ԱՆԹՈՆԻ քաղաքը (փարիզեան արուարձան), 18 Ապրիլին, հայաշունչ օր մը ապրած է երկու տարբեր ձեռնարկներով։ Այդ օր, նախ, Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցին առիթով ոգեկոչման ձեռնարկ մը կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն ձօնուած «Հայաստանի արծիւ» յուշակոթողին առջեւ։ Ներկայ եղած են մեծաթիւ ֆրանսացիներ ու ֆրանսահայեր։ Արարողութեան ընթացքին խօսք առած են Ֆրանսայի ուժանիւթի նախարարը՝ Մոտ Պրեժոն (որ նաեւ կառավարութեան բանբերն է), Հօ-տը-Սէն նահանգի խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սիֆրետի, Անթոնիի քաղաքապետ Օտ Նոտէ-Լանկլուա, փոխքաղաքապետ Վիսամ Նեհմէ եւ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։

Նոյն օրը հանդիսաւորապէս բացումը կատարուած է «Դաւթաշէն» անունը կրող փողոցի մը, ի ներկայութեան Հայաստանէն ժամանած Դաւթաշէնի վարչական շրջանի ղեկավար Ալբերտ Յովասափեանի։ Հոս եւս խօսք առած են ֆրանսացի ու հայ պատասխանատուներ։ Հայկական այս անուանակոչութիւնը կատարուած է ի հետեւումն Երեւանի Դաւթաշէն շրջանին ու Անթոնիի միջեւ 2015-ին ստորագրուած զուգորդութեան (քոյր-քաղաք) արձանագրութեան։
ՓԱՐԻԶԻ մէջ, զանազան ձեռնարկներով, նշուած է Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցը։ Նոթր-Տամ տաճարին մէջ, 25 Ապրիլին մատուցուած է հայածէս պատարագ, ձեռամբ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Եղիա եպս. Եղիայեանի։ Քարոզած է Փոնթուազի (Փարիզի հիւսիսային արուարձան) եպիսկոպոսը՝ Պընուա Պէրթրան։ Նոյն օրը, մայրաքաղաքի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած է անմար բոցի արծարծում եւ ծաղկեմատոյց, նախաձեռնութեամբ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան։ Նախորդ օրը, մայրաքաղաքի «Հայաստան» հրապարակին վրայ, ուր կը գտնուի Կոմիտասի ծանօթ արձանը, տեղի ունեցած է ոգեկոչական ձեռնարկ, որ սակայն ամբողջութեամբ վերածուած է Պաքուի մէջ բանտարկուած 19 հայ պատանդներու ազատագրման զօրակոչի… (թշնամին որքա՜ն կ՛ուրախանայ՝ երբ կը տեսնէ որ կամովին փոխած ենք ցեղասպանութեան մայր օրակարգը…)։

Ներկայ եղած են ֆրանսացի պետական բարձրաստիճան դէմքեր։ Ելոյթ ունեցողները՝ Փարիզի քաղաքապետ Էմանուէլ Կրեկուար, ներքին նախարարի կցորդ Ժան-Տիտիէ Պերժէ, հայկական ճակատէն՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան (CCAF-ի համանախագահներ), ցեղասպանութեան յիշատակը անխզելիօրէն կապած են հայութեան եւ Հայաստանի դիմաց ցցուած այժմու մարտահրաւէրներուն։ Այնուհետեւ, բազմութիւնը բողոքի երթ մը կատարած է դէպի Շան զ’Էլիզէի թրքական դեսպանատունը, վանկարկելով հակաթուրք կարգախօսներ։ Նոյն օրը, Փարիզի քաղաքապետարանը նախորդ տարիներու աւանդութիւնը յարգելով՝ յատուկ ընդունելութիւն մը սարքած է քաղաքապետարանի շէնքին մէջ, հարիւրաւոր ֆրանսացի թէ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Հոս, հանդէս եկած են քաղաքապետը, Հայաստանի դեսպանը, հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Միաժամանակ, նախագահ Մաքրոն X-ի իր հաշիւին վրայ քանի մը տողով յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։
ՄԱՐՍԷՅԼԻ հայոց Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ, Ապրիլ 24-ին, տեղի ունեցած է ոգեկոչական ձեռնարկ մը, ի ներկայութեան Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիուի եւ բազմաթիւ պետական-քաղաքական դէմքերու։ Ուղերձներով ելոյթ ունեցած են վարչապետը, Մարսէյլի քաղաքապետը՝ Պընուա Փայան, Պուշ-Տիւ-Ռոն շրջանի ղեկավարը՝ Մարթին Վասալ եւ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեան։ Յիշեցնենք, որ մօտաւորապէս յիսուն տարի առաջ, երբ Մարսէյլի մէջ բացումը կը կատարուէր վերոնշեալ յուշարձանին, Թուրքիա ստեղծած էր քաղաքական մեծ փոթորիկ մը եւ իբրեւ բողոք՝ տուն կանչած էր Փարիզի իր դեսպանը…։
ԱՐՔԷՕՅ քաղաքի (Փարիզի մերձ) «Էսփաս Վիլար» սրահին մէջ, 21 Ապրիլին, Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցի շրջագիծէն ներս, տեղի ունեցած է Ալեքսանտրա Ռութիօ-Միքայէլեանի «Երակներուն մէջ հոսող յիշողութիւնը» (La memoire dans les veines) ֆրանսերէն վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը։

Ֆիլմը կը պատմէ այն հայերուն մասին, որոնք 1915-ի աղէտէն ետք մնացին Թուրքիոյ մէջ ու քողարկուած ձեւով պահեցին իրենց ինքնութիւնը…։ Բեմադիրը ցնցիչ օրինակ մը տուած է իր ընտանիքէն։ Ուղեւորուած է Պոլիս եւ երկար որոնումներէ ետք յաջողած է գտնել իր մեծ հօր «թրքացած» շառաւիղները…։ Ֆիլմը 22 Ապրիլին հեռարձակուած է ֆրանսական KTO կայանէն։
ՓԱՐԻԶԻ Սորպոնի համալսարանի Ռիշըլիէօ լսարանին մէջ, 22 Ապրիլին, տեղի ոնեցած է Հայաստանի ու Ֆրանսայի կապերուն շուրջ հիւսուած բանախօսական-գեղարուեստական ներկայացում մը։ Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպած են ՖԷՏԷ ընկերակցութիւնն ու ուսանողական ՕԼԻՎԷՆ միութիւնը, երկուքն ալ ֆրանսական կազմակերպութիւններ, որոնք կը խթանեն հանրային վիճարկումները ու կը քննարկեն զանոնք։

Զանազան ելոյթներով լուսարձակի տակ առնուած են մշակոյթ, կրթութիւն, երիտաարդութիւն, պատմական ժառանգութիւն, տնտեսական գործակցութիւն եւ նման նիւթեր, մի՛շտ մնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութեանց ծիրէն ներս։ Խօսքերէն անկախ՝ գործադրուած է գեղարուեստական բաժին մըն ալ (պար, ասմունք)։ Ելոյթ ունեցողներէն Թալին Փափազեան (քաղաքական գիտութեանց դասախօս) եւ Եղիշէ Կորիզեան («Շարժում» ընկերակցութիւն) իրապաշտ մերձեցումով վերլուծած են Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները։
ՓԱՐԻԶԻ 16-րդ թաղամասին մէջ, 28 Ապրիլին, պաշտօնապէս բացումը կատարուած է Հայաստանի նոր դեսպանատան, ի ներկայութեան Ֆրանսայի ու Հայաստանի արտաքին նախարարներուն՝ Ժան-Նոէլ Պառոյի եւ Արարատ Միրզոյեանի։ Նոր շէնքը գնուած ու կահաւորուած է Հայաստանի կառավարութեան սեփական միջոցներով։ Բացման արարողութեան հետեւած են քաղաքական ու համայնքային բազմաթիւ դէմքեր, հրաւիրեալներ։ Նախարար Միրզոյեանի ձեռամբ եռագոյն դրօշը պարզուած է շէնքին ճակատին։

Նուագուած են զոյգ երկիրներու փառերգերը։ Նախարարներէն զատ, ելոյթ ունեցած է դեսպան Արման Խաչատրեանն ալ։ Բոլոր ելոյթները կեդրոնացած են երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան եւ պետական ամուր կապերուն վրայ։ Ծիրանենի մը տնկուած է շէնքին պարտէզին մէջ, որպէս կապերու արմատաւորման խորհրդանիշ։ Աւարտին, սարքուած է ճոխ ընդունելութիւն մը։ «Նոր Յառաջ» այս առնչութեամբ կը յայտնէ, որ դեսպանատան նոր կեցավայրը անցեալին առանձնատունը հանդիսացեր էր Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն (1974-1981) Վալերի Ժիսքար տ’Էսթէնի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շէնքը գնեց 23 միլիոն եւրոյի։ Միւս կողմէ, թերթը նկատել կու տայ որ այս ուրախառիթ իրադարձութիւնը եւս պառակտում ստեղծած է հայ գաղութին մէջ, որովհետեւ բացման արարողութեան չեն հրաւիրուած CCAF-ի համանախագահները, Ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը։ Այս իսկ պատճառով՝ CCAF (որ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդն է) հաղորդագրութեամբ մը իր ընդվզումն ու յուսախաբութիւնը յայտնած է այս անտեսումին համար եւ դատապարտած Հայաստանի կառավարութեան ու անոր դեսպանատան ցուցաբերած խտրական ոգին։ Իսկ «Նոր Յառաջ», դիրք գրաւելով վերոնշեալ հաղորդագրութեան դէմ, 30 Ապրիլի իր խմբագրականին մէջ յիշեցուցած է Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ կարծր ու վարկաբեկիչ դիրք բռնած կողմերուն անցեալի յարձակողական ելոյթները, նաեւ նկատել տուած՝ որ գաղութային մարմինները պարտին գո՛նէ «դրական չէզոքութեան դիրքորոշում մը որդեգրել՝ յարգելով ժողովրդավարական ընտրութիւններով երկրի իշխանութեան գլուխ անցած պետական գործիչներու կառավարական որոշումները»։

