Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին իշխանութեան եւ ազատ միտքի, նոյնն է թէ ազատ միտքը կրողի՝ մտաւորականի, յարաբերութիւնը մեծ մասամբ եղած է պրկուած, յաճախ նաեւ՝ ողբերգական։ Այն հասարակութիւնները, որոնք պաշտպանած են միտքը, ստեղծած են քաղաքակրթութիւն։ Իսկ այն իշխանութիւնները, որոնք վախցած են նոր միտքէն, ունեցած են մշակութային եւ մարդկային ծանր կորուստներ։
Մտաւորականը որեւէ ազգի ոչ միայն կրթեալ անդամը, այլեւ այն մարդն է, ով կը ձեւաւորէ մտածողութեան ուղղութիւնը, հարցականի տակ կը դնէ ընդունուած պատկերացումները եւ դուռ կը բանայ նոր կարելիութիւններու առջեւ։
Այդ իմաստով ան ոչ միայն ստեղծող է, այլեւ գիտակցութեան առաջնորդ։ Եւ ճիշդ հոս է, որ յառաջ կու գայ հիմնական հակասութիւնը․ մտածող մարդը բարդ է վերահսկել։
Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ տարբեր ժամանակներու իշխանութիւններ տարբեր պատճառներով, բայց յաճախ նոյն վախէն դրդուած, փորձած են սահմանափակել ազատ միտքը։
Այդ հակասութեան առաջին զոհերէն է Սոկրատ։ Ան ոչ ապստամբութիւն կը քարոզէր, ոչ քաղաքական շարժման առաջնորդ էր, ոչ ալ բացայայտ կը պայքարէր իշխանութեան դէմ։ Անոր «զէնքը» իր խորաթափանց միտքն էր, եւ այդ միտքն ալ զայն դարձուց զոհ։
Ք.Ա. 399 թուականին Աթէնք իր հարազատ զաւակը դատապարտեց մահուան՝ մեղադրելով երիտասարդութիւնը «ապականելու», քաղաքի աստուածներուն չերկրպագելու եւ աւանդական համոզումները կասկածի տակ դնելու համար։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ ան մարդիկը կը մղէր ինքնուրոյն մտածողութեան։ Անոր մահը ցոյց տուաւ պարզ, բայց անվիճելի ճշմարտութիւն մը․ երբ հասարակութիւնը չի յաջողիր ընդդիմանալ խնդիրներուն, կը հակազդէ պատժելով։
Միջնադարուն միտքի եւ իշխանութեան հակադրութիւնը տեղափոխուեցաւ կրօնական դաշտ։ Իւրաքաչիւր գաղափար, որ դուրս էր պաշտօնական վարդապետութենէն (dogma), կ’ընկալուէր որպէս սպառնալիք։
Թէեւ բնոյթով տարբեր, սակայն յիշատակութեան արժանի է նաեւ թոնդրակեան շարժումը։ Շարժման առաջնորդներն ու հետեւորդները կը մերժէին եկեղեցական նուիրապետութեան կարգ մը ձեւեր եւ կը հակադրուէին կրօնական հաստատուած կառուցուածքին։ Հետեւաբար, շարժումը ենթարկուեցաւ դաժանագոյն ճնշումներու, իսկ անոր առաջնորդները՝ մահուան։

Վառ օրինակ է նաեւ անարդարութեան մոլի հակառակորդ Եան Հուսը։ Չեխ բարեփոխիչը պապականութեան ընդդիմախօս էր․ ան եկեղեցին կ’ամբաստանէր գանձամոլութեան եւ գանձագողութեան մէջ, միաժամանակ անհրաժեշտ գտնելով, որ քարոզները հնչեն ոչ թէ լատիներէն, այլ ազգային լեզուներով։
1410 թուականին Հուս քարոզ կը կարդար կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, մինչ Փրահայի եպիսկոպոսը կը հրամայէր այրել «հերետիկոսին» գիրքերը։ Երկու տարի ետք զայն վտարեցին եկեղեցիէն, իսկ 1415-ին ողջ-ողջ այրեցին այդ օրերու կրօնական կեդրոններէն՝ Կոնստանցի մէջ։
Հուսի ողբերգական մահէն դար մը ետք՝ 1520 թուականին, Մարթին Լիւթեր պիտի ըսէր․ «Մենք բոլորս, ակամայ, հուսականներ ենք»։
Լիւթեր նոյնպէս կ’ամբաստանուէր Եան Հուսին գաղափարներուն նմանող «հերետիկոսական» հայեացքներ ունենալուն համար։ Վերը յիշուած խօսքերը ան արտաբերեց այն համոզումով, որ իր աստուածաբանական հայեացքները էապէս չէին տարբերեր պոհեմացի բարեփոխիչին գաղափարներէն։
