Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ժողովուրդին Կամքը Պարտադիր Է. Հայաստանի 2026-ի Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Պէտք Է Յարգուի

May 21, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ժողովուրդին Կամքը Պարտադիր Է. Հայաստանի 2026-ի Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Պէտք Է Յարգուի

Մինչ Հայաստան կը մօտենայ 2026 թուականի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, մէկ հիմնարար սկզբունք պէտք է գերակայ ըլլայ բոլոր քաղաքական նախասիրութիւններէ վեր. ժողովուրդին կամքը պարտադիր է: Իւրաքանչիւր ժողովրդավար պետութեան մէջ ժողովուրդն է որ կ’որոշէ, թէ ո՛վ պէտք է ղեկավարէ երկիրը: Երբ քաղաքացիները ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու ընթացքին իրենց քուէն կու տան, արդիւնքը պէտք է ընդունուի եւ յարգուի բոլորին կողմէ:

Այս յօդուածը գրուած չէ ոեւէ թեկնածուի կամ քաղաքական ուժի քարոզչութիւնը ընելու համար: Իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ ունենալ իր քաղաքական նախընտրութիւնը, եւ քաղաքական մրցակցութիւնը բնական երեւոյթ է ժողովրդավարութեան մէջ: Սակայն աւելի մեծ հարց մը կայ` Հայաստան պէտք է վերջ դնէ քաոսին, անվերջ ներքաղաքական բախումներուն եւ օրինական ընտրական արդիւնքները մերժելու մշակոյթին:

Այս ընտրութիւններու աւարտէն ետք անընդունելի է ամէն առիթով, առանց պատճառի, իշխանափոխութիւն պահանջելը կամ ժողովուրդին կողմէ մերժուած եւ ընտրութիւններուն պարտուած խմբաւորումներու կողմէ վարչապետի հրաժարական պահանջելը, ո՛վ ալ ըլլայ այդ վարչապետը: Ժողովըրդավարութեան մէջ իշխանութիւնը կը փոխուի ընտրութիւններով, ոչ թէ փողոցային ճնշումներով կամ շարունակական անկայունութիւն ստեղծելով:

Եթէ ընտրութիւնները թափանցիկ եւ օրինական են,-– իսկ Հայաստան 2018-էն ի վեր զգալի յառաջընթաց արձանագրած է ընտրական գործընթացներու բարելաւման մէջ,– ապա արդիւնքները կը ստանան լիակատար ժողովրդավարական օրինականութիւն: Ոչ մէկ քաղաքական ուժ իրաւունք ունի մերժելու արդիւնքը միայն այն պատճառով, որ ինք չէ յաղթած: Եթէ կան խախտումներու կամ ընտրական անօրինութիւններու մասին պնդումներ, անոնք պէտք է քննուին բացառապէս օրէնքի սահմաններուն մէջ` Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին միջոցով: Իսկ երբ ընտրական արդիւնքները վաւերացուին, անընդունելի է անոնց վրայ կասկածի ստուեր ձգելը կամ նոր ճգնաժամ ստեղծելու փորձերը:

Իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի մէջ փոքրամասնութիւնը կը յարգէ մեծամասնութեան որոշումը, միաժամանակ պահպանելով իր իրաւունքը՝ քննադատելու, կազմակերպուելու եւ յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու: Ահա այսպէս կ’աշխատի ժողովրդավարութիւնը: Ընդդիմութիւնը ունի կարեւոր դեր` վերահսկելու կառավարութիւնը, մատնանշելու սխալները եւ առաջարկելու այլընտրանքներ, սակայն միշտ օրէնքի եւ սահմանադրութեան ծիրէն ներս:

Պէտք է խստիւ մերժուի ամէն փորձ անկարգութիւն ստեղծելու, լարուածութիւն բորբոքելու կամ ընտրական գործընթացը անվաւեր ներկայացնելու` թէ՛ ընտրութիւններէն առաջ եւ թէ՛ անոնցմէ ետք: Առանց փաստերու ընտրական կեղծիքներու մասին նախապէս կատարուած պնդումները կը վնասեն հանրային վստահութեան, կը խորացնեն բաժանումները եւ կը տկարացնեն պետութիւնը:

Հայկական սփիւռքը կը շարունակէ մնալ ազգին կարեւոր մէկ մասը` ունենալով խոր բարոյական իրաւունքներ եւ նուիրուածութիւն Հայաստանի հանդէպ: Անոր զաւակները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կանգնած են հայրենիքին կողքին` աջակցելով ազգային, մշակութային եւ պետական կեանքին: Սակայն Հայաստանի Ազգային ժողովը ընտրելու իրաւական իրաւունքը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, որոնք սահմանադրական կարգով կը մասնակցին ընտրութիւններուն:

2026-ի ընտրութիւնները կրնան դառնալ Հայաստանի ժողովրդավարական հասունութեան կարեւոր փուլ մը: Ով որ յաղթէ ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններով, պէտք է ստանայ յառաջիկայ հինգ տարիներուն երկիրը կառավարելու իրաւունքը: Եթէ կ’ուզենք, որ մեր պետութիւնը կայունանայ եւ պետական համակարգը ամրապնդուի, ապա պարտաւոր ենք յարգել ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց աւարտէն ետք դադրեցնել քաղաքական ուժերու միջեւ շարունակական հակառակորդութիւնն ու բեւեռացումը:

Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ընտրութիւններու աւարտին պարտուողը կը շնորհաւորէ յաղթող ուժը եւ կը լծուի կառուցողական ընդդիմադիր աշխատանքի` պատրաստուելով յաջորդ ընտրութիւններուն: Ասկէ բացի այլ ձեւ չկայ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայրենաբնակ ժողովուրդի ինքնիշխան կամքին եւ ժողովրդավարական պետութեան գաղափարին:

 

«ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ»

Աւստրալիոյ Հայ Համայնքի Ընկերակցութեան Ամսաթերթ

Share63Tweet39
Previous Post

Ինչո՞ւ Կը Լռէ Մայրենին Սփիւռքի Մէջ. Արեւմտահայերէնը Եւ Միջսերնդային Փոխանցման Ընդհատումը

Next Post

Լուրեր. 23 Մայիս 2026

Next Post
Լուրեր. 23 Մայիս 2026

Լուրեր. 23 Մայիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.