Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Արարատ»-ի Այցելութիւն Սիտնիի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան

May 23, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
«Արարատ»-ի Այցելութիւն Սիտնիի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան

Օգտուելով հիւրաբար Սիտնի գտնուելու պատեհ առիթէն, որպէս «Արարատ» թերթի տնօրէն-խմբագիր, մեր առաջին փափկավարական այցելութիւնը կատարեցինք Սիտնիի Չէթսվուտ շրջանին մէջ գտնուող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացանք Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տէր Վարդան եպս. Նաւասարդեանի կողմէ։

Մեզի կ’ընկերակցէին Աւստրալիոյ Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանը եւ փոխատենապետ ընկեր Ասատուր Հաճեանը։

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը սիրուած եւ յարգուած հոգեւոր առաջնորդ մըն է աւստրալահայ համայնքին մէջ, ինչ որ բազմաթիւ բարեկամներու եւ հաւատացեալներու վկայութեամբ եւս կը հաստատուի։ Յատկանշական է, որ ան 2005-2008 տարիներուն ծառայած է որպէս առաջնորդական փոխանորդ եւ առաջին իսկ օրէն շահած է իր հօտին սէրն ու վստահութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին խօսեցանք թէ՛ աւստրալահայ համայնքը եւ թէ՛ լիբանանահայութիւնը յուզող զանազան հարցերու շուրջ։ Այս առիթով նաեւ փոխանցեցինք «Արարատ»-ի խմբագրութեան եւ ընտանիքին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները Սրբազան Հօր եւ իր միջոցաւ՝ ամբողջ համայնքին։

Մեր զրոյցէն յստակ տպաւորութիւն կազմեցինք, որ երիտասարդ Սրբազան Հայրը մեծ նուիրումով, անխոնջ աշխատանքով եւ անկեղծ հոգածութեամբ կը ծառայէ իր համայնքին։ Ան յատուկ նախանձախնդրութեամբ կը ջանայ ամրապնդել գաղութին համախոհութիւնն ու միասնական ոգին՝ իր ամբողջ եռանդը ի սպաս դնելով ազգային ու հոգեւոր կեանքի հզօրացման։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանը։

Share63Tweet39
Previous Post

Ձայներ Փարիզէն (Արձագանգ Ֆրանսահայ Կեանքի) – 2

Next Post

Միտք Եւ Իշխանութիւն. Մտաւորականի Ճակատագիրը Պատմութեան Հոլովոյթներուն Մէջ

Next Post
Միտք Եւ Իշխանութիւն. Մտաւորականի Ճակատագիրը Պատմութեան Հոլովոյթներուն Մէջ

Միտք Եւ Իշխանութիւն. Մտաւորականի Ճակատագիրը Պատմութեան Հոլովոյթներուն Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.