Ճորտանօ Պրունօ, ով կը խօսէր տիեզերքի անսահմանութեան մասին, արժանացաւ նոյն ճակատագրին։ Անոր գաղափարները շատ առաջ էին իր ժամանակէն, իսկ ժամանակը պատրաստ չէր զանոնք ընդունելու։
Այս օրինակները կը վկայեն, որ յաճախ վտանգաւորը ոչ թէ սխա՛լ գաղափարներն են, այլ այն գաղափարները, որոնք ունակ են փոխելու մարդոց աշխարհընկալումը։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ այս նոյն օրինաչափութեան կը հանդիպինք իրարմէ ոչ այնքան հեռու երկու տարբեր ժամանակաշրջաններու՝ օսմանեան բռնութիւններու եւ խորհրդային բռնաճնշումներու տարիներուն։
Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդը տառացիօրէն գլխատուեցաւ, դառնալով ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ մշակութային բնաջնջումի աննախադէպ օրինակ։
Հայ մտաւորականութեան վերացումը կապուած էր ոչ միայն քաղաքական իրավիճակի, այլ յատկապէս մշակութային ինքնութեան հետ․ մտաւորականը կ’ընկալուէր որպէս կրողը ժողովուրդի յիշողութեան։
Գրեթէ նոյնը կրկնուեցաւ խորհրդային շրջանին։ Բազմաթիւ մտաւորականներու ճակատագրեր եկան ապացուցելու, որ գաղափարական վերահսկողութիւնը նոյնքան վտանգաւոր է, որքան բացայայտ բռնութիւնը։ Այստեղ վտանգաւորը ոչ թէ ազգային ինքնութիւնը, այլ անկախ մտածողութիւնն էր։
Այս բոլոր փաստերը եւ օրինակները, որքան ալ ժամանակային ու պատմական առումով տարբեր, ունին մէկ ընդհանուր հիմք՝ յառաջադէմ միտքէն վախը։
Իշխանութիւններու համար, անկախ իրենց ձեւէն՝ կրօնական, քաղաքական, թէ գաղափարական, ամէնէն կարեւորը իրենց կայունութեան պահպանումն է։ Մինչդեռ միտքը այն ուժն է, որ կը սպառնայ այդ կայունութեան։ Արթուն միտքը հարցեր կ’առաջադրէ, նոր հեռանկարներ կը բանայ եւ կը ստիպէ վերանայիլ հաստատուած «ճշմարտութիւնները»։
Ահա թէ ինչու մտաւորականը յաճախ կը դիտարկուի ոչ թէ որպէս անհատ, այլ որպէս համակարգի դէմ վտանգ։ Իսկ երբ համակարգը չի յաջողիր կամ չ’ուզեր արձագանգել նոր գաղափարին, ամէն ինչ կ’ընէ լռեցնելու համար գաղափար կրողը։
Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ պարզ, բայց խօսուն ճշմարտութիւն մը․ այն հասարակութիւնները, որոնք փորձած են լռեցնել միտքը, կորսնցուցած են ոչ միայն իրենց մտաւորականները, այլեւ իրենց ապագայ զարգացման կարելիութիւնները։
Մտաւորականը ազգի մը ուղեղն է, անոր միտքն ու ինքնագիտակցութիւնը։ Մտաւորականը ոչնչացնելով կը փորձեն կոտրել ոչ միայն մարդը, այլեւ տուեալ ազգին մտածելու կարողութիւնը։
Սակայն նոյն պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է նաեւ ուրիշ բան մը․ միտքը ի սպառ լռեցնել կարելի չէ։ Ան կրնայ ճնշուիլ, խեղուիլ, ժամանակաւորապէս մղուիլ դէպի լուսանցք, բայց վերջնականապէս անհետիլ՝ բնաւ։ Միտքը անսպասելի ձեւերով եւ նոր անուններով վերադարձի թարմ ուղիներ կը գտնէ։
Ասիկա, ըստ երեւոյթին, պատմութեան ամէնէն մեծ առեղծուածներէն է․ իշխանութիւնները, այո՛, կրնան կառավարել մարդը, բայց ղեկավարել անոր միտքը՝ անզօր են։
Մարդուն կարելի չէ արգիլել, որ մտածէ, բայց ասիկա այնքան ատեն, քանի դեռ միտքը չէ վերածուած խօսքի։ Իսկ ի՞նչ արժէք կամ իմաստ ունի միտքի ազատութիւնը, եթէ անոր հաղորդակից չեն նաեւ ուրիշներ։
Այսօր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ խօսքի ազատութիւնը այնքան բնական եւ ընթացիկ դարձած է եւ մարդը այնքան վարժուած է այդ իրողութեան, որ զայն կ’ընկալէ իբրեւ ինքնըստինքեան տրուած եւ անկորնչելի իրաւունք։
