Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յառաջիկայ 111-Ամեակը Կը Բերէ՞ Նոր Իրագործումներ Ու Նշանակելի Ձեռքբերումներ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

May 27, 2026
in Յօդուածներ
0
Յառաջիկայ 111-Ամեակը Կը Բերէ՞ Նոր Իրագործումներ Ու Նշանակելի Ձեռքբերումներ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը լիբանանահայութիւնը նշեց արժանի ոգեկոչումներով, հրապարակային հանդիսութիւններով, դպրոցական մակարդակներով, համայնքային յիշատակագրութիւններով, միութենական միջոցառումներով, բազմաձայն զրոյցներով, մամլոյ հրատարակութիւններով, երիտասարդական մասնակցութիւններով, սկաուտական շքերթներով։

Սակայն, ամէնէն յատկանշականը նկատուեցաւ գաղութային համախումբ, հաւաքական ու միասնական կազմակերպչականութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ԵՐԵՔ փուլերով.

– ԱՌԱՋՆԻՆԸ՝ 23 Ապրիլ 2026-ին, միջդպրոցական համատեղութեամբ, աշակերտական-ուսուցչական խուռներամ կազմերով, որոնք մէկտեղուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մայրավանքի ընդարձակ տարածքին մէջ, ուր երիտասարդական երեւումները պատշաճ ու ճոխ յայտագիրով դրոշմուած էին, իսկ օրուան պատգամախօսն էր Հայ Աւետարանական Գոլէճի պատուակալ տնօրէն՝ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ համապարփակ բովանդակութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմականութեան, թուականներով ու տեղանուններով, նաեւ լոյս սփռելով ամբողջ եղեռնագործութեան տուեալներուն ու մանրամասնութեանց վրայ, հուսկ՝ ուխտառութեան կոչով մը հանդէս եկաւ, մինչ աշակերտութիւնը միահամուռ բարձրաձայնումով կրկնեց զայն։

Աւարտին, իւրաքանչիւր վարժարան, երկիւղածութեամբ ու տպաւորիչ ձեւով Յուշահամալիրը զարդարեց յարգանքի ծաղկեպսակով։

– ԵՐԿՐՈՐԴը տեղի ունեցաւ նոյն օրը յետմիջօրէին, դարձեալ Մայրավանքի շրջափակին մէջ, ուր ծովածաւալ բազմութիւն մը եկած էր մասնակցելու յիշատակի արարողութեան եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու նահատակներու հոգիին։

Կազմակերպիչները կը հանդիսանային լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, որոնք իրենց ելոյթները (հայերէն եւ արաբերէն) կեդրոնացուցին Հայոց ցեղասպանութեան մարտահրաւէրներուն ու հրամայականներուն վրայ, հիմք ընդունելով «ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ՝ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐԴԱՐ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» համազգային կարգախօսը, նաեւ առաջնորդուելով «ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ» նշանախօսքով, որոնք բոլորն ալ կը խորհրդանշէին ու կը մղէին համայն հայութիւնը հաւատարիմ մնալու հայկական պահանջատիրութեան երթին ու հետապնդումին, որոնց եզրափակիչ խօսքը, խորիմաստ ու նշանակելի եղանակով, արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ը։

– ԵՐՐՈՐԴը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2026-ին առաւօտուն, երբ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ Անթիլիաս ժամանած էին, այս անգամ ծաղկեպսակներ զետեղելու Յուշահամալիրին առջեւ, խոնարհելով եւ վկայակոչելով բիւրաւոր մեր զոհերուն անմեռ յիշատակները, մինչ սկաուտական փողերախումբերը կը հնչեցնէին իրենց մեղեդիները, քայլարշաւով մուտք գործելով շրջափակ, յիշատակագրելով օրուան խորհուրդին պատկառելիութիւնն ու լրջութիւնը։

֍֍֍

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, խոր ապրումներով ու խոկումներով համակուած էր մեր ժողովուրդը, մանաւանդ ի տես մեր նոր սերունդին գիտակից մասնակցութեան, հասկացողութեան եւ ըմբռնողութեան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութիւն, ինչո՞ւ կատարուած է, ինչո՞վ կը յաւերժանայ ան եւ ո՞ւր կրնայ առաջնորդել հայութիւնը, հասնելու իր նպատակին, ստանալու իր արդար իրաւունքները, անվիճելի հատուցումները, բայց, յատկապէս, Հայ դատը երբեք չմոռնալու, որքան ալ ժամանակները սահին, առաւել եւս՝ միշտ կառչած մնալով հայու արմատներուն, ինքնութեան ու զայն կենդանի պահող առաջադրանքներուն։

