Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամէնէն հետեւանքային ընտրութիւններու քարոզարշաւը կը մօտենայ իր վերջնական փուլին, որուն աւարտին պիտի վճռուի երկրի ապագան` յաջորդ տասնամեակներուն համար: Պայքարը ոչ միայն կուսակցութիւններու միջեւ է, այլ` երկու տարբեր աշխարհաքաղաքական հայեացքներու: Մէկը կ’ուզէ վերադարձ նախկին քրէաօլիկարխիկ համակարգին ու Հայաստանի ճակատագիրը կապել «հիւսիսի դաշնակիցին», իսկ միւսը` բացուիլ Արեւմուտքին ու ընթանալ բարեկեցութեան ու ժողովրդավարութեան ճանապարհով:
Քարոզարշաւի ընթացքին պարզուող ուրուագծին վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել, որ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած ուժը առաջ է միւս կուսակցութիւններէն եւ իշխանութեան վրայ մնալու անոր հաւանականութիւնը` բաւականին մեծ: Այդ ցոյց կու տան գետնի վրայ պարզուող երեւոյթները, հանրահաւաքներուն մասնակիցներու թիւն ու խանդավառութիւնը, ասոնց վրայ գումարած հանրային կարծիքի հարցումները, որոնք բոլորն ալ առաւելութիւնը կու տան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան: Տակաւին հարցական կը մնայ անոր ապահովելիք տոկոսները, որոնք յայտնի պիտի դառնան միայն Յունիս 7-ի ընտրութիւններու աւարտին:
Իշխող կուսակցութեան հիմնական թեզերը կը մնան խաղաղութիւնը, ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւումը, ընդհանուր ապահովագրութեան համակարգի գործարկումը, դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ ճանապարհներու կառուցումը կամ վերանորոգումը, կենսաթոշակներու բարձրացումը, ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները:
Ընտրութիւններուն մասնակցող երկրորդ մեծագոյն ուժը կը հանդիսանայ Ռուսաստանի քաղաքացի ու տնային կալանքի տակ գտնուող միլիառատէր` Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը: Կը կարծուէր թէ այս ուժը պիտի կարենայ իսկական մրցակից դառնալ իշխող ուժին, շնորհիւ անոր տրամադրութեան տակ եղող նիւթական հսկայ միջոցներուն եւ Ռուսաստանի կողմէ անոր վայելած աջակցութեան: Սակայն ընտրապայքարի ընթացքին ի յայտ կու գան շարք մը երեւոյթներ, որոնք կը վնասեն այդ ուժի վարկանիշին: Սամուէլ Կարապետեան երբ սկսաւ հրապարակային ելոյթներ ունենալ առանց արհեստական բանականութեան օգնութեան ու մօտէն շփուիլ լրագրողներու հետ, ի յայտ եկաւ, որ ան դժուարութիւններ ունի հայերէնով արտայայտելու եւ իր միտքերը յստակ բանաձեւելու: Նաեւ պարզ դարձաւ, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ը մեծապէս կ’ապաւինի նիւթականով շահագրգռելու եւ ընտրակաշառքի օգտագործմամբ ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութեան խաբկանք ստեղծելու վրայ:
Այս ուժը ժողովուրդին կը խոստանայ տնտեսական զարգացում, 300 հազար նոր աշխատատեղեր, Ռուսաստանի հետ կապերու բարելաւում, երկրի պաշտպանութեան ամրապնդում: Ան կը մեղադրէ իշխանութիւնները, որ իբրեւ թէ կը պատրաստուին Հայաստան բերելու 300 հազար ատրպէյճանցիներ:
Իշխանութեան ձգտող երրորդ ուժը կը հանդիսանայ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որուն վարկանիշը օրըստօրէ կը նուազի: Այս ուժի նախկին կողմնակիցներէն ու քուէարկողներէն շատեր արդէն իսկ անցած են Սամուէլ Կարապետեանի կողմը, իսկ ինքը` Քոչարեանը խնդիրներ ունի իր անցեալին հետ, երբ անոր իշխանութեան օրօք տեղի ունեցան քաղաքական սպանութիւններ, փակուեցան անկախ լրատուամիջոցներ, կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը ստացան համակարգային բնոյթ ու երկրէն ներս տիրեց վախի մթնոլորտ: Քոչարեանի քարոզարշաւի հիմնական թեզը կ’ամփոփուի Փաշինեանը «թուրք, հողատու, դաւաճան» անուանելու մէջ, որ այլեւս աշխատող կարգախօս չէ հայ ընտրողին մօտ:
Ներկայիս դրութեամբ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարան մուտքը խիստ կասկածելի է, նկատի առնելով, որ դաշինքներու պարագային հոն հասնելու համար պէտք է ապահովել ընտրողներու առնուազն 8 տոկոսի ձայները: Ընտրութիւններու աւարտին Հայաստանի ժողովուրդը կրնայ ականատես դառնալ Քոչարեանի քաղաքական կեանքի մայրամուտին:
Խորհրդարան մուտք գործելու յաւակնութիւն ունի նաեւ մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը: Կը կարծուի, թէ 4 տոկոսի նուազագոյն շեմը յաղթահարելու եւ խորհրդարան մտնելու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է այս ուժին համար:
Կարապետեան-Քոչարեան-Ծառուկեան կը ներկայացնեն ռուսամէտ ճակատը, որ պիտի փորձէ Փաշինեանը հեռացնել իշխանութենէն` ընտրութիւններէն ետք միանալով ու մեծամասնութիւն կազմելով: Իրենց նպատակին հասնելու համար այդ երեք ուժերն ալ բաւական մեծ տոկոսներով պէտք է ներկայացուած ըլլան նոր խորհրդարանէն ներս: Այսօրուան դրութեամբ այդ հաւանականութիւնը շատ ցած է:
Վերջապէս, ներքաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողներու ուշադրութենէն չի վրիպիր այն պարագան, որ ընտրարշաւի ջերմաստիճանը սպասուածէն աւելի բարձր է, ինչ որ ժխտական տպաւորութիւն կը ձգէ հասարակութեան մօտ: Երկուստեք կը հնչեն իրար հասցէին վիրաւորանքներ, ցեխարձակումներ ու սպառնալիքներ` վանելով շատ քաղաքացիներ, որոնք պիտի չուզէին մասնակից դառնալ նման ժխտական գործընթացներու:
Կը յուսանք, որ այս ընտրութիւնները կ’անցնին առանց ցնցումներու եւ աւարտին քաղաքական դաշտը կը վերանորոգուի ու կը դառնայ աւելի առողջ ու հաւասարակշռուած` հեռու պառակտում սերմանող հռետորաբանութիւններէ ու երեւոյթներէ:

