Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր հոգշ. Հ. Մեսրոպ թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան եւ Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Նարեկ Ճէնանեան Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2026-ին, Նոր Հաճնոյ մէջ այցելեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոն, ուր տեսակցեցան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութեան հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի: Քննարկումը կեդրոնացաւ մասնաւորաբար սփիւռքահայ գաղութներուն վերաբերող ընդհանուր գիծերուն, հայկական դպրոցի եւ հայապահպանումի ջանքերուն վրայ: Զրուցակիցները արծարծեցին լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ամէնօրեայ դրութեամբ բազմացող մտահոգութիւնները փարատելու միջոցները: Հիւր պատուիրակութիւնը Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ մարմինին յանձնեց Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտին օրուան առթիւ՝ Կիրակի, 24Մայիս 2026-ին, մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ Պատարագին հրաւէրը:

