Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընկեր Իշխան Խանճիհանեանի Քառասունքին Առթիւ

May 23, 2026
in Այլազան
0
Ընկեր Իշխան Խանճիհանեանի Քառասունքին Առթիւ

Դժուար է մահուան առիթով կամ դագաղի շուրջ արտասանուած խօսքերով յաջորդող, մանաւանդ երիտասարդ սերունդներուն ծանօթացնել տիպարը Իշխան Խանճիհանեանի: Նման հաւատաւոր ու նուիրեալ Հ.Մ.Մ.ականի մը, գաղափարապաշտ ու կարգապահ հնչակեան շրքայինի մը, եւ համեստ ու ազնիւ հայորդիին, որուն դիմագիծէն երբեք չպակսեցան ժպիտն ու լաւատեսութիւնը: Լաւատեսութիւն զոյգ հայրենիքներու խաղաղութեան, բարգաւաճման նկատմամբ:

Փոքր տարիքէն ստացած էր կուսակցական ամուր դաստիարակութիւն, իբր ուսուցիչ ունենալվ իր ծնողքը, Ս.Դ.Հ.Կ.-եան հաւատաւոր ողբացեալ ընկերներ Մարտիրոս (խնճոզ) եւ Հայկուհի Խանճիհանեանները, անոնք իրենգ զաւակներուն համար դարձան գաղափարական եւ մարդակերտումի դաստիրարակութեան դպրոց:

Թէ՛ հնչակեան, թէ՛ Հ.Մ.Մ.եան ընտանիքէն ո՞վ չէր ճանչնար Իշխանը, որ սիրալիր կը բարեւէր բոլորին եւ լաւ զրուցակից էր:

Բազմազաւակ ընտանիքին կրտսերագոյն էր ընկերը: Ծնած էր 1946-ին, Պէյրութ: Փոքր տարիքէն ընդգրկուած էր Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմին մէջ, երկար տարիներ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած էր Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին: Այդ օրերուն աշակերտած է Մեծ երաժիշտը Աշոտ Պատմագրեանին, որուն մասին կ’արտայատուէր մեծ հպարտութեամբ ու կ’աւելցնէր. «Խստապահանջ երաժիշտ-ուսուցչապետին շնորհիւ սորված եմ նօթաները ճիշդ օգտագործելը»:

1960-ականներուն կ’անդամակցի Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան: Անցնելով այդ դպրոցէն, իր մէջ կը թրծուի միութեան գաղափարա-հայրենասիրական ոգին: Այստեղ իր մէջ ամրացան «Ազգը, հայրենքիքը եւ գաղափարը անսակարկելի արժէքներ են», «հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, եւ անշահախնդրօրէն պէտք է պաշտպանել զայն» սկզբունքները: Եւ մինչեւ իր մահը ան հաւատարիմ մնայ վերոյիշեալ արժէքներուն:

1976-ին կը բերէ իր մասնակցութիւնը Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան կուսակցական նորաստեղծ նուագախումբին: Ակումբէն ներս կը ձայնագրուի կուսակցական առաջին ձայներիզը (շնորհիւ օրուան վարչական ընկերներու ջանքերուն) ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն, ընկ. Յարութիւն Տէր Դաւիթեանի (կատարողութեամբ) երգեցողութեամբ:

1980-ին կ’անդամակցի Ն.Ս.Մ.Մ.-ին: 1983-ին զինք կը տեսնենք Ն.Ս.Մ.Մ.-ի երգի-պարի համոյթին մէջ, իբրեւ երգչախումբի անդամ:

1982-ին կ’ամուսնանայ Շաքէ Փաշայեանի հետ եւ կը կազէ ընտանեկան գողտրիկ բոյն մը: Զոյգը կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Հայկուհի եւ Յովսէփ Խանճիհանեաններ, որոնք որենց ծնողքին կը պարգեւեն երեք թոռներ՝ Մաթէօն, Մելանին եւ Միլան: Անոնք մեծ հայրիկին եւ մեծ մայրիկին գուրգուրանքին կեդրոնը դարձան:

