Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ մահու կենաց մարտնչած եւ նահատակուած սերունդին ռազմիկները կը գիտակցէի՞ն արդեօք, որ իրենց արեամբ մեր ժողովուրդը կը փրկէին վերջնական ոչնչացումէ: Անոնք, պիտի կրնայի՞ն գուշակել, որ առ այսօր փառքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի փառաբանուին հանուր հայութեան կողմէ:
Արդարեւ, 1918 թուականի մայիսեան օրհասական այդ օրերուն, համազգային այդ պոռթկումը ինչպիսի՜ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայոց պատմութեան համար, անհնար է խորաչափել: Սարդարապատի հերոսամարտը, անտարակոյս, վկայագիրը հանդիսացաւ հայկական պետականութեան վերածնունդին, հրաշագեղ յարութիւնը՝ մերձիմահ հայրենիքին եւ մեկնարկը՝ հայկական նոր արշալոյսին:
Փոթորկայոյզ ժամանակաշրջան մըն էր, երբ հրամայական էր հայկական բոլոր ուժերուն միակամութիւնն ու վճռականութիւնը՝ փութալու վտանգուած սահմաններ, բռունցք դառնալու ոսոխին դիմաց, ծառանալու մօտեցող եաթաղանին դէմ եւ «խենթ»ավարի մաքառելու խրամատներու ետին: Երբ կը ղօղանջէին զանգերը հայոց սրբազան տաճարներուն, իսկութեան մէջ անոնք կ’աղաղակէին պատմութեան խորքէն եկող Աւարայրեան պատգամի մասին՝ ժողովուրդին վերյիշեցնելով «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է»-ի ոսկէ կանոնը:
Այդ օրերուն, եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին ոչ թէ մէկ օրուան համար, ոչ թէ 1918-ի ճակատամարտերուն համար, այլեւ բոլոր ժամանակներուն, քանզի ազգային գոյատեւման կռիւը մէկ դրուագ չէ, այլեւ յարատեւ է, յաջորդական գուպարներ են ազգային արժէքներու համար՝ հայրենի հողին պաշտպանութենէն մինչեւ գաղութներ՝ դպրոց, եկեղեցի, աւանդոյթներ, մշակոյթ: Այո՛, գործնապէս Սարդարապատը մարտական բախում էր, ռազմական գործողութիւններու հմուտ շարան էր, բայց իր էութեամբ ազգային ինքնութեան պահպանման որոշում էր, երբ լրջօրէն վտանգուած էր ազգին գոյութեան իրաւունքը:
Այդ բախտորոշ թուականին բոլորը միացած էին մէկ նպատակի շուրջ. բոլորը միահամուռ ունեցան մէկ մտասեւեռում՝ ոգի ի բռին պաշտպանել հայրենի հողին վերջին հատուածը: Ըլլան զինուորներ, մշակներ, կանայք, կղերականներ, պատանիներ, որեւէ աշխատանքի ունակ կամաւորներ լծուած էին այդ վճռական գօտեմարտին: Եւ ի՜նչ հրաշակերտ իրողութիւն, որ այդ սերունդը հիմքը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան: Այդ սերունդին է որ կը պարտինք մերօրեայ պետականութիւնը: Անոնց արեան, հաւատքին, քրտինքին, բազուկներուն, հերոսական սխրանքներուն, խոյանքներուն, յանձնառութեան շնորհիւ է որ այսօր աշխարհի քարտէզին վրայ ունինք մեր հայրենի պետութիւնը՝ միջազգային մեծ ընտանիքին մէկ անդամը:
Ինկա՞ն հերոսները յանուն մեծ տեսլականի: Այո՛, ինկան, որպէսզի յառնի հայրենիքը մոխիրներու ընդմէջէն. ծաղկի հողն ու փթթին ծիլերը ազգին: Ինչպիսի՜ յուսավառ աչքերով կռուեցան անոնք Ղարաքիլիսայի դարպասներուն կամ լուսավառ հայեացքներով՝ Բաշ Ապարանի ստորոտին: Հնչակեան հեծելագունդը, Մշեցի Պանդուխտի (Միքայէլ Սէրեան) գլխաւորութեամբ, դիպուկ հարուածով իր կարեւոր նպաստը ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յաղթական ելքին: Համազգային այս յաղթանակը եկաւ նոր էջ բանալու մեր պատմութեան մէջ ոչ միայն ռազմական իր նշանակութեամբ, այլ նաեւ բարոյական եւ դաստիարակչական բովանդակութեամբ:
Սարդարապատի ղօղանջները չդադրեցան հնչելէ: Անոնց ահեղ ձայնին արձագանգները լսուեցան արցախեան աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ: Անոնք լսուեցան մեր ազգային դաստիարակութեան ընթացքին: Անոր հերոսները օրինակելի տիպարները հանդիսացան շատերու: Նահատակեալ մարտիկները եղան հունտերը հասակ նետող սերունդին սիրտերուն մէջ ցանցնուած: Ի վերջոյ՝ Սարդարապատի յուշարձանախումբը կոթողուեցաւ հոն՝ ուր վայրագ ու նախայարձակ թշնամին կանգնած էր սարսռալով, ուր կրած էր ուժգին հակահարուած՝ անփառունակօրէն փախչելով: Ահա թէ ինչու չենք վարանիր անդուլօրէն կրկնելէ՝ «սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:
Միջազգային եւ ազգային, ընկերային թէ քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու այս լպրծուն շրջանին, Սարդարապատի հերոսամարտին խորհուրդը առաւել կ’իմաստաւորուի ամէն գետնի վրայ.- հայրենիքի ամրապնդման, ազգային ոգիի բարձր պահպանման, հայրենատիրութեան գաղափարին, ազգային համակամութեան եւ վերջապէս սարդարապատեան տեսլականին:
1918-ի մայիսեան այս օրերուն ինչո՞վ ոռոգուեցաւ հողը հայրենի: Ի հարկէ, ոռոգուեցաւ «խենթ» մարտիրոսներու արեամբ, որոնք ելք ու ճար գտան սանձելու թշնամին եւ մեզի կտակելու ամենաթանկագինը՝ հայրենիքը:
Սարդարապատեան ոգին սրբացնելու եւ անմահացնելու օրն է այսօր: Այդ օրերու ղօղանջին ունկնդիր ըլլալու օրն է այսօր:
Փառահեղ յաղթանակները լոկ փառաւոր փաղանգները կրնան փառակերտել անտարակոյս:
ՓԱ՛ՌՔ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԴԻՒՑԱԶՆԱՄԱՐՏԻ ԲՈԼՈՐ ԿԵՐՏԻՉՆԵՐՈՒՆ:
