագործումներ Ու Նշանակելի Ձեռքբերումներ

Next Post
Յառաջիկայ 111-Ամեակը Կը Բերէ՞ Նոր Իրագործումներ Ու Նշանակելի Ձեռքբերումներ

Յառաջիկայ 111-Ամեակը Կը Բերէ՞ Նոր Իրագործումներ Ու Նշանակելի Ձեռքբերումներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.