֍֍֍

Այս բոլորը, անկասկած, խիստ կարեւոր նախաձեռնութիւններ ու հրամայականութիւններ էին, ոչ թէ միայն վերյիշելու Ցեղասպանութիւնը, նահատակութիւնները, տարագրութիւնները, գաղթականութիւններն ու բռնագրաւութիւնները, որոնք տեղի ունեցան համայն աշխարհի (ընդհուպ քրիստոնեա՞յ) աչքին առջեւ եւ, այսօր, աւելի քան հարիւր տարիէ իվեր, տեղ մը կը քաշկռտուի, տեղ մըն ալ՝ կ’անտեսուի, ուրիշ տեղ մը՝ կը մոռցուի, ուրիշ տեղ մըն ալ՝ կը խեղաթիւրուի։

Անշուշտ, արդի Թուրքիան ո՛չ կ’ընդունի, ո՛չ ալ կը ճանչնայ իր նախահայրերուն կատարած հակամարդկային ոճրարարքները, տակաւին աւելին, առանց խպնելու կը բարբաջէ, որ իր ժողովուրդն է որ ենթարկուած է ցեղասպանութեան եւ անոր յիշատակին համար ալ… յուշարձան կանգնած է։

Կը նշանակէ, այլեւ կը հաստատուի, որ Թուրքիան ո՛չ մէկ ձեւով զիջում կատարելու տրամադրութիւն ունի, ոչ ալ կ’ընդունի որ իր նախորդները ցեղասպան են, ինչ-որ կը պարզէ, թէ այժմու Թուրքիան նոյնքան եւ աւելի ցեղասպան է, վայրագ ու բռնատէր, տակաւին ինքզինք ալ նկատելով… բարեկիրթ, քաղաքակիրթ կամ մարդակիրթ, երբ ատոնց նշոյլն իսկ չկայ իր մօտ։

Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է աւելի քան դար մը, հետեւաբար, ինքնին հարց չէ՞, որ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդը ի՞նչ քայլերու դիմած է (ու կը դիմէ), ի՞նչ յառաջխաղացքներ արձանագրած է (ու կ’արձանագրէ), ի՞նչ յաջողութիւններ նուաճած է (ու կը նուաճէ), ուր Հայ դատը, բազմագլոր տարիներու թաւալքով, չէ հասած կամ տեղաշարուած դէպի շօշափելի բարձունքներ եւ առաւելութիւններ… Հայոց ցեղասպանութեան հարցով նոր եւ յաւելեալ իրագործումներ ապահովելու։

Այսօր հայութիւնը կը հպարտանայ, թերեւս իրաւացիօրէ՛ն, թէ 39 պետութիւններ ԸՆԴՈՒՆԱԾ ու ՃԱՆՉՑԱԾ են Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Շատ բարի, բայց արդեօ՞ք հայութեան պահանջատիրութեան հաստափոր թղթածրարին համար միայն ատիկա՞ է բարենշային կամ վարկանշային վարոյթ մը, որ կրնայ մեզ բաւարարել կամ գոհացնել, երբ հայութեան դիմաց կան լեռնակուտակ պահանջներու եւ ասպարէզներու տրցակներ, որոնք պէտք է մնայուն կերպով տեղաշարժուին ու զարգանան։

Հայութիւնը, տարբեր պետութիւններու մէջ, անհատաբար թէ զօրակցաբար, չունի՞ կարելիութիւններ ու թեկնածուներ, որոնք հասած են բարձրագոյն դիրքերու եւ ազդիկ պատշօններու եւ կրնան Հայ դատին տալ «սրսկելի» ու «շարժելի» պատուաստներ, իրենց վայելած հեղինակութիւններով ու պատկանելիութիւններով։

Որոշապէս, կան նման անուանիներ եւ ականաւորներ, նշանաւորներ եւ երեւելիներ, սակայն անոնք, որքան ալ անհատական «հզօրութիւն»ներ ըլլան, բայց, վերջին հաշուով, պէտք է նեցուկ ու թիկունք ունենան, իրենց տեղւոյն հայկական շրջանակներէն, համայնքներէն ու գաղութներէն, իսկ ինչո՞ւ ոչ նաեւ հայրենի պետութենէն (ասիկա արդէն ինքնին ՀՍԿԱՅ թղթածրար մըն է, որուն կողքէն կարելի չէ անցնիլ… կամայականութեամբ կամ անփութութեամբ, թէեւ ես յաճախ անդրադարձած եմ անոր հրատապութեան), դառնալով աւելի անմիջական, սլացիկ ու բազմաշնորհ։

Բաց աստի, ինչո՞ւ մեր համալսարանական երիտասարդութիւնն ու մասնագիտական թեկնածուները չեն քաջալերուիր, հովանաւորուիր, զօրակցուիր ու ֆինանսաւորուիր, ընտրելու կամ հետեւելու ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ճիւղերուն։

Դիւանագիտութիւնը, քաղաքագիտութիւնը, ընկերագիտութիւնը եւ, այս պարագային, ցեղասպանագիտութիւնը առաջնահերթ եւ առաջնակարգ ուղիներ են, որոնք, այսօր, աշխարհին մէջ կը գրաւեն հիմնական տեղեր եւ ունին գլխաւոր դերեր։

Երբեմն հարց կը տրուի, քննադատաբար թէ մեղմաբար, թէ՝ ինչո՞ւ Հայաստանը, անկա՜խ Հայաստանը, այս ուղղութեամբ չի գործակցիր կամ չի բաժնեկցիր Սփիւռքի պատկան կողմերուն հետ, համախորհրդաբար ու համագործակցաբար, այս առնչութեամբ կառուցողական ու շահաւէտական ծրագրեր մշակելու կամ արդիւնաւէտ ծրարներ դրսեւորելու, յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման եւ իրականացման։

Սակայն կը թուի, թէ այս թղթածրարը, նման մեկնակէտով եւ ընթացքով, գէթ ներկայիս ժամանակի կը կարօտի, հետեւաբար, ցնոր տնօրինում, հաւանաբար պէտք չէ ատոր վրայ կեդրոնանալ, այլ՝ փորձել գտնել նոր ուղիներ (իսկ ատոնք չեն պակսիր), յաչս Հայ դատի դրական շարժերուն ու նպատակակէտային իրագործումներուն։

Այդուամենայնիւ, ժամանակը չէ՞, որ հայութիւնը Հայ դատին կամ պահանջատիրութեան գնացքին տայ յաւելեալ եւ ազդու հնարքներ, որոնք չմնան «ստուեր»ներու տակ կամ չվերածուին «անգոյն» շուքերով պատուած հնոցներու, այլ դառնան այնքան առոյգ, կողմնորոշիչ ու թափանցիկ, որ անիկա վերագտնէ իր ամբողջական փայլատակումը։

֍֍֍

Այս գրաւումները ի՞նչ կը յուշեն կամ կը թելադրեն, եթէ ոչ ա՛յն, որ Հայոց ցեղասպանութեան երթուղին կը կարօտի անխուսափելի «վերանորոգման» ու «վերընձիւղման», ո՛չ անպայմանօրէն իր բովանդակութեամբ կամ ուղղագծութեամբ, այլ աւելի առողջ ծրագրաւումներով, գործնամիտ կարգերով եւ, ընդհանրապէս, հզօր բազուկներով ընթանալու, որոնք չեն կրնար մնալ (եւ պէտք չէ մնան) նեղ «պատուհաններու ու սրահներու» մէջ, այլ տարածուին եւ ընդարձակուին ամէնուրեք, հո՛ն ուր անոնց կարիքը ու պահանջքը կան (ինչպէս նշուած է վերը)։

Առանց թերագնահատելու կամ անտեսելու ամէնամեայ(՞) նշումները եւ ոգեկոչումները Հայոց ցեղասպանութեան, քանի յաւելեալ ուշացում չէ, ԱՅՍՕՐՈՒԸՆԷ լծուիլ, նախապատրաստուիլ ու կազմակերպուիլ դէպի ԻՍԿԱԿԱՆ հետապնդում-գործնականացում՝ Հայոց ցեղասպանութեան այն ուղիներուն եւ յայտնապեղումներուն, որոնցմով Հայ դատը կը թեւակոխէ նոր եւ յուսատու հորիզոններ։

Արագընթաց հեւք մը չէ ասիկա, ոչ ալ պահանջուածը՝ անհեթեթ ոստումներ, բայց ժամանակը եկած է շարժելու արագութեամբ ու զգաստութեամբ, այլապէս «դասարան կրկնելու» հոլովոյթը չի կրնար ծառայել Հայ դատի յառաջընթացին, այլ զայն կը պահէ իր կրաւորականութեան, վերացականութեան ու մակընթացութեան փուլին մէջ։

Share62Tweet39
Previous Post

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 46

Next Post

Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Next Post
Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.