ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ 9 ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանեց 9 լիբանանցիներու նկատմամբ՝ խաղաղութեան հոլովոյթը եւ Հըզպալլայի ապազինումը խափանելու ամբաստանութեամբ: Պատժամիջոցներու ենթարկուած են Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններ Մոհամմատ Ֆնէյշ, Հասան Ֆատլալլա, Իպրահիմ էլ-Մուսաուի, Հըսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մոհամմատ Ռիտա Շիպանի եւ Ամալ շարժումի ապահովական պատասխնատուներէն Ահմատ Պաալպաքի ու Ալի Սաֆաուի՝ Հըզպալլային օգնելու եւ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններ համակարգելու յանցանքով:

Այն ինչ կը վերաբերի պետական պաշտօնեաներու, ապա Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութենէն զօրավար Խաթթար Նասիրըտտին եւ բանակէն գնդապետ Սամէր Համատա պատժամիջոցներու ենթարկուեցան Հըզպալլայի հետախուզական տեղեկութիւններ փոխանցելու յանցանքով: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար յայտնեց, որ Ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնէն պահանջած է հետաքննութիւն բանալ այս հաստատութեան մէջ հնարաւոր բոլոր խախտումներուն վերաբերեալ: Լիբանանեան բանակը եւ Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդագրութիւններով հակադարձեցին ամերիկեան պատժամիջոցներուն ու շեշտեցին, թէ բոլոր սպաները իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն կարգապահութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ, միշտ յանձնառու մնալով Լիբանանի շահերուն: Իսկ Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը տեղի ունեցածը համարեց ահաբեկում, մերժելով տեղի տալ ամերիկեան պահանջներուն:
ՀԱՅՔԱԼ. «ԲԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՊԱՀՊԱՆԷ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առթիւ օրուան հրահանգը ուղղեց զինուորականներուն, որուն մէջ մեծարեց հայրենիքին համար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը եւ վերահաստատեց, որ այս օրհասական օրերուն, բանակը կը կանգնի լիբանանցիներուն կողքին՝ թեթեւցնելու համար իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքները եւ աջակցելու իրենց տուներէն տեղահանուած քաղաքացիներուն: «Մեր պատգամը յստակ է. բանակը պիտի կանխէ բոլոր դաւադրութիւնները, որոնք կը միտին ցնցելու Լիբանանի ներքին կայունութիւնն ու ապահովութիւնը, պահպանելով լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Հայքալ:
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՄԱՂԹԱՆՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին Աուն մաղթեց, որ Լիբանան վերատիրանայ կայունութեան եւ վերջնականապէս ազատագրուին բռնագրաւեալ բոլոր հողերը:

Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս յայտնեց, որ նախարարները նշանակած են Հիւսիսի, Լեռնալիբանանի, Պէյրութի, Պեքաայի եւ Հարաւի մէջ ջուրի հաստատութեան վարչական խորհուրդներուն անդամները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ
Մինչ տակաւին ընդհանուր առմամբ կը գործադրուի Պէյրութն ու հարաւային արուարձանները իսրայէլեան օդային հարուածներէն զերծ պահելու փոխըմբռնումը, որեւէ ձեւով զինադադար չկայ հարաւի մէջ, ուր կը շարունակուին իսրայէլեան հարուածները: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ իսրայէլեան թիրախաւորումներուն հետեւանքով մահացած մարդոց թիւը բարձրացած է 3111-ի, իսկ վիրաւորներուն ընդհանուր թիւը՝ 9432-ի:
ԻՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թեհրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին նախագիծը կը ներառէ Իրանի նկատմամբ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցներու աստիճանական չեղարկում, պայմանաւ որ Իրան գործադրէ փաստաթուղթին բոլոր պայմանները: Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու փոխնախագահը տակաւին երկու օր առաջ յայտնած էին, թէ շատ մօտեցած են զինադադարի համաձայնագրի ստորագրումին:

Անոնք շեշտած էին նաեւ, որ Թեհրան պէտք չէ գումար գանձէ Հորմուզի նեղուցէն անցնող նաւերէն: Զինադադարի ենթադրեալ համաձայնագրին մէջ պիտի նշուի, թէ պատերազմը կը դադարի ոչ միայն Իրանի մէջ, այլեւ Իրանին հետ առնչուած բոլոր ճակատներուն վրայ: Ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, թէ որոշ դրական յառաջընթաց կայ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ, իսկ Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ բանակցային նիստերուն ընթացքին Թեհրանի ներկայացուցիչները յանձնառու կը մնան Իրանի իրաւունքներուն, իսկ ամերիկեան կողմը կը պահանջէ հրաժարիլ անոնցմէ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Կարկաշ իր կարգին կարծիք յայտնեց, թէ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ համաձայնելու հնարաւորութիւնը 50 առ հարիւր է: Ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ կատարուած ծովային պաշարումին սկիզբէն ի վեր ամերիկեան ռազմանաւերը փոխած են Իրան ուղղուող 97 նաւու ուղեգիծերը եւ խափանած ե չորս նաւու ընթացքը:
72 ՀԱԶԱՐ ՄԱՀ
Կազայի մէջ գործող Համասի կառավարութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Իսրայէլի կողմէ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր իրականացուող գործողութիւններուն հետեւանքով մահացած մարդոց թիւը բարձրացած է առնուազն 72 հազարի, իսկ 173 հազար մարդ ալ վիրաւորուած է:

Միայն անցեալ Հոկտեմբերին զինադադարի հաստաումէն ետք Իսրայէլ սպաննած է 883 մարդ:
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ԺԽՏԷ ՀՈՂ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որհամացանցային Google Maps հարթակին վրայ Հայաստանի մէջ գտնուող Տիգրանաշէնին անունը երբեք չէ փոխուած եւ կը կրէ ատրպէյճանական անուն մը, մինչ կարգ մը մարդիկ այդ իրականութիւնը տակաւին նոր նկատած են ու կ’ամբաստանեն կառավարութիւնը: Սուտ համարելով այն պնդումը, թէ ինք հող կը յանձնէ Ատրպէյճանին, վարչապետը նշեց, որ «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը փոխադարձաբար ճանչցած են իրար տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այդ հիման վրայ կատարած են սահմանազատում:

Այս կը նշանակէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը համապատասխանեն Խորհրդային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններուն»: Վարչապետին համաձայն, ակնյայտ է, որ սահմանազատման բերումով Հայաստանի տարածքը պիտի կազմէ 29.743 քառակուսի քիլոմեթր, իսկ ճանապարհներուն ու ենթակառոյցներուն վերաբերող խնդիրները պիտի լուծուին սահմանային համաձայնութիւններուն միջոցաւ:
ԵՐԵՒԱՆ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԻ ԱՌՋԵՒ
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուք Երեւանին կոչ ուղղեց հնարաւորինս արագ կողմնորոշուելու Եւրոմիութեան ու Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ընտրութեան հարցով: Անոր համաձայն, ոչ ոք Հայաստանը դուրս կը մղէ ԵԱՏՄ-էն, սակայն Երեւանն է, որ կ’ուզէ անդամակցիլ Եւրոմիութեան, ուստի պէտք է կողմնորոշուի: «Որպէս Ռուսիոյ դաշնակից, Հայաստան կ’օգտուի ուժանիւթային միջոցներու յատուկ գիներէ եւ այսպիսի հարցեր պէտք է քաղաքակիրթ ձեւով լուծել, եթէ Հայաստան որոշէ դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն», ըսաւ ռուս փոխվարչապետը:

