Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 27 Մայիս 2026

May 27, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 27 Մայիս 2026

ՎԵՐՍՏԻՆ ՀԱՐԱՒԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԿՈՒՄ

Մայիսեան համեմատական հանդարտութենէն ետք, անցնող օրերուն իրավիճակը դարձեալ բռնկեցաւ Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ գիւղերուն մէջ, ուր իսրայէլեան ուժերը փորձեցին ընդարձակել լիբանանեան հողին վրայ իրենց տեղակայումը, իսկ Հըզպալլա աշխատեցաւ կանխել իսրայէլեան ուժերուն յառաջընթացը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բանակը սկսած է գործողութիւններ կատարել Լիբանանի մէջ իր գծած դեղին գիծէն հիւսիս՝ կանխելու համար Հըզպալլայի անօդաչուներուն աշխուժութիւնը:

Բանակը հաղորդագրութեամբ մը հաղորդեց, որ նախանցեալ գիշեր աւելի քան հարիւր դիրք հարուածած է Լիբանանի մէջ՝ թիրախաւորելով Հըզպալլայի անդամներն ու ենթակառոյցները: Իսրայէլեան օդային հարուածները անցնող երկու օրերուն կեդրոնացան Նապաթիէ եւ Սուր քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան Պեքաայի Մաշղարա, Սըհմոր եւ Եըհմոր բնակավայրերուն վրայ: Բանակի բանբերը քանի մը անգամ զգուշացում յղեց նշեալ շրջաններու բնակիչներուն՝ պահանջելով ուղղուիլ Զահրանի գետէն հիւսիս, որմէ ետք նկատուեցաւ քաղաքացիներու հոսք դէպի աւելի ապահով շրջաններ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց Մաշղարայի մէջ առնուազն 11 անձերու մահը՝ ներառեալ կին մը եւ երկու երեխաներ: Ըստ նախարարութեան, պատերազմին ընթացքին ցարդ մահացած է 3213 հոգի, վիրաւորուած են գրեթէ 10 հազար անձեր: Իսրայէլեան ուժերը իրենց յարձակումները պատճառաբանեցին սահմանամերձ Մեթիւլէ բնակավայրին եւ այլ շրջաններու ուղղութեամբ Հըզպալլայի անօդաչուներու արձակումով, իսկ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իրենք պատերազմի մէջ են Հըզպալլային դէմ եւ պիտի խստացնեն գործողութիւնները:

 

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆԸ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շեշտեց, որ «Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը» պիտի վերականգնուի միայն երբ Իսրայէլ քաշուի գրաւած շրջաններէն: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ պնդեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան Դիմադրութեան զէնքին, մինչեւ որ պետութիւնը կարողութիւն ունենայ պաշտպանելու երկիրը: Հըզպալլա շեշտեց, որ քաղաքական կամ կառավարական ոչ մէկ որոշում կրնայ խափանել դիմադրելու օրինականութիւնը:

 

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

 Ծոցի շրջանի արաբական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամները Հըզպալլան իր ղեկավարներով, կազմակերպչական կառոյցներով եւ զինեալ թեւով համարեցին ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը:

 

ԹՐԱՄՓ «ԲԱՑԱՌԻԿ» ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒԶԷ

Իրանի հարցով տակաւին չկայ վերջնական համաձայնութիւն, թէեւ երկու կողմերն ու միջնորդները կը խօսին դրական քննարկումներու եւ բանակցային յառաջընթացի մասին: Քաթարի մէջ հաղորդուեցաւ, որ Տոհայի միջնորդութեան շնորհիւ Ուաշինկթըն ու Թեհրան մօտեցած են սառեցուած գումարներուն շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նախնական լուծում գոյացած է վերաբանալու Հորմուզի նեղուցը եւ վերջ տալու բոլոր պատերազմներուն՝ ընդ որում Լիբանանի մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ շեշտեց, որ կա՛մ պիտի ըլլայ բոլորին համար բացառիկ համաձայնութիւն մը, կա՛մ ընդհանապէս պիտի չըլլայ լուծում: «Իրանի հարստացուցած եուրանիւմը կա՛մ պիտի յանձնուի մեզի, կա՛մ ոչնչացուի», պնդեց ան, իսկ արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ կարծիք յայտնեց, թէ համաձայնագրի մշակումը պիտի տեւէ քանի մը օր, պահանջելով որ նեղուցները միշտ մնան բաց եւ ազատ: Կը սպասուի, որ ամերիկացի միջնորդներ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ճարէտ Քուշնէր Իսրայէլ այցելեն շուտով՝ քննարկելու Իրանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքը:

Իրանի լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Թեհրան բանակցութիւններուն ընթացքին կը ձգտի լուծումի լաւագոյն պայմաններու՝ ներառեալ իր սառեցուած գումարներէն 24 միլիառին արձակումը: Իսկ իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Մուժթապա Խամինէի շեշտեց, որ ամերիկացիները այսուհետեւ շրջանին մէջ պիտի չգտնեն ապահով վայր: Իրանի զինուած ուժերուն բանբերն ալ զգուշացուց, որ պատերազմի վերաբռնկումին պարագային իրենք պիտի արգիլեն Ծոցի շրջանէն քարիւղի արտահանումները:

Գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ ինքնապաշտպանութեան նպատակով հարուածած են Իրանի հարաւասյին շրջանը, թիրախաւորելով հրթիռարձակումի կեդրոններ եւ նաւեր, իսկ Թեհրան պնդեց, որ պայթումներուն ձայները արդիւնք են զինավարժութիւններու:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղեց չթոյլատրելու, որ օտարները Հայաստանը գործածեն օտարներու դէմ: Ընտրական հաւաքի մը ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ Թրամփի ուղղիին (TRIPP) գործադրութեան ծիրին մէջ կը սպասուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանի բացումը:

 

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ քանի մը ժամով այցելեց Երեւան ու տեսակցեցաւ իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Անոնք ապա ստորագրեցին հայ-ամերիկեան համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը եւ տուին մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Միրզոյեան շեշտեց, որ հայ-ամերիկեան նախագիծերը կրնան շահաւէտ ըլլալ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն համար եւս: Ռուպիոյ յայտնեց, որ տարածաշրջանային Թրամփի ուղին խաղաղութեան ճանապարհ կը բանայ Հայաստանին եւ տարածաշրջանին համար:

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ընկեր Իշխան Խանճիհանեանի Քառասունքին Առթիւ

Next Post

Խմբագրական. Դեռ Կը Լսուին Ղօղանջները Սարդարապատեան

Next Post
Խմբագրական. Դեռ Կը Լսուին Ղօղանջները Սարդարապատեան

Խմբագրական. Դեռ Կը Լսուին Ղօղանջները Սարդարապատեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.