Սակայն այդ իրաւունքը ձեռք բերուած է միայն երկարատեւ պայքարներէ եւ արիւնալի զոհողութիւններէ ետք։
Դարեր պէտք եղած են, որպէսզի ամենալուսաւոր ժողովուրդներն անգամ համոզուին, թէ սեփական կարծիքը հրապարակելու եւ բոլոր հարցերը քննարկելու ազատութիւնը ոչ թէ վտանգ, այլ արժէք կը ներկայացնէ։
Փոքր բացառութիւններով, մարդկային հասարակութիւնները ընդհանուր առմամբ կասկածով կը վերաբերին միտքի ազատութեան եւ նոր գաղափարներուն, եւ ինչո՞ւ՝ դժուար չէ հասկնալ։
Կ’ըսեն, թէ միջին մակարդակի միտքը ծոյլ է եւ առաւելապէս հակուած է ընտրելու նուազագոյն դիմադրութեան ուղին։ Այդպիսի մարդու մտաւոր աշխարհը յաճախ կազմուած է համոզումներէ, որոնք ան ընդունած է առանց հարցականի, հետեւաբար բնազդական թշնամանքով կը վերաբերի որեւէ նորութեան, որ կը սպառնայ խախտել իր ընկալումները։
Նոր գաղափարը, որ անհամատեղելի է նախկին համոզումներուն հետ, կը ստիպէ վերակազմաւորել մտածողութիւնը։ Իսկ այդ գործընթացը աշխատատար է, որովհետեւ նոր գաղափարները կասկածի տակ կը դնեն հինէն ի վեր հաստատուած պատկերացումները եւ շատ անգամ կ’ընկալուին որպէս վտանգաւոր կամ նոյնիսկ՝ «չար»։
Սոկրատէն յետոյ պատմութիւնը չդադրեցաւ կրկնելէ նոյն ծայրայեղ կեցուածքները։

Իր ժամանակի մեծագոյն մաթեմաթիկոսներէն եւ աստղագէտներէն՝ Հիփաթիա, յունական մշակութային աշխարհին պատկանող մտածող էր։ Ան ապրած է Ալեքսանդրիա, մօտաւորապէս Դ. – Ե. դարերուն, երբ քաղաքը հելլենիստական գիտութեան եւ փիլիսոփայութեան մեծ կեդրոն էր։ Ազգութեամբ զայն յոյն կը համարեն (աւելի ստոյգ՝ հելլենիստական յունական աւանդութեան ներկայացուցիչ), թէեւ ապրած է հռովմէական Եգիպտոսի մէջ, հոն ղեկավարելով նոր պղատոնական փիլիսոփայական դպրոցը։ Անոր կին ըլլալը շատ աւելի բորբոքեց տգէտ եւ մոլեռանդ ամբոխը, որ, ի վերջոյ, դաժանաբար սպաննեց կին գիտնականը։
Շատերու համար Հիփաթիա դարձած է ազատ միտքի ու գիտութեան խորհրդանիշ։
Նոյն ճակատագիրը, տարբեր դարերու ընթացքին եւ տարբեր ձեւերով, բաժին հասաւ նաեւ այլ մտածողներու։
ԺԸ. դարու Ֆրանսայի մէջ, կիներու ազատութեան գաղափարը տարածելու «յանցանքով» գլխատուեցաւ գրող եւ հասարակական բարեփոխիչ Օլիմփ տը Կուժ։
Բազմաթիւ են նաեւ մերօրեայ օրինակները։ Քանի՜-քանի՜ այլախոհներ իրենց կեանքով հատուցեցին ազատ միտքը բարձրաձայնելու եւ համախոհներ ունենալու համար։
Դարերով տարբեր քաղաքակրթութիւններու մէջ ձեւաւորուած նոյն օրինաչափութիւնը ցաւալիօրէն շարունակուած է նաեւ հայ իրականութեան մէջ։
Հոս եւս մտաւորականը ընկալուած է ոչ միայն որպէս անհատ, այլ որպէս գաղափարի, յիշողութեան եւ ինքնագիտակցութեան կրող։

Փայլուն գրող, ցեղասպանութեան սարսափները վաւերագրած եւ ճշմարտութիւնը գրի առած Զապէլ Եսայեան հետապնդուեցաւ եւ դարձաւ խորհրդային բռնաճնշումներու զոհ…
Մեծն Չարենցը, որուն խօսքը կը ձեւաւորէր իր ժամանակի մտածողութիւնը, դաժանօրէն լռեցուեցաւ իր իսկ երկրին կողմէ (Յաճախ մեր կամակատարները իրենց դաժանութեամբ գերազանցած են նոյնիսկ անոնց, որոնք ծրագրած ու յանձնարարած են այդ ոճիրները)։
Մեծ է անոնց թիւը։ Այդպիսի մարդիկը չեն հանդուրժեր։ Ճիշդ է, որ անոնց ճակատագրերը տարբեր են իրենց դրսեւորումներով, սակայն արմատը նոյնն է՝ իշխանութիւնները կը սոսկան անոնց չվերահսկուող միտքէն։
Համաձայնինք, սակայն, որ պատմութիւնը յառաջ կը մղեն ոչ թէ լռողները, այլ մտածողներն ու խիզախողները…։