Անմոռանալի ընկեր,

Դառն իրողութիւն է, որ չկաս ու պիտի չայցելես ամէնօրեայ սիրած ժամադրավայրդ՝ թաղին անկիւնը: Ամէն օր ժամը 4-5-ի միջեւ կ’իջնէիր, կոկիկ հագուած, գլխարկը գլխուդ, կը դիտէիր շուրջդ, կը բարեւէիր ու կը զրուցէիր, կ’ուրախանայիր…: Կը պատահէր հակառակը, յաճախ չէիր ճանչնար զրուցակիցդ, դուն քեզի հարց կու տայիր.- ո՞վ էր, չճանչցայ: Երբ զիս տեսնէիր տխուր կ’ըսէիր.- եթէ մէկը երկար ժամանակ չտեսնեն, կը մոռնաս կոր, այդպէս չէ՞: Ժպիտով կ’աւելցնէի.- Ճիշդ ես, ընկեր Իշխան, այդպէս է: Այս խօսքերուս վրայ կը ժպտէիր բարի ժպիտով մը, ու միասնաբար կը բարձրանայինք տուն տուրճ ըմպելու:

Քառասնօրեակդ է, ընկեր Իշխան,

Դեռ թարմ են բոլորիս ու մեր հոգիներուն մէջ կ’արձագանգէ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախուբին հնչեցուցած Շոփէնի «Մահերգ»ը, երբ դագաղդ դանդաղ քայլերով ուսամբարձ դուրս կու գար եկեղեցւոյ գաւիթէն:

Դեռ մեր յիշողութեան պաստառին վրայ է Հնչակեան կարմիր դրօշով պարուրուած դագաղդ…

Դեռ մեր յիշողութեան մէջ է կուսակցական շուքով կատարուած թաղման արարողութիւնը, յուղարկաւորներու թափօրը, սգակիր բազմութիւնը, տխրունիական ընկերներ, փոխնիփոխ ուսամբարձ կը տանին դագաղդ, իսկ դագաղիդ կը հետեւին անմխիթար կողակիցդ՝ ընկ.հի Շաքէն, զաւակներդ, հարազատներդ, ընկերներ ու բարեկամներ: Կուսակցական երգերու նուագներով թափօրը կ’անցնի Նոր Հաճնոյ թաղերու փողոցներէն, անցնելով տանդ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ուղղուելով Խալիլ Պատաուիի Հ.Մ.Մ. ակումբ, միշտ փողերախումբին ընկերակցութեամբ:

Իսկ դուն բոլորիս սիրելի, բոլորէս յարգելի Իշխանը, անտարբեր իր շուրջ կատարուող անցած-դարձածին, կը ննջէիր խաղաղ, անվրդով յաւիտենական քունով:

Յարգելի ընկ. Իշխան,

Շուրջ 40 օրեր առաջ էր, երբ անշունչ մարմինդ յանձնեցինք ցուրտ հողին, այսօր տխուր իրողութիւն է. արդէն ամենալաւին, ամենաբարիին ձգտող հոգիդ կը ճախրէ եթերին, այլ երկինքներուն մէջ գտա՞ր ծնողքդ, եղբայրներդ՝ Շանթը, Կայծակը, Արմէնը, Սոկրատը, Երուանդուհին, Ալիսը, Անահիտը, եւ այսօր դուն ալ միացար այդ հոյլին, հոն խաղաղութիւն գտնելով: Փոխանցէ իրենց մեր սիրոյ եւ յիշատակներուն մէջ անթառամ մնացող պատկերները կեդանի:

Մահէդ 40 օրեր ետք, թող որ այս քանի մը տողերը սփոփանք ու մխիփարութիւն բերեն ընկ.հի Շաքէին, զաւակներուդ, հարազատներուդ, աւստրալիաբնակ քրոջդ՝ ընկ.հի Վեհանոյշ Խանճիհեան Թադէոսեանին, եւ բոլոր անոնք, որոնք յուզուեցան անդառնալի կորուստովդ:

Թող որ այ սրտաբուխ խօսքերը ծաղկեփունջ ըլլան եւ զարդարեն ցուրտ շիրիմդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ,

Ու յիշատակդ ալ մեր մէջ

Մնայ անմար կեանք-երազ…:

 

Սգակիր

Մ. ԵՐԿԱՆԵԱՆ  

Share63Tweet39
Previous Post

Ուժերու Դասաւորումը Ընտրարշաւի Կէս Ճանապարհին

Next Post

Լուրեր. 27 Մայիս 2026

Next Post
Լուրեր. 27 Մայիս 2026

Լուրեր. 27 Մայիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.